«Աղթամար» Մասնաճիւղ
Ա.- Հայկական մանրանկարչութիւն
Շաբաթ, 5 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու աշխատանոցի յանձնախումբը հիւրընկալեցին Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի դասախօս եւ Տէրեան մշակութային կեդրոնի պատասխանատու Անի Մարգարեանը, «Ս. Զէթլեան» կեդրոնի, «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Հաւաքուած հայրենակիցներն ու հիւրերը նախ ծանօթացան դասախօսուհիին կենսագրականին, որ ներկայացուց մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան: Ան շեշտը դրաւ նաեւ այնճարցիներուն սիրոյ, հետաքրքրութեան եւ քաջալերանքին` հայկական մշակոյթին նկատմամբ:
Անի Մարգարեան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց հայկական մանրանկարչութիւնը, սկսելով հին դարերէն հասնելով մինչեւ օրերս, անդրադառնալով բոլոր հայկական շրջաններուն եւ հանգրուաններուն:
Բ.- Կիներու միջազգային օր
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, երեքշաբթի, 8 մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Կիներու միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սօսի Արամեանի, Շրջանային վարչութեան անդամ Սանդուխտ Հերկելեանի, Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի ընկերուհիներուն, մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներու եւ հիւրերու:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ազատիկ Տաղլեան:
Օրուան բանախօսն էր Սեդա Մանկասարեան, ան վեր առաւ ԼՕԽ-ի ունեցած դրական ազդեցութիւնը հայ գաղութի ազգային, մշակութային, միութենական եւ ընկերային կեանքին մէջ` պահպանելով ազգային եւ հոգեւոր արժէքները եւ ծառայելով ծերին, որբին եւ հիւանդին:
Ան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց բոլոր հայ կիներուն եւ օրիորդնեդուն միանալու ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին, աւելիով փայլեցնելու Լիբանանի հայ գաղութը:
Ապա ներկաները դիտեցին յատուկ տեսերիզ մը, որ պատրաստուած էր Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ , Կիներու միջազգային օրուան առիթով , ուր հանրածանօթ դէմքեր իրենց խօսքը ներկայացուցած էին հայ կիներու արժանիքներուն ու յատկութիւններուն մասին:
Գեղարուեստական բաժնով հանդէս եկաւ Քլարա Ադամեան, որ իր գեղեցիկ ձայնով ներկայացուց երեք հայերէն երգեր:
Գ.- Պահպանել հայկական ասեղնագործութիւնը
Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպած հայկական ասեղնագործութիւններու դասընթացքները (Մարաշ, Սվազ եւ Նորվեկեան) արդէն ընթացք առած են մարտ 2016-ին:
Յանձնախումբը ի մտի ունի սոյն դասընթացքներով պահպանել եւ տարածել հայկական ձեռագործները:
Դասատուներ` Մարաշի ասեղնագործութեան Ռիթա Լագիսեան, սվազ` Ազատիկ Տաղլեան, Նորվեկեան` Ցոլինէ Տումանեան:
Դ.- Տարեցներու Ս. Յարութեան հաւաքոյթ
Այնճարաբնակ աւագ սերունդը համախմբուած եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ տօնեց Զատիկը, չորեքշաբթի, 30 մարտ 2016-ին, Ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ: Ճաշարանի տնօրէնութիւնը այս հաւաքոյթը նուիրած էր Այնճարի տարեցներուն` իրենց մեծ մօր` Պայծառ Քիւրտեանի յիշատակին:
Այնճարի մէջ իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը կատարող հոգեւորականները` Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանը, Արսէն Ա. քհնյ. Քէշիշեանը, Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը, պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանը եւ քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեանը աղօթքով բացուած յայտարարեցին հաւաքոյթը: Ապա յանձնախումբի ատենապետ Քնար Գամպերեան կատարեց բացումը` սէր ու յարգանք տարածելով դէպի տարեց սերունդը, մաղթելով անոնց առողջութիւն եւ երկար կեանք: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի բարերար Զէյթլեան ընտանիքին:
Յայտագիրը ճոխացնելու համար հրաւիրուած էր Հուրի Քիլեճեանը, որ իր գեղեցիկ ասմունքներով աւելիով ծաղկեցուց յայտագիրը:
«Կարինէ» Մասնաճիւղ
«Կարինէ» մասնաճիւղի ամսական դրութեամբ հանդիպում
Ամանոսի շրջանի ԼՕԽ–ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, միշտ նախանձախնդիր` համախմբելու իր անդամուհիները, որոշած էր յատուկ աշխատանք տանիլ, իր տարեկան մշակած ծրագրին զուգընթաց, իւրաքանչիւր ամսուան մէջ օր մը հրաւիրել եւ հաւաքել իր գործօն ընկերուհիները սեղանի մը շուրջ` միասնաբար ճաշակելու վարչութեան ընկերուհիներուն պատրաստած համադամ ճաշերն ու անուշեղէնները:
Երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 15 ապրիլ 2016-ին, «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբի ԼՕԽ–ի վարչութեան սենեակին մէջ: Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, արծարծուեցան մասնաճիւղի վարչութեան աշխատանքին հետ առնչուող հարցեր, յատկապէս` 60-ամեակի ձեռնարկին կապակցութեամբ:
«Ա. Ազիրեան» Մասնաճիւղ
Ս. Զատկուան ձեռնարկ
Ս. Զատկուան առիթով ԼՕԽ-ի «Ա.Ազիրեան» մասնաճիւղի (Նոր Սիս) վարչութիւնը կազմակերպած էր ընկերային հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 11 մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, քոյր մասնաճիւղերէ ներկայացուցիչ ընկերուհիներու , ԼՕԽ-ականներու եւ բարեկամուհիներու:
Մասնաճիւղի ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:
Ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Վիգէն աբղ. Տալգլըճեանը խօսեցաւ ծառայասիրութեան մասին եւ անդրադարձաւ Ս. Զատիկը գունաւոր հաւկիթներով դիմաւորելու իմաստին:
«Ա. Փափազեան» Մասնաճիւղ
Գարնանային ձեռնարկ
ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Զալքա) կազմակերպած էր գարնանային ձեռնարկ մը, հինգշաբթի, 17 մարտի 2016-ին, «Մամունիա» ճաշարանին մէջ:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի Սարգիսեանին եւ ներկաներուն:
Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհին` Մարլեն Տանակէօզեանը, որ ներկաները փոխադրէ ծաղիկներու կախարդական աշխարհ եւ ներկայացնէ Ծաղկազարդի, Սուրբ Զատկուան եւ Քրիստոսի յարութեան նուիրուած ծաղիկները, որմէ ետք հրաւիրուեցաւ Սեւան Կարապետեան- Ադամեանը, որ ժողովրդային երգերով խանդավառեց մթնոլորտը:
«Հայաշէն» Մասնաճիւղ
Ծաղկազարդի եւ Զատկուան զոյգ տօներու առիթով ձեռնարկ
ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Ծաղկազարդի եւ Զատկուան զոյգ տօներուն առիթով, 18 մարտ 2016-ին տեղի ունեցաւ նախաճաշի ձեռնարկ մը, Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սօսի Արամեանի, կազմակերպական յանձնախումբէն Մարկօ Կոտալազեանի եւ ընկերուհիներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան: Բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ան ներկայացուց Աւագ շաբթուան խորհուրդը:
Աւարտին, մասնաճիւղի վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Քրիստափոր Աճեմեանին, որ սոյն նախաճաշի ձեռնարկի ծախսերուն մեծ բաժինը հոգաց` իր մօր եւ նահատակ եղբօր` Սեդրակ Աճեմեանին (զոհուած Լիզպոնի մէջ) յիշատակներուն:
«Կարս» Մասնաճիւղ
Ս. Զատկուան աւանդական պազար
ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի (Էշրեֆիէ) Ս. Զատկուան առիթով աւանդութիւն դարձած ճաշերու եւ անուշեղէններու պազարը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 19 մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ մասնաճիւղի բարեկամներու եւ ընկերուհիներու:
Բացման խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան կազմակերպական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մարկօ Կոտալազեան: Ան գնահատեց մասնաճիւղին աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Սեղանները լեցուած էին ընկերուհիներու կողմէ պատրաստուած բազմաթիւ հայկական եւ այլ համադամ ուտելիքներով:
«Սօսէ» Մասնաճիւղ (Ժիպէյլ)
Զատկուան ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 26 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ժիպէյլի «Հայ կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրերու յատուկ Զատկուան ձեռնարկ մը:
Օրուան հիւրերն էին ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» պատանեկան միութեան պատանիները, որոնք դիմաւորուեցան վարչական ընկերուհիներուն կողմէ:
Ատենապետ Լուսին Պեզճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք անոնց, բացատրեց, որ ԼՕԽ-ը միշտ նախանձախնդիր է հայ փոքրիկը ուրախացնելու եւ հայկական աւանդութիւնները պահելու: Տեղի ունեցաւ հաւկթամարտ. յաղթող պատանին վարչութեան կողմէ ստացաւ նուէր մը:
«Հ. Սասունի» Մասնաճիւղ (Ֆանար)
Մանուկներու յատուկ Ս. Զատկուան խրախճանք հաւկթախաղ
Ս. Զատկուան տօնին առիթով, կազմակերպութեամբ Ֆանարի ՀՅԴ «Էտկար Ակնունի» կոմիտէին, մասնակցութեամբ` ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղին, կիրակի, 27 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ֆանարի մանուկներու խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն-հաւկթախաղ:
Հաւաքին «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը ստեղծեց համապատասխան խանդավառութիւն եւ ուրախ մթնոլորտ:
Տօնակատարութեան մասնակից շուրջ 150 պատանիներն ու երեխաները հայկական մթնոլորտի մէջ անցուցին յիշատակելի պահեր: