ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Վե՛ր կաց գերեզմանից, Անդրանի՛կ փաշա»
ԳՈՒՍԱՆ ՀԱՅՐԻԿ (ՀԱՅՐԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ)
Երիտասարդ տարիքին այս աշխարհէն հեռացաւ երէց եղբայրս` Անդրանիկը:
Վիշտս մեծ էր: Լման տարի մը երաժշտական ասպարէզէս հեռու մնացի:
Երաժիշտ բարեկամներուս համոզելու փորձերը` վերսկսելու նուագի, որպէսզի «փոխուիմ», ապարդիւն անցան: Երաժշտութիւն ունկնդրելն անգամ «մեղք» կը համարէի:
Վերջապէս օր մը կարողացան համոզել եւ միասին գացինք «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ` ներկայ գտնուելու այդ ժամանակ ինծի անծանօթ, մայր հայրենիքէն նոր Լիբանան ժամանած երգիչ Կարօ Մածունեանի երգահանդէսին:
Ազգային երգերով լեցուն էր երգացանկը: Յանկարծ սկսաւ երգել երգ մը, որ նախապէս բնաւ չէի լսած:
«Վե՛ր կաց գերեզմանից, Անդրանի՛կ փաշա»:
Արցունքոտ աչքերով ինքզինքս սրահէն դուրս նետեցի:
Տարիներ անցան: Անդրանիկին զաւակները հասակ առին եւ իր տղուն հայկական երկրորդական վարժարանէն վկայուելու առիթով հաւաքուած` կը տօնէինք այդ ուրախալի օրը, ուր բացակայ է իր հայրը` Անդրանիկը:
Երբ կարկանդակը կտրելու եւ շամփանիա բանալու ժամանակը հասաւ, նախապէս եղբօրորդիիս կարգադրութեամբ, յանկարծ լսուեցաւ երգ մը, որ տարիներ առաջ արցունք խլած էր աչքերէս:
«Վե՛ր կաց գերեզմանից, Անդրանի՛կ փաշա»:
Ներկաները, բոլորը անխտիր, արցունքոտ աչքերով ողջագուրուեցան օրուան հերոսին հետ:
* * *
Անհամար են Անդրանիկ փաշայի թուրքին ու քիւրտին դէմ կատարած կռիւներն ու յաղթանակները: Միշտ առաջին շարքի վրայ գտնուելով հանդերձ, ո՛չ իսկ մէկ գնդակ հասած էր մեծ հերոսին:
Կարծես սովորական մահկանացու մը չըլլար: Գնդակները երբ մօտենային, ինքնաբերաբար իրենց ուղղութիւնը կը շեղէին:
Անդրանիկ կռուի ընթացքին չմահացաւ: Աչքերը յաւիտեան փակեց իր պաշտած հայրենիքէն շատ հեռու, Միացեալ Նահանգներու մէջ:
«Վե՛ր կաց գերեզմանից, Անդրանի՛կ փաշա»:
Անդրանիկ փաշա, հայութեան ամենախիզախ հերոսներէն մէկը ըլլալով հանդերձ, ուշ կամ կանուխ, կռուի դաշտի վրայ, թէ բնական մահով, իր աչքերը յաւերժ պիտի փակէր: Գերեզմանէն ոչ ոք յարութիւն կ’առնէ, սակայն Անդրանիկ, իր ողջութեան շրջանին, թէ յետմահու, ապրեցաւ եւ յաւիտեան կ’ապրի ամէն հայրենասէր հայու սրտին մէջ: Իր հոգին ներկայ է. ուժ, քաջութիւն ու կորով կը ներշնչէ իւրաքանչիւր հայ ֆետայիի ու ազատամարտիկի:
Կ’ըսուի, թէ հոգին ամէն տեղ է:
Անդրանիկի հոգին այսօր կը գտնուի Արցախ, կը մասնակցի անոր ազատագրական պայքարին: Կը խրախուսէ մեր աննման ազատամարտիկները:
Երբ 26 տարեկան Արմենակ Ուրֆանեան առանձինը կը շարունակէ մարտը, կը պայթեցնէ հրասայլ մը` միաժամանակ պայթեցնելով ինքզինքը, վստահաբար Անդրանիկի եւ այլ նահատակ հերոսներու հոգին էր, որ կը մղէր երիտասարդ հերոսը` առնելու այդ խիզախ քայլը:
Անդրանիկի հոգին Լիբանան էր, երբ քաղաքացիական պատերազմի շրջանին Սերժիկ Թովմասեան զգալով, թէ ռումբը պիտի պայթի եւ իրեն հետ պիտի սպաննէ տասնեակ մը հայ տղաք, ինքզինքը նետեց ռումբին վրայ եւ իր մահով ստոյգ մահէ փրկեց իր ընկերները, վստահաբար այդ ժամուն Անդրանիկի հոգին էր իր մէջ, որ մղեց առնելու այդ յանդուգն քայլը:
«Վե՛ր կաց գերեզմանից, Անդրանի՛կ փաշա»:
Հողին յանձնուած անշունչ մարմնէն, հոգին նոր չէ, որ դուրս պիտի ելլէ գերեզմանէն: Անոր հոգին կը գտնուի ամէն ազգայնապաշտ հայու մէջ:
Ամէն երկրի բանակ կը բաղկանայ զինուորներէ: Շատեր կը ծառայեն պարտադիր, ուրիշներ` ժամանակաւոր, որպէս ապրուստի միջոց:
Կան նաեւ վարձկան զինուորներ, որոնք անխիղճ մարդասպաններ են եւ չունին ազգասիրական ոգի: Արհեստով` տմարդի ոճրագործներ:
Այսօր մեծ է թիւը Սուրիոյ մէջ գտնուող այդ վարձկաններուն:
Արցախի բանակը կը բաղկանայ ազատամարտիկներէ, եւ ոչ թէ` զինուորներէ:
Ազատամարտիկ` ազատութեան համար մարտնչողներ, որոնց կարելի չէ «զինուոր» մակդիրով որակել:
Անոնք նուիրեալ հայրենասէրներ են, որոնք կը պատերազմին հաւատքով:
Երբ պատանի արցախցին, տակաւին կեանքի վայելքները չհամտեսած, կ’ուղղուի դէպի ճակատ, երբ երիտասարդ հայրը, իր նորածին զաւկին երեսը չտեսած, կը միանայ իր ընկերներուն, երբ ճերմակ մազ-մօրուքով տարեց արցախցին, որ 20 տարի առաջ ազատագրած էր Շուշին, այսօր կը միանայ իր զաւկին ու թոռնիկին ու միասին ճակատաբաց կը վազեն ռազմաճակատ, անկասկած Անդրանիկի եւ Արցախի նահատակ ազատամարտիկներու հոգին է, որ կը մղէ առնելու այդ խիզախ քայլը:
Նորութիւն չէ հայ ֆետայիներու խիզախութիւնը: Քիւրտ աղջիկներն անգամ հայ ֆետայիներուն գովքը կը հիւսէին: Իրենց համար խիզախութիւնը ամէն բանէ վեր էր: Նոյնն է պարագան Արցախի ազատամարտիկին:
Հայ ազատամարտիկին ու ֆետայիին խիզախութիւնը ոչ մէկ տեղ կարելի է գտնել` ո՛չ քիւրտին քով, ո՛չ ալ ազերիին: Տակաւին չխօսինք թուրքին մասին, որ իր զէնքը կ’ուղղէր կիներուն եւ երեխաներուն:
Այդպէս չէր հայ ֆետային: Այդպէս չէ Արցախի ազատամարտիկը:
«Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրիժառու քաջ ֆիտան»:
Արցախի ազատամարտիկի մը հետ կատարուած հարցազրոյց մը կը դիտէի: Հազիւ «Աղուամազ բուսած երես ծնօտին» երիտասարդ հերոսը, նոյն նշանաբանը որդեգրած էր:
– Մենք հողեր ենք գրաւում էլի: Մենք անմեղ քաղաքացիների ձեռք չենք երկարի:
Միամտաբար մեզի «բարեկամ» կամ «դաշնակից» կարծեցեալ երկիրներ բազմիցս յուսախաբ ըրած են մեզ:
Կարծեցեալ «դաշնակից» Ռուսիա արդիական զէնքեր կը վաճառէ Ազրպէյճանի, որոնցմով անմեղ հայեր կը սպաննուին:
Կարծեցեալ «բարեկամ» Ֆրանսան նոյնպէս Կիլիկիան կը յանձնէ թուրքերուն եւ անձայն կը հեռանայ` պատճառ դառնալով ամբողջ Կիլիկիոյ հայութեան դատարկումին:
Ե՞րբ պիտի սորվինք չվստահիլ ոեւէ դաշնակիցի: Վստահիլ միայն մեր միասնակամութեան, որ մեր ամենահզօր ուժն է:
Այնքան ատեն որ մեր երկիրը չունի բնական հարստութիւն, որմէ կրնան օգտուիլ մեծ պետութիւնները, չունենանք այն ցնորքը, թէ հայը բարեկամ երկիր կրնայ ունենալ:
Ո՞ւր էին մեծ պետութիւնները, երբ «ժողովրդավարութիւն» պատրուակելով` կը տապալէին Լիպիոյ եւ Իրաքի բռնատէրերը: Ազրպէյճանի նախագահի բռնատէր ըլլալը գաղտնիք մը չէ բոլորին: Անժխտելի իրականութիւն մըն է այդ մէկը:
Ոչ միայն չեն տապալեր 21-րդ դարու ամենամեծ բռնատէրը, այլ թիկունք կը կանգնին` ի սէր իր երկրին մէջ գտնուող քարիւղին ու բնական կազին:
* * *
Ո՞ր ազգի պատմութեան մէջ լսուած է, որ բարձրաստիճան կղերականներ երթան պատերազմի ճակատ` խրախուսելու մարտիկները:
Հայը տարբեր ազգ է:
Վարդանանց պատերազմին Ղեւորդ Երէց կը գտնուէր հայոց բանակի կողքին:
Դարեր ետք` այսօր, ազատամարտիկներու կողքին են մեր զոյգ վեհափառները:
Հասած են Արցախ` խրախուսելու, նաեւ նիւթապէս կոկիկ գումարով մը իրենց մասնակցութիւնը բերելու` որպէս «Կարմիր ժամուց»:
Ղեւոնդ Երէց` «Վասն կրօնի ու հայրենեաց», իսկ զոյգ վեհափառները`
«Վասն Արցախի սուրբ հողի վերջնական ազատագրման»:
«Թող իմ թափած արեան շիթեր
Օրինակ դառնան ազատամարտիկին»:
Ազերին փորձելով գրաւել մեր հողերը` անզգալաբար օգտակար հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի միասնակամութեան:
Միշտ այդպէս եղած է մեր պարագային: Զիրար չենք հանդուրժեր, զիրար կը քննադատենք, սակայն երբ ունինք հասարակաց թշնամի մը, կը մոռնանք ամէն տարակարծութիւն: Միասին մէկ ճակատ կազմած` կը պայքարինք մեր հասարակաց թշնամիին դէմ:
Այսօր, Հայաստանի թէ սփիւռքի հայութեան մօտ, այդ է պատկերը:
«Հայե՛ր, միացէ՛ք, միացէ՛ք, հայեր
Արցախն է մեզ կանչում, օգնութեան հասէ՛ք»:
Վարդանանց եւ արցախեան չորսօրեայ պատերազմ:
Պարսիկ բանակը` փիղերով պաշտպանուած, իսկ Վարդան ու իր բանակը` նետ ու աղեղով:
Ազրպէյճան` իր գերարդիական զէնքերով, իսկ արցախցին` իր «հնադարեան» թնդանօթներով:
Շատերէ լսած եմ, Վարդանանցի թէ արցախեան վերջին չորսօրեայ պատերազմին մասին, թէ «Բարոյական յաղթանակը այնքան կարեւոր չէ, որքան` իսկական յաղթանակը»:
Սխա՛լ մեկնաբանութիւն: Վարդանանցի բարոյական յաղթանակով է, որ դարձանք իսկական յաղթական:
«Վասն կրօնի եւ հայրենեաց» պատերազմ մըն էր, եւ այդ բարոյական յաղթանակով է, որ պահեցինք մեր քրիստոնեայ կրօնը:
Այսօր նոյն պատկերն է, որ կը պարզուի մեր դիմաց:
Անժխտելի իրականութիւն է: Ունեցանք անմեղ զոհեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը անփոխարինելի հերոսներ են, սակայն Ազրպէյճան ո՛չ միայն չկրցաւ հասնիլ իր նպատակին, այլ շատ լաւ հասկցաւ թէ ո՛վ է արցախցին:
«Պատերազմ էք գնում, բարո՛վ գնացէք,
Ինչքան էլ դժուար լինի, դիմացէ՛ք:
Հողը արիւնով են կերտում, իմացէ՛ք»:
Անդրանիկի հոգին, ըլլալով Արցախ, այս դժուար օրերուն կը գտնուի նաեւ սփիւռքի մէջ, ուր Անդրանիկի հոգիով զօրացած` իրենց նիւթական օգնութեամբ կ՛օժանդակեն Արցախի` արդիական զէնքերով օժտելով Արցախի սուրբ բանակը:
Մենք Պաքուի նաւթահորերը չունինք, սակայն սփիւռքի մէջ ունինք բաւական թիւով ինքնաբաւ հայորդիներ, եւ մեր մեծ ու փոքր լումաներով բոլորս անխտիր մասնակից դառնանք Արցախի վերջնական յաղթանակին:
Խնճոյքի ճոխ սեղաններու շուրջ Արցախի ժողովուրդին կենացը խմելը բաւարար չէ:
«Ապրի՛ն Արցախի ազատամարտիկները» լոզունգները բաւարար չեն: Բռունցքները երկինք բարձրացնելով` «Ղարաբաղը մերն է» նոյնպէս բաւարար չէ:
Թող այդ բռունցքները վերածուելով ձեռքերու` ուղղուին դէպի մեր գրպանները, նիւթապէս օգնելու Արցախի վեհ ժողովուրդին:
Խիզախութեան եւ անձնուիրութեան կողքին, օժտուելով արդիական տեսակներով, հրաշքներ կրնայ գործել արցախցին, ապա` վերջնական յաղթանակ ու վերաշինութիւն, վերականգնելու մեր սիրուն Ղարաբաղը:
Հայկական Արցախը:
«Հայե՛ր, միացէք, միացէ՛ք, հայեր,
Արցախն է մեզ կանչում, օգնութեան հասէ՛ք»:
Լոս Անճելըս, 2016