ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«Կը սպասենք, որ ամէն բան լաւ ըլլայ, մե՛ծ մամ»…
Իր նոր մահացած մեծ մօր հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, ի շարս խօսուած բազմաթիւ նիւթերու եւ դրսեւորուած արտայայտութիւններու, կարօտի ու յուզումի տեսարաններու, մարդկային առօրեայէն ծնող գանգատներու եւ Աստուծոյ մօտ միջնորդութիւն կատարելու խնդրանքներու, հոգեկան եռացող վիճակներու եւ կեանքի հոսանքին հետ հարուածող ելեւէջներու, այս նախադասութեամբ մէկ իրավիճակի, սակայն բազում կացութիւններու դրսեւորումը կու տայ փակ բեմին ծայրը կանգնած մարդը` Հրայր Գալեմքերեան, որ այս քանի մը բառերով կեանքին ամբողջ բնոյթն ու ընթացքը կը մարմնաւորէ:
Այս արտայայտութիւնն է նաեւ, որ կարմիր գիծի նման կ’անցնի 4 տարբեր տեսարաններէ բաղկացած լիբանանցի վաստակաւոր բեմադրիչ եւ թատերագիր Ռեմոն Ժպարայի «Զրադաշտը դարձաւ շուն» թատերախաղին ընթացքին, զոր բծախնդրութեամբ եւ վարպետութեամբ բեմադրած է Յակոբ Տէր Ղուկասեան: Ռեմոն Ժպարա կրցած է այս թատերախաղին մէջ ամփոփել մարդկային ամէնէն պարզ կացութիւններէն մինչեւ ամէնէն բարդն ու զգայունը` բեմէն սլաքներ ուղղելով դէպի հանդիսատես: Յատկանշական է նաեւ, որ 4 տեսարաններուն մէջ ալ, հակառակ բոլորովին տարբեր ըլլալնուն, պատերազմի վերաբերող մատնանշումներ, պայմաններ ու յուշեր կան, ինչ որ կը վկայէ, թէ լիբանանեան պատերազմի ժամանակաշրջանին խմորուած ու ծնունդ առած է այս գործը:
Անդենականին հետ մտերմիկ զրոյցները կ’ընդհատուին, երբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի հանդիսատեսին առջեւ կը բացուին չորս տարբեր թատերական պատկերներ` առերես ծիծաղով, սակայն` ներքուստ դառնութեամբ թաթաւուն:
Առաջին պատկերին մէջ երկու «ընկերներ» են` Նժդեհ Մկրտիչեանն ու Վարդան Ազնաւուրեանը, որոնք անկեղծ կը թուին ըլլալ իրարու նկատմամբ, սակայն խորքին մէջ իւրաքանչիւրը ներքին դաւ մը կը հիւսէ` տարբեր տարողութեամբ ու տարազով:
Երկրորդ պատկերին մէջ շոգեկառքին մէջ նստած երեք ճամբորդներ են` Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան, Զաւէն Պաաքլինի եւ Յովսէփ Գափլանեան, առաջինը հալածախտէ տառապող մը, երկրորդը` կղերական, իսկ երրորդը` ոստիկան:
Երրորդ տեսարանին մէջ չորս են (մէկը աներեւոյթ)` Սենտի Ղազարեան, Յակոբ Գալայճեան եւ Ժան Պեքերեճեան, որոնք կը հանդիպին բացայայտ կերպով մարդու եւ անոր անդամներու վաճառական «բժիշկի» մը սպասման սրահին մէջ:
Չորրորդ եւ վերջին տեսարանը, ցնցիչ ըլլալու զուգահեռ, ծայրայեղ կացութիւններով հարուստ է. մարդու` Հրայր Գալեմքերեանի, ծայրագոյն աստիճանի ստորնացումն է իբրեւ մարդ, մարդկային իրաւունքներու «պաշտպան» գործատիրոջ կողմէ` Նժդեհ Մկրտիչեանի, հովանաւորութեամբ եւ միջնորդութեամբ ընտանիքի «բարեկամ»-ին` Վարդան Ազնաւուրեանի եւ օժանդակութեամբ տխուր ձեւացող, սակայն ամուսնոյն հաշուոյն եղած անարդարութեան նեցուկ կանգնող կնոջ` Բալիկ Լատոյեանի:
Իւրաքանչիւր պատկեր ունի իր իւրայատուկ մթնոլորտը, պայմանները, կացութիւնները, յատկապէս առաջին երեքին մէջ հանդիսատեսը խնդալու տարբեր առիթներ կ՛ունենայ, սակայն երբ փորձէ թափանցել խորերը ծիծաղ պատճառող տուեալ նախադասութեան կամ արարքին, անպայման պահ մը կը խոկայ, իր կեանքին մէջ եւս նոյն կացութիւններու նմանութիւններ կը գտնէ, երբ ինք կ՛ուզէ հաւատալ, թէ ընկերը անկեղծ է` հակառակ ներքուստ գիտակցելուն, որ ան դաւաճան ըլլալու տուեալները ունի, երբ ինք կ՛ուզէ հաւատալ, որ մարդորս բժիշկը իրաւացի է` հակառակ ներքուստ գիտակցելուն, որ ինք առաւելագոյնս կը շահագործուի, երբ ինք կ՛ուզէ հաւատալ, որ շուրջինները ապահովութիւն ներշնչող են` հակառակ ներքուստ ճշգրտօրէն զգալուն, որ անոնք իսկական վտանգն են:
Վերջին պատկերին սկիզբը այդ թաքնուած հակասութիւնը իր գագաթնակէտին հասնելով` բացայայտօրէն կ’երեւի, երբ ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղուի` բեմին վրայ ներկայացուածը իրենց հետ տուն չտանելու… Յաջորդող վայրկեաններուն կը ստեղծուին այնպիսի կացութիւններ, ողբերգական պատկերներ, մարդկային ամէնէն դոյզն զգացումներն իսկ գլող անցող վիճակներ, որ ներկաները երկա՜ր կը ստիպուին մտածել ներկայացուածին մասին, հասկնալ իւրաքանչիւր մանրամասնութեան տակ թաքնուած պատգամը, իւրացնել կացութիւնը, ընկալել վիճակը եւ ստիպուիլ լուռ հետեւիլ թատրոնին, հակառակ ոտքի կանգնելու եւ բարձրաձայն գոռալու ներքին մղումին, անիրաւութեան շղթան քանդելու քայլին դիմելու բուռն փափաքին, բեմ վազելու եւ դէպքերուն ընթացքը կասեցնելու մարմաջին…
Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը այս գործով կու գայ հպարտալի էջ մը աւելցնելու թատերախումբի պատմութեան մէջ, կու գայ նաեւ օտար հանդիսատեսներուն ըսելու, թէ հայ դերասանները եւս օժտուած են այնպիսի տաղանդով, որ ներկայացման հետեւած արաբները եւս ըսեն (ականջալուր եղանք), որ դերասաններուն դէմքի արտայայտութենէն շատ բան կարելի է հասկնալ, թէկուզ չհետեւին իրենց համար բեմին վերեւ երեւցող արաբերէն բնագիրին:
Վարագոյրը կը փակուի, սակայն հանդիսատեսին մտքին մէջ կը շարունակուի պատկերներու տողանցքը, «մարդ արարածի ծրագիր էի, սակայն չյաջողեցաւ» նախադասութիւնը կը մրճահարէ անոր ուղեղին մէջ, «կտոր մը ես»-ի անկարեւորութեան վերաբերող մատնանշումը կուլ տալու փորձը կը շարունակէ ապարդիւն, «կեանքի մէջ դռներ չկան, ծակեր կան, պէտք է փորձես փախչիլ անոնց միջոցով» գաղափարին իսկութիւնը կը հալածէ զայն, դառն ճակատագիրին հետ հաշտուելու, նոյնիսկ անոր տանելի ըլլալուն մասին շուրջինները համոզելու ճիգին իրաւացիութեան հաւատալ կը փորձէ ի զուր…
Դերասաններուն ընտրութիւնը բաւական լաւ կատարուած էր, իւրաքանչիւրը կը մարմնաւորէր իր ստանձնած դերը, յատկանշական էր լոկ դէմքի արտայայտութիւններով կացութիւններ փոխանցելու երեւոյթը, յատկապէս` Նժդեհ Մկրտիչեանի եւ Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեանի մօտ (վերջինը` նաեւ մարմնային խօսուն շարժումներով): Կարգ մը տիպարներ իրենց դերերուն մէջ մօտեցած էին գերազանցութեան, գլխաւորաբար` Հրայր Գալեմքերեան, նորութիւն էր տաղանդաւոր դերասան Սենտի Ղազարեանի հաճելի ու տիրական ներկայութիւնը բեմին վրայ:
Արշօ Պալեանի աշխատանքով եւ ճիգով արաբերէնէ հայերէնի թարգմանուած բեմագրութիւնը կեանք ստացած էր ու «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ կը շնչէր` շնորհիւ փորձառութեան բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի, որ իր կողքին ունէր բեմադրիչի օգնական Սէրուժ Յովսէփեանը, օգնականներ` Դաւիթ Գալայճեանը, Սիմոն Տէրտէրեանը, Անժելինա Սարգիսեանը, Կարօ Ֆեսլեանը, երաժշտական ձեւաւորումի պատասխանատուն էր Հրայր Գալեմքերեանը, լուսաւորման ձեւաւորումի` Յակոբ Տէր Ղուկասեանը, ձայնասփռումի եւ լուսաւորումի` Գէորգ Նոխուտեանը, բեմայարդարումի` Ժորժ Ատամը եւ Գէորգ Խաչատուրեանը, զգեստներու ձեւաւորումի` Պշարա Աթալլան, թեքնիք խորհրդատուն էր Անթուան Աշքարը, իսկ որմազդը պատրաստած էր Արամ Փափազեանը:
Նշենք, որ «Զրադաշտը դարձաւ շուն» թատերախաղը վայելելու եւ մարդկային իւրայատուկ վիճակներ ապրելու առիթ ունիք հինգշաբթի, 26 ուրբաթ 27 եւ կիրակի 29 մայիսին:
Լուսանկարները՝ էԹԻԷՆ ՍՈՔԻՒՆԵԱՆի