«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»
Սուրիական տագնապի վեցերորդ տարին թեւակոխեցինք: Գետնի վրայ պատերազմական գործողութիւններու ծաւալումէն տարիներ ետք, Հալէպի բախումները տագնապի քաղաքական լուծման նախօրէին ուժերու բաժանման վերջին սահմանումները կ՛ուրուագծեն:
Վերլուծաբաններու կարծիքով, Հալէպի մէջ պիտի եզրափակուի սուրիական տագնապն ու Հալէպի մէջ յաղթող կողմը շարժիչ ուժը պիտի հանդիսանայ միջսուրիական բանակցութիւններուն:
Հալէպի պատերազմը էական նշանակութիւն ունի սուրիական տագնապի լուծման եւ երկրի անվտանգութեան ապահովման մէջ` նկատի առած անոր աշխարհագրական դիրքն ու յատկապէս ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէպի Սուրիա հոսքը դիւրացնող Թուրքիոյ սահմանակից ըլլալու հանգամանքը: Ուստի Հալէպի ազատագրումը հակամարտող կողմերուն համար ճակատագրական պիտի դառնայ` չէզոքացնելով այնպիսի խաղաքարտեր, որոնք տարիներ շարունակ օգտագործուեցան յատկապէս Թուրքիոյ կողմէ` սուրիական այս նահանգը իր վերահսկողութեան տակ առնելու սին երազներով:
Մինչ Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ սուրիական բանակին եւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ բախումները կը շարունակուին, Հալէպի մէջ առաջին անգամ անոնք գետնի վրայ դէմ առ դէմ կը կռուին:
Սուրիական բանակին կողմէ Հալէպի ազատագրումը նոր օրէնքներ պիտի պարտադրէ ոչ միայն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն, այլեւ` զանոնք ղեկավարող երկիրներուն:
Սուրիական բանակը Հալէպի ազատագրման պատերազմի սկիզբը կը յայտարարէ ու նկատառելի յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ:
Փոխարէնը` ՏԱՀԵՇ-ի խաղաքարտի օգտագործման համար աշխարհով մէկ դատապարտուած Թուրքիան այժմ նոր լծակներ կ՛որոնէ գէթ տարածաշրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը պահելու համար: Ու նորօսմանեան իր ծրագիրներու տապալումով, Եւրոպայէն, ՆԱԹՕ-էն եւ Միացեալ Նահանգներէն հիասթափուելով ու մանաւանդ ռուսական ճնշումին անսալով, կը թուի, թէ ան կը սկսի փոխել Սուրիոյ նկատմամբ իր քաղաքականութիւնն ու օգտագործած բառամթերքը: Միւս կողմէ, սակայն, տարածաշրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը չկորսնցնելու մտահոգութեամբ, Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ նոր դաշինք մը յառաջացնել կը փորձէ:
Այս տուեալներու լոյսին տակ, Հալէպի պատերազմին մէջ յաղթական դուրս գալու պարագային, սուրիական բանակը պիտի կարենայ ոչնչացնել զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու հիմնական որջն ու անոնց զօրակցող երկիրներուն Սուրիոյ հիւսիսային շրջան թափանցման ախորժակներ` վերագտնելով տարածաշրջանին մէջ իր երբեմնի ազդեցիկ ներկայութիւնը:
Կը մնայ յուսալ, որ սուրիական ընկերութեան տարբեր բաղադրիչները երկրի ազգային շահերը գերադասելով` յաջողին համախմբուիլ բանակցութեան սեղանին շուրջ ու մէկդի դնելով իրենց տարակարծութիւնները` սատարեն նոր Սուրիոյ կերտումին: