ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Փալմիրի Ռուսական Համերգը Երեւան
Հանեց Արեւմուտքին Չունեցածը»
Կարդալով Նարէ Գալեմքերեանի «Քաղաքական քարոզչութեան արուեստը» (Տես` «Ազդակ», 13 մայիս 2016), կարգ մը բաժիններուն կրկնութեան գնով պիտի անդրադառնամ նոյն նիւթին` այլ դիտանկիւնէ:
Տակաւին 28 մարտ 2016-ին էր, որ մայիս 2015-էն ի վեր բարբարոս ՏԱՀԵՇ-ի հակակշիռին տակ գտնուող եւ քանդումի ենթարկուող Սուրիոյ պատմական Փալմիր քաղաքը ազատագրուած էր: Որմէ միայն 38 օր ետք, 5 մայիս 2016-ին տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան բոլոր չափանիշներով եզակի համերգը Փալմիրի աւերակներուն մէջ` «Աղօթք Փալմիրի» խորագրով (Տես` https://youtu.be/5heECAdUue4): Մինչ, շուրջ 180 քիլոմեթր դէպի հիւսիս, խախտելով «զինադադարը», կը շարունակուէր Հալէպի եւ այլ շրջաններու խաղաղ բնակիչներու դէմ Արեւմուտքի եւ Թուրքիոյ հովանաւորած ահաբեկիչներուն կողմէ վայրագ ռմբակոծումը…

Փալմիրի Համերգը ետին` հեռատեսիլի պաստառին վրայ նախագահ Փութին
Նուագահանդէսին սկիզբը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռատեսիլի եթերով իր ուղերձը յղեց ներկաներուն եւ ուղիղ կերպով հեռարձակուող ռուսական հանրային հեռատեսիլի կայաններուն. «Ես այս համերգը կը համարեմ իբրեւ նշան արժանապատուութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ… Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ` չխնայելով իրենց կեանքը, նաեւ յարգանք ահաբեկչութեան բոլոր զոհերուն եւ, անշուշտ, յոյս ունինք, որ ոչ միայն կը վերածնի Փալմիրը, այլ նաեւ կ՛ազատագրուի ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը այս սարսափելի չարիքէն, միջազգային ահաբեկչութենէն»:
Ժողովրդային զանազան շերտերէ եկած հանդիսականներուն կողքին, շուրջ 400 ներկաներուն մէջ կը գտնուէին ռուս եւ սուրիացի բանակայիններ, քրիստոնեայ ու իսլամ կրօնաւորներ, կառավարութեան ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ:
Ս. Փեթերսպուրկի Մարիինսքի Սիմֆոնիք նուագախումբը, ղեկավարութեամբ խմբավար Վալերի Կերկիեւի, ներկայացուց շուրջ կէս ժամ տեւողութեամբ համերգը աշխարհահռչակ երաժիշտներով: Յայտագիրի առաջին մասով, մենակատարութեամբ ելոյթ ունեցաւ ջութակահար Պաւել Միլիւքով, որ կատարեց Պախի յայտնի չակոնան «Փարթիթա 2», որ կը խորհրդանշէ մարդկային հոգիին մեծութիւնը, ապա աշխարհահռչակ թաւջութակահար եւ նախագահ Փութինի մտերիմ բարեկամ Սերկէյ Ռոլտուկին կատարեց Փրոքոֆիեւի առաջին սիմֆոնին եւ աւարտին` Շետրինի սիմֆոնին, նուիրուած` դասական երաժշտութեան անցեալի «մեծերուն», որ կը խորհրդանշէ յոյս ու լաւատեսութիւն:
Տեղին է նշել, որ այս նուագախումբը նոյնպիսի ելոյթ ունեցած էր 2008-ին Ցխինվալիի աւերակներուն մէջ` Հարաւային Օսեթիոյ մէջ ռուսական միջամտութենէն անմիջապէս ետք:

Ահաբեկիչներ կը քանդեն Փալմիրի թանգարանի արձանները
Գերիրապաշտ այս ելոյթը Արեւմուտքին կողմէ ընդհանրապէս արհամարհանքով ընկալուեցաւ, որուն բացայայտ արտայայտողը եղաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Հեմընտը, որ համերգը որակեց իբրեւ «անճաշակ», հաւանաբար` իր «քաղաքական» պարունակին մէջ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան անդրադառնալով Հեմընտին` հեգնանքով ըսաւ. «Շատ կը տխրինք, որ Հեմընտը չսիրեց համերգը, մենք ամէն ինչ ըրինք որ իրեն հաճելի ըլլար, ամէն ինչ իրեն համար ըրած էինք… Հիմա գիտենք, որ ան երաժշտութեան մասին ոչինչ գիտէ, եւ այլեւս հետաքրքրուած չենք իր մեկնաբանութիւններով» (Տես` http://www.themoscowtimes.com/news/article/britain-and-russia-in-diplomatic-spat-over-palmyra-concert/568310.html ) :
Դժբախտաբար արեւմտեան մամուլը պարտուածի հոգեբանութեամբ, մակերեսային կերպով ու չարակամութեամբ համերգը ընդհանրապէս ներկայացուց միայն իբրեւ ռուսական քարոզչութիւն` խուսափելով մեկնաբանել մարդկային քաղաքակրթութեան հսկայական տարբերութիւնը իրենց հովանաւորած նախնադարեան գազանաբարոյ բարբարոս ահաբեկիչներուն եւ անոնց դէմ պայքարող ուժերուն կատարած այս մարդավայել, յոյս ներշնչող ու գօտեպնդող ելոյթը: Փոխարէնը, իբրեւ անհամեմատօրէն ձախող հակաքարոզչութիւն, անոնք բամբասեցին Փութինի բարեկամ խմբավարը եւ թաւջութակահարը` անոնց հարստութեան առնչութեամբ… Անոնցմէ շատեր չանդրադարձան ամիսներ առաջ ահաբեկիչներուն կողմէ համաշխարհային թանկարժէք այս հնավայրին կռաններով ու պայթուցիկ նիւթերով քանդումին: Անոնք չանդրադարձան ռուսական բանակին մասնակցութեամբ Փալմիրի ազատագրումին` բարբարոսներէն: Անոնք չանդրադարձան Փալմիրի ազատագրումէն ետք ռուս մասնագէտներուն կողմէ «Անապատի գոհարը» կոչուած հնութեան ականազերծումին` պահպանելով եւ փրկելով հնութիւնը յաւելեալ քանդումէ:
Միւս կողմէ, բացառաբար, անգլիացի սիւնակագիր Թիմ Պլեք 11 մայիսին կը գրէ «Փալմիրի ռուսական համերգը երեւան հանեց Արեւմուտքին չունեցածը» իմաստալից խորագիրով յօդուած մը (Տես` http://www.spiked-online.com/newsite/article/russias-palmyra-concert-reveals-what-the-west-lacks/18342#.VzW1syEfjAo ): Նաեւ բացառութիւն է Գալեմքերեանի յօդուածին մէջ նշուած Էտ Ուեսթի նոյնիմաստ գրութիւնը «Սփեքթէյթըր»-ին մէջ:
Վերոյիշեալ խորագիրը ճիշդ կերպով կը ներկայացնէ Արեւմուտքին չունեցածը իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Մարդկային արժէքներու այնքա՛ն բացայայտ բացակայութիւնը, ոտնակոխումը եւ երկերես ու երկակի չափանիշներով իրենց քաղաքականութիւնը: Մանաւանդ` ծիծաղելի դարձած «ժողովրդավարութիւն» լոզունգը, որուն պատճառով հարիւր հազարաւոր անմեղ մարդիկ կը բնաջնջուին, յատկապէս` Միջին Արեւելքի մէջ: Ո՞վ է անճաշակը, ո՞վ է բարբարոս ահաբեկիչներ ստեղծողը, ո՞վ է քսանմէկերորդ դարուն օր ցերեկով ցեղասպանութիւն գործադրողը, ո՞վ է ցեղասպանութեան մասնագէտ Թուրքիոյ գլխաւոր դաշնակիցը, ո՞վ է Թուրքիոյ սպառնալիքներուն դիմաց զիջողը… շարքը երկար է:
Թուրքիան, զինք հովանաւորող Արեւմուտքով, կը հովանաւորէ այս բարբարոս ահաբեկչութիւնը` պատճառելով հարիւր հազարաւոր զոհեր եւ հարիւր հազարաւոր գաղթականներ, նիւթապէս կ՛օգտուի Իրաքի եւ Սուրիոյ մաքսանենգուած քարիւղէն, եւ առաւել` 6 միլիառ տոլար կը պահանջէ Եւրոպայէն, որպէսզի դէպի Եւրոպա գաղթականներու հոսքը կասեցնէ… Միեւնոյն ժամանակ ցեղասպան Թուրքիան իր իսկ քաղաքացիները կը բնաջնջէ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ: Ո՞ւր է «ճաշակաւոր» Արեւմուտքը… մինչեւ ե՞րբ Թուրքիոյ արիւնարբու ծինային այս վարքագիծը պիտի շարունակուի աշխարհի աչքին առջեւ:
Յաջորդ օրը` մայիս 6-ին, Սուրիոյ Նահատակաց Օրուան հարիւրամեակին նուիրուած, հայրենասիրական երկրորդ համերգ մը տեղի ունեցաւ Փալմիրի մէջ` կատարողութեամբ Սուրիոյ սիմֆոնիք նուագախումբին` նուիրուած օսմանցիներու կողմէ զոհուած, ինչպէս նաեւ հետագայ բոլոր նահատակներուն: Յատկանշական էր ռուս զինուորներու խմբային մասնակցութիւնը յայտագրին` ձեռքերնին ունենալով սուրիական եւ ռուսական դրօշակներ:

Ահաբեկիչներ կը պայթեցնեն Փալմիրի հնութիւնները
Յստակ է, որ «մեծ» եւ ոչ այդքան «մեծ» պետութիւններ արտաքին քաղաքականութեան մէջ իրենց շահերը կը հետապնդեն, սակայն անկարելի է արդարացնել հարիւր հազարաւոր մարդոց կորուստը եւ հարիւր հազարաւոր գաղթականներուն թշուառ վիճակը. ա՞յս է իրենց շահը: Այդ ահաբեկչութիւնը հովանաւորող պետութիւններուն վարչակարգերը երբե՛ք պիտի չկշտանան այս արիւնահեղութենէն եւ քաոսային վիճակէն:
Յիշեցնեմ, որ նախագահ Օպամա ապահով ու հանգստաւէտ բազմած Ուաշինկթընի մէջ, 7 սեպտեմբեր 2014-ին ըսաւ, թէ «ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելը երեք տարուան կրնայ կարօտիլ», ուրեմն կարելի է հետեւցնել, որ առնուազն մօտաւորապէս մինչեւ 7 սեպտեմբեր 2017 իրենք արիւնարբու ահաբեկիչներուն ծառայութեան տակաւին պէտք պիտի ունենան… Կ՛արժէ նշել նաեւ Ամերիկայի նախորդ նախագահ Պուշի պարզ կանոնը. «Կա՛մ մեզի հետ էք, կա՛մ ահաբեկիչներուն»: Շատ յստակ է, որ Սուրիան եւ իր դաշնակիցները ահաբեկիչներուն դէմ պատերազմի մէջ են, ուրեմն Պուշի կանոնով Սուրիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն դէմ եղող Ամերիկան, Եւրոպան եւ անոնց արբանեակ երկիրները ահաբեկիչներուն հետ են, եւ այս` բացայայտ կերպով:
Կ՛իմանանք, որ Սուրիոյ կարծեցեալ զինադադարէն օգտուելով` Թուրքիա կը շարունակէ նոր ահաբեկիչներ եւ զինամթերք ուղարկել Սուրիա: Իսկ ահաբեկիչները յայտարարած են, որ վերստին պիտի գրաւեն Փալմիրը…
Ահա ա՛յս է Արեւմուտքին եւ անոր հովանաւորած Թուրքիոյ «ճաշակը»:
13 մայիս 2016