Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հաշուեյարդար («Մարզիկ»-ի Հրատարակութեան 35-Ամեակին Առիթով)

$
0
0

MARZIG-400_71016

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
«Մարզիկ»-ի 400-րդ Թիւի

Յոբելենական տարեդարձները ձեւական խանդավառութեան առիթներ չեն: Ծափի եւ ողջոյնի առիթներ չեն: Որքան ալ սիրենք խանդավառութիւնը եւ հաւատանք անոր կարեւոր դերին` հաւաքական մեր կեանքին մէջ, պէտք է հաշուեյարդարը կատարել մեր անցեալի գործունէութեան: Պէտք է փորձել այդ անցեալէն դէպի ապագայ երկարող ճամբուն վրայ խարխափումներէ խուսափիլ եւ յստակ նպատակներու ձգտիլ:

Այս տեսակէտով, «Մարզիկ»-ի հրատարակութեան 35-ամեակին եւ 400-րդ թիւի հրատարակութեան զուգադիպող զոյգ տարեդարձները ՀՄԸՄ-ական մարդը կը մղեն հաստատելու, որ`

Անցնող 35 տարիներուն, «Մարզիկ» սովորական լրատուութիւններու եւ թղթակցութիւններու թերթ մը չեղաւ, որովհետեւ հաւատաւոր գրիչներ իրենց նիւթերով, ակնարկներով եւ յուշերով դաստիարակչական օգտակար բեմի մը վերածեցին զայն: ՀՄԸՄ-ի մէկդարեայ պատմութիւնը տողանցեց անոր էջերէն, եւ իւրաքանչիւր ընթերցող անպայման ուսանելի դաս մը քաղեց անկէ: Կրտսերը «Մարզիկ»-ի էջերէն ծանօթացաւ երէցներու միութենական  վաստակին, մինչ երէցը հետեւեցաւ կրտսերներու նոր թափ առնող խանդին: Պատմութեան դասագիրք մը եղաւ ան, արխիւներու շտեմարան մը, որուն դիմողները երբեք չյագեցան:

«Մարզիկ» չեղաւ մարզական կամ սկաուտական ընթացիկ թերթ մը: Մարզական հանրածանօթ աստղերու կամ սկաուտական առաջնորդներու նկարներ չզարդարեցին անոր էջերը, որովհետեւ ան կոչումն ու պարտականութիւնը ունեցաւ ներկայացնելու մե՛րը, մերինները, որոնք յաճախ հանրածանօթ չեղան, բայց իրենց հմայքով, մարզական ոգիով եւ ազնուութեամբ յատուկ փայլք մը տուին հայոց եռագոյնին եւ ժողովուրդին:

«Մարզիկ» չեղաւ գաղութի մը թերթը, նախընտրութիւն չդրաւ ան Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ: «Մարզիկ» եղաւ բոլորի՛ն թերթը, կապն ու կամուրջը հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ, միացնող օղակը` աշխարհասփիւռ հայութեան: Հոն ուր ՀՄԸՄ-ը եղաւ, հոն անպայման «Մարզիկ»-ը ներկայ եղաւ, աշխարհի 5 ցամաքամասերու, 25 երկիրներու, 107 քաղաքներու մէջ: Հայկական տպագիր մամուլը դժուար թէ ունենայ այսքան լայն տարածում ունեցող հրատարակութիւն մը:

«Մարզիկ» եղաւ կեցուածքի եւ համոզումի թերթը` ժամանակի մը մէջ, երբ մարդիկ նախընտրեցին անդիմագիծ հաճոյակատարութեան մէջ ապրիլ, հեռու` դիրք ճշդելու եւ «մարդ նեղացնելու» փորձութենէ: Թերթը ուղղութիւն ճշդեց, առաջնահերթութիւններ սահմանեց եւ երեւոյթներ խարազանեց, երբ իր խմբագրականներով դրուատեց «Խոնարհները», գնահատեց «Շքանշանը եւ շքանշանակիրները», արժեւորեց «Քուէն, քուէարկողը եւ քուէարկութիւնը»: Թերթը չորս սերունդի ըսելիք ունեցաւ: Շեշտեց «Նորութեան պահանջը», անդրադարձաւ «Տնտեսական հզօրացման մարտահրաւէր»-ին, պահանջեց «Մեր գործին եւ յաջողութեան հաւատք», «Առողջ ու տեղի՛ն քննադատութիւն», «Պարկեշտ մրցակցութիւն» եւ «Ազգային գիտակցութիւն»:

Ի՜նչ կրնար ըսել «Մարզիկ», որ չըսաւ: Մարդուն մէջ հա՛յը կերտող եւ միութենականին մէջ արժանաւո՛րը դարբնող բոլոր ստորոգելիները պարզեց ան իր առաջնորդող սիւնակներէն. «Ճշդապահութիւն», «Մասնակցութիւն», «Յարատեւութիւն», «Հեղինակութիւն», «Հաւատարմութիւն», «Կրթութիւն», «Ծառայութիւն», «Զոհողութիւն», «Կազմակերպուածութիւն», «Անդո՛ւլ աշխատանք», «Մրցելու հպարտութիւն», «Նա՛խ նկարագիր», «Կարգ ու կանոն», «Չափ ու սահման»` յիշատակելի վերնագիրներ են միայն իր բազմահարիւր խմբագրականներէն:

Ճիշդ է, «Մարզիկ» չեղաւ աւելորդ ճոխութիւններու թերթը: Յաճախ ան լոյս տեսաւ համեստ պայմաններու մէջ, պարզ ու զուսպ դիմագիծով: Սակայն իր համեստութեան եւ պարզութեան մէջ ան խտացուց զինք ծնող միութեան բարոյական արժանիքները, որոնք իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականի կը թելադրեն հեռու մնալ ցուցամոլական մեծամտութիւններէ եւ անիմաստ պոռոտախօսութիւններէ: «Մարզիկ» ծանօթացուց ՀՄԸՄ-ի գործը եւ տարածեց ՀՄԸՄ-ի խօսքը` առանց երբեք յաւակնութիւնը ունենալու կատարեալ աշխատանք մը կատարած ըլլալու: Ան ունեցաւ յաջողութիւններ: Ունեցաւ նաեւ թերութիւններ, որոնց սրբագրելու կամքն ու քաջութիւնը բնաւ չպակսեցաւ իրեն:

Ընթացիկ առումով, «Մարզիկ» մրցակիցներ չունեցաւ, որովհետեւ ան եղաւ սփիւռքահայ մարզական միակ թերթը: Հաւանաբար նաեւ` ամէնէն երկարակեացը իր տեսակին մէջ: Եթէ այս մէկը բարենիշ մըն է ՀՄԸՄ-ի նման միութեան մը համար, որ կարողացաւ նման թերթ մը 35 տարի ապրեցնել, ապա մտահոգութեան պատճառ մըն է միաժամանակ, որ մեր ժողովուրդը անցնող ժամանակներուն չյաջողեցաւ մարզական նմանօրինակ այլ թերթերու գոյատեւումը ապահովել:

«Մարզիկ»-ին ծնունդ տալը բան մըն էր, իսկ ապրեցնելը` այլ բան, ըսուած է առիթով մը: Շատ ճի՛շդ: Թերթը անցնող 35 տարիներուն դիմագրաւեց բազմաթիւ մարտահրաւէրներ` սկսեալ նիւթականի եւ մարդուժի տագնապէն մինչեւ հայախօսութեան եւ տպագիր մամուլի առնչուած դժուարութիւններ, սակայն ան յաջողեցաւ յարատեւել ու զարգանալ` շնորհիւ միութեան յաջորդական պատասխանատուներու նիւթաբարոյական անսակարկ աջակցութեան եւ հաւատարիմ ընթերցողներու մնայուն նեցուկին:

Մտածուա՞ծ է արդեօք, թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ ՀՄԸՄ-ական կեանքը առանց միութեան կեանքը պատմագրող «Մարզիկ»-ին: Կամ` փորձ կատարուա՞ծ է գտնելու թիւը այն ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք դաշտերու եւ ակումբներու մէջ արիւն-քրտինք թափելէ ետք, ամբողջովին մոռացութեան պիտի մատնուէին, եթէ չըլլար «Մարզիկ»-ի նման հրատարակութիւն մը, որ չանդրադառնար անոնց հայանուէր գործունէութեան եւ հանրանուէր վաստակին` Հալէպէն մինչեւ Սիտնի, Պէյրութէն մինչեւ Լոս Անճելըս:

Կ՛արժէ թիւերն ու գնահատականները ունենալ մեր դիմաց` անդրադառնալու համար, որ իբրեւ հաշուեյարդար, անցնող 35 տարիներուն «Մարզիկ»-ը ի՞նչ տուաւ մեզի եւ, փոխադարձաբար, երախտագիտական պարտքի եւ սիրոյ զգացումով, մե՛նք ինչ տուինք «Մարզիկ»-ին`

Ի խնդիր մեր նորահաս սերունդներու քաղաքացիական օրինակելի կրթութեան եւ ազգային առողջ դաստիարակութեան,

Ի սպաս մեր ժողովուրդի վաղուան լուսաւոր ապագայի կերտումին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>