ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Կը գրեմ քեզի եւ քու հարազատներուն քու ամէնէն սիրած, քու ամէնէն պաշտած քաղաքէն՝ Երեւանէն։ Հիմա այստեղ, ուր մարդիկ բարի ժպիտի, կարեկցանքի եւ խոհեմութեան կարիք ունին, բացակայութիւնդ արդէն օդի պակասի պէս կը ճնշէ մեր վրայ։ Ժամանակը չէր մեկնումիդ, հիմա պէտք չէ հեռանայիր մեզմէ։ Մանաւանդ, այո, հիմա, հայրենիքի ու հայութեան համար այս դժուար օրերուն։
Որովհետեւ մեզի, ընկերներուդ, հարազատներուդ, հարեւաններուդ, գործընկերներուդ ու հեռաւոր թէ մօտիկ ծանօթներուդ համար, դուն յոյսի աղբիւր էիր, լաւատեսութեան մարմնացում։ Մարդիկ հազարներով կը հեռանային դժբախտութեան ոլորաններուն մէջ յայտնուած հայրենիքէն, իսկ դուն քու անձնական օրինակով, Հայրենիք կու գայիր՝ քանդուածը նորոգելու, բնակարաններ շինելու, դպրոցներ վերականգնելու, մանկապարտէզներ կահաւորելու, թանգարաններ վերակենդանացնելու աշխատանքին անցնելով։ Շատերու, նոյնիսկ քեզի մօտիկ մարդոց համար, անհասկնալի էր հայրենիքի հանդէպ կոյր սէրդ, անտրամաբանական թուացող հաւատքդ, սահման չճանչցող նուիրումդ։ Հայաստանը, կարծես, առաջին ու վերջին սէրդ էր, որուն երբեք չէիր կրնար դաւաճանել, նոյնիսկ եթէ դաւաճանուէիր անկէ… Ահաւասիկ, թէ ինչո՛ւ պէտք չէր հեռանայիր մեզմէ, պէտք չէր բացակայէիր հայրենիքէն, մանաւանդ հիմա՛, երբ պարզ, բայց իմաստուն խօսքիդ ու քաղցր, բարի ժպիտիդ պակասը կը զգանք այստեղ, այս տխուր օրերուն։
Ոչ ոք կրնայ տեղդ լեցնել, Վարուժ։ Դժուար է հաշտուիլ բացակայութեանդ հետ։ Բայց միաժամանակ, բացակայ չես, ընկե՛ր Վարուժ։ Հայաստանի մէջ չկայ մարզ մը, ուր բացակայութիւնդ չզգացուի։ Քեզի կը տեսնեմ Երեւանի Նորքի մանկապարտէզը յաճախող երեխաներու ուրախ ժպիտին մէջ։ Կը յիշե՞ս, անցեալ տարի մանկապարտէզին լուացարանները նորոգեցիր եւ ջեռուցման նոր համակարգ անցուցիր։ Քեզի կը տեսնեմ Մաշտոցի պողոտայի բնակարանիդ մէջ ապաստան գտած սուրիահայ ընտանիքին մէջ։ Իրենք քեզի չեն ալ գիտեր, ընկեր Վարուժ, բայց ամէն օր կ՛աղօթեն քեզի համար։ Աստուած գիտէ ո՞ւր պիտի երթային անոնք, եթէ դուն դուռդ չբանայիր անոնց առջեւ։ Քեզի կը տեսնեմ Շիրակի մարզի գիւղացիներուն մէջ։ Անոնք իրենց դաշտերուն համար ջուր ունին այսօր, եւ շնորհիւ քեզի, կը վայելեն հայրենի հողին բարիքները։ Քեզի կը տեսնեմ սահմանամերձ գիւղերու դպրոցական երեխաներուն մէջ։ Մաքուր եւ լուսաւոր դասասենեակներ ունին անոնք, չէ որ դուն համախոհ հայրենակիցներու հետ միասին առաջնահերթութիւն տուիր սահմանամերձ դպրոցներու նորոգութեան։ Ամէն տեղ ես, սիրելի ընկեր, հիւանդանոցներու, ատամնաբուժարաններու եւ նոյնիսկ բանտերու քովէն անցնելու ժամանակ, անկարելի է չտեսնել քեզի, որովհետեւ ամէն տեղ, Հայաստանի ամէն անկիւն հայ մարդ մը բարիք տեսած է քեզմէ։ Այո, իմ սիրելի ընկեր, իմ հայր, իմ եղբայր, մեզմէ չես կրնար բացակայիլ։ Մեր հետ ես ընկեր Վարուժ։
Քեզի կը տեսնեմ ընկերներուս մէջ՝ Աբոյին, Կարպիսին, Վրէժին, Զօհրապին, բոլորի՛ն։ Որովհետեւ բոլորս ալ քեզմէ մարդկայնութիւն սորված ենք, ընկերասիրութիւն ժառանգած ենք, հայրենասիրութիւն ուսանած ենք։ Մեր խիղճին մէջ բոյն դրած ես, Վարուժ, քու օրինակով, քու գործերով, քու բարութեամբ, քու հայրական ու եղբայրական սիրով։ Մեզմէ կը բացակայիս միայն այն ատեն, երբ կորսնցնենք խիղճը, երբ կորսնցնենք մարդկայնութիւնը, երբ հրաժարինք հայրենիքէն, երբ դաւաճանենք մենք մեզի եւ մեր ընկերներուն։
Չեմ գիտեր եթէ դրախտ ու դժոխք կայ այս կեանքէն յետոյ։ Բայց դուն դրախտը ստեղծեցիր քու չորսդիդ, քու շրջապատիդ մէջ։ Շատերո՛ւ համար ու նաեւ՝ մեզի՛։ Ուժ տուր մեզի, որպէսզի նոյնը ընենք նաեւ մենք, եւ ապրինք քեզի նման, քու յիշատակով, քու օրինակով։ Եւ մեր զաւակներուն ըսենք, ապրէք երեխէք, եւ Վարուժին պէս ապրէք։
Գրեցէ՛ք ինծի: