Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17461

«Ազդակ»` Իննսուամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ազերիներու Իրերայաջորդ Յարձակումներ Հայկական Բնակավայրերու Վրայ Եւ Պաքուի Հայոց Ջարդն Ու Բռնագաղթը

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի յատուկ կառավարման յանձնախումբի լուծարքէն ետք, Խորհրդային Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի ներկայացուցիչներու միացեալ որոշումով Խորհրդային Հայաստան եւ Արցախ միացեալ հռչակուած էին:

armenian-woman_52516

Այս առիթով «Ազդակ», 4 դեկտեմբեր 1989-ի թիւով եւ «Հայ ժողովուրդը տուաւ իր ազատ որոշումը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ միացեալ հանրապետութեան հռչակման քայլը աննախատեսելի չէր, որովհետեւ անիկա իր լինելութեան կը հասցնէր քաղաքական եղելոյթ մը. արդարեւ, ԼՂԻՄ-ի ժողովուրդին ներկայացուցիչները, 1988-ի սկիզբը, իբրեւ հարազատ ներկայացուցիչներն ու թարգմանները շրջանի ժողովուրդին մեծամասնութեան կամքին` կը պահանջէին Արցախը վերամիացնել մայր հայրենիքին: Այս պահանջը չէր բխեր լոկ Պաքուի իշխանութիւններուն վարած խտրականութենէն ու ինքնավար մարզին անտեսումի տասնամեակներու քաղաքականութենէն, այլ ունէր ազգային ու պատմական խոր արմատներ, Արցախի հայը կը պահանջէր սրբագրումը պատմական սխալի մը եւ հայ ժողովուրդէն անիրաւ կերպով խլուած հողամասը վերամիացնելու մայր հողին:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ այդ պահանջը իր ջուրը կը խմէր նոյնինքն Խորհրդային Միութեան ստալինեան ու պրեժնեւեան փտած համակարգը վերականգնելու, վերանորոգելու Մոսկուայի իշխանութիւններուն քաղաքական վարքագիծէն:

«Ազդակ» կը նշէր թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս պէտք էր տեսնել իր դաւանած ու կիրարկած սկզբունքներո՛ւն իսկ դաւաճանելու, անոնցմէ ետդարձ կատարելու  Մոսկուայի աքթը: Խորհրդային Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին միաձայն որոշումը, պարզ պատասխանէ մը աւելի` բարեկարգչական ուղիէն չշեղելու պերճախօս պատգամ մըն էր Մոսկուայի:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ արցախցի հայը, մայր հայրենիքէն ամբողջ 65 տարի հակառակ իր կամքին հեռացուած, Ազրպէյճանի «հոգածու» տրամադրութիւններուն ենթակայ դարձած, Արցախի զաւակը որոշեց արտայայտել իր կամքը:

***

1988-ի երկրաշարժէն տարի մը ետք, «Ազդակ»,  7 դեկտեմբեր 1989-ի թիւով եւ «Աղէտը` իբրեւ չափանիշ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, թէ որքա՛ն մեծ է աւերը, այնքան տկար է դարմանը:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ երկրաշարժին նիւթական վնասը գնահատուեցաւ աւելի քան տասը միլիառ ռուբլիով, որուն մէկ միլիառը միայն, այս կամ այն պիտակին տակ, կեդրոնական իշխանութիւնները յատկացուցին Հայաստանի: Խորհրդային հանրապետութիւնները ընդհանրապէս ունեցան օրինակելի կեցուածք եւ անոնց մեծ մասը մասնակցեցաւ վերաշինութեան գործին:

«Ազդակ» կը նշէր, որ Խորհրդային Ազրպէյճան չյաջողեցաւ թօթափել ցեղամոլութիւնը եւ թշնամական վերաբերմունքի մտայնութիւնը եւ չարախինդ քրքիջով դիտեց Հայաստանի գրեթէ մէկ երրորդ տարածութեան հիմնայատակ կործանումը, բնակչութեան մասնատումը եւ տնտեսութեան քանդումը: Ան երկրաշարժը ուզեց նկատել քաղաքական աքթ, որ կը տկարացնէր հայկական պահանջատիրութիւնը եւ Պաքուէն կը հեռացնէր Լեռնային Ղարաբաղը կորսնցնելու վտանգը:

Black-January_52516

Շարունակելով` «Ազդակ» կ՛ըսէր, որ սփիւռքի հայութիւնը հակազդեց գիտակից նուիրումով եւ հայկական բոլոր գաղութները անխտիր մասնակցեցան վիրաւոր հայրենիքին փրկութեան գործին: Բայց, նոյնը կարելի չէր ըսել վերականգնումի աշխատանքներուն մասին:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ հայկական Արցախը իրեն յատուկ շռնդալից դաս մը տուաւ համայն հայութեան: Մինչ երկրաշարժէն առաջ հայրենի հայութիւնը հանգանակած եւ Արցախ ուղարկած էր մօտաւորապէս մէկ միլիոն ռուբլի, արցախահայութիւնը հանգանակեց եւ աղէտեալ գօտի ուղարկեց հինգ միլիոն ռուբլի: Ոչ մէկ այլ օրինակ կրնար աւելի ցցուն կերպով արայայտել համազգային սիրոյ եւ գաղափարական միացումի այն ամրութիւնը, որ կ՛իշխէ մարտնչող արցախահայութեան հոգիներուն մէջ:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ մարդիկ կը կերտեն հայրենիքը. եւ այս իմաստով երկրաշարժը եղաւ չափանիշ` հայութեան եւ հայերու հայրենասիրութեան եւ զոհաբերութեան պատրաստակամութեան:

***

Արցախ ամբողջական շրջափակման մէջ առնուած էր ազերիներուն կողմէ եւ արտաքին աշխարհին հետ կապի միակ միջոցը օդային գիծն էր: 1989 դեկտեմբերի սկիզբը ազերիներ յարձակումները սաստկացուցին: Անոնք ականահարեցին Ստեփանակերտի էջուղիին մէկ բաժինը, որ ազերիաբնակ Խոջալու գիւղէն կ՛անցնէր: Այնուհետեւ անոնք պայթեցուցին Խոջալուէն անցնող երկաթուղագիծը: Քանի մը օր ետք անոնք Կրկժան գիւղին մօտ ականահարեցին դէպի Ստեփանակերտ ջուր փոխադրող խողովակը, որուն հետեւանքով Ստեփանակերտ քանի մը օր առանց ջուրի մնաց:

Violence_52516

Նոյն օրերուն ազերիներ յարձակեցան Առաջաձոր գիւղին վրայ եւ աւարի տուին նախիրին մէկ մասը: Միաժամանակ անոնք յարձակման անցան Բերդաձորի հայկական գիւղերուն ուղղութեամբ: Սակայն Բերդաձորի չորս գիւղերը` Հին Շէն, Մեծ Շէն, Եղցահող եւ Ծաղկաձոր դիմադրութիւն ցոյց տուին եւ ետ մղեցին յարձակողները: Ազերիներ նաեւ Լաչինի շրջանէն յարձակում գործեցին Գորիսի շրջանի Կոռնիձոր գիւղին վրայ, բայց դիմադրութեան հանդիպելով ետ մղուեցան:

Դեկտեմբերի վերջաւորութեան ազերիներ սրբապղծեցին Պաքուի հայոց եկեղեցին: Երեք օրուան ընթացքին խուժանը քանդեց խորանը, վար առաւ եկեղեցւոյ գմբէթին խաղը եւ զայն կոխկռտեց, պատուհաններուն ապակիները ջարդեց եւ ապա` կրակի տուաւ եկեղեցին:

***

Պաշարուած Արցախի մէջ 1990 յունուարի սկիզբը բախումները սաստկացան: Աղտամէն հասնող շոգեկառքերը եւ օթոպիւսները անդամալուծութեան մատնուած էին, իսկ Հայաստանէն օդային ճամբով ալ ուտեստեղէն չէր հասներ, մթնոլորտային պայմաններուն բերումով:

Refugees_52516

Գետաշէն յունուարի առաջին օրերուն ազերիներու իրերայաջորդ յարձակումներուն ենթարկուեցաւ: Գետաշէնցիք հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուին եւ միաժամանակ օգնութիւն խնդրեցին խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւններէն, որոնք սակայն միայն բերանացի խոստումներ տուին: Գետաշէնցիք նաեւ դիմեցին Մարտակերտի շրջանի հայութեան, սակայն ձիւնով փակուած ճամբաները անկարելի դարձուցին բարձունքներէն անցքը:

Միւս կողմէ, Գանձասարի վանքին մէջ, խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով 6 յունուար 1990-ին պատարագ մատուցուեցաւ:

***

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները բացայայտօրէն սկսած էին զինել խուժանը: Ազրպէյճան գտնուող խորհրդային բանակային ուժերը պաշտօնապէս «կը կողոպտուէին» եւ ազերիներ ձեռք կը ձգէին արագահարուածներ, փամփշտարգել բաճկոններ, զրահապատներ եւ մինչեւ իսկ ուղղաթիռներ:

Շաբաթ, 13 յունուար 1990-ի երեկոյեան Պաքուի մէջ շուրջ 150 հազար հոգինոց ազերի խուժանը փողոց դուրս գալով եւ հայերու դէմ ջարդ կազմակերպելու կոչեր բովանդակող թռուցիկներ ցրուելով յարձակման անցաւ հայկական թաղամասին վրայ: Թաղի բնակչութեան մեծ մասը արդէն գաղթած էր: Սակայն խուժանը իր տրամադրութեան տակ ունէր Պաքուի հայերու բնակարաններուն հասցէները բովանդակող թերթիկներ:

Հայկական թաղին մէջ տեղի ունեցան բախումներ: Ոստիկանութիւնը ոչ մէկ միջամտութիւն կատարեց զսպելու համար յարձակումները:

Գիշերը սկսաւ հայերու ջարդը: Ազերիներ մէկ-մէկ մտան հայերու տուները եւ սկսան սուրի քաշել, ողջակիզել, կախել, բրածեծ սպաննել ու խոշտանգել հանդիպող հայը: Երեք հոգի, որոնցմէ մէկը յղի կին մըն էր, բռնուելէ ետք քարիւղով օծուեցան եւ այդպէս ողջակիզուեցան: Տասներկու անձեր պարաններու վրայ կախուելով սպաննուեցան. անոնց մէջ կային կիներ եւ անչափահասներ: Քանի մը անձեր բրածեծ սպաննուեցան: Եօթանասունամեայ հայուհի մը բռնաբարուեցաւ եւ բրածեծի ենթարկուեցաւ, բայց հրաշքով փրկուեցաւ: Մանկամարդ աղջիկ մը երկու հոգիի կողմէ բռնուեցաւ եւ պիտի բռնաբարուէր, բայց նոյն պահուն բանակայիններ վրայ հասնելով փրկեցին զայն:

Կիրակի, յունուար 14-ի տուեալներով զոհերուն թիւը հաւանաբար կ՛անցնէր վաթսունը:

Ազերիներ միաժամանակ կողոպտեցին եւ յետոյ հրկիզեցին հայերու բնակարանները: Մօտաւոր տուեալներով, 1200 բնակարաններ հրոյ ճարակ դարձան:

Ջարդը աւարտելէն ետք, Պաքու մնացած հայերը խուճապահար սկսան խոյս տալ քաղաքէն: Երկուշաբթի, 15 յունուարին մօտաւորապէս վեց հարիւր հայեր ծովու ճամբով ճամբայ ելան դէպի Թուրքմենիստանի Կրասնովոտսք նաւահանգիստը: Անոնցմէ քանի մը ծերունիներ մահացան իրենց ստացած վէրքերուն հետեւանքով:

Յաջորդող օրերուն Պաքուէն հայերու գաղթը շարունակուեցաւ աննկարագրելիօրէն ահաւոր պայմաններու մէջ: Քանի մը օրուան ընթացքին շուրջ քսան հազար հայեր Հայաստան հասան: Անոնց մեծ մասը չարչարանքի ենթարկուած էր. կային վիրաւորներ:

Գաղթականներու այլ խմբակներ խոյս տուին դէպի Ռուսիա, Ուքրանիա եւ Վրաստան:

***

Մինչ Պաքուի մէջ հայերու դէմ ջարդերը կը սկսէին, ազերիներ միաժամանակ յարձակման անցան Շահումեանի, Գետաշէնի եւ Խանլարի շրջաններուն վրայ:

Ազերիներու «հարուածող խմբակներ»-ը յարձակումը սկսան քանի մը ուղղութեամբ: Մանաշիտ գիւղին մէջ ազերիներ պետական ուժերէ գրաւուած (կամ ձեռք բերուած) երկու զրահապատներով յարձակում գործեցին հայկական շրջաններու վրայ: Մանաշիտի վրայ յարձակումները շարունակուեցան բանակէն ձեռք բերուած ուղղաթիռներով:

Ազերիներ գրաւեցին Ազատ գիւղը եւ պաշարման օղակը սեղմեցին Կամոյի, Մանաշիտի եւ Գետաշէնի շուրջ: Բայց յետոյ գետաշէնցիք հակայարձակման անցան: Արցախէն զինեալներ օգնութեան հասան: Ազատ ազատագրուեցաւ եւ Կամոյի ու Մանաշիտի պաշարումը քակուեցաւ: Քուպաթլարի մէջ հայեր եւ ազերիներ իրարու դէմ դիրք բռնած էին խրամներու մէջ:

Լենգորանի ու Ճալիլապատի մէջ ազերի խուժանը գրաւեց պետական ու կուսակցական հաստատութիւնները եւ բանակին ու ոստիկան ուժերուն պատկանող ամբողջ զէնքն ու զինամթերքը ձեռք ձգեց:

Իսկ Գանձակ հասնող խորհրդային ուժերը ազերի զինեալներու եւ քաղաքայիններու կողմէ անդամալուծութեան մատնուեցան եւ անոնց անցքի ճամբաները փակուեցան:

***

Երեւանի մէջ, համայնավար կուսակցութեան ղեկավար Սուրէն Յարութիւնեան յունուար 14-ին ստիպողական վիճակի դրութիւն յայտարարեց: Ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին, որ որսի զէնքերը հաւաքուին:

Իր կարգին նախագահ Հրանդ Ոսկանեան պահանջեց Մոսկուայի արագ միջամտութիւնը, փրկելու համար հայերու կեանքը:

Նոյն օրը կազմուեցաւ ինքնապաշտպանութեան կոմիտէ մը եւ սկսաւ կամաւորներու արձանագրութիւնը:

Յաջորդող օրերուն սկսաւ Հայաստանէն կամաւորներու փոխադրութիւնը Ղարաբաղ, Շահումեան եւ Խանլար, օժանդակութեան հասնելու համար շրջանի հայութեան:

***

Յունուարի կէսերուն մեծ թիւով ահաբեկիչներ կեդրոնացան ազերիական Հաճիքէնդ գիւղին դիմաց, զինուած` պատերազմական ամէնէն արդիական զէնքերով եւ պատրաստ` զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու իրականացման:

Խորհրդային բանակը կարգ մը շրջաններու մէջ փորձեց ազերի խուժանը ետ մղել եւ օդը կրակեց, բայց յետոյ ստիպուեցաւ փախուստ տալ եւ ապահով վայրեր ապաստանիլ, երբ իր կարգին ուղղակի կրակոցներու թիրախ դարձաւ:

Բանակը շարք մը դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր այս միջամտութեան ընթացքին, նկատի ունենալով որ անիկա բազմազգեան էր եւ կը գտնուէր բաց գործողութեան մը սեմին: Կային նաեւ շրջանի մակերեւոյթին եւ կլիմայական պայմաններուն ստեղծած դժուարութիւնները:

Յունուար 17-ին Մոսկուա Անդրկովկաս ղրկուած բանակային, ոստիկան եւ Քա.Կէ.Պէ.ի ուժերուն արտօնութիւն տուաւ կրակ բանալու խռովարարներուն վրայ, որպէսզի այդ ուժերը կարենային ինքնապաշտպանութեան դիմել ու պաշտպանել զէնքի մթերանոցները, որոնք յարձակման ենթարկուած եւ կողոպտուած էին:

 

Շահումեանի, Գետաշէնի, Խանլարի եւ Ազատ գիւղի շրջանները կը մնային ճակատումներու գլխաւոր դաշտերը: Խորհրդային ուժերը ետ մղեցին Ազատի վրայ ազերի խուժանի մը յարձակումը:

baku-1990-massacre_52516

Գանձակի մէջ ազերիները արգելք եղան խորհրդային ուժերու քաղաքին մէջ տարածումին: Պետական ուժերը ազերիներէն վերագրաւեցին չորս հրասայլ:

Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի երկայնքին պատերազմական վիճակ ստեղծուած էր: Խորհրդային ուժերը այդ շրջանին մէջ է որ կը փորձէին կանխարգիլել պատերազմի մը բռնկումը: Գորիսի շրջանին մէջ բանակը ստիպողական վիճակ հաստատեց:

Խորհրդային Միութեան պաշտպանութեան նախարար զօրավար Տիմիթրի Եազովի տնօրինութեամբ, յունուար 18-ին բանակը զօրակոչի ենթարկեց բանակային ծառայութենէ արձակուած զինուորները, այսինքն` պահեստի ուժեր, որպէսզի կարելի ըլլար աղիտալի վիճակէն փրկել տագնապահար շրջանները:

Զօրակոչի ենթարկուեցան առաւելաբար Ուքրանիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ռուսիոյ պահեստիները, որոնք սակայն դժկամութիւն կը ցուցաբերէին իրենց երկրէն հեռու շրջաններ ուղղուելու եւ մեծ վտանգներ դիմագրաւելու:

Պաքու ղրկուած ուժերը չյաջողեցան քաղաք մտնել, որովհետեւ ազերիները ինքնաշարժներով եւ օթոպիւսներով փակած էին քաղաքին մուտքերը: Նոյն վիճակը կը տիրէր Գանձակի մէջ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17461

Trending Articles