Յուլիսի սուտ ամառ է, արեւը աչքկապուկ կը խաղայ: Արմենակ եւ Էլպիս ովկիանոսէն անդին կատարած ճամբորդութենէ վերադարձան: Փարիզի «Սուրբ Լուդովիկոս» կղզիի հռչակաւոր պաղպաղակը բերած էին:
– Թէեւ այս օդին պաղպաղակ կարելի չէ վայելել,- ըսաւ Էլպիս:
– Մեծ ճաշարաններու մէջ ձմեռն ալ մարսողութեան համար պաղպաղակ կը հրամցնեն,- ըսաւ պաղպաղակ սիրող Մակարուհին:
Կեդրոնականցին պաղպաղակ բերելու համար չէր եկած: Ունի Ամերիկա հարստացած զարմիկներ եւ դասընկերներ, որոնք զինք չեն մոռնար: Գիտէի նաեւ, որ Արմանը եւ անոր կինը` Վիլման` զիրենք հրաւիրած էին, օդանաւի տոմս ղրկած էին, որպէզի իրենց հետ արձակուրդ անցընեն Հոնոլուլու:
– Մակա՛ր, սիրելի՛ս, ի՜նչ ճոխութիւն եւ ի՜նչ մերկութիւններ: Մե՛ղք որ կանուխ ծներ ենք:
– Բոլոր ուշ ծնածները Հոնոլուլու չեն երթար:
– Անսահման մետաքսանման աւազին վրայ երբ փռուած էինք, Արման եւ Վիլմա միաժամանակ ցոյց տուին փոքրիկ մօրուքով եւ արեւախանձ մորթով միջին տարիքի քիչ մը ճարպակալած մարդ մը, երկսեռ խումբի մը մէջ: Լա՛ւ նայեցէք: Գիտէ՞ք` ով է: Երբ լուռ մնացինք, Վիլմա ըսաւ, որ հայ տիտղոսաւոր եւ հանգամանաւոր եկեղեցական մըն է: Զարմացանք:
Արմենակ սպասեց, որ բան մըն ալ ես ըսեմ: Շարունակեց:
– Սորված էինք, որ եկեղեցականները այս աշխարհի բաներէն կը հրաժարին: Իսկ Արման, կարծես միտքս կարդալով, ըսաւ, թէ կան եկեղեցականներ, որոնք առեւտուրով կը զբաղին, ոմանք սակարանի, սթոք մարքեթի հետ տեւաբար կապի մէջ են, կ’առնեն եւ կը ծախեն, կալուածներ կը գնեն, կը սիրեն իրենց շուրջ թռվռացող կիները:
– Ոչ միայն Հոնոլուլու, կը սիրեն նաեւ գերարդիական պերճ ինքնաշարժները եւ պերճ հիւրանոցները, գումարներ կը կտակեն եղբայրներու եւ քոյրերու,- ըսի իմ կարգիս:
– Մակա՛ր, յիշեցի մանկութիւնս, երբ լիսէին մէջ ֆրանսերէն առակներ անգիր կ’ընէինք: Գիրքերուս մէջ գտայ Լա Ֆոնթենի առակները եւ կարդացի. «Le Rat qui s’est retirռ du monde»: Ուրեմն հոնոլուլուական հաւատացեալներ միշտ եղած են: Երկու օր տքնեցայ եւ թարգմանեցի: Մե՛ղք որ Լա Ֆոնթեն հայ չէր, որպէսզի մեզ ալ անմահացնէր: Թարգմանութիւնս` նուէր քեզի: Կապեր ունիս: Տեղ մը ղրկէ, որ տպեն:
Ահաւասիկ Կեդրոնականցի Արմենակի թարգմանական աշխատանքը` քաւելու համար Լա Ֆոնթենի հայ չըլլալու մեղքը: Իսկ այս առակը չի պատահիր, որ կիրակնօրեայ քարոզի բնաբան ըլլայ:
Առնէտը, Որ Աշխարհէն Քաշուած Էր
Արեւելքցիները իրենց առասպելին մէջ
Կ’ըսեն, թէ մի ոմն Առնէտ, յոգնած աշխարհի հոգերէն,
Պանիրի մը մէջ Հոլանտայի
Հեռացաւ մտմտուքներէ:
Խորն էր մենութիւնը,
Տարածուող շուրջբոլոր:
Մեր նոր ճգնաւորը անոր մէջ կը գոյատեւէր:
Այնքան ճգնեցաւ ոտքով եւ ատամներով,
Որ քիչ ժամանակէն իր ճգնարանի խորը ունեցաւ
Սնունդ եւ ճաշ. աւելիին կարիք կա՞յ:
Դարձաւ գէր եւ ճարպակալած. Տէրը իր բարիքը կը շռայլէ
Անոնց, որոնք կ’ուխտեն ըլլալ իրեն հաւատարիմ:
Օր մը այս հաւատացեալին
Առնէտ ժողովուրդի պատգամաւորներ
Կը ներկայանան` խնդրելու ողորմութիւն մը փոքրիկ:
Կը մեկնէին օտար աշխարհ`
Գտնելու օգնութիւն կատու ժողովուրդին դէմ:
Առնէտաքաղաքը շրջափակուած էր.
Ստիպած էին մեկնիլ առանց դրամի
Նկատի ունենալով վիճակը խեղճ`
Յարձակման ենթարկուած հանրապետութեան:
Շատ քիչ բան կը խնդրէին, վստահ որ օգնութիւնը
Պատրաստ պիտի ըլլար չորս կամ հինգ օրէն:
Մենակեացը ըսաւ, Բարեկամնե՛րս,
Այս աշխարհի բաները այլեւս զիս չեն հետաքրքրեր.
Խեղճ մեկուսացած մը ինչպէ՞ս կրնայ
Օգնել ձեզի, ի՞նչ կրնայ ընել,
Միայն աղօթել, որ Երկնաւորը օգնէ ձեզի:
Կը յուսամ, որ ան ձեզ կը հոգայ:
Այս ըսելէ ետք
Նոր սուրբը փակեց իր դուռը:
Զո՞վ մատնանշեցի, ըստ ձեզի,
Այս այնքան քիչ ողորմած Առնէտով:
Վանակա՞ն մը: Ո՛չ, այլ տերվիշ մը.
Կ’ենթադրեմ, որ վանական մը միշտ գթառատ է:
ՄԱԿԱՐ Ի Գաղիա,
յուլիս 2015