Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ռուսիան Եւ Մենք (Տարրական Բացատրութիւններ)

$
0
0

Մ. ՀԱՅԴՈՒԿ ՇԱՄԼԵԱՆ

Անցեալ ապրիլ ամսուան սկիզբը ծայր տուած` այժմու Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանագիծին վրայ հայ-թրքական պատերազմի վերաբռնկումը հակառուսական հակումներ արծարծեց կամ սաստկացուց կարգ մը հայերու մօտ:

Հայութեան հակառուս հոսանքը, այս առիթով, իր ուղղութիւնը հիմնաւորող որպէս «ապացոյց», կը գործածէ հիմնականօրէն հետեւեալ դիտարկումը. ահա Ռուսիան մեզի չօգնեց, մինչ ան զէնք կը ծախէ Ազրպէյճանին:

Պարզենք այստեղ հակառակ կարծիքը, երեւի քիչ մը աւելի ծաւալուն, թէկուզ` դեռ տարրական  հիմնաւորումներով:

***

«Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն»-ը ստեղծած է «Մինսքի խումբ» անունով միջազգային կառոյց մը, որուն պաշտօնական առաքելութիւնն է խաղաղ լուծում մը գտնել Արցախի հակամարտութեան:

Այդ «Մինսքի խումբ»-ը, ուրեմն, ըստ էական սահմանումի, պէտք է ըլլայ չէզոք, անկողմնակալ եւ անաչառ: Մանաւանդ` պատերազմական մակարդակի վրայ:

Ռուսիան այդ Մինսքի խումբի ո՛չ միայն հիմնական անդամ է, այլ նաեւ` վարիչ, համանախագահ: Նոյն դիրքի վրայ գտնուող միւս երկու պետութիւններն են Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները: Այս երեքն է, որ հիմնականօրէն ստանձնած են Արցախի հիմնախնդրի քաղաքական լուծման պարտականութիւնը:

Հետեւաբար, երեւութապէս եւ պաշտօնապէս Ռուսիան չի կրնար բացայայտօրէն կողմ բռնել, Արցախի վերաբերող հայ-թրքական հակամարտութեան մէջ:

Եթէ այդպէս ընէ, ուրեմն պէտք է, որ ան դուրս ելլէ Մինսքի խումբի իր համանախագահութեան պաշտօնէն: Այդ պարագային, մենք այդտեղ կը կորսնցնենք մեր միակ իսկական դաշնակիցը:

Հետեւաբար, ամենայն հաւանականութեամբ, Ռուսիան կ՛ընէ այն, ինչ որ կ՛ընէ անյայտ, թաքուն, ընդյատակեայ ուղիներով, ուր յատկապէս միջազգային բարձրաստիճան քաղաքականութեան մէջ, ընդհանրապէս կը կատարուին բուն ու էական գործերը:

Ապա թէ ոչ մենք արդէն ո՛չ միայն Արցախը դարձեալ կորսնցուցած կ՛ըլլայինք, այլ նաեւ Հայաստանի ապագան չեղեալ կ՛ըլլար, այսինքն կրնար ան դեռ ձեւականօրէն գոյութիւն մը ունենար, սակայն անհնար կ՛ըլլար, որ շարունակուի անոր կառուցման եւ վերականգնումի արդէն իսկ դժնդակ ու տաժանակիր գործընթացը:

***

Մէյ մըն ալ` Ռուսիոյ Ազրպէյճանին զէնք ծախելու պատմութիւնը…

Այս առարկութիւնն ալ այն է, թէ Ռուսիան, որպէս վերոյիշեալ Մինսքի խումբի համավարիչ, պէտք է որ զէնք ծախէ ո՛չ Ազրպէյճանին եւ ո՛չ ալ Հայաստանին:

Այո՛, այդպէս է (սկզբունքային կերպով` շատ ճիշդ) դիրքորոշումը, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու:

Սակայն, եթէ Ռուսիան ալ այդպէս ընէ, ո՞ւրկէ մենք զէնք պիտի ստանանք…

Ճիշդ այս պատճառով է, որ Ռուսիան զէնք կը ծախէ Ազրպէյճանին, որպէսզի կարենայ նաեւ զէնք «ծախել» մեզի: Նկատի ունենալով, որ զէնքի փոխանցումը անհնար է գաղտնի պահել:

Անկէ ետք, կը մնայ նայիլ, թէ Ռուսիան ի՞նչ տեսակ զէնք կը ծախէ, ամէն մէկուն ի՞նչ գինով եւ այլն:

Գինի պարագային, դիւրին է նկատելը, որ այլազան անուղղակի միջոցներվ, Հայաստանի համար ռուսական զէնքերու գինը մօտ է… ոչինչի: Իսկ եթէ նկատի ունենանք, որ ճիշդ հակառակը` Ազրպէյճանը (քար)իւղոտ գիներով կը ձեռքբերէ ռուսական զինամթերքը, առեւտրական տրամաբանութեամբ` ձեւով մը Ազրպէյճանի հաշուոյն է, որ մենք կը ստանանք ռուսական մեր զէնքերը:

Իսկ զինամթերքի տեսակներու առումով, Հայոց ազգային բանակի զէնքերու վերաբերեալ խորհրդապահութիւնը եւ չափազանց համեստ յայտարարութիւնները (ի տարբերութիւն այս նիւթով եւս ազրպէյճանական անխելք ցուցամոլութեան) յաւելեալ նշան մըն են այս մարզում եւս մեր գերակայութեան:

Առաւել, իր ծախած զէնքերու հիման վրայ Ռուսիան աւելի դիւրութեամբ կրնայ ընդյատակեայ կերպով օգնել մէկուն կամ միւսին: Եւ պարզ է, թէ ան որու կ՛օգնէ այդպէս…

***

Ռազմական գործողութիւններու ընթացքին հայերու ի նպաստ ռուսական անյայտ աջակցութեան բարձր հաւանականութեան կողքին, բացայայտ իրողութիւն է, որ ռուսական զօրքեր ուղղակի զետեղուած են հայկական հողի վրայ: Ինչպէս նաեւ (թէկուզ` նուազ բացայայտօրէն), ըսենք… ծայրագոյն զինամթերք:

Ռուս-հայկական ռազմական յարաբերութիւններու նիւթով նշենք նաեւ, որ Ազրպէյճանը իր ամենակատաղի յարձակումներու ընթացքին անգամ, չի համարձակիր ռազմական օդանաւեր գործածել մեզի դէմ: Ինչո՞ւ արդեօք… Իսկ փոքր բա՞ն է այս:

Վերջապէս, այս հայ-թրքական հակամարտութեան կողմերու որեւէ մէկուն զէնք չծախելու Միացեալ Նահանգներու վերոյիշեալ կեցուածքը նոյնպէս թափանցիկ թատրոն է, քանզի Իսրայէլը անոր կողմէ, որպէս անոր, Ուաշինկթընի շրջանային նախընտրեալ միջնորդը, լայնօրէն զէնքերը կը հայթայթէ Ազրպէյճանին:

***

Ապրիլի սկիզբը Հայաստանի դէմ թուրքերու ձեռնարկած յարձակման/ներխուժման գործողութեան ձախողութեան մէջ նշանակալից դեր ունի Ռուսիան:

Իսկ այդ գործողութեան հիմնական դիտաւորութիւններէն մէկը մեզի դէմ հանել էր Ռուսիան: Այս իմաստով, ամենայն հաւանականութեամբ, թուրքերը Արեւմուտքի պատուէրն է, որ կը կատարէին:

Հետեւաբար հողային սահմանափակ կորուստներէն  շատ աւելի ծանր եւ մտահոգիչ է մեր վնասը, եւ մեծ ու ցայտուն է թշնամիի յաղթանակը,, սոյն դիտաւորութեան առնչութեամբ:

***

Ռուսիայէն զատ ոչ մէկը կրնայ օգնել մեզի` Հայաստանին (որու մէկ առանձնակի մարզն է արդէն Արցախը, յստակ է այդ բոլորին համար):

Իսկ մենք, առանց արտաքին օգնութեան, մեր այժմու վիճակին մէջ, անկարող ենք լուծելու մեր էական- գոյութենական խնդիրները:

Այսօր Հայաստանէն շատ աւելի մեծ ու զօրեղ եւ շատ նուազ խնդիրներ ունեցող երկիրներ կենսական կարիքը ունին աւելի մեծ ու զօրեղ դաշնակիցի մը, նոյնիսկ քանի մը հատի: Ալ ո՛ւր մնաց Հայաստանը…

Սակայն Ռուսիան ալ կարիքը ունի Հայաստանին` որպէս ծայրագոյն եւ ամենավստահելի պատնէշի` իրեն դէմ բոլորուող Արեւմուտքի մնայուն յարձակման: Ջանանք քիչ մը օգտուիլ այս իրողութենէն` փոխանակ զայն անմտօրէն վատնելու:

Ազրպէյճան Ռուսիոյ համար, Ռուսիոյ ազդեցութեան տակ գտնուող տարածքաշրջանին մէջ, ներքին թշնամի է: Իր ծոցին մէջ բոյն դրած օձ է: Որպէս Արեւմուտքի խամաճիկ, որպէս Թուրքիոյ կովկասեան մասնաճիւղ, որպէս ամէն պարագայի անկայուն եւ անվստահելի տարր, եւ նաեւ որպէս մահմետական երկիր, Ազրպէյճանը երբեք չի դառնար Ռուսիոյ դաշնակիցը, եւ Ռուսիան պատրանքներ չունի այդ ուղղութեամբ:

***

Վերջապէս, այս ամէնը պատմութեան կրկնութիւնն է:

Այս ուղղութեամբ, այստեղ յիշենք, ի միջի այլոց, երկու էական դրուագներ միայն:

– 19-րդ դարու սկիզբը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ բարենորոգումներու կապակցութեամբ Արեւմուտքին վստահելով է, որ ոչ միայն զէնքերը վար դրինք, այլ նաեւ ամբողջապէս համագործակցեցանք իթթիհատի հետ: Արդիւնք` Հայոց ցեղասպանութիւն:

– 1920-1921 հակառակ վերեւի փորձառութեան, դարձեալ հաւատացինք Արեւմուտքին, եւ հետեւաբար` բոլորէն ամէնէն շատը եւ ամէնէն բուռն կերպով մենք է, որ դիմադրեցինք Հայաստանի խորհրդայնացմամ: Հետեւանք` Արարատը տրուեցաւ Թուրքիոյ, Ջաւախքը շնորհուեցաւ Վրաստանին, եւ Արցախն ու Նախիջեւանը նուէր տրուեցան Ազրպէյճանին:

Այս անգամ գոնէ չիյնանք նոյն ճակատագրական ծուղակը:

***

Այս բոլորով հանդերձ, բարեկամութիւն գոյութիւն չունի միջպետական յարաբերութիւններու մէջ, եւ կարելի չէ բացարձակապէս եւ կուրօրէն ոեւէ օտարի յանձնել ու վստահիլ մեր ազգին եւ հայրենիքին ճակատագիրը:

Սակայն այս ուղղութեամբ, պէտք է նաեւ լաւապէս գիտակցիլ, թէ ներկայի դրութեամբ եւ դեռ երկարատեւ ժամանակուան համար որեւէ տեսանկիւնէ, Ռուսիայէն զատ, որեւէ այլ դաշնակիցի այլընտրանքը մենք պարզապէս չունինք:

Անհրաժեշտ է ուրեմն, որ հայութեան արեւմտամէտ հատուածը այս գիտակցութեամբ ճշդէ ու չափաւորէ իր կեցուածքի, յայտարարութիւններուն եւ գործունէութեան տարողութիւնը:

Քանատա
22 մայիս 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>