Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հոգեհանգիստ Եւ Յիշատակի Հանդիսութիւն Նուիրուած Սուրիահայ Ընդհանուր Նահատակաց Եւ Րաֆֆի Պչաքճեանի
Աւստրալիա
10 յուլիսին, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` սուրիահայ նահատակներու հոգիներուն եւ հալէպահայութեան ապահովութեան ընդհանուր պատասխանատու, նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան քառասունքին առիթով:
Այնուհետեւ Ուիլուպիի Հայ մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ հոգեճաշ: Պարթեւ քհնյ. Գարագաշեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք, օրուան հանդիսավար Ալին Պալիօզեան-Համամճեան նշեց, թէ սոյն հաւաքը յիշատակի հանդիսութիւն է իմացեալ մահուան ճամբուն ինկած սուրիահայ նահատակներուն, յատկապէս նորոգ նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի: Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը:
Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան Աւստրալիոյ մասնաճիւղի ատենապետ Ասատուր Շուկայեան խօսք առնելով` դրուատեց հալէպահայութեան դիմադրութեան ոգին եւ անկէ ծնած հերոսներու սերունդը, ինչպէս ` Ճեմարանաւարտ Րաֆֆի Պչաքճեանը: Ան նաեւ յայտարարեց, որ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 2016-ի շրջանաւարտներու դասարանը անուանուած է Սուրիահայ նահատակներու սերունդ:
Ժիրայր Օհանեան կարդաց Րաֆֆի Պչաքճեանի կենսագրութիւնը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` անոր կեանքի զանազան հանգրուաններէն մինչեւ իր նահատակուիլը:
Միջին Արեւելքէն ներգաղթողներու օժանդակ յանձնախումբի ատենապետ Պօղոս Պալիօզեան դրուատեց Րաֆֆի Պչաքճեանի զոհաբերութեան ոգին, որուն մահը հալէպահայութեան համար մեծ կորուստ համարեց:
ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Նորա Սեւակեան ըսաւ, թէ սուրիահայութիւնը երախտագիտութեան իր տուրքը տուաւ եւ կու տայ Սուրիոյ` տալով մարդկային անմեղ զոհեր:
Համազգային Շրջանային վարչութեան անունով Վիգէն Գալլօղլեան անդրադարձաւ հայ անհատի նկարագրային գիծերուն, որ նահատակութիւնը յանուն ազգի եւ ժողովուրդի փառք կը համարէ:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Գայսէրեան կատարեց Րաֆֆի Պչաքճեանի գործունէութեան մասին ընթերցում մը, եւ զայն նահատակ դասեց մեր ազգային հերոսներու շարքին: Հայկ Գայսէրեան առաջարկեց նիւթական օժանդակութիւն կատարել հալէպահայութեան:
Սուրիա
10 յուլիսին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ցաւակցական ընդունելութիւն եւ յարգանքի մատուցում:
Կեդրոնին անունով խօսք առաւ Արմէն Ուրֆալեան, որ յայտնեց, թէ Րաֆֆի Պչաքճեան անմահացաւ` արհամարհելով ամէն դժուարութիւն. մնաց պատնէշի վրայ իր ազգանուէր ծառայութեամբ ու հերոսաբար նահատակուելով` հանդիսացաւ դաշնակցական գաղափարախօսութեան դրօշակիրը եւ միացաւ քրիստափորներու փաղանգին:
Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Րէյիսեան խօսեցաւ Րաֆֆի Պչաքճեանի տիպար կեցուածքին, որ ծառայեց հայ ժողովուրդին եւ նահատակութեան պսակին արժանացաւ:
Պօղոս Խաճարեան կարդաց նահատակ ընկերոջ կենսագրականը` վեր առնելով անոր տիպար միութենականի յատկանիշները:
Քանատա
10 յուլիսին Մոնրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ Րաֆֆի Պչաքճեանի հոգեհանգստեան պաշտօնը` գլխաւորութեամբ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի, ներկայութեամբ պատկան մարմինի ներկայացուցիչին, նահատակ ընկերոջ հարազատներուն եւ գաղափարակից ընկերներուն:
Պոլիս
«Տը Քաթ» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնը
12 յունիսին «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տը քաթ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:
Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին անունով տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան կարդաց ժապաւէնը արտադրող գերման-թուրք ծնողներէ սերած Ֆաթիհ Աքինի կենսագրութիւնը բացատրութիւններ տալով ժապաւէնին մասին:
«Տը քաթ» ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած էր Վենետիկի շարժապատկերի փառատօնին: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ 1915 թուականին տեղի ունեցած ամենացաւալի տեսարանները Թուրքիոյ պատմութեան էջերէն, Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
«Տը քաթ» ժապաւէնի տեսարանները նկարահանուած են` Յորդանանի, Գերմանիոյ, Քուպայի, Քանատայի եւ Մալթայի մէջ, սակայն պատմութիւնը տեղի կ՛ունենայ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը:
Ֆաթիհ Աքին կատարած է բազմաթիւ հետազօտութիւններ` լոյսին բերելով 1920-ական թուականներուն Հաւանա գացած հայերու օրագիրներ, ինչպէս նաեւ բերանացի պատմութիւններ եւ գրականութիւն` մահուան երթերուն մասին: Ան հաւաքած է վկաներու շատ հարուստ դիմանկարներ եւ փորձած է զանոնք միացնել:
«Հրանդ Տինք Հիմնարկ»-ի Հայկական Դասընթացքը
11 յուլիսին սկսան «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ի կազմակերպութեամբ հայերէնի խտացեալ դասընթացքները, որոնք պիտի տեւեն մէկուկէս ամիս:
Դասընթացքներուն կը մասնակցին ակադեմական շրջանակներէ եկած անձեր: Դասերը կ՛ընթանան երկու մակարդակի վրայ. առաջինին կը մասնակցին բնաւ հայերէն չգիտցողներ, իսկ երկրորդին` մեսրոպեան տառերուն ծանօթ եղողներ: Այս ծրագրին զուգահեռ, կը շարունակուի նաեւ այլ ծրագիր մը, որուն կը հետեւին հայ մշակոյթին մասին իրենց գիտելիքները յառաջացնել ուզող ակադեմականներ, որոնցմէ շատերը իրենց ուսումնասիրած նիւթերուն բերմամբ կը հետաքրքրուին հայերէնով: Երկու ծրագիրներուն համար ալ պաշտօնի կոչուած են մասնագէտ ուսուցիչներ:
Ընկերային գիտութիւններու զանազան նիւթերով այս խմբաւորումներուն մէջ կը հանդիպինք` պատմաբաններու, հնագէտներու, քաղաքական գիտելիքներ սերտողներու եւ այլոց, որոնք սիրողական դրդումներով չեն մասնակցիր, այլ` բոլորովին արհեստավարժ գիտակցութեամբ եւ կ՛ուզեն զինուիլ իրենց համար խիստ կարեւոր գիտելիքներով:
Աւստրալիա
110,625 Տոլար Հանգանակուեցաւ Աւստրալիոյ Մէջ` Ի Նպաստ Արցախին
Ըստ «Հայերն Այսօր»-ի, 18 յուլիսին Աւստրալիոյ մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հեռուստամարաթոն` իբրեւ զօրակցութիւն Արցախին: «Անվտանգութիւն, ապահովութիւն, խաղաղութիւն» խորագիրով ձեռնարկին ընթացքին հանգանակուած է 110,625 տոլար:
Նշենք, որ հասոյթը պիտի փոխանցուի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ֆոնտին:
Հոլանտա
Հոլանտայի Ալմելօ Քաղաքի Հայ Համայնքը 42 Հազար Եւրօ Կը Հանգանակէ Արցախի Համար
Հոլանտական քանի մը հայ համայնքներ եւ կազմակերպութիւններ իրենց օգնութիւնը ցուցաբերած են Արցախին:
Ըստ «Նիտերլանտական Օրագիր»-ի անցած կիրակի օր, Ալմելոյի Հայ առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան կարգ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուածներու հոգիներուն համար: Այս կապակցութեամբ բացուած բարեգործական հիմնադրամին, բացի Ալմելոյի տարբեր հայկական կազմակերպութիւններէն, իրենց օժանդակութիւնը ցուցաբերած են նաեւ Նայմեխէն քաղաքի «Միացեալ հայերը Հոլանտայի մէջ» կազմակերպութեան անդամները: Արդէն հանգանակուած է աւելի քան 42 հազար եւրօ:
Միացեալ Նահանգներ
Դպիրներու Ձեռնադրութիւն Եւ Ուրարի Տուչութիւն Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
19 յունիսին Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ դպիրներու ձեռնադրութիւն եւ ուրարի տուչութիւն: Ձեռնադրութենէն առաջ եկեղեցւոյ հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան շնորհակալական խօսք ուղղեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, որ Հայրերու տօնին առիթով կը գտնուի ծխական համայնքի զաւակներուն հետ: Ան նաեւ շնորհաւորեց սրբազանը 6-րդ քառամեակի մը համար իր վերընտրութեան առիթով, նշելով, որ այդ շաբաթավերջը կը զուգադիպի նաեւ առաջնորդին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան եւ օծման 40-րդ տարեդարձին:
Իր պատգամին մէջ առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորանքի ու բարեմաղթութիւններուն համար` գոհունակութիւն յայտնելով, որ 40-ամեակի պատարագը Օրենճ Քաունթիի ծխական համայնքին մէջ կը մատուցէ, ուր իբրեւ հոգեւոր տեսուչ ծառայած է 3 տասնամեակներ առաջ: Ան նաեւ շնորհաւորեց նոր ձեռնադրուած ուրարակիրն ու դպիրները` վեր առնելով դպրութեան աստիճանին կարեւորութիւնը եւ յորդորեց ձեռնադրեալները մնալու հաւատարիմ Հայ եկեղեցւոյ, անսակարկ կերպով ծառայելու եւ լաւ օրինակ հանդիսանալու իրենց շրջապատին:
Ապա առաջնորդը շնորհաւորեց հայրերն ու մեծ հայրերը` նշելով, որ հօր մը պարտաւորութիւնը միայն ընտանիքին ապրուստը ապահովել չէ, այլ միաժամանակ ուսուցիչ ու բարի դաստիարակ ըլլալն է` մեր պապերու աւանդութիւններն ու հաւատքը ջամբելով նոր սերունդին:
Պատարագի աւարտին «Յարութ Պարսամեան» Հայ կեդրոնի «Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայրերու օրուան նուիրուած ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին առաջնորդին ուղղուած շնորհաւորանքի խօսքեր արտասանեցին Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, եկեղեցւոյ երեսփոխաններէն Կարօ Յակոբեան, Հրայր Ճերմակեան եւ երեսփոխան ու բարերար Սարգիս Եկէնեան:
Գեղարուեստական յայտագրէն ետք եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան կողմէ սրբազանին յանձնուեցաւ խաչքար յուշանուէր մը, որմէ ետք շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ սրբազան հայրը:
Վազգէն Շուշանեանի Եւ Համաստեղի Նուիրուած Գրական Երեկոյ
6 յուլիսին Իրանահայերու միութեան գրադարանի ընթերցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան հերթական գրական երեկոն` նուիրուած արեւմտահայ դասական գրողներ Վազգէն Շուշանեանի եւ Համաստեղի:
