Իր մտածումին ծիրը լայնօրէն կը բացուէր ու իր մէջ կ՛ընդգրկէր սփիւռքի ամենահեռաւոր անկիւններէն մինչեւ Հայաստանի ամենայետին գիւղը, լեռնաշխարհի կտորը, որոնց մէկ ընդհանուր պատկանելիութեան մէջ միաձուլումը կը համարէր պահպանելիք հիմնական ձգտում. հետապնդուելիք հիմնական նպատակ…. Մտասեւեռումը հայ ժողովուրդի ապագան էր. ապագայ մը, որ ամբողջական փթթում կրնար ըլլալ միայն սեփական, ազատ, անկախ եւ ամբողջական հողերով հայրենիքի մէջ (Կը վկայէ «Դրօշակ»):
ԱՏՈՒՐ ԳԱՊԱՔԵԱՆ
Հայ դատը 1915-էն չի սկսիր: Վեց դար առաջ թուրքը իշխեց զինու զօրութեամբ եւ վեց դար շարունակ զինու զօրութեամբ նուազեցուց մեզ` նաեւ քանակով տիրելու համար այդ հողերուն: Հայ դատի մեր փաստարկութիւնները բացարձակապէս զերծ պէտք է մնան միայն «Ապրիլեան եղեռն»-ին կառչելու սխալ կերպէն: Եւ ցեղասպանութիւնը պէտք է ներկայացնենք իբրեւ քաղաքական-պետական ծրագիր` անոր հակադրելու համար մեր Դատը` իբրեւ քաղաքական-իրաւական պահանջ:
Կ. ՄԵՀԵԱՆ
Եթէ սրտով ու արիւնով պահես վառ
Հաւատքիդ կայծն ամէնուր,
Ան կը դառնայ չարիքին դէմ ջարդարար
Ամենազօր լափող հուր:
Եթէ միայն քու պապերուդ սրբալոյս
Հին հաւատքով միշտ ապրիս
Կեա՛նք է նորոգ ամէն երազ. ամէն յոյս.
Քուկդ են Արաքսն ու Մասիս…
Մ. ԻՇԽԱՆ
ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով
87.- Հակադաշնակցական պայքարը իր ամենաբուռն արտայայտութիւններից մէկը ունեցաւ Պարսկաստանում Բ. Աշխարհամարտի ընթացքում: Այս փորձութիւնից եւս ՀՅ դաշնակցութիւնը շնորհիւ իր հեռատես ու անտեղիտալի պայքարի յաջողեց պատուով դուրս գալ: Դաշնակիցների կողմից Պարսկաստանը գրաւուելուց յետոյ բոլշեւիկների եւ նրանց յարած իրանեան Թուդէ կուսակցութեան կողմից Դաշնակցութեան դէմ բացուեց մի կատաղի եւ անպարկեշտ պայքար, որին դիմակայեց Դաշնակցութիւնը` տալով զոհեր: Ձերբակալուեցին կամ աքսորուեցին դաշնակցական մի շարք ղեկավարներ, ինչպէս Վարոս Բաբայեանը, Բաղդիկ Մինասեանը, Անդրէ Ամուրեանը, Խաչատուր Գրիգորեանը եւ ուրիշներ:
88.- 1947 թ.ի սեպտեմբեր-հոկտեմբերին, Գահիրէի մէջ գումարուեցաւ 14-րդ Ընդհանուր ժողովը: Տասնամեայ դժուար ժամանակաշրջանի մը հաշուեյարդարի ժողովը եղաւ: Երկրորդ Աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ երեւան եկած էին քաղաքական հակասական ուղղութիւններ. մէկ կողմէ կուսակցութիւնը պաշտօնապէս կողմնորոշուած էր Դաշնակիցներուն ի նպաստ, իսկ միւս կողմէ, պատասխանատու ընկերներ անհատական նախաձեռնութեամբ որոշ յարաբերութիւններ մշակած էին Գերմանիոյ հետ` Հայաստանն ու հայութիւնը փանթիւրքիզմի վտանգին դէմ անպաշտպան չձգելու մտահոգութեամբ: Ժողովը կը հաստատէ, որ դաշնակցական ռազմավարութեան մէջ առաջնահերթ արժէք պէտք է տալ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութեան նկատառումներուն:
89.- Արտերկրի հայութիւնը գաղափարականօրէն պառակտելու եւ ներքնապէս ջլատելու պոլշեւիկեան քաղաքականութեան դէմ` ՀՅ դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ հայ քաղաքական մտքի անկորնչելի արժէքներուն շուրջ ի մի խմբել տարագիր հայ մտաւորականութեան ամէնէն փայլուն եւ գաղափարապաշտ ուժերը: Դաշնակցական այդ գործունէութեան յիշատակելի դրուագներէն մէկը եղաւ Միջին Արեւելքի Հայ գրողներու համագումարը, որ սեպտեմբեր 1948-ին գումարուեցաւ Նիկոլաւանի մէջ (Շթորա, Լիբանան)` հայ մտքին հատու պատասխանը տալու համար պոլշեւիկներու պառակտիչ քաղաքականութեան, որուն հետեւանքով` «հայաջինջ սարսափէն մինչեւ ներգաղթի խաբկանքը, երբեւիցէ ա՛յսքան վտանգուած չէին մեր մշակոյթը, գրականութիւնն ու լեզուն այսքան կործանարար պառակտումներ ստեղծած չէին նաե՛ւ իմացական ճակատի վրայ»:
90.- 1955 թ.ի ապրիլ-մայիսին, Գահիրէի մէջ գումարուեցաւ 16-րդ Ընդհանուր ժողովը: Ստալինեան ներշնչումով համայնավարական ծաւալապաշտութեան դէմ գաղափարական պայքարը ուժեղացնելու որոշում տուաւ: Որոշեց հրաժարիլ հայ կեանքի մէջ ընդդիմախօս կուսակցութեանց հետ քաղաքական ամէն գործակցութեան փորձերէն, այնքան ատեն որ այս վերջինները կամազուրկ գործիքի վերածուած էին Քրեմլի հակադաշնակցական պայքարին ձեռքը: Առ այդ` ժողովը որոշեց դիմագրաւել Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դէմ քաղաքական հաշիւներով նիւթուող սադրանքները: