Դրական պէտք է ընկալել երկկողմանիօրէն` իրաւապահ մարմիններու եւ զինեալ գործողութիւնը իրականացնողներու դրութիւնը: Երեւոյթը պէտք չէ վերագրել անպայման կապի խզումին, նոր դաւադրութիւններու մշակման կամ գործողութեան վերջ տալու նպատակով նախապատրաստուող յարձակման: Ոչ ալ` հիւծել- յանկարծակիօրէն գրոհել տարբերակին: Երբ համեմատաբար լուռ են կողմերը, կը նշանակէ, որ բանակցութիւններ կան, իսկ այդ բանակցութիւններու փակագիծերը չեն բացուիր, որովհետեւ մարդոց ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ է, որովհետեւ կայ յայտնապէս արիւնահեղութիւնը բացառելու գիտակցում:
Հետեւաբար պահանջներ-ընդառաջումներ կամ չընդառաջումներ, զինեալներու կամ ոստիկաններու տեղաշարժերը իբր թէ նկատողներ, տարածք գրաւողներուն «մինչեւ վերջ գացէ՛ք» ըսողներ կամ պետական ծառայողներուն հասցէին ամէն տեսակի հայհոյանք թափողները երեւութապէս չեն ազդեր երկու կողմերուն առնելիք քայլերուն վրայ, որովհետեւ երկու կողմերն ալ – կ՛ուզենք հաւատալ նախադրեալներէն եւ երեւոյթներէն մեկնած – բանակցելով եւ ցարդ կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ դրական ելքերու, պատուհաններու շրջագիծեր ուրուագծելով գերադաս կը համարեն առանց մարդկային զոհերու աւարտել գործողութիւնը:
Թէժացնողները, պառակտիչ եւ հրահրիչ յայտարարութիւն կատարողները, «մինչեւ վերջ մի՛ յանձնուիք» կամ «գրոհեցէ՛ք» յանձնարարողները յայտնապէս երկու կողմերուն գիտակցական մօտեցումով չեն վերաբերիր այս խնդրին:
Լռութիւնը միշտ չէ, որ կրաւորականութիւն է, անտարբերութիւն, անկարողութիւն կամ արհամարհանք:
Իսկ այս պարագային աւելի համոզիչ է, որ այդպէս չէ: Նման ճգնաժամի պայմաններուն մէջ համեմատական լռութիւնը բանակցութիւն է: Իսկ բանակցիլը ուժի կիրարման բացառումով խաղաղ լուծումի յանգելու համար է: Երկու կողմերուն լռութիւնը այս կը նախանշէ, մնացեալը` եթէ այս տրամաբանութենէն դուրս է կրնայ խանգարիչ ըլլալ: Իսկ խանգարումը կը վերաբերի մարդոց կեանքերուն:
Առ այս պահը խանգարողները չեն յաջողած ազդել բանակցողներուն վրայ: Պիտի ուզէինք, որ չազդէին:
«Ա.»