Օրուան բանախօսներն էին Յովսէփ Նալպանտեան, որ խօսեցաւ Վազգէն Շուշանեանի մասին, իսկ Գարուշ Յարեանց խօսեցաւ Համաստեղի մասին: Անոնք անդրադարձան զոյգ գրողներու ազգային եւ համամարդկային արժէքները դաւանող գործունէութեան: Օրուան հանդիսավար Արմէն Խանճեան կարդաց օրուան հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն հատուածներ:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան անդամներ, գրող, պատմաբան Արծրուն Ալեքսանեան եւ արձակագիր Նորա Ահարոնեան, պատմեցին հայրենիք կատարած իրենց այցելութեան մասին:
Գրական Երեկոյ` Նուիրուած Փիթըր Պալաքեանի
27 յունիսին Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ` նուիրուած վերջերս «Փուլիցըր» մրցանակին տիրացած Փիթըր Պալաքեանի:
Օրուան հանդիսավար տոքթ. Հրանդ Մարգարեան յաւելեալ մանրամասնութիւններ տուաւ այս մրցանակին եւ Պալաքեանի վաստակին մասին:
Փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան տեղեկութիւններ տուաւ եւ վերլուծումներ ըրաւ Պալաքեանի «Օզոն Ժուռնալ» գիրքին մասին` անդրադառնալով անոր բանաստեղծութիւններուն:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Փիթըր Պալաքեան, իսկ թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան շնորհաւորեց Պալաքեանը` յայտնելով, որ անգլերէն գիրերով խոր հայկականութեամբ մը դրոշմուած են անոր գործերը:
Երկու Հայեր` Ուիլիըմզի Թատերական Գործերը Լոս Անճելըսի Մէջ Բեմադրելու Ջանքերուն Մէջ
Այս ամառ Լոս Անճելըս գտնուողները առիթը պիտի ունենան վայելելու հեղինակ Թենըսի Ուիլիըմզի երկու թատերական գործերը, որոնք հազուադէպօրէն կը բեմադրուին:
15 յուլիսին Արեւմտեան Լոս Անճելըսի «Ատըսի» թատերասրահին մէջ բեմ բարձրացաւ «Քինկտըմ աֆ ըրեչ» («Երկրի թագաւորութիւն») թատրերգութիւնը` բեմադրութեամբ Մայքըլ Արապեանի, որ վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ բեմադրած էր շարք մը մրցանակներ շահած «Սպասելով Կոտոյին»-ը:
15-16 յուլիսին Արեւելեան Լոս Անճելըսի «Ֆաունթըն» թատերասրահին մէջ բեմ բարձրացաւ մրցանակակիր բեմադրիչ Սայմըն Լեւիի բեմադրած «Պէյպի տոլ» («Փոքրիկ պուպրիկ») թատերգութիւնը, որուն մէջ դեր ստանձնած է յայտնի դերասան Քարեն Քոնտազեան:
Քանատա
Մոնրէալահայ Ժոէլ Կը Հրապարակէ Մանկական Հայերէն Երգերու Խտասալիկ Մը
Լիբանան ծնած մոնրէալահայ մանկավարժուհի Ժոէլ Չինչինեան այս տարի հրապարակեց մանկական երգերու իր առաջին խտասալիկն ու տեսահոլովակը: Ժոէլ մանկավարժութիւն ուսանած է Մոնմորանսի քոլեճին մէջ, ապա 8 տարի Սուրբ Յակոբ վարժարանի ՀՕՄ-ի Ծաղկոցէն ներս պաշտօնավարած է որպէս ուսուցչուհի: Ան կատարած է ներկայացումներ` տարեդարձներու, համայնքային ձեռնարկներու, քերմեսներու եւ այլ փառատօներու ընթացքին:
Ժոէլ անցեալ տարի Լիբանան այցելութեան ընթացքին ծանօթացած է երաժիշտ Սեդօ Պաղտասարեանին, որուն հետ գործակցաբար մէկ շաբթուան ընթացքին ձայնագրած է իր խտասալիկի 5 երգերը: Մոնրէալ վերադառնալէն ետք Փոլ Մալախանեանի հետ գործը աւարտած է յաւելեալ 5 երգերով:
Ժոէլ պիտի պատրաստէ նաեւ մանկական տեսերիզ մը, որուն մէջ երգերուն կ՛ընկերակցին` պարեր, խաղեր, փոքրիկներ, գոյներ եւ նկարներ:
Փարիզ
Թատերական Ներկայացում
25 յունիսին, Ֆրանսայի Կըրընոպլ քաղաքի Մշակոյթի տան «Ժան Մարանճեան» սրահին մէջ Նարեկ Դուրեանի թատերախումբը ներկայացուց «Տոն Ժուանները Մարսէյում» կատակերգութիւնը:
Նիւթը կը խօսի Հայաստանէն Մարսէյ բնակութիւն հաստատած ամուսնացած զոյգի մը փոխադարձ անհաւատարմութեան մասին, որ առիթ կու տայ գաղտնի սիրային արարքներու: