Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Ակնարկ. Վիեննան Վերահաստատեց 94-ի Համաձայնագիրը

$
0
0

Screen-Shot-2016-05-17-at-2.11

Արցախեան հակամարտութեան վերջին իրադարձութիւններու քննարկման յատկացուած Վիեննայի հանդիպման մասնակիցներու ձեւաչափը արտակարգ է: Հանդիպումը ո՛չ միջնախարարական է, ո՛չ միջնախագահական, ո՛չ ալ կողմերու նախագահներու եւ նախարարներու  եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի միջնորդներու մակարդակով միայն: Մասնակիցներու շարքը չէ փակուած նոյնիսկ ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչով:

Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներն ու Ֆրանսայի եւրոպական հարցերու պետական նախարարը համալրած են մասնակիցներու շարքը` Վիեննայի հանդիպումին տալով արտակարգ ձեւաչափի տարազ:

Արտակարգ ձեւաչափը կը նշանակէ արտակարգ իրավիճակէ բխած անհրաժեշտութիւն` կարգաւորման համար հիմնական որոշում կայացնելու տպաւորութիւնը ձգելով: Պարզ հայեացքով հակամարտութեան ներկայ փուլը իր վրայ կեդրոնացուցած է աշխարհաքաղաքական ուժերու ուշադրութիւնը:

Մասնակիցներու արտակարգ պատկերին մէջ պէտք է կեդրոնանալ ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի ներկայութեան վրայ. ան էր, որ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի արցախեան պատերազմին յատկացուած լսումներուն ընթացքին լուծման սկզբունքները ներկայացնելով յատկապէս շեշտեց ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը:

Պաշտօնական լրահոսը նկատի ունենալով փորձենք ամփոփել այն հիմնական կէտերը, որոնք Վիեննան որոշած է յետապրիլեան պատերազմի անմիջական ժամանակահատուածին:

Ա. Քննարկուած են արցախեան հակամարտութեան գօտիին վրայ ապրիլի սկիզբը կատարուած հրադադարի կոպիտ խախտումին պատճառով ստեղծուած լարուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու հաւանական ուղիները:

Բ. Համանախագահող երկիրները շեշտած են 94-ի եւ 95-ի համաձայնագիրները յարգելու եւ անոնց իրականացումէն չշեղելու անհրաժեշտութիւնը:

Գ. Համաձայնութիւն գոյացած է քայլերու ձեռնարկելու մշտադիտարկման եւ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի հաստատման եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի կարողութիւններու յաւելման հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ բանակցութիւններու հաւանական վերսկսման համար:

Առաջին հայեացքով այստեղ հասցէական յայտարարութիւններ չեն հնչած. եւ իբրեւ անոր հետեւութիւն չկայ նաեւ որեւէ իրաւադրոյթ, որ պատասխանատուութեան ենթարկէ նախայարձակը, միջազգային երաշխաւորութիւն ունեցող հրադադար անվերջ խախտողը: Սակայն կարելի չէ չնկատել այստեղ հայկական կողմի ձեռք ձգած առաւելը` 94-ի զինադուլը բանակցութիւններուն մեկնարկ, եւ զինադուլի հաստատման միջազգային համաձայնագիր նկատելու. իրականութիւն մը, որ մնայուն կերպով անուշադրութեան կը մատնուէր Պաքուի կողմէ: Թէ՛ 94-ը եւ թէ՛ 95-ը միջազգային համաձայնագիրներ են. եւ միջազգային այդ համաձայնագիրներուն մաս կազմած է Ստեփանակերտը: Հիմա ալ Վիեննան  յետապրիլեան ժամանակահատուածը քննարկելու եւ լարուած իրավիճակէն դորս գալու համար կը վերաամրագրէ այն, որուն յղում կը կատարէր հայկական կողմը եւ այն, ինչէն կ՛ուզէր խուսափիլ ազրպէյճանականը:

Եթէ առաջին եւ երկրորդ կէտերը հաստատումներ են եւ գնահատականներ, ապա երրորդը ուղղակի համաձայնութիւն է: Այս առաջադրանքը հայկական կողմինն էր եւ դարձեալ անուղղակի մերժումը Պաքուի կողմէն: Այստեղ խնդիրը ոչ միայն մշտադիտարկումներու արդիական սարքերով իմանալն է, թէ ո՛վ է նախայարձակը, թէ ո՛վ է հրադադար խախտողն ու դիպուկահարը եւ ո՛վ պատասխան տուողը, այլ շփման գօտիին վրայ երկարաժամկէտ եւ համապարփակ դիտորդական առաքելութեան մասին է խօսքը:

Ապրիլեան ռազմական արկածախնդրութեամբ Պաքուն յանգեցաւ ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափին անփոփոխելիութեան եւ անոր հաստատման արտակարգ բնոյթի մասնակցութեան:

94-ի զինադուլի վերաամրագրման, ուր Ստեփանակերտը միջազգային ընտանիքին կողմէ կ՛ընդունուի իբրեւ համաձայնագիրի անկախ կողմ:

Եւ այսօրուան սահմաններուն վրայ մշտադիտարկման սարքաւորումներու հաստատման: Հասկնալի է, որ մշտադիտարկումը չէ որ միջազգային ընտանիքը պիտի համոզէ նախայարձակի դիմագիծին մասին, այսուհանդերձ փաստերը արձանագրելու եւ ի պահանջեալ հարկին պատասխանատուութիւնները մատնացոյց ընելու առումով նկատառելի դրութիւն է:

Վիեննայով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին անձնական ներկայացուցիչին գործունէութեան լիազօրութիւններուն ընդլայնման որոշում տրուած է: Այս մէկը եւս հարցի լուծման հարթութիւնը կ՛ամրապնդէ ԵԱՀԿ-ի շրջանակներուն մէջ: Բան մը, որ մնայուն կերպով կ՛ուզէր տեղափոխել Պաքուն:

Վիեննան վերահաստատեց 94-ի առանցքը: Այլ խօսքով` համաձայնագիրներուն Ստեփանակերտի մասնակցութեան ընդունումը:

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>