Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Գերակայութեան Բարդոյթ…

$
0
0

khemp Hayrenik_51616

Արդեօք գերակայութեան բարդոյթի արդիւ՞նքն է պատահածը, թէ՞ հակառակն էր որ պատահած էր եւ ստորակայութեան բարդոյթի հետեւանք` դիմուած էր այդ գերակայութեան:

Թուրքիոյ նախագահ եւ այդ բարդոյթներով տառապող Էրտողանի թիրախը այս անգամ տարիներու իր գործընկերն էր` յանձինս վարչապետ, արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար Ահմեթ Տաւութօղլուին, որ մայիս 6-ին, իր հրաժարականը տալէն օր մը առաջ, հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, թէ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու աշխուժութիւնը սպառնալիք մըն է Թուրքիոյ եւ ամբողջ աշխարհին համար, եւ թէ` պէտք եղած ժամանակ, Անգարա կրնայ առանձին ցամաքային զինուորական գործողութիւններու սկսիլ:

Այս հռետորական խօսքերէն օր մը ետք, այս անգամ իր կուսակցութեան խորհուրդի ժողովէն ետք, ան բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ եւ շատ աւելի հեզ ձայնականութեամբ յայտնեց, թէ ան կը հեռանայ վարչապետի պաշտօնէն, եւ թէ արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան յառաջիկայ ընդհանուր ժողովին մտադրած է իբրեւ թեկնածու չներկայանալ:

Ինչպէ՞ս բացատրել գրեթէ 24 ժամուան մէջ ստեղծուած այս շրջադարձը, այս ծաւալողապաշտ` զինուորական գործողութիւններ կատարելու մարմաջէն ինքզինք չէզոքացնելն ու կծկուիլը: Հանրածանօթ իր «Զերօ Համբերութիւն» նշանաբանով`  Տաւութօղլու համբերութիւնը կորսնցուցած կը թուի ըլլալ: Աւելի ճիշտը իր վարպետը` էրտողանն է, որ անհամբեր է` իրաւասութիւններ ստանալու եւ շարունակ բարձրանալու:

Եւ այս անգամ արտաքին քաղաքականութեան եւ սահմանակից տարածաշրջանէն կիրարկուած տարբեր «Զերօ համբերութիւն» մը ներմուծուած է Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքէն ներս, որուն տեղին է մօտէն հետեւիլ, հասնելու համար յստակ եզրակացութիւններու:

Արդարեւ, վերջին շաբաթներուն խորհրդաւոր եւ անհասցէ պլոքէ մը սկսած էր տեղեկութիւն տարածուիլ, որ Թուրքիոյ ազգային շահերուն դէմ դաւադրութիւններ կը պատրաստուին եւ թէ` միա՛յն նախագահին կարողութիւնն ու իմաստութիւնը կրնան փրկել հայրենիքը: Յստակ էր, որ այս խորհրդաւոր բառերուն եւ կայքէջին ետին կը կանգնէին նախագահ Էրտողանն ու իր քարոզչական մեքենան, որ այս անգամ շատ աւելի դժուար պարտականութիւն մը ունէր կատարելիք, որովհետեւ ազգային շահերէն աւելի ներազգային` ներքին խոհանոցային հարցեր գոյութիւն ունէին, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս` Սուրիոյ առնչուած տեղահանուածներու պատճառով, եւ անշուշտ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ տարակարծութիւններու առնչութեամբ, ան որոշած էր գահընկէց ընել իր երկար տարիներու գաղափարակից ընկերը:

Ուրեմն, յառաջիկայ մայիս 22-ին, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին պիտի չառաջադրուի Տաւութօղլուի թեկնածութիւնը` իբրեւ ղեկավարի:

Ասկէ ետք անծանօթ եւ «լուսանցքային» անձնաւորութիւն մը` Ահմեթ Տաւութօղլու, պիտի յիշուի եւ նշուի միայն ու միան` որպէս Գոնիայի շրջանէն ընտրուած երեսփոխան մը:

Դեռ ու՞ր պիտի հասնի այս «սուլթան» Էրտողանին մեծամոլութիւնը: Իսկ եթէ Տաւութօղլուն եւ նախապէս նախագահ Կիւլը հասած են այդ դրութեան, հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ արդէն իսկ խորհրդարանէն եւ սահմանադրական յանձնախումբէն ներս ֆիզիքական բռնութիւններու եւ սպառնալիքներու ենթարկուած, այլախոհ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի իրավիճակը:

10 մայիս, 2016

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>