Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Ո՞վ Եւ Ի՞նչն Է Վնասուողը

$
0
0

VATCHE-PROUDIAN1-fՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Ամիսներ առաջ, Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացի օրերուն, երբ Երեւան ապրող ընկերոջս` Գէորգին հետ հեռաձայնով կը քննարկէինք օրուան խնդիրը, մտահոգիչ հարցում մը ծագեցաւ մեր միտքերուն մէջ:

Անկեղծօրէն, օրին այս յօդուածագիրին համար քիչ մը անհաւատալի, կամ առնուազն` ոչ ընկալելի էր այդ հարցադրումը («կ՛ըլլա՞յ մը…»), որ հետեւեալն էր. արտաքին ուժերը պիտի ուզե՞ն այս բարեփոխուած սահմանադրութեան վրայ կառուցուելիք նոր տեսակի Հայաստանը:

Կասկածէ վեր է, որ Հայաստանի ներկայ քաղաքական կառավարման համակարգը ինքզինք սպառած է, ու անհրաժեշտ է բարեկարգել զայն: Այս ախտաճանաչումը յանգեցաւ լուծումի մը` բարեփոխել երկրին սահմանադրութիւնը այն ներքին տրամաբանութեամբ, որ կարելի ըլլայ ամբողջ հայութեան եւ Հայաստանի ներուժը, կարելիութիւնները օգտագործել երկրի ուժեղացման համար: Ստեղծել այնպիսի համակարգ մը, որ խմբային կառավարումով (կառավարութեամբ) ղեկավարուի, եւ ոչ թէ` այնպիսի դրուածքով մը, ուր անհատը (այս պարագային` նախագահ մը, ոեւէ նախագահ) ըլլայ վերջին խօսքը ըսողը: Համակարգ մը, ուր ընդդիմութիւնը ե՛ւս ունենայ լծակներ` ազդելու համար գործադիր իշխանութեան առնելիք քայլերուն վրայ: Համակարգ մը, ուր յստակացուած է իշխանութիւններու (գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական) տարանջատման սկզբունքը:

Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէով մեր երկիրը մտաւ այս գործընթացին մէջ: Այս գործընթացը պիտի տեւէ մօտաւորապէս երկու տարի: Յարաբերաբար երկարաշունչ գործընթաց է այս մէկը. երկարաշունչ, սակայն` հաստատուն: Մովսէսի գաւազանը հոս չի գործեր: Այդ գաւազանը միայն հեքիաթային պատումներուն մէջ ի զօրու է:

Սահմանադրական հանրաքուէէն (այսինքն այս գործընթացի սկսելէն) երեքուկէս ամիս ետք հասաւ առաջին հարուածը` ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին տեսքով: Պաքու-Անգարա առանցքը փորձեց խորտակել ոչ թէ այս գործընթացը, այլ` Հայաստա՛նը ամբողջ (այս վերլուծումը կատարած ենք մեր նախորդ յօդուածներուն մէջ, մէկէ աւելի անգամներ. այնպէս որ, չենք ուզեր կրկնել):

Թուրք-ազրպէյճանական այս փորձը խորտակուեցաւ, ինչպէս գիտենք:

Միւս կողմէ, սակայն, այս պատերազմը`

Ա. Ամբողջութեամբ երեւան հանեց Հայաստանի քաղաքական կառավարման թէ՛ թերութիւնները եւ թէ՛ թերացումները, որոնց մեծ մասը բացայայտ էր բոլորիս. արտաքին քաղաքականութեան, ներքին ընկերային-տնտեսական, պաշտպանութեան եւ այլ բնագաւառներէ ներս:

Բ. Ստեղծեց ժողովրդային միասնութեան օրինակելի մթնոլորտ մը, ու այս իմաստով, յառաջ բերաւ նոր տեսակի Հայաստան մը:

