Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Էրտողան` Երգիծանքի Թիրախ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Իսկապէս ժողովրդավար, պարկեշտ, հայրենիքին եւ ընդհանրապէս մարդկութեան ծառայող  ղեկավարները կարելի չէ երգիծանքի առարկայ դարձնել եւ ծիծաղելի կերպով ներկայացնել: Անոնք հանրութեան վնաս պատճառող թերութիւններ չունին, որպէսզի կարելի ըլլայ շեշտել, չափազանցել եւ ծիծաղ յառաջացնել: Ոչ ոք իրաւազրկուածը, հալածուածը ներկայացուցած է  երգիծանքով եւ երգիծանկարով: Սակայն իրաւազրկողը, հալածողը, մէկ խօսքով` բռնատէրը, միշտ ալ կարելի եղած է խծբծել, ծաղրել, հեգնել եւ, անշուշտ, երգիծանքի առարկայ դարձնել:

Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողան Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած հաւաքներու եւ ձեռնարկներու օրերուն դարձաւ երգիծական գրութիւններու, բանաստեղծութիւններու, երգերու եւ երգիծանկարներու «գլխաւոր հերոսը», որովհետեւ լաւագոյնս կը լրացնէ երգիծանքի առարկայ ըլլալու վերեւ նշուած պայմանները…

Ն.   

Հոլանտական Թերթ. Էրտողան`
Մարդակապիկ

carict_50616

Հոլանտական «Թելեկրաֆ» թերթը իր առաջին էջին վրայ  հրապարակեց երգիծանկար մը` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը պատկերելով իբրեւ մարդակապիկ մը, որ կը ճզմէ խօսքի ազատութիւնը:

Նախանցեալ շաբաթավերջին նախագահ Էրտողանը վիրաւորած ըլլալու ամբաստանութեամբ Թուրքիոյ մէջ հոլանտացի լրագրող Էպրու Ումար երբ կալանաւորուեցաւ, Հոլանտայի ամէնէն տարածուած օրաթերթը` «Թելեկրաֆ», երկուշաբթի, 25 ապրիլին, առաջին էջի խմբագրականին մէջ հրատարակեց երգիծանկար մը, ուր Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի դէմքով մարդակապիկ մը կը ճզմէ Էպրու Ումարը: Երգիծանկարին մէջ թուրք նախագահը կանգնած է «Ափենրոթս» անուանուած ժայռի մը վրայ: «Ափենրոթս» հոլանտական եզր մըն է, որ կը նշանակէ կապիկներու ժայռ, բայց նաեւ կ՛ակնարկուի վայրի մը, ուր բռնատէր անհատ մը կ՛իշխէ:

Երգիծանկարին վերնագիրն է` «Էրտողանի երկար ձեռքը»:

Թրքական «Մեթրօ» օրաթերթին յօդուածագիր Էպրու Ումար կալանաւորուեցաւ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ,  որոնք կը հետաքննէին «Թուիթըր»-ի անոր արձանագրութիւնները: Ումար անցեալ կիրակի ազատ արձակուեցաւ, սակայն իշխանութիւնները անոր հրահանգած են Թուրքիայէն չհեռանալ, քանի տակաւին հետաքննութիւնը կը շարունակուի: Ումարի կալանաւորումը նոր շերտ մը աւելցուց Հոլանտայի մէջ բազմաթիւ անձերու այն կարծիքին վրայ, որ խօսքի ազատութեան վրայ ճնշումը հետզհետէ կ՛աճի Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ` այդ երկրի սահմաններէն դուրս:

Ռոթերտամի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանը բուռն քննադատութեանց ենթարկուեցաւ, երբ բացայայտուեցաւ, որ յղած է ե-նամակ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ Հոլանտայի մէջ թրքական կազմակերպութիւններուն տեղեկացնելու Էրտողանի ուղղուած վիրաւորանքի մասին:

Ըստ «Պի.Պի.Սի.»-ի, նամակին մէջ գրուած է. «Մենք կը խնդրենք  անյապաղ մեզի փոխանցել անուններն ու գրաւոր մեկնաբանութիւնները մարդոց, որոնք նսեմացնող, արհամարհական, ատելավառ եւ զրպարտող բնոյթի արտայայտութիւններ կ՛ուղղեն Թուրքիոյ նախագահին, Թուրքիոյ եւ ընդհանրապէս թուրք հասարակութեան դէմ»:

Շուրջ 400 հազար թուրքեր կան Հոլանտայի մէջ, եւ թրքական ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կ՛ըսեն, թէ Էրտողանը քննադատողները մտահոգութիւն յայտնած են, որ իրենք կրնան թիրախ դառնալ: Քրտական ծագումով հոլանտացի քաղաքագէտ Սատեթ Քարապուլութ այս բանավէճը նկարագրեց իբրեւ նշան մը` «Էրտողանի երկար ձեռքին Հոլանտայի մէջ»: Ե-նամակը, որ բացայայտած է հոլանտական լրատու գործակալութիւնը, զայրոյթ յառաջացուցած է այդ երկրին մէջ: Հոլանտայի վարչապետը բացատրութիւն պահանջեց թրքական իշխանութիւններէն: Թուրքիան քննադատողներուն համար այս ե-նամակը ցոյց կու տայ, որ երկար ատենէ Թուրքիոյ մէջ այլախոհութիւնը ճնշելուն համար մեղադրուած Էրտողան այժմ կը չարաշահէ եւրոպական հինցած օրէնքները` փորձելով լռեցնել իր միջազգային քննադատները:

Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռուտեն իր «Թուիթըր»-ին մէջ գրեց. «Ումարի կալանաւորման առնչութեամբ ես հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցայ Թուրքիոյ վարչապետին հետ: Այս իրավիճակը ուղղակի կը բախի  մեր հիմնական արժէքներուն` խօսքի եւ մամուլի ազատութեան»: Իսկ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ Գերմանիոյ մէջ տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Մարք  Ռուտեն ըսաւ. «Ես կը զարմանամ: Պարզ չէ, թէ այս արարքով Թուրքիոյ կառավարութեան ձգտումը ի՞նչ է»:

Հոլանտայի մէջ թրքական դեսպանատունը աւելի ուշ ըսաւ, թէ ե-նամակը թիւր կերպով գրուած  եւ սխալ մեկնաբանուած է: Սակայն ատիկա արդէն իսկ բանավէճ հրահրեց Հոլանտայի մէջ, որ եւրոպական այն բազմաթիւ երկիրներէն է, ուր տակաւին  ի զօրու է «լեսէ- մաժեսթէ» օրէնքը, որ կ՛արգիլէ բարեկամ երկիրներու նախագահներուն դէմ վիրաւորանք:

Ումար թրքական հիւպատոսարանի ե-նամակը քննադատողներու շարքին էր` իր յօդուածին մէջ գրելով, որ տեղեկացնելու մասին այդ կոչը կը նմանի «Էն.Էս.Պի.-ի գործողութիւններուն», ակնարկութիւն մը` Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակաշրջանին նացի կուսակցութեան հոլանտական մասնաճիւղին:

Բանավէճը չսահմանափակուեցաւ միայն Հոլանտայի մէջ: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել վերջերս յայտարարեց, որ պիտի արտօնէ դատավարութիւնը կատակերգակ, սուր երգիծական ոճով ծանօթ Եան Պոհմերմանի, որ գերմանական պետական պատկերասփիւռի կայանէն վերջերս կարդացած էր բանաստեղծութիւն մը, որ Էրտողանը կը մեղադրէր անասնապղծութեամբ, ըսելով. «Էրտողան կը սիրէ բռնաճնշել փոքրամասնութիւնները, աքացիով հարուածել քիւրտերը եւ ծեծել քրիստոնեաները` մանկական պոռնկագրական ժապաւէններ դիտած ատեն»:

boehmer-edogan_50616

Ըստ գերմանական «Զիյթ» թերթին, Եան Պոհմերման քննադատած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը: «Վարչապետը պէտք չէ թուլութիւն ցուցաբերէ, երբ խօսքը կարծիքի ազատութեան մասին է: Սակայն ատոր փոխարէն` ան ինձմէ «ֆիլէ» պատրաստեց եւ կտոր-կտոր մատուցեց բռնապետին», ըսած է  Պոհմերման:

Բացի ատկէ, հարցազրոյցին մէջ ան նշած է, որ վերջին շաբաթներուն ինք ամբողջովին մեկուսացած կ՛ապրի:

Եթէ Գերմանիոյ «լեսէ- մաժեսթէ» օրէնքի հիմամբ Եան Պոհմերման յանցաւոր հռչակուի,  անոր կը սպառնայ երեք տարուան բանտարկութիւն: Պոհմերմանի դատավարութեան մասին լուրը Թուրքիոյ դէմ ամբողջ Եւրոպայի մէջ յառաջացուց հակահարուածի ալիք մը: Բրիտանական «Սփեքթէյթըր» թերթը կազմակերպեց Էրտողանի դէմ կոպիտ, ծաղրական բանաստեղծութիւններու մրցում մը:

 

«The SPECTATOR
Introducing «The President Erdogan Offensive Poetry Competition» – :1000 prize to be won.
Douglas Murray»

(«Տը Սփեքթէյթըր»
Կը ներկայացնէ «Նախագահ Էրտողանը անարգող բանաստեղծութիւններու մրցում» – մրցանակ` 1000 փաունտ
Տուկլաս Մըրրէյ»)

Գերմանիա եւ Եւրոպա նշեցին, որ կը ծրագրեն ձերբազատիլ իրենց «լեսէ- մաժեսթէ» օրէնքներէն:

Էրտողան Թուրքիան կը գլխաւորէ աւելի քան 13 տարիէ, նախ` իբրեւ վարչապետ, ապա` 2014-էն ի վեր իբրեւ հանրապետութեան նախագահ: Արեւմուտքի մէջ քիչ չէր թիւը անոնց, որոնք կը կարծէին, թէ Էրտողան արդիականացնող նախագահ մըն է, բայց ան այժմ կը մեղադրուի տարիներու  ընթացքին աւելի ու աւելի մենատիրական միտումներ դրսեւորելուն համար: Նախագահ դառնալէն ի վեր Էրտողանի  կառավարութիւնը օգտագործած է նախապէս  հազուադէպօրէն օգտագործուող օրէնքը` դատապարտելու շուրջ 2000 մարդ, Թուրքիոյ նախագահը վիրաւորելու համար:

cases_50616

Մինչ Թուրքիոյ մէջ քննադատներ կը բողոքեն կառավարութեան այս միջոցառումներուն դէմ, կան այնպիսիներ, որոնք կը զօրակցին ատոնց:

Թուրք մարդ մը, որ կ՛ամբաստանուի իր նշանածը խոշտանգելուն համար, կը պնդէ, թէ  ինք այդ արարքին դիմած է, երբ նշանածը վիրաւորական արտայայտութիւններ ունեցած է Էրտողանի հասցէին:

Ըստ «Հիւրրիյեթ» թերթին, երբ մարդուն նշանածը կանչուած է ոստիկանատուն, Էրտողանը վիրաւորելուն համար  վկայութիւն տալու, ան հերքած է այդպիսի բան մը:

Մարտին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած էր Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանը, որուն ներկայացուած էր բողոք մը, գերմանական մրցակից այլ պատկերասփիւռի` «Էն.Տի.Ար.» կայանէն սփռուած տեսանիւթի երգի մը մասին: Տեսանիւթը` «Էրոտի, Էրտովօ, Էրտողան», ցուցադրած էր ցուցարարներու եւ թրքական ուժերու միջեւ բախումներ: «Կանանց համար հաւասար իրաւունքներ. հաւասարապէս` խոշտանգուած», կ՛ըսէր երգը:

 

Թուրքիոյ Մէջ
Մամուլը Ազատ Չէ

f5721bf3b51dd5_5721bf3b51e12

Ամերիկեան «Ֆրիտըմ հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը վերջերս հրապարակեց 2016 թուականի  լրատու միջոցներու ազատութեան վարկանիշը: Թուրքիա աշխարհի մէջ անազատ մամուլ ունեցող երկիրներու շարքին է` 159-րդ դիրքին վրայ: Իսկ Եւրոպայի մէջ Թուրքիա մամլոյ ազատութեան ցուցանիշով վերջին` 42-րդ դիրքը կը գրաւէ: Եւրոպայի մէջ  անազատ մամուլ ունեցող 2 երկիր կայ, որոնցմէ մէկը վերջին` 42-րդ դիրքին վրայ յայտնուած Թուրքիան է, միւսը` Մակեդոնիան: Կը նշուի, որ Թուրքիա մամլոյ  ազատութեան ցուցանիշով ամենամեծ ետքայլը  արձանագրած 4-րդ երկիրն է` Եգիպտոսէն, Յունաստանէն եւ Թայլանտէն ետք: Զեկոյցին մէջ  Թուրքիոյ վերաբերեալ կը յիշատակուին ընդդիմադիր թերթերու վրայ ճնշումները, որոնք կը կատարուէին նախագահ Ռ. Թ. Էրտողանի հաւատարիմ շրջանակներու կողմէ, որոնք  կը գրաւէին կարեւոր սեփական լրատու միջոցները եւ  կը յանձնէին կառավարութեան հետ սերտ յարաբերութիւններ ունեցող կառոյցներուն:

«Ֆրիտըմ հաուս» իր զեկոյցին ներառած է գրաւուած լրատու միջոցներու անուններ` «Քանալթիւրք», «Պուկիւն» պատկերասփիւռի կայանը, «Պուկիւն» եւ «Միլլիյեթ» օրաթերթերը, որոնք պատկանած են արգիլեալ «Քոզա Իփեք հոլտինկ» ընկերութեան: Իսկ 2016-ին փակուած է «Զաման» թերթը:

 

Թուրքիոյ Մէջ Լրագրողներուն
Աշխատանքը Կը Խոչընդոտեն

Թուրքիոյ կողմէ օտարերկրեայ շարք մը  լրագրողներ սեւ ցուցակի մէջ ներառելու եւ  Թուրքիոյ մէջ անոնց աշխատանքը խոչընդոտելու փաստը քննադատութեան ենթարկուած է միջազգային հանրութեան կողմէ: Մասնաւորապէս, ըստ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»-ի, Թուրքիոյ այսպիսի գործելաոճը քննադատութեան արժանացած է Եւրոպական խորհրդարանի (ԵԽ) նախագահի, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան  եւ շարք մը այլ կառոյցներու կողմէ:

Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց  գերմանական «Պիլտ» թերթին հետ հարցազրոյցին մէջ յորդորեց Թուրքիան` ձերբազատիլ այդ ցուցակէն, նշելով, որ ատիկա կը հակասէ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն: Հարցին նաեւ անդրադարձած է Գերմանիոյ «Քրիստոնեայ-դեմոկրատներու  միութիւն» կուսակցութեան անդամ, պատգամաւոր Քարլ Կէորկ Վելման: «Եթէ այդպիսի ցուցակ կայ, ուրեմն ատիկա անմիջապէս պէտք է հրապարակուի», շեշտած է պատգամաւորը:

Իսկ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը իր կարգին նշած է, որ դաշնակցային կառավարութիւնը կ՛ակնկալէ Թուրքիայէն, որ գերմանացի լրագրողներու աշխատանքը այդ երկրին մէջ չեն խոչընդոտեր:

erd-tv_50616

Գերմանական «Էյ.Ար.Տի.» պատկերասփիւռի ընկերութեան թղթակիցին չէին արտօնած երթալ Պոլիս: Լրագրողը կը ծրագրէր հաղորդում մը պատրաստել սուրիացի գաղթականներու մասին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>