«Տեմոքրաթհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Սփարթա շրջանի ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն կը կատարէ 300 հոգիի դէմ` «համացանցի վրայ քիւրտ զինեալներու քարոզչութիւն կատարելու, Թուրքիոյ դրօշը անարգելու եւ Թուրքիոյ նախագահը վիրաւորելու» մեղադրանքով:
Շուրջ վեց ամիս տեւած հետեւողական աշխատանքներուն լոյսին տակ ոստիկանները յաջողած են «բացայայտել» 300 հոգի` թէ՛ Թուրքիոյ մէջ, թէ՛ Թուրքիայէն դուրս:
Այս մէկը առաջին դէպքը չէ: Նոյն մեղադրանքով նախապէս ձերբակալուած էր 36 անձ: Անոնցմէ 14-ը` ձերբակալուած, իսկ 22-ը ազատ արձակուած էին: