ՅԱԿՈԲ ԱԴԱՄԵԱՆ
56 տարեկան…
Արդի ըմբռնումով` հասուն կեանքի ԳԱՐՈՒՆ-ը…
Այնքա՛ն լուրջ էիր, սիրելի՛ տէր Արամ, որ ես երբ կը հանդիպէի քեզի, կը կարծէի, թէ տարիքով ինձմէ մեծ ես…
Զաւակս նոյնպէս 1960-ի ծնունդ է… եւ ան ինծի համար միշտ երեխայ կը թուի…
Անմոռանալի յիշատակներ ունիմ ընտանիքէդ: Կը բնակէիք եկեղեցիին կից սենեակներուն մէջ: Կ՛այցելէինք ձեզի, երբ տակաւին անդրանիկ զաւակդ հազիւ տասը տարեկան էր: Յակոբ Պարոնեան կը կարդար քեսապերէն բարբառով եւ կը հիացնէր զիս ու ընտանիքս:
Ունէիր երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. վեհափառ հայրապետին ձեռագիր նամակը` ուղղուած հանգուցեալ (սուրբ) մօրդ, որով կը դրուատէր զայն իբրեւ տիպար մայր` նկատի ունենալով եղբայրդ` Յակոբ արք. Գլընճեանը, բարեջան առաջնորդ Ուրուկուէյի հայոց թեմին (այն ատեն` վարդապետ): Գանձ մըն էր այդ ձեռագիրը, զոր միասին կարդացած ենք: Աստուած տայ, որ պահուած ըլլայ այդ թանկագին աւանդը…
Նիւթապաշտ չէիր եւ այդպէս ալ մնացիր, ոեւէ մէկը հակառակը չի կրնար փաստել:
Կնոջս քոյրը` Ռեբեքա Պէօճիւքեանը, 1988-ի նոյեմբերին մահացաւ Լաթաքիա: Ցերեկները կարճ էին, շուտով մութը կը տիրապետէր: Դագաղը հասցուցինք Քեսապի հայ կաթողիկէ եկեղեցի եւ իմացանք, որ հայր Անտոն Ադամեանը բացակայ է քաղաքէն: Անմիջապէս հասայ ձեզի, սիրելի՛ տէր Արամ, ճամբան հարցուցիր մահացեալին ինքնութիւնը, զոր չէիր ճանչնար: Թաղման արարողութեան խօսք առիր` ըսելով. «Հանգուցեալը անձամբ չեմ ճանչնար, սակայն հոս, այսօր մենք ՀԱՅ ՄԱՅՐ մըն է, որուն թաղման կարգը կը կատարենք…»: Դուրսը` տեղատարափ անձրեւ, ինչպէս ըսի, մութը կոխած էր, եւ մենք դագաղը կը տանէինք Պաղճաղազի վանքին կից դարաւոր գերեզմանատունը: Անտառ, ցեխ եւ դուն, տէ՛ր Արամ, խաչը ձեռքիդ շարունակեցիր թաղման արարողութիւնը: Պաղճաղազ ուզեցինք գոնէ սուրճ մը հրամցնել: Քաղաքավարութեամբ մերժեցիր: Հասցուցի ձեզի Քեսապ, եւ երբ դրամ առաջարկեցի, մինչեւ այսօր կը զգամ, թէ որքան ամչցուցիր զիս քու կտրուկ եւ իմաստալից մերժումովդ…
Դէպք մը եւս, եւ այս անգամուան համար փակենք:
Հանգուցեալ Միհրան Ամպարճեանը Էքիզ Օլուքի իր վիլլային մէջ ճաշկերոյթ մը կազմակերպած էր եւ տէր Արամը հրաւիրած` օրհնելու իր հայկական բոյնը: Տէր Արամ եկաւ, կատարեց օրհնութիւնը եւ ներողամտութիւնը խնդրեց ճաշկերոյթին չկարենալ մասնակցելուն համար` Ծոց բնակող եղբօրը հետ ըլլալու պատճառով: Պարոն Միհրան տէր Արամը տարաւ Քեսապ եւ տասը վայրկեան ետք ճերմակ պահարան մը ձեռքին վերադարձաւ գրեթէ պոռալով.
– Եահօ՜, տակաւին աշխարհի մէջ այսպէս մարդ կը գտնուի՞ եղեր, այս պահարանին մէջ այսքան գումար դրած եմ, եւ տէր Արամը վճռականապէս մերժեց ստանալ` ըսելով, որ ինք նոր տուն օրհնելու համար դրամ չ՛առներ…
Տէ՛ր Արամ, սիրելի՛ բարեկամս, կը ներես քեզ յետմահու գովելուս համար: Ես միշտ քեզի կը մօտենայի ակնածանքով: Քու կեցուածքովդ ինծի կը պարտադրէիր ակնածիլ:
Աւա՜ղ, շատ կանուխ բաժնուեցար մեզմէ` մնալով մեր ստրերուն եւ մտածումներուն մէջ:
Հանգիստ ննջէ, տէր Արամ Գլընճեան:
Լաթաքիա
3 օգոստոս 2016