«Ասպարէզ»-ի 9 ապրիլ 2016-ի համարին մէջ լոյս տեսած մեր յօդուածին մէջ («Նոր որակի Հայաստանի մը ծնունդը») նաեւ կը հաստատէինք. «… Հայրենի ժողովուրդը ցուցաբերեց միասնակամութեան ու մարտունակութեան նախանձելի որակ մը: Այն աստիճան, որ երեւան եկաւ նոր տեսակի ուժ մը (ցարդ անթեղուած), որ Հայաստանի քաղաքական ու զինուորական ղեկավարութեան համար հաշուի առնուելիք ազդակ է: Այս ուժը… «ուժ կու տայ» նոյն այս ղեկավարութեան:

«Ժողովրդային հայրենասիրութեան այն աստիճանի անբիծ ու զուլալ ուժ մը, զոր ղեկավարելու ու գլխաւորելու համար, այլեւս նոր որակի, նոյնքան անբիծ ու զուլալ մտածողութիւն մը անհրաժեշտ է:

«Այս ուժը կը պարտադրէ երկրի ղեկավարութեան, որ համապատասխան ձեւով ու նոր որակի պատասխանատուութեամբ վարէ մեր «փոքր ածու»-ին գործերը` զինուորական, քաղաքական, կամ ներքին ընկերային-տնտեսական բնագաւառներէն ներս»:

Մեր երկրի ղեկավարութիւնը մեր մատնանշած «նոր որակի պատասխանատուութիւն» ցուցաբերե՞ց յետպատերազմեան ամիսներուն: Ասոր պատասխանը գաղտնիք չէ էապէս ո՛չ: Եղածները` տնօրինումներ կամ դրսեւորուած քայլեր, շատ քիչ անգամ անցան գեղագիտականի սահմանէն անդին: Առնուազն, շատ հեռու էին թերացումներու եւ թերիներու իսկական տարողութիւնը սրբագրելէ, յատկապէս` ներքին ընկերային-տնտեսական բնագաւառէն ներս:

Ինչ կը վերաբերի «հողային զիջումներու» մասին խօսակցութիւններուն, իմ գաղափարակից ընկերներէն Սարգիս Տաղտեւիրեանի յօդուածը («Ոչ մէկ թիզ հող հակառակորդին»-ը միայն լոզունգ չէ» խորագիրով, վերջերս լոյս տեսած` «Հայրենիք»-ի, «Ասպարէզ»-ի, «Ազդակ»-ի մէջ) լայնօրէն կը լուսաբանէ այս խնդիրին էութիւնը` խորագիրին համահունչ: «Հողային զիջումի» մասին պաշտօնական Երեւանի վերաբերումը (կամ` այդ ուղղութեամբ եղած վերագրումները) իր մէջ այնքան մարտավարական բաղադրամասեր ունի, որ ճիշդ չէ հրապարակային քննարկումներ կատարելը այդ մասին` բացի սկզբունքային հարցէն: Ու այդ սկզբունքայի՛ն հարցն է, որ սքանչելիօրէն կը լուսաբանէր յօդուածագիր ընկերս:

Ինչ կը վերաբերի նոյն այս «զիջումներու» հարցով հրապարակային քննարկումներուն, ատոնք միայն քիչ բացառութեամբ անցան «ըսի-ըսաւ»-ի սահմանը` խորապէս հարուածելով հարցի լրջութեան:

Երբեմն նոյնիսկ պետական շրջանակներէ լսուեցան ձայներ, որոնք երբեք չանցան պարզունակութեան ու անմտութեան սահմանը:

Այս մեծ ու ընդհանուր խորապատկերի լոյսին տակ պէտք է դիտել անցեալ կիրակի Երեւանի Էրեբունի շրջանէն ներս տեղի ունեցած զինեալ անընդունելի գործողութիւնը, ատոր պատճառով ստեղծուած լարուած կացութիւնը, Թուրքիոյ պետական հարուածի փորձէն երկու օր ետք: Կան պատանդներ, որոնց շարքին` ոստիկանական բարձրաստիճան սպաներ: Պատանդ բռնողները կոչ ուղղեցին ժողովուրդին որ փողոց իջնէ: Ստեղծուած է անել կացութիւն թէ՛ ապահովական եւ թէ՛ մանաւանդ քաղաքական իմաստով:

Գաղտնիք չէ, որ բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, տպագիր կամ եթերային, «լուր հաղորդելու» պատրուակով, կը հրահէրին այս անել կացութիւնը`  շահագործելով երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող կառավարման թերացումներուն նկատմամբ ժողովրդային դժգոհութիւնը: Այս «լրատու» աղբիւրները, նոյնիսկ` վերջին պատերազմական պայմաններուն ընթացքին, չխորշեցան որդեգրելէ այնպիսի ոճ ու ներքին տրամաբանութիւն, որ ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէր ապրիլին ստեղծուած ժողովրդային միասնութեան ու մարտունակութեան: Առնենք նոյն այդ ապրիլեան օրերուն «Սիվիլնեթ»-ի հարցազրոյցը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանին հետ, ուր եղածը ոչ թէ հարցազրոյց, այլ կարծէք… հարցաքննութիւնն էր սեփական երկրի պաշտպանութեան բնագաւառի պաշտօնատարին:

Բացայայտ օրինակներէն մէկն է նաեւ «Ազատութիւն» կայանը, որ կը ֆինանսաւորուի Մ. Նահանգներու կողմէ: Օտար պետութեան մը կողմէ ֆինանսաւորուող հաստատութիւն մը պիտի ծառայէ նոյն այդ օտար ուժի շահերուն (եւ ոչ թէ Հայաստանի), չէ՞: Այսքանը հասկնալու համար հրթիռային գիտնական ըլլալու կարիքը չկայ:

Հիմա նոյն այս կայանները (եւ ուրիշներ, ինչպէս Galatv, 1in.am), հրապարակը եւ յատկապէս ընկերային ցանցերը ողողած են իրենց տեսանիւթերով, ուր ոստիկանութիւնը կը պատկերացուի իբրեւ «բիրտ», իսկ ցուցարարները` անմեղ գառնուկներ: Գաղտնիք չէ, որ ոստիկանութեան վերաբերումը, յատկապէս` Էրեբունիի դէպքին յաջորդած առաջին ժամերուն, եղաւ անհարկիօրէն բիրտ: Բայց նոյն այս կայանները չհաղորդեցին անշուշտ, որ Սարիթաղի բախումներուն վիրաւորուած են… 25 ոստիկաններ եւ 18 քաղաքայիններ` իբրեւ արդիւնք քաղաքայիններու շարքերուն մէջ սպրդած գրգռիչ տարրերու պատճառով, ինչպէս վկայեց նոյնինքն ընդդիմադիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան: Ինչպէս արեւմտեան երկիրներու մէջ, Հայաստանի մէջ եւս կարելի չէ ոստիկանը անարգել, գրգռիչ կեցուածք որդեգրել անոր նկատմամբ, կամ սպառնալ անոր:

«Ազատութիւն»-ն ու իր գործակից կայանները հանրութենէն խնամքով ծածկած էին այս անարգական ու սպառնալից կեցուածքները, ու կը ցուցադրէին միայն… ոստիկանական հակազդեցութիւնը: Անոնք այս ձեւով միայն կը ջատագովեն «կա՛մ մեզի հետ, կա՛մ մեր դէմ» պոլշեւիկեան մտածողութիւնը, «կա՛մ սեւ, կա՛մ ճերմակ» մտայնութիւնը, որ հանրութիւնը կը վերածէ… խելագարած ամբոխի: Տարբեր խօսքով, կ՛ուզեն ամբոխի վերածել մեր սքանչելի ժողովուրդը, որ անցնող ապրիլին աշխարհը ամբողջ ապշեցուց իր մարտունակ ոգիով, դիմադրականութեամբ ու մանաւանդ` միասնակամութեամբ:

Փորձեցէք գրգռել ու անարգել ամերիկացի (կամ ֆրանսացի) ոստիկանը, կամ սպառնալ անոր. կը կարծէք, որ փոխարէնը ձեզի պաղպաղա՞կ պիտի հրամցնէ ամառուան այս տաք օրերուն:  Տակաւին չենք խօսիր այն մասին, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ խումբ մը զինեալներ փորձեն գրաւել Լոս Անճելըսի ոստիկանատուներէն մէկն ու մէկը…

Բոլորս ալ մօտէն հետեւեցանք Ուքրանիոյ 2014-ի դէպքերուն, Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ նախապէս կատարուած «ծաղկաւոր» յեղաշրջումներուն եւ քաջածանօթ ենք քարոզչական այս նոյն ձեռագիրին: Ճորճ Սորոսի «Բաց հասարակութիւն»-ը, ամերիկեան կառավարութեան հաստատած National Endowment for Democracy-ն, եւ USAID-ն (չհաշուած Եւրոպական Միութեան նմանօրինակ հիմնադրամները) միլիառաւոր տոլարներ կը տրամադրեն աշխարհի այս կամ այն անկիւնը իշխանափոխութիւն կատարելու, կամ «Ուաշինկթընի բարեկամ» վարչակարգեր հաստատելու համար:

Անհաւանական չէ, որ այս անելէն անպայման պիտի փորձեն օգտուիլ արտաքին ուժեր, որոնց նպատակն է ոչ թէ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին վիճակին բարելաւումը, այլ` Հայաստանը թուլացնելն ու տկարացնելը: Թուլացնել ու տկարացնել` ի հարկին խափանելով քաղաքական բարեկարգումներու այն քաղաքական գործընթացը, որ սկսած էր անցնող Դեկտեմբերին, խորտակելով Ապրիլին ստեղծուած ազգային միասնակամութիւնը եւ մարտունակ ոգին` ընդդէմ արտաքին թշնամիին: Սա չի նշանակեր, որ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը ընդզվելու, դժգոհելու լուրջ պատճառներ չունի: Անշո՛ւշտ որ ունի: Միաժամանակ, սակայն, անթոյլատրելի պէտք է համարել, որ արտաքին ուժերը շահագործեն նոյն այդ արդարացի դժգոհութիւններուն ալիքը:

Այս մեծ պատկերին մէջ միջամտող արտաքին ուժերուն համար այլեւս աննշան մանրամասնութիւններ են հոլովուող դերակատար անունները` անհատներու կամ նորաստեղծ խմբաւորումներու:

Դժբախտաբար կը յամենայ Գէորգին եւ այս յօդուածագիրին մտավախութիւնը, թէ արդեօք արտաքին ուժերը պիտի ուզե՞ն բարեփոխուած սահմանադրութեան մը հիման վրայ կառուցուելիք նոր Հայաստան մը:

Կ՛ուզենք ճիշդ հասկցուիլ: Հայաստան կը դիմագրաւէ կառավարման ներքին (ընկերային-տնտեսական), արտաքին քաղաքական, պաշտպանական, նաե՛ւ արտաքին միջամտութիւններէ եկած գոյութենական խնդիրներ: Ներքին թերացումներուն մէջ ակնբախ է Հայաստանի իշխանութիւններուն յանցանքը: Ա՛յս խնդիրները կրնան լուծուիլ բացառապէս եւ միա՛յն հայկական արեւելումի վրայ հիմնուած գործելակերպով: Հայ քաղաքական միտքի այս խելամիտ մօտեցումին դրսեւորումն է օրինական (սահմանադրական) բարեկարգումի գործընթացը եւ անհրաժեշտ է ոչ թէ խափանել, այլ դիւրացնել զայն: Ա՛յս տեսանկիւնէն պէտք է մօտենալ Երեւանի մէջ անցեալ կիրակի սկսած դէպքերուն, որպէսզի վերջին հաշուով, այս տագնապէն կարենան յաղթական դուրս գալ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը:

Լոս Անճելըս
21 յուլիս 2016

vproodian@gmail.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>