Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Ճնշուածութենէ Զերծ Չափահաս Երեխաներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ամբողջ աշխարհի մէջ, մանաւանդ` ամառնային արձակուրդներու շրջանին, քիչ չեն այն ընտանիքները, որոնք  իրենց երեխաները բանակումներու կը ղրկեն, արտատնային գործունէութեան: Մեր հայկական իրականութեան մէջ, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի հայկական բոլոր գաղութները, տարիներէ ի վեր սկաուտական շարժումներով, պատանեկան, երիտասարդական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու միջոցով նման շատ անհրաժեշտ բանակում- հաւաքներ կը կազմակերպեն, որոնց դրական արդիւնքներն ու արձագանգը անշուշտ նորութիւն չէ: Սակայն հետաքրքրական է չափահասներու, կամ չափաանցներու համար կազմակերպուող բանակումներու միտքը, որուն անդրադարձած է Պի.Պի.Սի.:

Ն.

Արձակէ Ներքին Երեխադ

Միացեալ Նահանգներու մէջ միլիոնաւոր երեխաներ, պատանիներ ամէն ամառ բանակումի կը ղրկուին: Նոր ընկերներ կ՛ունենան, խաղեր կը խաղան, քնապարկերու մէջ կը քնանան: Իսկապէս մեծ հոլովոյթ մըն է:

Ի դէպ, ինչո՞ւ միայն երեխաները պիտի ունենան ամբողջ զուարճանքը:

Այսպէս կը մտածէ «Ոչ հսկիչներու ճամբար»-ը, փոքր, բայց հետզհետէ բազմացող ընկերութիւններէն մէկը, որ կը կազմակերպէ միայն  չափահասներու ճամբարներ, հաւաք-բանակումներ:

Մասնակցողները խանդավառ են

Մասնակցողները խանդավառ են

Գաղափարը այն է, որ չափահասները կրնան իրենց ներաշխարհի երեխան արձակել եւ մասնակցիլ նոյն արկածախնդրական ժամանցներուն, խաղերուն, որոնց կը մասնակցին երեխաները բանակավայրին մէջ: Բայց` երկու յատկանշական բարեփոխումով. ազատօրէն մատչելի ոգելից ըմպելիներ եւ գիշերային հաւաքոյթներ: Թէեւ դուք կրկին պէտք է քնանաք ընդհանրական ննջասրահի  մէջ:

Թոն մը զուարճանք

«Ոչ հսկիչներու ճամբար»-ը հիմնադրած է Ատամ Տիհաուէր` 33-ամեայ քանատացի մը, նախկին տնօրէնը Նիւ Եորք տեղակայուած ճարտարագիտական  նորաստեղծ ընկերութեան մը: Ան առաջին անգամ չափահասներու համար ամառնային  ճամբարի գաղափարը յղացաւ, երբ 2013-ի գարնան կը կազմակերպէր հին ընկերներու հետ շաբաթավերջի հաւաք-հանդիպում մը:

Ընդհանուր վճարումը կը ներառէ բոլոր տեսակի խմիչքները:

Ընդհանուր վճարումը կը ներառէ բոլոր տեսակի խմիչքները:

«Ասպարէզիս բերումով բազմաթիւ գիշերներ կ՛աշխատէի եւ կարիքը զգացի ընկերներուս հետ հաճելի շաբաթավերջի մը», կ՛ըսէ ան:

«Ես միշտ սիրած եմ կազմակերպել ձեռնարկներ, եւ ամառնային ճամբարներու մասնակցելով մեծցած եմ: Ուրեմն մտածեցի, որ թոն մը զուարճանք պիտի չըլլա՞յ արդեօք շաբաթավերջի մը համար ընկերներով ճամբար մը վարձելը», կ՛ըսէ ան:

Ատամին ընկերները բոլորն ալ սիրեցին յիշողութեան գիծին վրայ պտոյտի մը գաղափարը, եւ ուրեմն 3 օրուան համար վարձեցին ամառնային ճամբար մը, Նիւ Եորքի հիւսիսային շրջանին մէջ: Ատամ քաջալերեց իր ընկերները, որպէսզի այլ մարդիկ ալ հրաւիրեն: Շուրջ 90 անձեր մասնակցեցան այդ առաջին շաբաթավերջին, որուն ձեռնարկներէն էին`  ջուրի վրայ դահոյկով սահիլը,  ձայնի հաղորդավարի մասնակցութեամբ գիշերային հաւաքոյթներ, պարեր:

«Այնքան յաջող էր, որ վեց ամիս ետք կազմակերպեցի ձմեռնային ճամբար մը, որուն մասնակցողներուն թիւը բարձրացաւ 120-ի», կ՛ըսէ Ատամ:

Այդ երկրորդ ճամբարէն ետքն է, որ Ատամ որոշեց, որ կրնայ իր գաղափարը վերածել լիաժամ աշխատանքի, հիմնական գործի: Իր ընկերները քաջալերած էին զինք` ըսելով, որ հաւաք կազմակերպելու բնածին ունակութիւն ունի: Ուրեմն Ատամ իր ասպարէզը, գործը լքեց մայիս 2014-ին եւ պաշտօնապէս հիմնեց «Ոչ հսկիչներու ճամբար»-ը: Ընկերութեան անունը յղում է այն փաստին, որ ի տարբերութիւն երեխաներու ամառնային ճամբարներուն, հոս չկան հսկիչներ` զուարճանքը փճացնող :

«Ես փոքր խնայողութիւն մը ունէի միայն, բայց մտածեցի, որ կրնամ սկսիլ ճամբարով մը, ապա` երկու: Երբ լուրը տարածուեցաւ, հոլովոյթը արագօրէն ընթացաւ», կ՛ըսէ ան:

Մասնակցողները իրենց մասին տուեալներ պէտք է ներկայացնեն

Մասնակցողները իրենց մասին տուեալներ պէտք է ներկայացնեն

Ատամ կ՛ըսէ, որ  սկիզբը ինք դժուար աշխատանք կատարած է ամառնային բանակավայրերու երբեմն շփոթահար սեփականատէրերուն «բացատրելու եւ հիմնաւորելու» չափահասներու ճամբարի գաղափարը: Զանոնք համոզած է այն իրողութիւնը, որ «Ոչ հսկիչներու ճամբար»-ին շնորհիւ` իրենց բանակավայրերու բացման եղանակները կ՛երկարաձգուին, որովհետեւ այդ վայրերը կը վարձակալուին դպրոցական արձակուրդներէ առաջ եւ ետք:

«Ասիկա աստիճանաբար աճող եկամուտ է բանակավայրերուն համար, որոնք իբրեւ կանոն` փակ կ՛ըլլան գարնան եւ աշնան եղանակներուն, երբ մենք կը վարձակալենք ատոնք», կը նշէ Ատամ:

Լոս Անճելըս տեղակայուած ընկերութիւնը արագօրէն աճեցաւ` շնորհիւ բերնէ բերան քարոզչութեան, եւ այս տարի 30 ճամբարներ պիտի գործեն Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ:

Բոլորն ալ կը զուարճանան

Բոլորն ալ կը զուարճանան

Ճամբարի իւրաքանչիւր շաբաթավերջ երեք գիշեր կը տեւէ եւ թիւերը սահմանափակուած են 200 անձով: Մասնակցողներուն միջին տարիքը 30 է: Բոլոր ննջասրահները երկսեռ են եւ` երկյարկանի մահճակալներով: Մասնակցութեան սակը իւրաքանչիւր անձի 575 տոլար է, ներառեալ` ուտելիքը եւ բաց խմիչքը:

Մոռցէ՛ք աշխատանքը:

Ուրեմն ինչո՞ւ «Ոչ հսկիչներու ճամբար»-ը այնքան սիրուած է: Ատամ կը մատնանշէ քանի մը պատճառներ.

«Կայ այդ բոլորին կարօտաբաղձութիւնը: Հաճելի չէ՞ր ըլլար ճամբար վերադառնալ ընկերներու հետ, կարենալ խմել եւ ամբողջ գիշերը արթուն մնալ»:

Մարդիկ կը քաջալերուին` բերելու իրենց ներաշխարհի երեխան

Մարդիկ կը քաջալերուին` բերելու իրենց ներաշխարհի երեխան

«Միւս գաղափարը այն է, որ բազմաթիւ մարդիկ իրենց մանկութեան տարիներուն բանակումի չեն գացած. այնպէս որ, ատոր մասին հետաքրքրութիւնը կայ, եւ այժմ անոնք կրնան երթալ»: Ատամ կ՛աւելցնէ, որ ճամբարներէն ոչ մէկը «ուայ-ֆայ» ունի, ուրեմն մարդիկ մէկ կողմ պէտք է դնեն իրենց հեռաձայնները, մոռնան տան եւ աշխատանքի մասին եւ պարզապէս զուարճանան, նոր մարդոց հանդիպին: Մասնագէտներ եւ հոգեբաններ համաձայն են Ատամի պնդումներուն «Ոչ հսկիչներու ճամբար»-ի աճի, տարածման վերաբերեալ: Անոնք կ՛ըսեն, որ աւելի մեծ թիւով չափահասներ կ՛ընտրեն ամառնային ճամբարները, իբրեւ միջոց մը` վայելելու անհոգ մանկութեան ժամանակները:

«Սակայն այս հետաքրքրութեան, եւ չափահասներու ամառնային ճամբարներու յաջողութեան իսկական մղիչ գործօնները, աւելի կապուածութիւնը աշխատանք-կեանք հաւասարակշռութեան պրկումները եւ նստակեաց ապրելակերպն են», կ՛աւելցնեն անոնք:

Որոշ մտահոգութիւննե՞ր

«Ոչ հսկիչներու ճամբար»-ը, այնուհանդերձ, քննադատուած է այն իրողութեան համար, որ բոլորին համար բաց չէ: Փոխարէնը, ով որ կը փափաքի մասնակցիլ, պէտք է արձանագրուի, որ կը ներառէ պատասխանել իր անձին մասին հարցումներու (հարցաթերթիկի ձեւով), եւ մանրամասնութիւններ տալու իր ունեցած ընկերային ցանցերու հաշիւներուն մասին: Ընկերութիւնը ապա «յատուկ կ՛ընտրէ» կամ «կը զտէ, կը համադրէ» 200 անձեր, որոնք կրնան մասնակցիլ իւրաքանչիւր ճամբարի:

Բերէ՛ք ձեր ներաշխարհի երեխան

Բերէ՛ք ձեր ներաշխարհի երեխան

Քննադատ մը ասիկա անուանեց` «Քիչ մը կաղացող ընկերային մեքենայականութիւն»: Սակայն ճամբարը պաշտպանեց իր մօտեցումը:

Տէյվ Քուշնըր` «Ոչ հսկիչներու ճամբար»-ի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատուն ըսաւ. «Սահմանափակ տեղերու պատճառով մենք կ՛ուզենք վստահ ըլլալ, որ ճամբար գալիք 200 անձերը ամէնէն շատ փափաքողներն են: Մենք կ՛ուզենք վստահ ըլլալ, որ այս ճամբարի մասնակիցները զիրար պիտի յարգեն եւ ատելութիւն կամ վտանգաւոր վերաբերմունք պիտի չդրսեւորեն: Մենք շատ հպարտ ենք այն փաստով, որ ճամբարին մէջ ոչ ոք կռուած է, նոյնիսկ` այն մարդիկը, որոնք տրամադրելի բաց խմիչքի հաւաքներուն կը մասնակցին»:

Ատամ ապագային համար կը ծրագրէ յաւելեալ ընդարձակում` Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու մէջ:

Ան կ՛ըսէ. «Ես կը սիրեմ մարդիկը երջանկացնել եւ չափահասներուն կարելիութիւն ընձեռել` մոռնալու ճնշուածութիւնը, պրկումները մեծահասակներու կեանքին մէջ, միաժամանակ ստեղծելով նոր, յարատեւ բարեկամութիւններ»:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>