Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17586

Ըստ Տիգրան Աբրահամեանի. Ազրպէյճանի Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրը Զինուորական Ճամբով Տանելու Վտանգը Տակաւին Չէ Վերացած

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՆՆԱ ԳԶԻՐԵԱՆ

Dikran-Aprahamian_81716

Մինսքի խմբակի համանախագահներու, ԵԱՀԿ-ի նախագահող երկրի եւ այս հարցին մէջ շահագրգռուածութիւն ցուցաբերող միւս կողմերուն շրջան այցելութիւնները կտրուկ աւելցած են: Ասիկա պայմանաւորուած է անով, որ Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը զինուորական ճամբով տանելու վտանգը տակաւին չէ վերացած: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ կատարուած զրոյցի ընթացքին նշեց քաղաքագէտ Տիգրան Աբրահամեան` անդրադառնալով ղարաբաղեան խնդիրի վերջին զարգացումներուն: Ստորեւ` հարցազրոյցին ամբողջութիւնը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Աբրահամեան, ղարաբաղեան խնդիրին հետ կապուած խմորումներ տեղի կ՛ունենան, գոնէ յայտարարութիւններու մակարդակով աշխուժութիւն կը նկատենք: Հայաստանի եւ Արցախի պաշտօնեաները տարբեր մակարդակներով կարճաժամկէտ կտրուածքով քանի մը անգամ ընդգծեցին, որ Արցախի անկախութեան ճանաչման ու բանակցային ձեւի լիարժէք վերականգման այլ ընտրանք չկայ: Այս աշխուժութիւնը, ըստ ձեզի, ինչո՞վ պայմանաւորուած է:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Արցախի մէջ ապրիլին սանձազերծուած մարտական գործողութիւնները ձախողութիւն էին նաեւ միջնորդ երկիրներուն համար, որովհետեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու առաջնահերթ նպատակներէն էր լարուածութեան մագլցում թոյլ չտալը, ինչ որ փաստացիօրէն չյաջողեցաւ: Ներկայիս հոլովոյթին մէջ աշխուժութիւն կը նկատուի ոչ թէ բանակցային հոլովոյթին վերջնական հանգուցալուծման հասնելու, այլ լարուածութեան մագլցում թոյլ չտալու նպատակով:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այն յայտարարութիւնը, որ կողմերը այս անգամ շատ աւելի մօտ են յաջողութեան հեռանկարին, քան երբեք: Ըստ ձեզի, կողմերը ո՞ր հարցին մէջ կրնան մօտ ըլլալ:

Պ.- Այս պահուն միջնորդներու հիմնական խնդիրներէն է` հասնիլ բանակցութիւններու վերսկսումին, սակայն նոյնիսկ այս հարցին մէջ անորոշութիւնը մեծ է, որովհետեւ Ազրպէյճան ակնյայտօրէն չի ցանկար կատարել Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:

Հ.- Այս օրերուն Ազրպէյճան ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ ուղղաթիռներու եւ օդանաւերու օգտագործումով հետախուզական թռիչքներ կը կատարէ: Շփման գիծին վրայ կրակոցները վերսկսած են: Ատով Ազրպէյճանը ի՞նչ խնդիր կը լուծէ:

Պ.- Հոլովոյթի այս փուլին մէջ այսպիսի լայնածաւալ հետախուզական թռիչքներու իրականացումը շատ անցանկալի է, որովհետեւ անիկա աւելի շատ սադրանք կը յիշեցնէ: Ամիս մը առաջ ալ Ազրպէյճան մեծաքանակ հրասայլերու եւ մարդկային ուժի ներգրաւումով ռազմափորձեր կատարեց, այս ուսումնա-մարզական թռիչքները այդ ռազմափորձերուն տրամաբանական շարունակութիւնն են: Լեռնային Ղարաբաղի հարցով հոլովոյթը բարդ փուլի մէջ է, իսկ Ազրպէյճան այսպիսի գործողութիւններով կը նպաստէ իրավիճակի աւելի սրումին:

Հ.- Յառաջիկային կ՛ակնկալուի Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներու հերթական հանդիպում, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի պիտի այցելէ Ռուսիա: Այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ ղարաբաղեան հարցը: Հաշուի առնելով, որ քաղաքական աշխուժ հոլովոյթներ կան, հաւանական կը նկատէ՞ք սահմանին հանգիստ իրավիճակի պահպանումը, թէ՞ Ազրպէյճանէն ամէն ինչ սպասելի է:

Պ.- Բոլոր վերլուծումները կը տանին այն տեղը, որ բանակցային հոլովոյթիւն մէջ էական փոփոխութիւններ պիտի չըլլան, իսկ Ազրպէյճան աշխուժօրէն զբաղած է նոր զինուորական արհեստագիտութեան, սպառազինումներու գնումի գործարքներով, շփման գիծին վրայ նկատելի են նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ աշխուժ աշխատանքներ, այնպէս որ, ներկայիս նկատուող համեմատաբար կայուն իրավիճակը երկար պիտի չպահպանուի. ամէն պարագայի, իրադարձութիւններուն ընթացքը ասիկա ցոյց կու տայ:

Մինսքի խմբակի համանախագահներու, ԵԱՀԿ-ի նախագահող երկրի եւ այս հարցին մէջ շահագրգռուածութիւն ցուցաբերող միւս կողմերուն շրջան այցելութիւնները կտրուկ աւելցած են, ինչ որ պայմանաւորուած է անով, որ Ազրպէյճանի կողմէ խնդիրը զինուորական ճամբով տանելու վտանգը տակաւին չէ վերացած:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17586

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>