ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Յետմիջօրէի քանի մը ժամերուն եղբօրս կառատունը շատ աւելի մեծ թիւով մարդ կը հաւաքուէր, քան` հայկական ակումբները: Անիկա դարձած էր անպաշտօն «ակումբ» մը:
Կարգ մը ընկերներ, երբ գործէն արձակուէին, նախքան իրենց տուները երթալը` անպայման պիտի հանդիպէին «ընկեր Անդոյին»:
Տորայի մայրուղիէն ներս, դէպի ծովեզերք տանող ճամբուն վրայ վերջին շէնքն էր կառատունը: Այդ ժամերուն դիմացի բաց դաշտը նորոգուելու կարիք ունեցող ինքնաշարժերէն աւելի, կը լեցուէր այցելու ընկերներու ինքնաշարժներով:
Ամէն օր նոյն ընկերներն էին, որ ամենայն հաւատարմութեամբ նոյն ժամերուն կը հաւաքուէին, անոնց շարքին` Արշաւիր Կիտցինեան, Սարգիս Ազնաւորեան, Յակոբ Կարպուշեան, Անթուան Թալաթինեան, Կիրակոս Պոյաճեան, իսկ երբեմն` Խաչիկ Արապեան:
Քանի մը ժամ ետք, անպաշտօն «ակումբ»-էն իւրաքանչիւրը կ’ուղղուէր իր շրջանի պաշտօնական ակումբը:
Սարգիս Ազնաւորեան կ’երթար «Նիկոլ Դուման», Յակոբ Կարպուշեան եւ Խաչիկ Արապեան` «Սարդարապատ», եղբայրս` Անդրանիկը եւ Անթուան Թալաթինեան` «Ազիրեան» ակումբ, իսկ Կիրակոս Պոյաճեան` «Տիգրան Ծամհուր»:
Բացի ամէնօրեայ այցելող կուսակցական ընկերներէն` ինքնաշարժի նորոգութեան կարիքը չունեցող բարեկամներ նոյնպէս յաճախ կը հանդիպէին եղբօրս կառատունը: Տեսակ մը ժամադրավայր դարձած էր:
«Ընկեր Անդոյին սուրճը խմելու» եւ բարեկամներու հանդիպելու տիպար կեդրոն մը:
Կառատունը Պուրճ Համուտի սպանդանոցին կողքին էր, եւ այդ պատճառով, սպանդանոցէն գարշելի հոտ մը միշտ ներկայ էր: Նաեւ` անհամար ճանճեր, սակայն ո՛չ հոտէն, ո՛չ ալ ճանճերէն կը գանգատէին մարդիկ:
Օր մը բարեկամներէն մէկը իր սուրճին մէջ ճանճ մը գտած եւ անմիջապէս թափած էր: Եղբօրս` «Այս մէկը, սնուպարով սուրճ է» կատակին` բոլորը խնդացած, եւ այդ օրէն ընկեր Անդոյին սուրճին տուած էին նոր անուն մը` «սնուպարով սուրճ»:
«Երթանք ընկեր Անդոյին «սնուպարով սուրճ»-ը խմելու»:
Այդ անձը, որուն գաւաթին մէջ գտնուած էր սատկած ճանճը, Լիբանանի պատերազմէն քանի մը տարի առաջ գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ, սակայն չէր վարժուած Ամերիկայի կենցաղին: Լիբանանի ընկերային կեանքի կարօտը ունէր: Յաճախ կը գրէր` «Մէկ գաւաթ սնուպարով սուրճդ, ամբողջ Ամերիկային հետ չեմ փոխեր»:
Վրայ հասաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը:
Կառատան ամէնօրեայ այցելու ընկերները մեծամասնութեամբ մարտական տղաք էին, եւ գործէն արձակուելէն անմիջապէս ետք, փոխանակ հանդիպելու ամէնօրեայ ժամադրավայրը, կ’ուղղուէին իրենց շրջանի ակումբները: Շատ յաճախ նոյնիսկ փախուստ կու տային իրենց գործերէն: Բոլորը անխտիր նուիրեալ ընկերներ էին:
Ամիսները տարիներու վերածուեցան: Պատերազմը մերթ սաստկացաւ, մերթ մեղմացաւ, սակայն ակնկալուածէն շատ աւելի երկարեցաւ:
Ընկեր Անդոյին կառատունը իրարու հանդիպելու սովորութիւնը պատմութեան անցաւ:
Կառատունը ծովեզերքին շատ մօտ էր եւ շրջակայքը` ամայի:
Քրիստոնեայ «միլիս»-ներ այդ շրջանին մէջ աշխատող իսլամ անմեղ բանուորներ կը տանէին ծովեզերք ու կը գնդակահարէին:
«Տակաւին ականջիս մէջն են այդ անմեղ մարդոց լացի ու աղաչանքի ձայները, անոնք կը խնդրէին խնայել իրենց կեանքերը», օր մը պատմեց եղբայրս` շարունակելով. «Սակայն քանի մը վայրկեան ետք կը լսուէր կրակոց մը, ու աղաչական ձայնը կը լռէր»:
Բազմիցս ականատես եղած էր նման դէպքերու:
Հակառակ իր ջղուտ արտաքինին ու մարտական խառնուածքին` չափէն աւելի փխրուն սիրտ մը ունէր եւ չդիմացաւ այդ սրտաճմլիկ տեսարաններուն: «Տակաւին ականջիս մէջն են այդ անմեղ մարդոց լացն ու աղաչանքը»:
Անհանգստացաւ: Դադրեցաւ իր կառատունը երթալէ: Գործը «երեսի վրայ ձգած», յանձնած էր իր գործաւորին:
Օրական քանի մը ժամ կը հանդիպէր ակումբ, սակայն նախկին ընկեր Անդոն չէր: Օրէ օր առողջական վիճակը աւելի կը վատթարանար: Վարակուած էր անբուժելի հիւանդութենէ` քաղցկեղէ:
Որեւէ տեղ այցելելու կարողութիւն չունէր այլեւս: Տունէն հիւանդանոց, ապա` տուն, եւ` դարձեալ հիւանդանոց:
Լաւ ընկերներէն քանի մը հատը հեռացած էին Լիբանանէն: Ինք անհանգիստ էր, ուժասպառ եւ յուսալքուած: Լիբանան մնացած ընկերները յաճախ կ’այցելէին իր տունը: Այցելող ընկերներուն մէջ պարտիմ յիշել անունը ի մասնաւորի Սարգիս Ազնաւորեան նուիրական անձին, որ ամէն օր անպայման կ’այցելէր իր երբեմնի մարտական ընկերոջ, որ արդէն իսկ վերածուած էր անկողնին մէջ ուժասպառ, շարժելու կարողութիւն չունեցող անձի մը:
Չէր պատահած, որ օր մը բացակայէր: Կը պատահէր, որ կէս ժամով ուշանար, եւ այդ կէս ժամը շատ երկար կը թուէր եղբօրս: Աչքերը ժամացոյցէն չէր հեռացներ:
«Ընկեր Սարգիսը ուշացաւ»:
* * *
Պատերազմը կատաղօրէն կը շարունակուէր, երբ ընկեր Անդոն քաղցկեղի դէմ ճակատամարտը կորսնցուց եւ հեռացաւ այս աշխարհէն:
Քանի մը տարիներու տարբերութեամբ, իր կառատունը այցելող մարտական ընկերները, բոլորը անխտիր հետեւեցան ընկեր Անդոյին:
Սարգիս Ազնաւորեան զոհ գնաց եղբայրասպան դաւաճան գնդակի մը:
Խաչիկ Արապեան եւ Յակոբ Կարպուշեան` «Սարդարապատ» ակումբի արթուն պահակներուն աճիւնները կը հանգչին Պուրճ Համուտի հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ:
Արշաւիր Կիտցինեան աչքերը փակեց Լոս Անճելըսի մէջ, իսկ Անթուան Թալաթինեանի անշունչ մարմինը Քանատայի ցուրտ հողին յանձնուեցաւ:
Կուսակցական խմբակ մըն էին, որոնք իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին անշահախնդիր նուիրուեցան հայկական ակումբներու եւ պաշտպանեցին հայկական թաղերը:
Բոլորը անխտիր նոյն նշանաբանը որդեգրած էին`
«Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»:
Հեռացան, սակայն ունեցան իրենց փոխարինող երիտասարդ նոր ուժեր:
Ներկայիս Լիբանանի պատերազմը պատմութեան անցած է:
Պատմութեան անցած են նաեւ այդ խոնարհ հերոսներուն անունները:
* * *
Այսօր Լիբանանի դաժան օրերը փոխադրուած են Լիբանանի դրացի երկիր` Սուրիա, ուր «Երազային Հալէպ»-ը դարձած է «Դժոխային Հալէպ»:
Մեծ է թիւը նուիրեալ հայ երիտասարդներու, որոնք մոռցած են իրենց տան հասցէն: Հայկական ակումբներն ու հաստատութիւնները եղած են իրենց ամէնօրեայ ժամադրավայրը:
Հոն եւս շուտով կ’աւարտի ու պատմութեան կ’անցնի պատերազմը:
Նմանապէս պատմութեան կ’անցնին ներկայ օրերու խոնարհ հերոսները:
Տասնամեակներ անցած են այդ թուականէն, երբ ընկերները կը հաւաքուէին վայելելու ընկեր Անդոյին կառատունը, եւ «սնուպար»-ով սուրճը դարձած էր անկեղծ ընկերութեան խորհրդանիշ:
Ոչ մէկ տեղ կարելի է գտնել այդ կառատան դիմացի բաց դաշտին մէջ հաւաքուած ընկերներուն անկեղծ մթնոլորտը:
Կ’անտեսէին գարշահոտութիւնն ու անհամար ճանճերը:
Կ’այցելէին վայր մը, ուր ներկայ էր ամենակարեւորը` անկեղծ ընկերութիւնը:
«Բարի, գեղեցիկ,
Առաքինի ընկերը մարդուն» (Աշուղ Ջիւանի):
«Սնուպարով սուրճ»-ի այցելուներուն աճիւնները, իրարմէ հեռու, կը հանգչին տարբեր վայրերու մէջ: Ո՛չ մէկուն բախտ վիճակուեցաւ հանգչիլ մայր հայրենիքի հողին մէջ:
Հակառակ իրարմէ հեռու վայրերու մէջ իրենց «հանգստարանին»` կը հաւատամ, որ բոլորին հոգիները միատեղ են «վերը», ուր ո՛չ «սնուպարով սուրճ» գոյութիւն ունի, ո՛չ ալ հայկական թաղերը պաշտպանելու կարիք: Իրենց կենդանութեան կատարեցին այդ ազգային պարտականութիւնը: Իրենց ողջ կեանքը անցուցին զոհաբերութեամբ: Ներկայիս այդ վեհ պարտականութիւնը փոխանցուած է նոր սերունդի երիտասարդ հերոսներուն:
Յարգա’նք, հին ու նոր խոնարհ հերոսներուն, ըլլան անոնք ասդի աշխարհ, թէ անդի…
Լոս Անճելըս 2016