Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հայկական Աշխարհը` Հայոց Աշխարհի Արեւելեան Դարպասէն

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Բ.
Դէպի… «Հոն»

10423632_723640331079635_5826858

Ապրիլի այդ օրերուն Հայաստան գտնուիլը անպայման ոեւէ հայ անհատի միտքին ու սիրտին մէջ պիտի արթնցնէր Արցախ այցելելու փափաքը, մանաւանդ երբ նոյն Արցախի սահմաններուն, հայկական բանակին կողքին, կանգնած է նաեւ տուեալ անհատին գաղափարակից ընկերներու ամբողջ փաղանգ մը, պատերազմական դրութեան մէջ, պատրաստ` ամէն ինչի:

Փաղանգ մը, որ 90-ականներուն արդէն «Ներկա՛յ» պատասխանած էր օրուան պատմական մարտահրաւէրին, Արցախի ազատագրական պայքարին: Այդ օրերուն «Ներկա՛յ» ըսողներէն շատեր վահանի վրայ վերադարձան տուն: Իսկ այսօր այդ նոյն կոչին ընդառաջողներէն քանի՞ հոգին բախտը պիտի ունենայ վահանով տուն վերադառնալու: Հայկական բանակէն ու կամաւոր մեկնածներէն աւելի քան հարիւր հոգի արդէն նահատակուած են:

Այս միտքերուն մէջ էի, երբ հեռաձայնը հնչեց: Եուրոն էր` «Ընկեր Վաչէ, գալիս ենք քեզ վերցնելու»: Պատրաստ էի արդէն ու ինկանք ճամբայ:

Պատկերացումս այն էր, որ պիտի հասնիմ Ստեփանակերտ ու այնտեղէն ձեւով մը հասնիմ «հոն»: Իսկ այդ «հոն»-ը Արցախի արեւելեան սահմանագիծն էր. իրականութեան մէջ` հայոց աշխարհի արեւելեան դարպասը, պաշտպանական պարիսպը` բառացիօրէն: Պարզուեցաւ, որ ոչ, Ստեփանակերտ պիտի չհասնինք, այլ պիտի ուղղուինք դէպի հիւսիս, Սեւան, Վարդենիս, այնտեղէն Քարվաճառ, Մարտակերտ, Մատաղիս ու… Թալիշ: Մէկ խօսքով, կոյրը մէկ աչք ուզեց աստուծմէ, իսկ ան տուաւ… երկու աչք:

arm145968619755

Ինքնաշարժին մէջ տեղ գրաւած 5 հոգիները ձեւով մը մանրակերտն են հայկական աշխարհին, որ կը զանցէ աշխարհագրական բոլոր սահմանները: Զանցում, որ անհասկնալի է ոչ թէ սովորական օտար քաղաքացիի մը, այլ նոյնինքն Մինսքի խումբի համանախագահներուն համար իսկ: Այս հինգէն մէկը ծնած ու մեծցած է Հայաստանի մէջ, երկու հոգի (եղբայրներ, ՀՅ Դաշնակցութեան առաջին դէմքերէն մէկուն երկու զաւակները) ծնած են սփիւռքի մէջ, իրենց մանկութեան փոխադրուած են Հայաստան ու հիմա իրենց կարգին` տուն-տեղ եղած: Անոնցմէ մէկը 11 օր առաջ ունեցած էր իր մանչ զաւակը` Վահագնը: Չորրորդը դարձեալ արտասահման ծնած ու միայն վերջերս Հայաստան փոխադրուած է, նաեւ` «թազա փեսայ»: Հինգերորդն ալ` Լոս Անճելըսէն, այս յօդուածագիրը: Բոլորն ալ տարբեր վայրերէ, սակայն գաղափարական նոյն ուղղուածութեամբ, կ՛ուղղուին դէպի միեւնոյն կէտը: Այս է իրականութիւնը: Չորսն ալ կամաւոր կ՛երթան դէպի խրամատները: Զիրար գրեթէ չենք ճանչցած, սակայն հիմա, դէպի Արցախ ուղղուող ինքնաշարժին մէջ, կարծես տասնամեակներու մտերմութիւն կայ մեր միջեւ:

Ճամբուն ընթացքին, բնութեան ու գարնան բերած շքեղանքին կողքին, կը նշմարուին նաեւ մարդկային թափթփածութիւններ եւ անկանոնութիւններ, որոնց շատոնց վարժուած եմ, բայց եւ այնպէս, պառաւներու նման կը սկսինք փնթփնթալու, մինչեւ… Մխոյին զգաստացնող խօսքը, այնքան վճռական ու արդար. «Սա Հայաստանն է ու վե՛րջ»: Իսկապէս, վե՛րջ: Սա մենք ենք մեր բոլոր առաւելութիւններով ու թերութիւններով: Եթէ կրնաս դրական փոփոխութիւն բերել, պայքարէ՛, այլապէս ձա՛յնդ կտրէ: Ո՞վ կրնար ակնկալել, որ յաճախորդէն երկու հարիւր դրամ աւելի կորզելու համար շառլաթանութեան դիմող թաքսիի վարորդներ այսօր իրենց ինքնաշարժին մէջ փակցնեն այդ կարճ ու սրտապնդող ազդը` «Հայ զինուորին սպասարկում ենք անվճար»: Ո՞վ կրնար ակնկալել, որ ճակատին համար գնումներ կատարող ՀՕՄ-ի ընկերուհիներէն շուկայի նոյն այդ փերեզակները 20-ի դիմաց միայն 10 պիտի գանձէին, յաւելեալ սնտուկներ ալ` «ի՛մ կողմից» ըսելով, ինչպէս անձամբ կը վկայէր ՀՕՄ-ական ընկերուհի Համեստը: Այս բոլորին կողքին ու նոյն այս օրերու մթնոլորտին մէջ, շան կաթ կերածները չէի՞ն, որ Հրազդանի ու այլ շրջաններու մէջ դիմեցին այլեւս «աւանդական» դարձած ընտրակաշառքի` իւրաքանչիւր քուէի համար վճարելով մինչեւ 30 հազար դրամ ու այդ ձեւով ալ «հարամ» ըրին Քեարամ Սլոյեաններուն, Մոնումենտցի Կեաժերուն ու տասնեակներով միւս նահատակներուն վճիտ արիւնը: Պիտի չուշանայ այն օրը, բանաստեղծին բառերով` «Կը գա՛յ մի օր», երբ իրե՛նք հարամ պիտի ըլլան, եթէ շուտով հրապարակաւ մեղայի չգան: Ու որքան շուտ, այնքա՛ն լաւ` հայրենիքին համար:

Արդէն Քարվաճառի կիրճերուն մէջն ենք. ժամանակ չկայ Թադիվանք այցելելու ու լեռնային այդ դարձդարձիկ ճամբաները մեզ կը հասցնեն Հաթերքի մօտերը, այնտեղէն Մարտակերտը շրջանցելով` կը մտնենք Մատաղիս ու ապա` Թալիշ:

Թէ՛ Մատաղիսը եւ թէ՛ Թալիշը բարեկարգ գիւղեր են, սակայն ակնյայտ է պատերազմին գործած աւերը: Մանաւանդ Թալիշի մէջ, ուր բնակարաններուն մեծ մասը ռումբի հարուածներ ստացած է: Չորս կողմի բլրակներու փէշերուն եւս ռմբակոծումին բացած փոսերն են: Թշնամին անխնայ ռմբակոծած է այս շրջանները, շատ յաճախ ալ` անիմաստ կերպով, ինչպէս կը վկայեն բլուրներու լանջերուն բացուած փոսերը:

Թալիշի մէջ շատ էին կիսաքանդ բարեկարգ բնակարանները, գետին տապալած ելեկտրական սիւները, տնքոցով գետին տապալած պտղատու ծառերը: Բայց չենք կրնար դեգերիլ, Թալիշի փողոցները շրջելու չենք եկած. պէտք էր «վեր» հասնիլ:

Չոր Իրականութիւն Եւ Առաջնահերթութիւն

«Վեր»-ը անշուշտ խրամատներն են, հայկական բանակի դիրքերը, որոնք յատուկ կարգադրութեամբ այժմ փոխանցուած են կամաւորներուն, մեծ մասով` 90-ականներու ազատամարտիկներ, որոնք հիմա կը հսկեն սահմանի այդ հատուածի ապահովութեան, բառացիօրէն միշտ պատրաստ` ամէն ինչի:

arm145968621421

Երեկոյեան դէմ է. կը հասնինք առաջին դիրքը: Խրամատներու, դիտակէտերու եւ կրակակէտերու համակարգ մըն է: Յանձնուած է ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան տղոց: Կ՛իջնենք ինքնաշարժէն ու մեզ կը դիմաւորեն զինուած երիտասարդները գոռում-գոչումով եւ ուրախութեան կանչերով, կարծէք… դաշտագնացութեան մը ուշացած մասնակիցներ ըլլանք` «Ո՞ւր մնացիք, խորովածը շատոնց այրեցաւ…» շունչով: Երեւանէն բան-ման ուղարկուած է իրենց, ներառեալ ընկերուհիի մը նամակը: Խմբապետը ծիծաղելով կը պոռայ` «Տղե՛րք, Անահիտը նամակ ա ուղարկել, եկէք ըստեղ»: Կը հաւաքուին բոլորը, ու խմբապետը բարձրաձայն բոլորին կը կարդայ  հայրենասիրական մեծ թափով գրուած նամակ մը, մէջ ընդ մէջ ուրախութեան քրքիջներու ստորակէտներով: Խրամատի մը դիտակէտէն կը նայիմ դիմացը. թշնամիի դիրքերն են քանի մը հարիւր մեթր անդին: Անոնք ալ վստահաբար` իրե՛նց սպառազինութեամբ: Հոս, սպառազինութեան կողքին, կայ զինուորական բարձր տրամադրութիւն, ուրախութիւն ու նոյնիսկ քրքիջ: «Սովորական մահկանացուներուս» համար անըմբռնելի է այս հակասութիւնը` կանգնիլ վայր մը, ուր որեւէ վայրկեան կրնայ մահու-կենաց կացութիւն ստեղծուիլ ու… քրքիջով դիմաւորել նոյն այդ ստեղծուելիք կացութիւնը:

Կը ծանօթանամ կարգ մը երիտասարդներու, որոնց արեւմտահայ առոգանութիւնը կը մատնէ զիրենք… Քանի մը հոգին միջինարեւելեան քանի մը երկիրներէ են: Ինծի կը ծանօթացնեն դիրքի մը ետին հսկող մէկը` Րաֆֆին: Կը ձեռնուինք. դո՞ւն ուրկէ ես, կը հարցնեմ. պատասխանը կ՛ըլլայ (հաւատաք կամ ոչ)` Նովա Սքոշիա. ընդարձակ Քանատայի մէկ հեռաւոր անկիւնը, ուր հաւանաբար մարդոցմէ աւելի եղջերուներ ու արջեր կ՛ապրին: Արցախի պատերազմին ձայնը հասած է հոն եւս, գէթ Րաֆֆիին ու ան, հակառակ իր անհատական կեանքին դէմ ցցուած բառացիօրէն բազմատեսակ ու անլոյծ թուացող խնդիրներուն, հակառակ իր կեանքի Գորդեան հանգոյցին, ան գործածած է 2300 տարուան մեթոտը` նոյն այդ հանգոյցը քակելու համար: Սփիւռքահայ Րաֆֆին (եւ միւսները) իր հարցերուն բոլոր պատասխանները գտած է Թալիշի այս սահմանին վրայ: Ինք բոլորին համար գտած է իր պայքարի բո՛ւն խրամատը` թէ՛ փոխաբերական եւ թէ՛ բառացի, ուրկէ այլեւս պիտի մղէ ոչ թէ իր, այլ բոլորի՛ս կռիւը, Հայաստանի ու հայութեան կռիւը, հայոց աշխարհի արեւելեան դարպասի այս սահմանին վրայ:

Լոս Անճելըսէն Թալիշ, դաժան, չոր, բայց իրական են այս ցեխոտ խրամատները: Մնացածը սուտ է կարծէք ու կեղծ. Տիզնիլենտին նման: Պէտք է գէթ անգամ մը կանգնիլ այս խրամատներուն մէջ, դիտակէտին ծակէն նայիլ թշնամիին սպառնալից դիրքերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ըմբռնել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Հայաստանի ու հայութեան ապահովութիւն ըսուածը, որպէսզի կարելի ըլլայ ճիշդ ըմբռնել «առաջնահերթութիւն» բառին իմաստն ու արժէքը: Բայց միւս կողմէ, Հայաստանին սպառնացող ապահովական ու գոյութենական վտանգը տեսնելու եւ ըստ այնմ ընելիքը ճշդելու համար, կարիք չկայ անպայման այս խրամատները այցելելու: Ականջ ունեցողը թող լսէ, մանաւանդ հոս` Ամերիկաներուն մէջ:

Երկար չենք մնար, պէտք է հասնինք միւս դիրքերը եւս ու ապա` կեդրոնատեղի: Հոն մեզ կը դիմաւորէ Արայիկը, որ 90-ականներէն է: «Կը հարցուփորձէ» զիս` ո՞վ եմ, ինչո՞ւ եկած եմ (կարծէք չէր գիտեր…): Մեր խօսքերէն աւելի` մեր աչքերն են, որ իրարու հետ կը հաղորդակցին: Հմմմ… Չէչէնն է:

Բայց ես տակաւին չպատմեցի Լոռիէն հոս հասած ազատամարտիկ ընկ. Հրանդին ըսածները, իր երկխօսութիւնը իր 5 տարեկան թոռան հետ:

Այդ մասին` յաջորդ եւ վերջին յօդուածով:

Մայիս 18 2016
Լոս Անճելըս

vproodian@gmail.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>