Ռ. Հ.
Եթէ իրիկուն մը հեռատեսիլի գործիքին առջեւ նստիք ու օրուան լուրերը լսել ուզէք, վստահաբար լուրերու հաղորդումի առաջին վայրկեաններուն պիտի ստիպուիք իմանալ, որ այդ օր զանազան ուժերու միջեւ կայացած կռիւներու ու բախումներու պատճառով քանի հոգի մեռաւ, քանի հոգի ծանրապէս վիրաւորուեցաւ: Մարդիկ, որոնք կեանքի բնականոն պայմաններու համաձայն տակաւին պիտի ապրէին, մեռան ահաւասիկ կռիւի մը համար, որուն կը մասնակցէին կամ նոյնիսկ չէին մասնակցեր: Դրացի երկրի մը մէջ ներքին պատերազմ կայ, ամէն օր հարիւրաւորներ կը մահանան, հարիւրաւոր տուներ կը քանդուին, փողոցներու մէջ թանկարժէք կառքեր կը խորտակուին, մարդիկ իրենց տուները կը լքեն ու կը փախչին, ռումբերու տեղատարափի տակ կեանք կու տան: Շատ մարդ կը մեռնի եւ ատիկա կարծես ո՛չ մէկուն հոգն է: Ուրիշներուն արիւնն է, որ կը հոսի, բայց կարգը քեզի կրնայ գալ, օր մըն ալ դուն ալ կրնաս զոհ երթալ կոյր գնդակի մը` պարզապէս հոն գտնուած ըլլալուդ համար: Այսքան մահ շատ է, եւ արդէն անցեալ օր մէկը ճերմակի վրայ սեւով ու մեծադիր գիրերով գրած էր` «Կը բաւէ, մեռնիլ չենք ուզեր»:
Մեռնիլ չենք ուզեր:
Բայց ո՞վ մեռնիլ պիտի ուզէր որ: Բոլորս ալ նոյնը պիտի չպատասխանէի՞նք, եթէ մէկը մեզի հարցնէր, թէ մեռնիլ կ՛ուզե՞նք, թէ՞ ոչ:
– Ո՛չ, հարկա՛ւ մեռնիլ չեմ ուզեր:
Մեռնիլ չեմ ուզեր:
Բայց նաեւ`
Մեռնիլ չենք ուզեր:
Առաջինին մէջ ես իմ հաշուոյս է, որ կը խօսիմ, երկրորդին մէջ մեր բոլորին մասին է, որ կը խօսիմ, որովհետեւ բնականոն պայմաններու մէջ մարդ միայն իր սեփական կեանքով չէ, որ մտահոգուած է, այլ մտահոգուած է նաեւ ուրիշներուն կեանքով: Եւ ասիկա տրամաբանական է: Այն, ինչ որ կը պատահի ուրիշին, քեզի ալ կրնայ պատահիլ: Եթէ վերէն ռումբ կը տեղայ, ռումբը կրնայ իյնալ դրացիի վրայ, բայց կրնայ իյնալ նաեւ քու վրադ: Եթէ մէկը զոհ կ՛երթայ անյայտ ուղղութենէ մը անյայտ մարդու մը կողմէ ղրկուած գնդակին, ես ալ կրնամ զոհ երթալ այդպիսի գնդակի մը: Մինչդեռ մենք մեռնիլ չենք ուզեր:
Պիտի ըսուի, որ դատ մը կայ, կարգ մը մարդիկ խնդիր ունին, կարգ մը մարդիկ զինուորագրուած են դատի մը համար, որ իրենց համար սուրբ է: Կարգ մը մարդիկ ինքնաբերաբար զէնք վերցուցած են ու գիտակից ընտրութեամբ է, որ կը քալեն դէպի կրակ` կրակ տեղացնելու համար իրենց թշնամիներուն վրայ: Անոնք գիտեն, որ կը քալեն ո՛չ միայն դէպի կրակ, այլ նաեւ` դէպի կրակ, այլ նաեւ` դէպի մահ: Անոնք ալ անշուշտ մեռնիլ չեն ուզեր. բայց կ՛երեւի, թէ մեռնիլն ալ աչք առած են իրենց դատին համար: Եւ անոնք գիտեն նաեւ, որ իրենց յարուցած այս կռիւին մէջ պիտի մեռնին ո՛չ միայն իրենց թշնամիները, այլ նաեւ` անմեղ մարդիկ, որոնք իրենց թիրախը չէին:
Նոր պատմութիւն մը չէ: Մարդը ընկերային կամ ազգային կեանք հաստատած օրէն արդէն սկսաւ ուրիշի մը հետ կռուիլ ամէնէն վայրագ միջոցներով: Մահուան գործիքները փոխուեցան, օրէ օր կատարելագործուեցան, օրէ օր աւելի քանդիչ դարձան, աւելի շատ արիւն հոսեցուցին, աւելի շատ կեանք հնձեցին, բայց վայրագութիւնը միշտ նոյնը մնաց: Եւ միշտ այդ վայրագութեան մէջ է, որ կռուողները չեն իմանար աղաղակը այն միւսներուն, որոնք այս կռիւին մէջ չեն, եւ որոնք կը պոռան` «Մենք մեռնիլ չենք ուզեր»:
Մենք մեռնիլ չենք ուզեր ըսողներն ալ անշուշտ կրնան ունենալ իրենց դատը, իրենց խնդիրը, իրենց երազներն ու ցանկութիւնները, իրենց գաղափարական դիրքաւորումը, իրենց հայրենասիրական զգացումները, բայց անոնք թերեւս պիտի ուզէին իրենց հարցերը լուծել ապրելով, այլ ո՛չ թէ մեռնելով: Դատի մը համար զոհուիլը վեհ իմաստ ունի, եւ միշտ ալ պիտի գտնուին իրենց դատին համար զոհուելու պատրաստ գաղափարապաշտ մարդիկ: Ինչպէս որ գտնուած են մեր մօտ ալ: Եղիշէ պատմիչն է, որ Վարդանանց հերոսներուն համար ըսած է. «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ` անմահութիւն»: Հերոսներ կան, այո՛, որոնք ապրիլ պիտի ուզէին, բայց իրենց կեանքը կը զոհեն: Միայն թէ հարցն այն է, որ անոնք ալ իրենք զիրենք կը զոհեն, որպէսզի ստեղծեն աշխարհ մը, ուր մարդիկ պիտի ապրէին խաղաղ ու երջանիկ, ուր մարդիկ պիտի ըսէին, որ մեռնիլ չեն ուզեր:
Արդարեւ, կ՛արժէ, որ հարցնենք: Մեզ ինչո՞ւ աշխարհ բերին մեր ծնողները, մեզ ինչո՞ւ աշխարհ բերաւ Մայր Բնութիւնը: Անոնք մեզ աշխարհ բերին, որպէսզի ապրինք: Որպէսզի ապրինք ամբողջ կեանք մը մինչեւ բնականոն վախճան: Ի՞նչ կը նշանակէ կեանքը կիսատ թողուլ ու մեռնիլ, այդ ալ` ուրիշ մարդու մը ձեռքով:
Մարդու պատմութեան հազարաւոր տարիները, որոնք մնացին անցեալին մէջ, մեզի հարցնել կու տան, թէ արդեօք օր մը մահացու զէնքերը վերջնականապէս պիտի լռե՞ն այս աշխարհի վրայ, եւ մարդիկ պիտի կարենա՞ն ստեղծած ըլլալ աշխարհ մը, ուր բոլոր հարցերը կը լուծուին խաղաղ միջոցներով: Անշուշտ պատասխանը ժխտական է: Այդպիսի յոյս մը, այդպիսի լաւատես ակնկալութիւն մը չունինք եւ չենք ալ կրնար երեւակայել այդպիսի պատկեր մը: Երկրագունդը շատ ընդարձակ է եւ այդ ընդարձակութեան մէջ անպայման հոս կամ հոն կռիւ մը պիտի պայթի, ու արիւն հոսիլ պիտի սկսի: Ուրիշ տեղեր մարդիկ պիտի շարունակեն երջանիկ ու խաղաղ ապրիլ, բայց անդին մարդիկ դէմ յանդիման պիտի գան դժոխքին հետ ու պիտի ընդվզին- պիտի պոռան, որ իրենք ապրիլ կ՛ուզեն:
Մայր Բնութիւնը աշխարհ կը բերէ մարդիկը, բայց կեանքի տեւողութեան ապահովութիւն մը չի տար մարդոց: Ինչո՞ւ: Չէ՞ որ ամէն մարդ ապրիլ կ՛ուզէ: