Երեւանի եւ Ստեփանակերտի պաշտօնական յայտարարութիւնները փոխլրացուցիչ են ըստ էութեան եւ նպատակուղղուած ձեւով նոյն ճանապարհներէն կ՛անցնին։
Ամէն պատեհ առիթի 1994-ի հրադադարին յղում կը կատարուի՝ ածանցելով զայն ամրագրող եւ ապա վերահաստատող փաստաթուղթերը։ Պարզ է, որ այդ փաստաթուղթերուն յղում կատարելով աշխարհին յիշեցում կը կատարուի, որ արցախեան պատերազմին հրադադարը կնքուած է նաեւ Ստեփանակերտի մասնակցութեամբ եւ ստորագրութեամբ։
Այս պայմաններուն մէջ բանակցային գործընթացին վերաձեռնարկելը իրատեսական չնկատելը եւ երեք կէտերէ նախապայման յառաջ քշելը եւս անմիջական շարունակութիւնն է քաղաքական միեւնոյն տրամաբանութեան։ Աւելի՛ն. Երեւանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումի նախապատրաստութիւնը կու գայ լրացնելու քաղաքական ընկալումի եւ մօտեցումի այս վարքագիծին յաջորդող կարեւոր օղակները։
Կայծակնային պատերազը երբ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութեամբ տեղի կ՛ունենայ, երբ միջազգային ընտանիքին որոշած բանակցային ձեւաչափը կը մերժուի Պաքուի կողմէ, երբ պատերազմական օրէնքներու կոպիտ խախտումներ կ՛արձանագրուին ազրպէյճանական զօրքերուն կողմէ, պարզ տրամաբանութեամբ վերաբանակցիլը անիմաստ կը դառնայ։ Անիմաստ` այն առումով, որ մինչ երկխօսութեան վերաձեռնարկումը չեն ապահովուիր այդ բոլոր դրսեւորումներու կանխարգիլման երաշխիքներու մեքենականութիւնները։
Այս անշուշտ յայտարարուած եւ համոզիչ պատճառներն են այս պայմաններուն մէջ բանակցութիւններուն չվերսկսելու։Եւ որքան ալ մեր կառավարութիւնը նախապատրաստուի Արցախի ճանաչման ընթացակարգին, պէտք չէ մռոնանք, որ կայծակնային պատերազմի օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին յանձնարարականով արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի լծուէր աշխատանքի մշակելու համար օրինագիծ` Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն միջեւ փոխօգնութեան ռազմական դաշինքի։ Հիմա մէկ անգամէն անցում ուղղակի ճանաչումի մտածել կու տայ, որ սուր ուղերձներ փոխանցելու պահն է ոչ միայն Պաքուին, այլ նաեւ միջազգային ընտանիքին եւ միջնորդական առաքելութիւն իրականացնողներուն։
Այս բոլորը միջազգային լրատուադաշտին եւ միջազգային հանրային կարծիքին ճիշդ կողմնորոշման նպաստող յայտարարութիւններ են։ Բնականաբար ասոր զուգահեռ կայ քաղաքական ծրագիր, որուն վերջնականգառը գէթ այս հանգրուանին Ստեփանակերտի վերամիացումն է բանակցային գործընթացին։
Քաղաքական ճատրակի խաղի քայլերը հետեւեալ միտումները կը նախանշեն։ Գոյութիւն ունեցող միակ գրաւոր, պաշտօնական եւ իրաւական նշանակութիւն ունեցող հրադադարի համաձայնագիրին տակ առկայ էր Ստեփանակերտի ստորագրութիւնը։ Իրողապէս այդ հրադադարը չեղեալ յայտարարելու անընդմէջ փորձեր կը կատարէ Պաքուն։ Այդ հրադադարը վերահաստատելու գրաւոր յանձնառութիւն պէտք է. եռակողմանի հրադադարը պէտք է վերահաստատուի դարձեալ եռակողմանի կերպով:
Այս հանգրուանին բանակցութիւնները միակ առաջադրանք կրնան ունենալ հրադադարի հաստատումը եւ շփման գիծի կայունացումը։ Բանակցութիւններ միջնորդներու հետ նախ երաշխիքներու ապահովման, պատասխանատուութիւններու հասցէականացման եւ ընդհանրապէս ուժի կիրարկման սկզբունքի բացառման հետ կապուած խնդիրներուն շուրջ։
1994-ի համաձայնագիրի վերահաստատման բանակցութիւններու փուլին մասին է խօսքը այս հանգրուանին եւ ոչ թէ մատրիտեան հին թէ նորացուած կամ քազանեան փաստաթուղթի ճշդած բովանդակային կէտերուն։
Նախապատրաստական բանակցութիւնները կրնան ընթանալ Երեւան-միջազգային ընտանիքի տարբեր կառոյցներ ձեւաչափերով. Հրադադարի վերաամրագրումը սակայն անպայման պէտք է ներառէ այդ օրուան հետեւողութեամբ երեք կողմերու պաշտպանական գերատեսչութիւններ ու ղեկավարներու ստորագրութիւնները։
Հրադադարի համաձայնագիրի վերահաստատումը արդէն Ստեփանակերտը կը վերադարձնէ բանակցային գործընթաց։ Անկէ ետք ուղղակի մասնակցելու համար «Մեծքաղաքական համաձայնութեան» համար տարուելիք բանակցութիւններուն, որոնք նախաճշդուած էին հրադադարին առնչուած եւ դարձեալ Ստեփանակերտի ստորագրութիւնը կրող երկրորդ փաստաթուղթով։
«Ա.»