Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Սարգիս Կիրակոսեան

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

7-21-15_Sarkis-Guiragossian

Արդէն տարի մը անցաւ այն օրէն, երբ մահուանդ բօթը լսեցինք: Անողոք հիւանդութիւնը չարչարած էր մարմինդ եւ հոգիդ, սակայն քու լաւատես եւ անմեղ ժպիտովդ կը դիմագրաւէիր ցաւերդ:

Փաստօրէն ճակատագիրդ այդպէս էր եւ կանուխ հեռացար: Ազգային, կուսակցական, միութենական, կրթական, մշակութային եւ գրական վաստակդ մեծ էր: Բոլոր մակարդակներու վրայ պերճախօս եւ ուղղամիտ Սարգիս Կիրակոսեանի բացակայութիւնը զգալի է մեր կեանքին մէջ: Ձեռնարկի բացման խօսքէն, փակման խօսք:

Օրուան պատգամախօս թէ զրոյցի համադրող, «Ազդակ»-ի գրական էջ թէ դպրեվանքի ուսուցիչ: Դժուար էր` ձեռնարկի մը ներկայ ըլլայիր եւ Սարգիս Կիրակոսեանի բացակայութիւնը չզգայիր:

Անցնող տարուան ընթացքին Հայաստանի Գրողներու միութեան տան մէջ յիշատակիդ ձեռնարկ կազմակերպուեցաւ, «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէն Նաքքաշի սիրած ակումբիդ մէջ սենեակ մը անունովդ կոչեց եւ այսօր գինեձօնն է «Կարծես երազ մը ըլլար» վէպիդ:

Այս բոլորը կ՛ապացուցանեն, որ էութեամբ բանաստեղծ, բարի մարդ, ժպտուն եւ բոլորին հասնելու տրամադրութեամբ մեր սրտերուն մէջ մտած էիր:

Մեր օրերուն երբ ամէն բան աթոռ եւ թիւ դարձած է, քու անձիդ մէջէն քու օրինակդ ընդգծելու համար կը կատարուին այս ձեռնարկները: Անձնական եւ անշահախնդիր նուիրումը կարծես թէ այլեւս հնութիւն կը բուրէ, փնտռուածը վստահելիներով աշխատելու ոճն է այդ «վստահելիները» մեր շուրջը սունկի պէս կը շատնան: Թռիչք առնելու, սլացք ունենալու եւ տեսիլք ունենալը արգիլուած է կարծես:

Այս բոլորէն անդին, սիրելի՛ Սարգիս, մենք քու յիշատակներովդ կ՛ապրինք:

Ամէն առիթի, ամէն մէկ պայմաններու մէջ քու ձայնդ, դէմքդ, ժպիտդ եւ մանաւանդ ընկերասիրութիւնդ կը կարօտնանք:

Դժուար պիտի ըլլայ վարժուիլը քու բացակայութեանդ, սակայն վստահ եղիր, որ ամէն տեղ ես եւ միշտ մեր սրտերուն մէջ կը մնաս:

Վերջաւորութեան իրականութիւն մը կայ, որ ժամանակին մեր մեծերը կ՛ըսէին` «անփոխարինելի մարդ չկայ»: Օրերը փոխուած են, մենք սկսած ենք հաստատել, որ գացողին տեղը բաց կը մնայ:

Յիշատակդ անմահ մնայ:

Տեղդ բաց է:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>