Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Այս խորագիրը փոխ կ՛առնեմ իմ հի՜ն մէկ գրութենէն, որ ճիշդ 30 տարի առաջ, ճշգրտօրէն` 13 յունիս 1986-ին, լոյս տեսած էր Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին մէջ, որուն նոր է որ սկսեր էի աշխատակցիլ Հալէպէն`սկսնակ լրագրողի մը դեդեւկոտ քայլերով:

Թերթին լման մէկ էջը գրաւող կարճաշունչ յօդուած մըն էր ատիկա, զոր գրի առած էի Սիմոն Սիմոնեանի մահուան անմիջական վաղորդայնին:

Ճիշդն ըսելու համար հարկ է խոստովանիլ այստեղ, որ այդ օրերուն ես տակաւին բաւարար չափով չէի ճանչնար Սիմոնեանը, յստակ գաղափար մը չունէի անոր գրական վաստակին ծանրութեան ու գրագէտի բոլոր արժանիքներուն մասին: Իմ վրայ աւելի շատ տպաւորութիւն գործեր էր իր հրատարակած «Սփիւռք» շաբաթաթերթը, որուն հին թիւերու հաւաքածոներէն տրցակներ կային մեր տան մէջ` խնամքով դասդասուած, թիւ առ թիւ ու պահ դրուած կաշիէ խոշոր պայուսակի մը մէջ…ձեղնայարկին մէկ անկիւնը: Կը թուի, թէ հայրս բաժանորդագրուած էր այդ թերթին ու խելամտութիւնն ունեցած էր կարդացուած թերթերը չթափելու, պահելո՛ւ:

Օր մը, դեռ պատանի դպրոցական, ձեղնայարկը խառնշտկելու պահուն գիւտը կատարեցի թերթերու այդ խոշոր պայուսակին… «Սփիւռք»-ի գրական-մշակութային նիւթերն ու Ա. էջի վրայ խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեանի ստորագրած շահեկան յօդուածները հրապուրեցին զիս, քաշեցին-տարին իրենց հետ: Ա՛լ օրերո՜վ, շաբաթներո՜վ անձնատուր կ՛ըլլայի իմ ապրած թուականէն 15-20 տարի առաջուան թերթերու ընթերցումին մէկ կողմէ իրազեկ դառնալով մօտիկ անցեալի ազգային-գրական եռեւեփումներուն, միւս կողմէ ալ` ըմբոշխնելով ԳԵՂԵՑԻԿ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ գրի առնուած տարաբնոյթ ու մեծաթիւ յօդուածներ, ու այդ ձեւով ալ թերեւս անզգալաբար կոփելով ու յղկելով իմ սեփական լեզուն ու լեզուամտածողութիւնը…:

Ուրեմն, ես սկզբնապէս Սիմոնեանը ճանչցայ իր «Սփիւռք»-ին ընդմէջէն: Ու իր մահուան առթիւ երբ գրի առի իմ նշեալ յօդուածը,հազիւ թէ քանի մը պատմուածքներ կարդացեր էի իր «Լեռնականներու վերջալոյսը»-էն. մնացեալ տպաւորութիւններս խտացուցեր էի առաւելաբար յենելով «Սփիւռք»-ի իմ ընթերցումներուն վրայ:

Պատմութեան համար պէտք է վկայեմ նաեւ, որ այդ օրերուն (30 տարի առաջ), խումբ մը գրասէր ընկերներով Հալէպի մէջ ոգեկոչեցինք Սիմոնեանի յիշատակը` հրապարակային անմոռանալի ձեռնարկով մը, իր մահէն հազիւ երկու ամիս անց, 20 մայիս 1986-ին:

«Յիշատակի Երեկոյ` Սիմոն Սիմոնեանի
Եւ Արամ Հայկազի»

Այսպէ՛ս խորագրեր էինք մեր այդ ձեռնարկը:

Դեռ քանի մը ամիս առաջ նոր աւարտեր էի ճեմարանը: Ու շրջանաւարտութեան վկայականն ստանալէ առաջ իսկ Համազգայինի պատասխանատուներ, ի յառաջագունէ, պաշտօնապէս հրաւիրեր էին զիս մաս կազմելու միութեան գրական յանձնախումբին:

Ճիշդ այդ շրջանին, 1986-ի մարտին, իրերայաջորդ կերպով ստացանք մահուան գոյժը սփիւռքահայ գրողներ Արամ Հայկազի ու Սիմոն Սիմոնեանի: Առաջինը մահացած էր Նիւ Եորք, 86 տարեկանին, երկրորդը` Պէյրութ, 72 տարեկանին:

Գրական յանձնախումբի երիտասարդ անդամներս, բոլորս ալ ճեմարանաւարտներ, շուտով որոշեցինք ոգեկոչական ձեռնարկով մը յիշատակի հանդէս մը սարքել ողբացեալ գրագէտներուն նուիրուած:

Այս երկու գրողներն ալ համակրանք կը վայելէին Հալէպի մէջ: Արամ Հայկազ ծանօթ էր մեր ուսանողութեան մեծամասնութեան, որովհետեւ ան տեղ գտած էր դպրոցական մեր դասագիրքերուն մէջ, իսկ Սիմոն Սիմոնեան, իբրեւ սասունցի ու նախկին հալէպաբնակ, ունէր համակիրներու եւ ծանօթներու լայն շրջանակ:

Ուրեմն, յայտագիր պատրաստեցինք, բանախօսներ ճշդեցինք, թուական ու վայր որոշեցինք, ծանուցագրեր ու հրաւիրատոմսեր տպեցինք ու ցրուեցինք` ամբողջովին ապաւինելով մեր սեփական ուժերուն վրայ:

Simon-Simonian-0_72516

Ձեռնարկին օրը Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» սրահը (Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ կից` վերնատունը) լեցուն էր խուռներամ բազմութեամբ:

Արամ Հայկազի մասին յաջորդաբար արտայայտուեցան մեր ընկերներէն Հրաչ Սահակեան (այժմ` Տուպայ) եւ Ռեբեկա Մավլեան (այժմ` Աւստրալիա): Իսկ Սիմոնեանի վաստակն ու արժանիքները ներկայացուցին Էօժենի Դանիէլեան (այժմ` Երեւան) եւ…նուաստս: Մէջ ընդ մէջ, ընթերցումներ կատարուեցան զոյգ գրողներու ուշագրաւ էջերէն:

Որակաւոր եւ լուրջ ձեռնարկ մըն էր, որ գնահատուեցաւ բոլորէն: Ներկաները այնքան խանդավառուած էին, որ յայտագրէն դուրս, ինքնաբուխ ելոյթներու հրաւիրուեցան Ազգ. Հայկազեան վարժարանի նախկին տնօրէն Փիլիպպոս Դերձակեանը (Սիմոնեանի երբեմնի գործակիցներէն մին) եւ Քարէն Եփփէ Ազգ.Ճեմարանի հայերէնաւանդ երկարամեայ ուսուցիչ Մկրտիչ Մկրտիչեանը (Սիմոնեանի մտերիմ ու հայրենակից): Անոնք սրտախօսիկ արտայայտութիւններով անձնական տպաւորութիւններ կամ յուշեր պատմեցին ողբացեալ գրողներուն մասին, կատարեցին շահեկան արժեւորումներ, փա՛յլք տուին ձեռնարկին:

Կազմակերպիչ երիտասարդներս ուրախ էինք ու հպարտ` մեր իրագործումներով:

Ահա այսպիսի «խենթ» հաճոյքներով մեր ոտքերը կը դնէինք երիտասարդութեան սեմէն ներս, ճիշդ 30 տարի առաջ…

Հայոց Պատմութեան Դասագիրք Մը,
Որ Միշտ Հմայեց Զիս

Անցեալները, երբ անդրադարձայ, որ Սիմոնեանի մահուան 30-ամեակն է այս տարի, գրադարանէս վար առի դարձեալ իր նշանաւոր հայոց պատմութեան դասագիրքերու շարքը ու սկսայ թղթատել զայն` հին օրերու վերյիշումով:

Արարք մըն է ասիկա, զոր կը կատարեմ մերթ ընդ մերթ` խորապէս տպաւորուած ըլլալով ոչ միայն այս մատենաշարին հմայիչ բովանդակութենէն, այլեւ` հոն տեղ գտած սեւ-ճերմակ բազմաթիւ պատմական լուսանկարներէն: Կը վերընթերցեմ հատուածներ հոսկէ-հոնկէ` պարզապէս հիանալու համար հեղինակին սահուն լեզուին ու պատմելու արտակարգ շնորհին վրայ:

Սփիւռքի տարածքին շատշատեր պիտի յիշեն հայոց պատմութեան դասագիրքերու այս շարքը, որ հազարաւոր օրինակներով տարածում գտաւ Սուրիա-Լիբանանէն մինչեւ Կիպրոս եւ Յունաստան, Միացեալ Նահանգներ ու Արժանթին, Երուսաղէմ ու Եթովպիա:

Ով գիտէ` քանի՜քանի՛ սերունդներ իրենց անցեալի փառաւոր պատմութեան հետ հաղորդուեցան ա՛յս դասագիրքերուն ճամբով: Քանի՜ սերունդներ, իրենց պատանի հասակին, թրծուեցան ու իբրեւ զտարիւն ՀԱՅ` կոփուեցան այս գիրքերուն միջոցով: Ճանչցան Սասունցի Դաւիթն ու Առիւծ Մհերը, վիշապաքաղ Վահագնն ու Հայկ Նահապետը, Արա Գեղեցիկն ու յարալէզ աստուածները, Պարոյր թագաւորը,Մեծն Տիգրանն ու Արտաշէս Աշխարհակալը, Անյուշ բերդին մէջ բանտարկուած Արշակ թագաւորը, իր սպիտակ ձիով հռչակուած սպարապետ Մուշեղ Մամիկոնեանը, Վռամշապուհ արքան ու Աւարայրի Վարդանը, Անին շէնցնող Բագրատունի թագաւորները, Տաւրոսի բարձունքներուն վրայ իշխանապետութիւն հաստատող Ռուբէնը, Թորոսը, Լեւոնը եւ բոլո՜ր միւս հերոսները մեր պատմութեան:

Պատանի էինք, նախակրթարանի աշակերտ, երբ օր մը մայրիկս նուէր բերաւ ինծի հայոց պատմութեան այս շարքը` լաթակազմ հաստափոր գիրքի ձեւով: Առաջին իսկ էջէն կապուեցայ ատոր: Թէ՛ կը կարդայի պրակները էջ առ էջ, թէ՛ յուզումով կը դիտէի խորհրդաւոր լուսանկարները: Կը հմայուէի հայոց արքաներուն քաջագործութիւններով:

Simon-Simonian-1_72516Սիմոնեանի ոճը առինքնող էր: Շուտով կը զգայիր, թէ ան չոր ու ցամաք պատմութիւն մը  չէ, որ կ՛աւանդէ, այլ կ՛ոգեշնչէ իր պատանի ընթերցողները, զանոնք կ՛ամրապնդէ իրենց հայկական ինքնութեանը մէջ:

Այդ առաջին տարիներուն, երբ իմ ձեռքէն վար չէի դներ Սիմոնեանի դասագիրքերը, ես ո՛չ իսկ կը հետաքրքրուէի անոնց հեղինակով: Սիմոն Սիմոնեանի անունը գրքին վրայ էր, բայց ինծի համար այդ անունը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունէր: Արդէն, չէի իսկ լսած այդ անունը: Ես պարզապէս երախտապարտ էի մայրիկիս, որ մտածումը ունեցած էր այս թանկագին նուէրը բերելու ինծի:

Դասագրքին Ա.հատորին սկիզբը հեղինակը զետեղած էր «Հայ աշակերտին մտածումը» վերնագրով սա՛ տողերը, որոնք «Հաւատոյ հանգանակ» մըն են կարծես.

«Հայ մըն եմ ես: Իմ հայրենիքս կը կոչուի Հայաստան, ուր ապրեր են ու մեռեր իմ նախահայրերս: Բայց ես չեմ բնակիր Հայաստանի մէջ: Հեռու եմ անկէ եւ տարագիր:

Ամէն բանէ աւելի պիտի սիրեմ իմ հայրենիքս եւ պիտի չմոռնամ անոր անունը: Հաստատ կերպով կը հաւատամ, թէ օր մը անպայման պիտի վերադառնամ հոն: Այդ օրը փութացնելու համար մի՛շտ պիտի կարդամ քաջ նախահայրերուս պատմութիւնը, պիտի սիրեմ եկեղեցիս ու հայրենիքս եւ ինքզինքս հպարտ պիտի զգամ ՀԱՅ կոչուելուս:

Ուխտած եմ արժանի ըլլալ տեսնելու Մասիսն ու Արագածը, Սիփանն ու Նեմրութը, Բիւրակնն ու Տաւրոսը, Արաքսն ու Սեւանը, Էջմիածինն ու Ս. Կարապետը, Կարսն ու Կարինը, Վանն ու Մուշը»:

Ի՜նչ լաւ բանաձեւուած էր ամէն ինչ:

Սիմոնեան իր դասագիրքերուն գրառման համար ի սկզբանէ որդեգրած էր նաեւ շատ գործնական եւ օգտաշահ կերպ մը. ան նախ մատչելի եւ դիւրասահ լեզուով մը կը պատմէր պատմութեան տուեալ դրուագը, յետոյ կը թուէր «Բացատրելի բառեր»-ը (որոնք կրնային անծանօթ ըլլալ պատանիին), ապա կ՛ուղղէր դասին առնչուող «Հարցարան» մը (ընդհանրապէս` բաղկացած 8-10 հարցումներէ), աւելի վերջ կը նշէր դասանիւթին «Ընդլայնելի կէտեր»-ը (որոնց մասին հարկ էր որ դասատուն յաւելեալ տեղեկութիւններ տար), ու ամէնէն ետքն ալ կը հրամցնէր «Աղբիւրներ»-ու ցանկ մը, որ ուղեցոյց կրնար ծառայել ուսուցիչին ու պրպտողին հաւասարապէս: Օրինակ, երբ կը խօսէր Հայաստանի վրայ արաբական արշաւանքներուն մասին, դասանիւթի աւարտին, իբրեւ աղբիւր, ցոյց կու տար Սեբէոսը, Ղեւոնդ Պատմիչը, Թովմա Արծրունին, Դրասխանակերտցին, բայց նաեւ` Վենետիկ ու Վիեննա տպուած գիրքեր, նոյնիսկ` ֆրանսերէն հատոր մը:

Ու չմոռնալ. Սիմոնեան իր այս շարքը կը պատրաստէր ու կը սկսէր հերթաբար հրատարակութեան յանձնել, երբ տակաւին հազիւ 25-26 տարեկան երիտասարդ մըն էր…

Բանագողութիւն Մը, Որուն Թիրախն Էր
Ս. Սիմոնեանի «Հայոց Պատմութիւն»-ը…

«Բանագողութիւն»-ը  բառ մըն է, որ յաճախակիօրէն կը գործածուի գրական շրջանակներու մէջ:

Ասիկա գողութեան կամ իւրացումի այն տեսակն է, որ ի գործ կը դրուի գրականութեան անդաստանէն ներս: Այսինքն գողօնը (գողցուած ապրանքը) այս պարագային ո՛չ թէ ոսկի է կամ հնչուն դրամ եւ կամ թանկարժէք իր մը, այլ` գրաւոր խօսք մը, երբեմն տողեր, երբեմն պարբերութիւններ, երբեմն էջեր:

Ուրեմն, եթէ գրչի սպասարկու մը փորձէ ուրիշ գրողի մը պատկանող գրութեան մը ամբողջութիւնը կամ մէկ մասը իւրացնել ու զայն ներկայացնել իբրեւ իրը, բանագողութիւն ըրած կ՛ըլլայ: Ու բանագողութիւնը դատապարտելի արարք է անշուշտ:

Անձնապէս, ամէն անգամ որ «Բանագողութիւն» բառը լսեմ, կը յիշեմ Երուսաղէմի նախկին պատրիարքներէն բանաստեղծ Եղիվարդը (Եղիշէ արք. Տէրտէրեան), որ իր երիտասարդական տարիներուն բանագողութիւններ կատարած էր Յակոբ Օշականի բանաստեղծութիւններէն: Այդ շշմեցուցիչ իւրացումները բացայայտուեցան ու պախարակուեցան օրին (1951) գրականագէտ Պօղոս Սնապեանի կողմէ, Հալէպի «Նայիրի» ամսագրին էջերուն վրայ: Աւելի հին շրջաններուն ալ բանագողութեան թիրախ դարձած էր Սրուանձտեանց Գարեգին եպիսկոպոսը: Ան իր «Համով հոտով» գիրքին մէջ (1884) կը պատմէր, որ իր ուղեգրութիւններէն էջեր «բազմապիսի եւ բազմահնար եղանակաւ» հրապարակուած տեսաւ լրագիրներու մէջ` ուրիշներու ստորագրութեամբ…: «Զարմացա՜յ,– կը գրէր ան,- բայց լռեցի, զի նոր չէր մեր մէջ այդպիսի անպատկառ գործողութիւն, այն է` գրական գողութիւն»:

Ահա նմանօրինակ բանագողութեան մը թիրախ դարձաւ նաեւ Սիմոն Սիմոնեանի նշանաւոր «Հայոց պատմութիւն» շարքը:

Simon-Simonian-2_72516Արդարեւ, Հալէպ ապրող մտաւորական մը` Ա. Մ. (1907-1958),որ միաժամանակ դպրոցի տնօրէն էր, բանաստեղծ եւ սիրուած արձակագիր, Սիմոնեանի պատմութեան դասագիրքերուն առաջին երեւումէն (1939-41)բաւական տարիներ ետք (1953-էն սկսեալ, ի Հալէպ) ի՛նք եւս տպեց ու հրատարակեց հայոց պատմութեան նմանօրինակ շարք մը, որ քանիցս վերատպութիւններու ալ արժանացաւ: Բայց շուտով երեւան եկաւ, որ ան լայն չափով ու համեմատութիններով ուղղակի օգտուած էր Սիմոնեանին գործէն, տեղ-տեղ` բառացիօրէն…

Սիմոնեան շատ վրդովեցաւ: Նոյնիսկ դասագիրքերու երկու շարքերուն բաղդատութիւնը կատարող ուսումնասիրութիւն մը պատրաստեց ինքնապաշտպանութիւն կատարելու համար այս ոտնձգութեան դէմ. սակայն աւելի ուշ խուսափեցաւ զայն հրապարակելէ` «խնայելու համար կրթական եւ ազգային կոչուած բաներու վարկին» (իր բառերն են): Բայց իր հայոց պատմութեան շարքին յաջորդական վերատպութիւններուն մէջ ան ստիպուեցաւ զետեղել ծանօթագրութիւն մը, ուր յստակօրէն կը մատնանշէր բանագողութիւնն ու բանագողը (որ մահացեր էր արդէն տարիներ առաջ): Իր նպատակն էր «ապագայ քննաբանները շփոթութեան չմատնել», եթէ անոնք «բազմաթիւ նոյնութիւններ եւ նմանութիւններ» նկատէին դասագիրքերու երկու շարքերուն մէջ:

