ՅՈՎՍԷՓ ԷՍԿԻՃԵԱՆ
Թէեւ այսօր փակուած է այն ճաշարանը, որուն ակնարկութիւն կը կատարուի ստորեւ հրատարակուած յօդուածին մէջ, բայց եւ այնպէս զայն կը հրատարակենք արտայայտուած շինիչ գաղափարներուն եւ տեսակէտներուն համար:
«Ա.»
Յամի Տեառն 2005 թուականին արտասահմանի զանազան երկիրներէ հայրենիք ժամանած զբօսաշրջիկներու խումբիս ապրած ուրախ եւ յիշատակելի պահերու կողքին, Երեւանի Մաշտոց պողոտային վրայ զգացի անօրինակ ցասում` «Սուլթան խորոված» մատուցող օտարոտի «Ռեստորան»-ին առջեւ:
Արդարեւ, խումբս Մաշտոց պողոտային երկայնքին լուսազարդուած հարուստ ցուցափեղկերը դիտելով` զարմացումով կանգ առաւ յիշեալ «Սուլթան խորոված» եւ «Արեւելեան շաւուրմա» սպասարկող ճաշարանի մուտքին:
Ի դէպ, նոյն օրերուն Մաշտոց պողոտայէն հազարաւոր յանձնառու հայորդիներ եւ «Աղբալեան ուսանողական միութեան» կուռ շարքերով ջահակիրները, ջահերթ կազմած, խրոխտ քայլերով Ծիծեռնակաբերդ կ՛ուղղուէին… «Սուլթան խորոված» ռեստորանին մէջ «բիզնես» ծաւալող հայածին սեփականատիրոջ անտարբեր աչքերուն ու նայուածքին առջեւ:
Համարձակեցանք դիմել իրեն եւ խմբովին անհաւատալի իրողութեան մը տխուր վկաները դարձանք, քաղաքավար ոճով խումբիս տագնապալի ցասումը արտայայտեցինք (ներողութիւն` նմանութեան համար) «Սուլթան (Համիտ) խորովածի ռեստորանին օտարոտի եւ անյարմար անուանումին համար եւ ճաշարանի տիրոջ հարց տուինք այդ մասին, մանաւանդ որ կը գտնուէինք Մաշտոցի անուան պողոտային վրայ:
«Ռեստորան»-ի անտարբեր սեփականատէրը ի՛ր կարգին, մեր խո՜ր զարմացումին ի տես, շատ բնական զարմացումով մը պատասխանեց.
«Աղբե՛ր ջա՜ն, սա բիզնես ա, ու վերջ»:
Ուրեմն, քանի որ Երեւանի սրտին, Մաշտոցի անուան պողոտային շուրջ բոլորը` հայրենի մեր եղբայրները այսպէս կը հասկնան հայրենասիրութիւնը եւ այսքան բարձր է հայրենի անմեռ Ոգին, կարելի է որ Մեսրոպ Մաշտոցը, Համիտ սուլթանը յիշեցնող խորովածի ռեստորանը, եւ «Արեւելեան շաւուրմա»-ով Հարուն էլ Ռաշիտ խալիֆան, եւ «Ճեզւէ» սրճարանի լեղի սուրճ մատուցող տէրը կամ տէրերը համատեղ գոյատեւեն, եւ այսպէս կը ծաղկի հայախօս թուրքերուն բիզնեսը` հեռուէն խոժոռացած Արարատը ակամայ Մեծ վկան կը դառնայ այս «ալըշ-վերիշին»….
Ըսէ՛ք, բարի՛ մարդիկ աշխարհի ու դո՛ւք` յանձնառու հայորդիներ հայրենի, Հայաստանի երկրորդ հանրապետութեան վերանկախացումէն 25 տարիներ ետք, արդէն չափահասութեան տարիքին հասած ու անցած` Հայաստանի արի մարդոց իշխող դասը, եւ «Հպա՛րտ Հայաստան»-ի ղեկավարութիւնը` սպասելի էր, որ շատոնց շրջանցած ըլլային խորհրդային բռնապետութեան թափթփուքներէն ժառանգ մնացած, ու տակաւ քաշկռտուող ապազգային յոռի բարքերը, հարկ է որ ծրագրէին արժանապատիւ կեանքի տուեալները, ապահովէին աղքատութեան եզրին դեգերող հայրենի ազգաբնակչութեան տանելի ապագան, մշակէին շուկայական թեքումով եւ անտառի օրէնքներով զարգացող տնտեսական եւ առեւտրական գործառնութիւնը հակակշռելու գործընթացը, զարկ տային քաղաքացիական եւ ընկերային հասունութեան մշակոյթի ծաղկման, որդեգրէին Հայ Ոգիի պահպանման եւ ազգային բարոյական հասկացողութեանց եւ աւանդութիւններու տեւականացման մարտահրաւէրները, հսկէին հայոց լեզուի անաղարտ պահպանման եւ պատշաճ գործածութեան, ջնջէին օտարամուտ, վայրագ եւ ապազգային երեւոյթներու դրսեւորումը, չափ ու սահման դնէին… սունկի պէս բուսնող օտար լեզուով գովազդներու զարգացման, սահմանափակէին` վաճառատուներուն անճոռնի ու խայտառակ անուանումները… որոնք, ի դէպ, ամենայն անպատասխանատուութեամբ կը զարդարեն «բիզնես» ծաւալող հաստատութիւններու ճակատը, վաճառատուներ, որոնք խոհանոցային ուտեստեղէններ կը մատուցէին չնաշխարհիկ բնութագրումով… «Սուլթան Համիտ խորոված», Հարուն Էլ Ռաշիտ խալիֆայի քիմքին վայել «Արեւելեան շաւուրմա» եւ երջանիկ Եմէնէն ներածուած եւ «Ճեզւէ» սրճարանին մէջ սպասարկուող լեղի սուրճ:
Ոեւէ գիտակից ու հայրենասէր հայորդի, Հայաստանի ազգաբնակիչ թէ սփիւռքացեալ գաղթականի զաւակ, հարկադրաբար պէտք է խորթ կերպով ընկալեն մեր ազգային անմեռ ոգին վիրաւորող, ու հայոց լեզուի մաքրութիւնը աղճատող անուանումները:
Մեզի նախորդող սերունդները, աւելի քան դար մը առաջ, լեզուական ու մշակութային սքանչելի յեղափոխութիւն մը իրականացուցին` Աշխարհաբարը մաքրազտեցին, մեր լեզուամտածողութիւնը հայացուցին եւ այս, որպէսզի մենք կարողանանք հպարտօրէն ոսկեղնիկ հայերէնով հաղորդուիլ` «Զբանն հանճարոյ»-ի իմաստութեանց մթնոլորտին, եւ ո՛չ թէ մեր որկորը կշտացնէինք եւ ստամոքսային խիթերը հանդարտեցնէինք «Սուլթան խորոված»-ով, «Արեւելեան շաւուրմա»-ով եւ հաճոյանայինք «Ճեզւէ» սրճարանի լեղի սուրճով:
Կը հաւատանք, որ Մաշտոցի անմեռ ոգին մատենադարանի իր դարաւոր հանգիստէն պիտի վերարթննար, ու նման Քրիստոսի` խարազան ի ձեռին դուրս պիտի շպրտէր… Բոլո՜ր, բոլո՜ր «Սուլթան խորոված»-ներու, «Արեւելեան շաւուրմա»-ի տեսակաւոր սպասարկողները եւ «Ճեզւէ»-ով լեղի սուրճ մատուցող եւ այսօրինակ «բիզնես»-ներ ծաւալող բոլո՜ր մութ հերոսները:
Պէյրութ` 20/03/2016