Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

 Պատրաստեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Եւրոպա

Հայ Դատի Յանձնախումբին Հանդիպումը Պելճիքայի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանին Հետ

Belgium_62616

Վերջերս ՀՅԴ Եւրոպայի եւ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբերէն կազմուած միացեալ պատուիրակութիւն մը այցելեց Պելճիքայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ դեսպան Ռիւտիկեր Լիւտեքինկի հետ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան, ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Լիաննա Մարգարեան եւ քարտուղար Աշխէն Ֆիքսովա:

Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման առիթով գնահատանքի խօսք ըսել գերմանացիներուն:

Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար` նշելով, որ այս բանաձեւը կը միտի նաեւ Գերմանիոյ մասնակի մեղսակցութիւնը ընդունիլ եւ աշխատիլ, որ Թուրքիա եւս առերեսուի իր անցեալի մութ էջերուն հետ: Դեսպան Լիւտեքինկ բարձր գնահատեց ծագումով թուրք գերմանացի երեսփոխաններուն ներդրումը, որ ինքնին աւելի արժէք եւ ուժգնութիւն կու տայ որդեգրուած բանաձեւին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ-Արցախի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորումը, նկատի առնելով, որ Գերմանիան ներկայիս ԵԱՀԿ-ը նախագահող երկիրն է: Դեսպանը հաստատեց, որ Գերմանիան կառչած կը մնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին եւ համանախագահութեան աշխատանքներուն:

Արծարծուեցան նաեւ հայութիւնը եւ Հայաստանը յուզող այլ հարցեր:

 

Իրան

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան Եւ Օծման 21-րդ Տարեդարձը Նշուեցաւ Ատրպատականի Թեմին Մէջ

Ատրպատական, Ազգային առաջնորդարանը Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 21-րդ տարեդարձի բարեբաստիկ առիթով, Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ, կիրակի, 26 յունիս 2016-ին, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի, տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք` աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած` վեհափառ հայրապետին քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան համար:

Լիլաւայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագի ընթացքին իր պատգամը յղելով թեմի բարեպաշտ ժողովուրդին` Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան անդրադարձաւ անցած 21 տարիներու ընթացքին այն յանձնառութեան, զոր խղճի իբրեւ պարտք կատարած է ու կը շարունակէ կատարել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ Արամ Առաջինը: Սրբազան հայրը ներկայ ժամանակներու աշխարհաքաղաքական անցուդարձերուն ակնարկելով` շեշտեց սփիւռքի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն ներդրումը` եկեղեցական ու ազգային կեանքի կազմակերպման ու հայապահպանման նուիրական գործին մէջ:

Յընթացս Ս. պատարագի, յատուկ կանոնի հետեւողութեամբ կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանքը` սաղմոսներու եւ սուրբգրային ընթերցումներով, շարականի երգեցողութեամբ եւ յատկապէս խմբագրուած աղօթքներով: Գլխաւոր աղօթքի տողերուն մէջ յատկապէս կը յիշուէր 20-րդ դարու սկիզբին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրած արհաւիրքը Կիլիկիոյ մէջ, անոր աքսորական ու վտարանդի դառնալը իր պատմական կայքէն` Սիսի կաթողիկոսարանէն եւ աստուածային հրաշքով վերընձիւղուիլը Լիբանանի խաղաղ ափերուն` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Ատրպատականի հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան անունով  առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորութիւններու եւ բարեմաղթութիւններու աղօթաձայն մաղթանք կատարեց վեհափառին` հայցելով Ամենակալէն քաջառողջ արեւշատութիւն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ բազմաբեղուն երկար գահակալութիւն` Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին վրայ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Ուիլիըմ Սարոյեանին Առնչուող Նիւթեր Կը Փնտռուին Ֆրեզնոյի Տուն-Թանգարանին Համար

saroyan_71416

Երեւան հաստատուած «Մտաւորական զարթօնք» հիմնարկը անցեալ տարի Ֆրեզնոյի մէջ բացաւ մասնաճիւղ մը` գնելով Ուիլիըմ Սարոյեանի բնակարանը, որ աճուրդի դրուած էր:

Աշխատանքները ընթացքի մէջ են` տունը վերածելու աշխարհահռչակ գրողի անուան տուն-թանգարանի, որ միաժամանակ պիտի ըլլայ մշակութային կեդրոն մը, ուր կարելի պիտի ըլլայ նորագոյն արհեստագիտութեան օգտագործումով ուսումնասիրութիւններ կատարել եւ մօտէն ծանօթանալ Սարոյեանի աշխատանքային միջավայրին:

Թանգարանի հաւաքածոն հարստացնելու նպատակով հիմնարկը դիմեց` Սթենֆըրտի համալսարանին, Քալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին եւ այլ հաստատութիւններու:

Այժմ հիմնադրամի տնօրէն Յակոբ Յակոբեան կը դիմէ բոլորին, որ Սարոյեանին առնչուող նիւթեր տրամադրեն թանգարանին:

Մաշտոց Քոլեճի Աւարտական Հանդիսութիւնը

mashdots_graduation_62616

Ազգային հպարտութեան եւ երախտագիտական զգացումներու օր մըն էր, երբ շրջանաւարտներ եւ ծնողներ հաւաքուած էին տօնակատարելու համար Մաշտոց քոլեճի 24-րդ տարուան հունձքի յաջողութիւնը:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 26 յունիս 2016-ին, յետմիջօրէին, Կլենտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանի սրահին մէջ: Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ եւ ապա Տէրունական աղօթքով ձեռնարկը սկսաւ:

Խանդավառ մթնոլորտի մէջ գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը, որուն ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ քոլեճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան: Շնորհաւորելէ ետք շրջանաւարտներն ու անոնց հարազատները, ան յորդորեց շրջանաւարտները` բաժնեկցելով անոնց հետ չորս կարեւոր սկզբունքներ.

Ա.- Հաւատարիմ մնալ մեր հայ ընտանեկան սրբութիւններուն եւ աւանդութիւններուն,

Բ.- Անաղարտ պահել մեր մայրենի լեզուն, հպարտ զգալ մեր դարաւոր մշակոյթով եւ պատմութեամբ ու զանոնք ներմուծելով իրենց եւ իրենց զաւակներուն ամէնօրեայ կեանքին մէջ,

Գ.- Հպարտ զգալ հայրենիքով, սատարել անոր վերելքին եւ հեռու մնալ բողոքելէ,

Դ.- Պանծացնել մեր հոգեւոր արժէքները` որպէս ժառանգորդները առաջին քրիստոնեայ ազգին, սիրելով զԱստուած, եկեղեցի յաճախելով, Աստուածաշունչ կարդալով եւ աղօթելով:

Ապա բեմ բարձրացան 48 շրջանաւարտ` մանկավարժութեան բաժանմունքէն, ստանալու համար իրենց վկայականները ձեռամբ քոլեճի նախագահի եւ հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Վարուժան Կապուչեանի:

Շրջանաւարտներուն անունով խօսք առաւ Լիլիթ Ուլեան: Ան բարձր գնահատեց քոլեճի ուսման մակարդակը, դասախօսական կազմին նուիրումը եւ քոլեճին մէջ ոչ թէ միայն ուսում ստանալու, այլ նաեւ ազգային կառոյցներու մասնակցութիւն բերելու պատրաստութիւնը:

Ան շնորհաւորեց քոլեճի նախագահին 40-ամեայ ծառայութիւնը վարչագիտական մարզէն ներս:

«Տարուան մայրը» պատիւին արժանացաւ Մաշտոց քոլեճի տիկնանց միութեան անդամուհիներէն Իրմա Ագրեան:

Երեկոն խանդավառեց յայտնի երգիչ Խաչիկ Զէնեանը:

Ներկաները դժուար բաժնուեցան սրահէն, բայց շրջանաւարտները միացան Մաշտոց քոլեճի շրջանաւարտներու միութեան:

Առ ի գիտութիւն, Մաշտոց քոլեճը ցարդ տուած է 6547 շրջանաւարտ` տարբեր մասնագիտութեանց մէջ: Հաստատելով նոր մրցանիշ մը` կ՛ըսենք, որ քոլեճի շրջանաւարտներուն 97 տոկոսը աշխատանքի տեղաւորուած է:

Այս տարեշրջանին Քալիֆորնիոյ համալսարաններու ճանաչում շնորհող մարմինը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը առանձնացուց Մաշտոց քոլեճը` իբրեւ հայագիտութեան եւ մանկավարժութեան գերազանց հաստատութիւն մը:

Խաչօ Եւ Արաքսի Աշաճեան Ամոլը` Նաւասարդեան 41-րդ Խաղերուն Պատուոյ Նախագահ

navasartian_62516

ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 41-րդ մարզախաղերուն առիթով կազմակերպուած հրապարակային ձեռնարկներու ծիրին մէջ 25 յունիսին «Եունիվըրսըլ Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յաղթանակի պարահանդէս»-ը:

Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց եւ իր հայրական օրհնութիւնները տուաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որմէ ետք օրուան հանդիսավար, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճեք Հաճինեան ընդգծեց ՀՄԸՄ-ի հպարտանք պարգեւելու իրողութիւնը` վեր առնելով Նաւասարդեան մարզախաղերու քառասուն տարիներու յաղթական երթը, նաեւ` երիտասարդութիւնն ու համայնքը համախմբելու կարեւորութիւնը:

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անունով Մանուէլ Մարսելեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան համար: Ապա անդրադարձաւ  98-ամեայ ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան եւ տեղւոյն երիտասարդութիւնը հայեցի դաստիարակութեամբ տոգորելու ուղղութեամբ տարուած գործունէութեան:

Ապա ան ներկայացուց տարուան տիպար ՀՄԸՄ-ական Գօգօ Մկրեանը եւ ՀՄԸՄ-ի 41-րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Խաչօ եւ Արաքսի Աշաճեան ամոլը` ընդգծելով անոնց միութենական եւ հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ արձանագրած նուաճումները: Ան նաեւ յայտարարեց, թէ ՀՄԸՄ-ի 41-րդ Նաւասարդեան մարզախաղերը նուիրուած են Արցախի քաջարի զինուորներուն եւ ժողովուրդին` առ ի երախտագիտութիւն Արցախի սահմանները քաջաբար պաշտպանելու անոնց սրբազան գործին:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի նորագոյն աշխատանքները ներկայացնող տեսերիզ մը:

Ներկայացուեցան «Տիպար ՀՄԸՄ-ական-2016»-ի տիտղոսին արժանացած Գրիգոր Մկրեանի ՀՄԸՄ-ական կեանքն ու միութենական նուաճումները, որմէ ետք անոր յանձնուեցաւ յուշատախտակը:

Գրիգոր Մկրեան երախտագիտական խօսք ուղղեց ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան` իրեն ընծայուած տիտղոսին համար եւ կեդրոնացաւ ՀՄԸՄ-ականի պարտականութիւններուն վրայ:

Խաչօ եւ Արաքսի Աշաճեան ամոլին կեանքի ճանապարհը ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութեան յաջորդեց պատուոյ նախագահութիւնը խորհրդանշող եռագոյն երիզներու յանձնումը:

Խաչօ Աշաճեան իր ելոյթին մէջ պատիւ համարեց գաղութին ողնասիւնը եղող ՀՄԸՄ-ականներով շրջապատուած ըլլալը, հաստատելով, որ ՀՄԸՄ-ը երկրորդ տուն մըն է, որ ապահով միջավայր մը եւ մարզական մրցակցութեան առողջ եւ հաճելի մթնոլորտ մը կը պարգեւէ մեզի:

Արաքսի Աշաճեան իր սրտի խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»` կը նշանակէ, որ հետամուտ ենք շատ աւելի բարձր նպատակի մը, որն է` վստահ ըլլալ, որ մեր երիտասարդութիւնը ունենայ նոյն ընտանեկան արժէքները, բարոյականութիւնը, սիրէ իր անցեալն ու մշակոյթը: Ան նկատել տուաւ, որ միասնականութիւնը հիանալի ուժ մըն է, որուն համար մենք պէտք է անհատապէս եւ հաւաքականօրէն զօրակցինք ՀՄԸՄ-ին:

Մոնթեպելլոյի Հայկական Ուտեստեղէնի Փառատօնը Գոյացուց 50 Հազար Ամերիկեան Տոլար

paradon_70416

Հովանաւորութեամբ «Աթենզ սըրվիսըզ» ընկերութեան, 4 յունիսին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մոնթեպելլոյի Հայկական ուտեստեղէնի տարեկան 8-րդ փառատօնը:

Արդարեւ, աւելի քան 1600 հոգիի մասնակցութեամբ, այս տարուան փառատօնը կրցաւ գոյացնել 50 հազար ամերիկեան տոլար գումար մը, որ պիտի տրամադրուի եկեղեցւոյ կարիքներուն:

Ներկայացուեցան հայկական երգեր ու պարեր, ինչպէս նաեւ` զանազան ճաշատեսակներ, անուշեղէն, նաեւ` այլազան իրեր ծախող կրպակներ:

Փառատօնին ելոյթ ունեցաւ` Հենրիկ Աբովեանի ժողովրդային եռեակը, ինչպէս նաեւ` Արա Մելքոնեանի եւ «Շուշան» պարախումբերուն անդամները:

Անուշ Էլպաքեան Կը Ստանայ Նիւ Ինկլընտի «Էմմի» Մրցանակը

Anoush-Elbakian_71416

Վերջերս «Մալթիմետիա»-ի լրագրող, «Պոսթըն Կլոպ»-ի աւագ վիտէօ-խմբագիր Անուշ Էլպաքեան ստացաւ Նիւ Ինկլընտի «Էմմի» մրցանակը` «Բացառիկ տեղագրութիւն, լուրջ գործ» դասակարգին մէջ` իր «Օր մը Լէոյի կեանքէն» վաւերագրական կարճ ժապաւէնին համար, զոր ան արտադրած եւ խմբագրած է:

Սոյն վաւերագրական ժապաւէնը կը պատմէ տղու մը մասին, որ հրդեհէն ծանր կերպով այրած է եւ իր նուիրեալ հոգատարին կողմէ` կերպարանափոխուած:

Նշենք, որ Նիւ Ինկլընտի «Էմմի» մրցանակաբաշխութիւնը մաս կը կազմէ Պատկերասփիւռի արուեստի եւ գիտութեան ազգային ակադեմիային:

 

Իտալիա

Հրայր Թերզեանի Անուան Փողոց` Իտալիոյ Վերոնա Քաղաքին Մէջ

Hrayr-Terzian-Street_61616

16  յունիսին Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ կայացաւ փողոցի մը անուանակոչութիւնը: Փողոցը կոչուեցաւ ջղային հիւանդութիւններու մասնագէտ, Վերոնայի համալսարանի առաջին վերատեսուչ Հրայր Թերզեանին անունով:

Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան այս առիթով նշեց, որ Հրայր Թերզեան այն հազարաւոր հայերէն է, որոնք որպէս Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու զաւակ` ո՛չ միայն չյուսահատեցան, այլ նաեւ պահպանելով հայկական ինքնութիւնը` կրցան նուիրուիլ նոր հայրենիքին, ուր յարգանքի ու գնահատանքի արժանացան:

Վերոնայի քաղաքապետ Ֆլաւիօ Տոզի նկատել տուաւ, որ Թերզեանին անունով կը կոչուի այն փողոցը, ուր յառաջիկային պիտի հաստատուի համալսարանի մասնաճիւղերէն մէկը, աւելցնելով, որ այս քայլը յարգանքի տուրք է ո՛չ միայն վաստակաշատ գիտնականին, այլ նաեւ` Վերոնայի ու Իտալիոյ հայ համայնքին, որ ամրօրէն կապուած է իր արմատներուն:

Վերոնայի համալսարանի վերատեսուչ Նիքոլա Սարթոր խօսելով Թերզեանին մասին` յայտնեց, որ ան իր ամբողջ եռանդն ու գիտելիքները ներդրած էր համալսարանի յառաջընթացը ապահովելու գործին մէջ:

 

Չինաստան

Սեւատա Գրիգորեանի «Դէպի Լոյս» Անհատական Ցուցահանդէսը

dsc6571

Վերջերս Չինաստանի Նանճինկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ նկարչուհի Սեւատա Գրիգորեանի «Դէպի լոյս» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսի բացումը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էր արուեստագիտուհիին «Չինական շարք»-ը, ուր կ՛արտացոլար Չինաստանի մշակոյթէն ստացած իր տպաւորութիւնները:

dsc6752

Գրիգորեանի գունանկար աշխատանքներուն մէջ մեծ տեղ գրաւած են ընտանիքի, սիրոյ եւ խաղաղութեան թեմաները:

Նշենք, որ ցուցահանդէսին ամբողջ տեւողութեան հնչեցին Կոմիտաս վարդապետին ստեղծագործութիւնները:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>