Գրեց` ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Հպարտառիթ փուլ մը թեւակոխեցինք:
Համազգայինի Հալէպի հայագիտական հիմնարկը շուտով կը բոլորէ իր հիմնադրութեան երկրորդ տասնամեակը ու ոտք կը դնէ երրորդ տասնամեակի շեմին:
Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա:
Ասիկա կը նշանակէ, որ քսան տարի շարունակ մեր փառաւոր գրականութիւնն ու լեզուն, մեր մշակոյթին բաղկացուցիչ միւս տարրերը լաւագոյնս շնչելու, մշտապէս կենսաւորուելու, կազդուրուելու, երբեմն իրենց թմբիրէն դուրս գալու, բայց մանաւանդ մեր առօրեային մաս կազմելու պատեհութիւնն ունեցան:
Ասիկա կը նշանակէ նաեւ, որ մեր շուրջ բոլորը մի՛շտ ալ գտնուեցան նորափթիթ երիտասարդներ, որոնք հաճոյք առին իրենց մայրենիին հետ շփուելէ, ախորժեցան մեր հին ու նոր գրականութիւնը սերտելէ, հետամուտ եղան խո՛րապէս պրպտելու մեր պատմութեան դարաւոր էջերը, ուզեցին աւելի մօտէ՛ն ճանչնալ մեր եկեղեցին ու անկէ բխած արժէքները, մօտեցան գիրքի ու մամուլի աշխարհին, քիչ-քիչ ըմպեցին հայ արուեստի գինիէն, երբեմն ժամադրուեցան մեր պապերուն մեռեալ լեզուին` գրաբարին հետ…:
Ու այս բոլորը` հայագիտականի երդիքին տակ, քսան տարի շարունակ:
Նուաճում մըն է այս քսան տարին` ոչ միայն հիմնարկը հովանաւորող միութեան` Համազգայինի համար, այլեւ` ամբողջ հալէպահայութեան համար, քանզի այս «պտղատու ծառ»-ին ապաւինեցան մեր գաղութին բոլո՛ր կրթական հաստատութիւնները անխտիր: Այսօր ո՛ր դպրոցն ալ մտնէք, ձեզ պիտի դիմաւորեն հայագիտականի շրջանաւարտները` իբրեւ ժիր ու եռանդուն դասատուները հայերէնի…:
1996-ին երբ խումբ մը տեսլապաշտ ու յանդուգն կրթական մշակներ կամ ազգայիններ հիմը կը դնէին Հայագիտական Հիմնարկին, անոնք առաւելաբար նկատի ունէին ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ հեռանկարներ: Այդ շրջանին դրացի Լիբանանի մէջ դեռ նոր փակուեր էր ՀԲԸՄ-ի Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկը (1994-ին), իսկ Հայկազեան քոլեճի հայագիտական ուսմանց բաժանմունքն ալ ընկրկումներ կ՛ապրէր… Հոն` Պէյրութ, 70-ական թուականներու կէսերէն ի վեր թէեւ կը գործէր Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկն ալ, սակայն անիկա եւս լուրջ տագնապներ պիտի դիմագրաւէր շուտով ու 30 տարուան գործունէութենէ մը ետք ընդմիշտ պիտի փակէր իր դռները 2005-ին…
Հալէպի նախաձեռնութիւնը, ուրեմն, այլընտրանքի կարելիութիւն մը կը ստեղծէր հայագիտական ուսմանց հետամուտ մեր երիտասարդութեան համար:
Հալէպցիք ակադեմական հետազօտութիւններու կամ կոչումներու պերճանքը չէ՛ որ կը հետապնդէին, ինչպէս է պարագան` արեւմտեան աշխարհի մէջ հոս ու հոն հիմնուած հայագիտական տասնեակ մը «ամպիոն»-ներուն:
Հալէպցիներուն մտահոգութիւնը տարբեր էր:
Հայերէնաւանդ ուսուցիչներու կարի՛քն էր, որ կը մտրակէր զիրենք:
Յոգներ ու նօսրացեր էին մեր երբեմնի վաստակաւոր ուսուցիչները, ու հիմա նորերու կարիքը կար: Սերնդափոխութիւն մը պէտք էր իրագործուէր մեր կրթական յարկերուն տակ: Ու հայագիտականի շրջանաւարտները, առաւել կամ նուազ յաջողութեամբ, իրականացուցի՛ն այդ բախտորոշ սերնդափոխութիւնը:
Հայագիտական հիմնարկը ծնաւ ոչինչէն: Երբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. վարչութիւնը կեանքի կոչեց զայն, ո՛չ դասագիրք կար աւանդուելիք դասանիւթերուն համար, ո՛չ ալ մշակուած ծրագիր: Պարզապէս դէմ դիմաց բերուած էին հրաւիրեալ հոյլ մը ուսուցիչներն ու խանդավառ ուսանողները…
Հաւատքով սկսած գործը քալեց սակայն: Տակաւ առ տակաւ, տարուէ տարի հունաւորուեցաւ ամէն ինչ, հարթուեցան խոչընդոտները, արձանագրուեցան յաջողութիւններ: Պատրաստուեցան դասագիրքեր, մշակուեցաւ կրթական քառամեայ ծրագիր: Աւարտական սանուհիները շուտով պաշտօնի կոչուեցան մեր դպրոցներէն ներս:
Այսօր երանութեամբ կը յիշենք հիմնարկին աւարտաճառերու զեկուցական ձեռնարկներն ու շրջանաւարտից հանդէսները,որոնք այնքա՜ն խանդավառութիւն կը ստեղծէին մեր գաղութին մէջ:
Հալէպը սփիւռքի սիրտն է, հոգ չէ թէ այդ սիրտը վիրաւոր է հիմա ու խոցուած:
Հալէպը կորսուած Արեւմտահայաստանէն մեր ձեռքը մնացած թանկագին միակ աւանդին` ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ստնտուն է, դայեակը: Աւելի՛ քան` Պէյրութը, Պոլիսը կամ… Քանատան:
Գաղտնիք չէ, որ հայախօս մեր գաղութին մէջ իսկ հայերէնը նահանջի ու տկարութեան նշաններ ցոյց կու տայ, երբեմն նոյնիսկ` ահազանգ հնչեցնելու չափ:
Կասկած չկայ, որ մեր ողնայարը մեր վարժարաններն են: Առանց մեր դպրոցներուն (եւ առանց այդ դպրոցներուն մէջ աւանդուող հայերէնին)` մենք տժգոյն ենք, անդիմագիծ, կորուսեալ տարրեր: Ու այդ դպրոցներուն յենարաններն ալ մեր հայերէնաւանդ ուսուցիչներն են: Իսկ այդ ուսուցիչները պատրաստող, զանոնք յղկող, կոփող, պիտանի դարձնող ՄԻԱԿ հաստատութիւնը հայագիտականն է:
Օր մը հաւանաբար առիթը կը ստեղծուի հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու մեր այս «փեթակ»-ին արտադրած մեղրին քանակն ու որակը…: Բազմատասնեակ շրջանաւարտներ կրնանք թուել, որոնք մեծաւ մասամբ լծուած են ուսուցչագործական գնահատելի աշխատանքի, Հալէպի մէջ թէ արտասահման, մինչեւ հեռաւոր գաղութներ: Ուրիշներ պատուաբեր ներկայութիւն են միութենական շրջանակներու կամ լրագրական սիւնակներու վրայ:
Սուրիոյ հնգամեայ շարունակուող պատերազմը անշուշտ որ շատ բան քանդեց մեր իրականութենէն: Ամէն ոք տուժեց: Տուժեց եւ մարդուժի անխուսափելի նօսրացում ապրեցաւ նաեւ հայագիտական հիմնարկը: Բարեբախտաբար, սակայն, մեր այս սիրելի հաստատութիւնը չկասեցուց իր երթը: Նիւթական ու բարոյական ինչ-ինչ դժուարութիւններ յաղթահարուեցան տոկուն կամքի ու բացառիկ զոհողութիւններու գնով: Ու չմոռնանք` տնանկ դարձած այս հիմնարկին շուտով տրամադրուեցաւ նոր տեղ ու երդիք ալ:
Ռմբակոծուող Հալէպի մէջ հայագիտականը ո՛չ մէկ օր փակեց իր դռները, ո՛չ մէկ օր դասաւանդութիւնը ընդհատուեցաւ: Ընդհակառակն, վարիչներ, դասախօսներ թէ ուսանողուհիներ ամէն օր ափ առին այս երդիքին շեմը` զարմանալի հետեւողութեամբ ու հրաշալի պարտաճանաչութեամբ…
Ճիշդ է որ շատեր գաղթեցին հարկադրաբար, շատեր ցրուեցան` խոյս տալով պատերազմի արհաւիրքէն, բայց հաստատութեան մայր կորիզը չմաշեցաւ: Մեկնող դասախօսներուն փոխարէն` հրաւիրուեցան նորեր: Բարեփոխութիւններ մուծուեցան դասաւանդութեանց մէջ` ըստ պահանջի եւ յարմարութեան:
Համազգայինը, որ համասփիւռքեան կազմակերպութիւն մըն է, սեփական վարժարաններու ցանց մը կը հովանաւորէ Պէյրութի, Մարսէյի, Փարիզի ու Սիտնիի մէջ:
Հայապահպանման վսեմ առաքելութիւն է ասիկա:
Հալէպի հայագիտականն ալ կրթական այդ օճախներուն իւրայատուկ մէկ շղթան է անկասկած, նո՛յնքան կարեւոր եւ անհրաժեշտ, որքան` վերոնշեալները:
Քսանամեակը առիթ մըն է վերստին բոլորուելու անոր շուրջ եւ ապահովելու անոր անխափան երթը:
Հալէպ