10-12 տողնոց այդ ծանօթագրութիւնը մնաց պատմութեան ու եկող-գացող սերունդներուն առջեւ դրուած դատակնիք մը…

Սիմոն Սիմոնեանի Կոթողային Գործը`
«Արեւելահայ Գրականութիւն»

Սիմոն Սիմոնեանի գրական վաստակին մէջ կայ գործ մը, որ իր ծաւալով եւ ընդգրկուն բնոյթով մի՛շտ ալ հիացում ու զարմանք պատճառած է ինծի: Ատիկա 800 էջէ բաղկացեալ եւ Աստուածաշունչը յիշեցնող ծանրածանր հատոր մըն է, որ կը կոչուի «Արեւելահայ  գրականութիւն»: Հրատարակուած է կէս դար առաջ` 1965-ին, պաղտատաբնակ գրող Լեւոն Շահոյեանի մեկենասութեամբ:

Գրադարանիս պատուոյ գիրքերէն մէկն ալ ա՛յս է ահաւասիկ: Եւ յաճախակիօրէն պահանջը կը զգամ ատոր դիմելու, ամէն անգամ որ լրացուցիչ տեղեկութիւն մը ուզեմ քաղել արեւելահայ սա կամ նա գրողին մասին:

Աստուա՜ծ իմ: Այս որքան առատ նիւթ կրցեր է ժողվել Սիմոնեան արեւելահայ գրողներու մասին: Այստեղ ան ոչ միայն համախմբեր է բոլորիս ծանօթ հռչակաւոր արեւելահայ գրողները (1850-1920), այլեւ` բոլորովին անծանօթ դէմքեր, մանաւանդ` գիւղագիրներ, որոնք փոշիներուն տակէն հաներ ու ներկայացուցեր է մեզի:

Պէտք է կարդալ հեղինակին 14 էջանի «Յառաջաբան»-ը` զգալու համար իր անհուն սէրը մեր գրականութեան հանդէպ` ընդհանրապէս, ու արեւելահայ գրականութեան հանդէպ` մասնաւորաբար: Իր իսկ խօսքերով այս գործը «մեծարանք մը, սիրոյ սրտագին ու ծանր տուրք մըն է թափանցելու եւ վերընծայելու ճիգ մը` արեւելահայ գրականութեան, որ դարաւոր հայ գրականութեան փառահեղ հինգ շրջաններէն մէկն է»: Հեղինակը կը հաւատար, որ` «արեւելահայ գրականութիւնը հայոց գրականութեան զուարթնոցեան տաճարին հինգ կամարներէն մէկն է, հոյակապ ու արծուաթեւ»:

Ըստ Սիմոնեանին, արեւելահայ գրականութեան ԳԼԽԱՒՈՐ ու ԱՆՄԱՀ դէմքերը հետեւեալ 11 անուններն են. Խաչատուր Աբովեան, ՐաՖՖի, Շիրվանզադէ, Մուրացան, Նար-Դոս (վիպագիրներ), Գաբրիէլ Սունդուկեան (թատերագիր), Յովհաննէս Թումանեան, Աւետիք Իսահակեան եւ Վահան Տէրեան (բանաստեղծներ), Ղազարոս Աղայեան (հեքիաթագիր) եւ Աւետիս Ահարոնեան:

Simon-Simonian-3_72516Այս եւ ուրիշ երեք տասնեակ գրողներու մասին (հատորին մէջ ներկայացուած գրողներուն ընդհանուր թիւը 42 է) Սիմոնեան տուած է կենսագրական սպառիչ տեղեկութիւններ` իրենց լուսանկարներով: Յետոյ տուած է անոնց ուշագրաւ եւ գեղեցկագոյն գործերէն մեծաթիւ նմուշներ: Վերջաւորութեան ալ ան գիրքին կցած է 62 երկսիւնակ ու մանրատառ էջերէ բաղկացեալ ԲԱՌԱՐԱՆ մը, ուր մէկ առ մէկ բացատրած է նշեալ գրական նմուշերուն մէջ երեւցող բարբառային կամ օտարոտի անհասկնալի բառերը (շուրջ 6500 բառ…): Տուած է նաեւ հեղինակներուն երկերուն մատենագիտութիւնը: Կոթողայի՜ն աշխատանք:

Սիմոնեան լա՛ւապէս սերտելէ ետք արեւելահայ գրականութիւնը, վերարժեւորած է զայն իր գրականագէտի դիւտանկիւնէն: Օրինակ, ան նկատել կու տայ, որ արեւելահայերը, ի տարբերութիւն արեւմտահայերուն, գրեթէ երգիծաբան չեն ունեցած, ինչպէս որ չեն ունեցած եկեղեցական գրողներ կամ կին գրողներ (բացի Շուշանիկ Կուրղինեանէն): Մինչդեռ հանդիպակաց ճակատին մէջ կան Պարոնեանն ու Օտեանը (իբրեւ երգիծաբան), Խրիմեանն ու Սրուանձտեանցը, Ալիշանն ու Դուրեան Եղիշէ եպիսկոպոսը (իբրեւ հոգեւորական), կան Սրբուհի Տիւսաբն ու Սիպիլը, Զ. Եսայեանն ու Անայիսը (իբրեւ կին գրողներ):

Սիմոնեանի այս գործին մասին գնահատանքով արտայայտուեցան շատեր: Գրախօսականներ երեւցան «Հասկ»-ի, «Սիոն»-ի, «Բազմավէպ»-ի, «Հանդէս Ամսօրեայ»-ի, «Յուսաբեր»-ի, «Սփիւռք»-ի եւ այլ թերթերու մէջ: Գրախօսները նկատել կու տային, որ հեղինակին այս երկը, իբրեւ բովանդակութիւն, շա՛տ աւելի ընդգրկուն էր, քան` արեւելահայ գրականութեան նուիրուած նախորդ որեւէ հրատարակութիւն, ինչպէս օրինակ` Լէոյի «Ռուսահայոց գրականութիւնը» (Վենետիկ, 1904) կամ «Ռուսահայ գրողներ» ժողովածուն (ԹիՖլիս, 1909):

Երբ այս պատկառելի հատորը մամուլի տակ էր տակաւին (60-ական թուականններուն), Սիմոնեան իր սեփական «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ շարունակ կը ծանուցէր, թէ հրատարակելի այս գործին շուտով պիտի յաջորդէին չորս նմանօրինակ հատորներ եւս, առանձնաբար նուիրուած` հայ հին գրականութեան (Ե.-ԺԹ. դար), արեւմտահայ գրականութեան (1850-1915), խորհրդահայ գրականութեան (1921-1965) եւ վերջապէս` գաղթահայ գրականութեան (1918-1965):

Ինք մահացաւ 1986-ին, առանց որ ատոնք լոյս տեսնեն:

Ի՞նչ պատահած էր: Գործը չէ՞ր ամբողջացած, թէ՞… մեկենաս չէր գտնուած:

Կը թուի, թէ այս գործերը մնացեր էին իրենց ծրագրային վիճակին մէջ:

Կրցած ենք ստուգել միայն, որ վերոնշեալներէն լոկ առաջինը, «Պատմութիւն հայ մատենագրութեան» անուան տակ, 1954-ին մեքենագիր ու խմորատիպ ձեւով տպուեր էր Անթիլիաս (շուրջ 70 էջ) ու մինչեւ 60-ական թուականներու վերջերը իբրեւ դասագիրք օգտագործուեր դպրեվանքէն ներս:

(Շար. 1)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>