Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 15815

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Մերօրեայ Հերոսներուն Յիշատակին Նուիրուած Յուշատախտակ

Երեւանի բժշկական համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արցախի դէմ սանձազերծուած ազրպէյճանական-թրքական լայնածաւալ պատերազմին ընթացքին զոհուած հերոսներու յիշատակին նուիրուած յուշատախտակին: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Տումանեանի, Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արմէն Մուրատեանի եւ մերօրեայ հերոսներու հարազատներուն եւ համալսարանականներուն մասնակցութեամբ բացումը կատարուեցաւ յուշատախտակին, որ վերնագրուած էր` «Դուք հպարտօրէն ձեր պարտքը տուիք, իսկ մենք ձեզի պարտական մնացինք» տողերով եւ, այսպիսով, անուն առ անուն յաւերժացաւ բոլոր նահատակ հերացիականներուն յիշատակը:

«Հայոց բանակի հիմնադրման օրը մենք հաւաքուած ենք բժշկական մայր համալսարանին մէջ, որպէսզի կատարենք ամէնէն պատուարժան պարտականութիւններէն մէկը` յաւերժացնենք մեր գործընկերներուն անունները, որոնք չհասցուցին հազարաւոր կեանքեր փրկելու խաղաղ պայմաններու մէջ, բայց  հերոսացան` փրկելով արժանապատուութիւնը, մեր զինուորները եւ ժողովուրդը: Անոնք յաւերժ ներկայ պիտի ըլլան մեր համալսարանին մէջ: Իւրաքանչիւր երիտասարդ ուսանող այստեղ գտնուելով` պէտք է յիշէ, որ այս հերոսները պարտաւորութիւն կրելով ժողովուրդին նկատմամբ, նուիրեցին իրենց ամէնէն թանկը` չխնայելով ո՛չ երիտասարդութիւն, ո՛չ հեռանկարներ, ո՛չ ապագայ, անգամ` ձեր եւ մեր արցունքները», ըսաւ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահը: Ան աւելցուցած է, որ անմահացած տղաներէն շատերը տաղանդաւոր էին ո՛չ միայն բժշկութեան մէջ, նաեւ` այլ ոլորտներու մէջ:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարը շնորհաւորելով բանակի ստեղծման օրը` այդ առիթով նշեց, որ արդէն մէկ տարի է, որ բժիշկները պատերազմ կը մղեն 2 ճակատներու վրայ: «Համավարակի դէմ պայքարին վրայ աւելցաւ իրական պատերազմը: Վէրքերը թարմ են, արիւնը չէ չորցած, սպիանալու մասին դեռ չենք կրնար խօսիլ, սակայն առանց ընկճուելու պէտք է դէպի առաջ շարժինք` յանուն մեր սերունդներուն», նշեց նախարարը` բանակին մաղթելով մարտական ոգի:

Այս ձեռնարկին դժուար էր մասնակցիլ առանց յուզմունքի եւ արցունքներու:  Մերօրեայ հերոսներուն նուիրուած փոքրիկ տեսանիւթէն ետք ելոյթներով հանդէս եկան Երեւանի պետական համալսարանի ընդհանուր բժշկութեան, ատամնաբուժական եւ դեղագիտութեան բաժանմունքներու տնօրէնները, ինչպէս նաեւ` ռազմական բժշկական բաժանմունքի դասախօսները: Սիրտ առ սիրտ, անուն առ անուն համալսարանականները խոստացան յիշել իրենց նահատակ դասընկերները եւ վառ պահել անոնց յիշատակը:

Նշենք, որ պատերազմի պատճառով զոհուեցան նաեւ մօտաւորապէս 3 տասնեակ ապագայ բժիշկներ, զինուորական երդում տուած ռազմական բժիշկներ, դեղագործներ:

Ամփոփելով ձեռնարկը` Արմէն Մուրատեան ընդգծեց, որ ո՛չ միայն այսօր, այլեւ բազմաթիւ այլ ձեռնարկներու, շարունակական ծրագիրներու միջոցով 100-ամեայ բժշկական կազմերու դարբնոցի պատերուն վրայ վառ պիտի մնան պատերազմի դաշտին վրայ ինկած հերոսներուն յիշատակը:

ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Անդամները Մաքրեցին Շուշիի Հրասայլ Յուշարձանի Տարածքը

 

Հայրենեաց պաշտպանի օրը ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան խումբ մը անդամներ այցելած են Ստեփանակերտի Եղբայրական գերեզմանատուն եւ յարգանքի տուրք մատուցած են հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ զոհուած նահատակներու յիշատակին:

Այնուհետեւ միութեան անդամները բարձրացած են Շուշիի հրասայլ-յուշարձանին մօտ: Պատերազմի օրերուն յուշարձանին տարածքը ենթարկուած էր հրետակոծութեան, վնասուած էր նաեւ բուն յուշարձանը եւ ակնյայտ էր, որ հրետակոծութենէն ետք այնտեղ մաքրման եւ վերականգնման աշխատանքներ չէին կատարուած:

Միութեան անդամները որոշեցին յուշարձանին տարածքը մաքրել աղբերէ, քարերէ եւ աւազէ: Ներկայիս յուշարձանը կը գտնուի պատերազմէն ետք հաստատուած նոր բնագիծներուն մօտ:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամ Վահագն Խաչատրեանի խօսքով, Շուշիի հրասայլ-յուշարձանը յաղթանակի խորհրդանիշ է, եւ իրենք յաճախ տօնական օրերուն այնտեղ կ՛այցելեն: Իսկ ներկայի անմխիթար վիճակը չէր կրնար անտարբեր ձգել երիտասարդները:

«Թէեւ թշնամիին տիրապետութեան տակ անցած, այնուամենայնիւ, Շուշին եւ Շուշիի հրասայլ-յուշարձանը պիտի շարունակուին համարուիլ հայ ազգի յաղթանակի եւ վերածնունդի խորհրդանիշ: Սերունդները պէտք է շարունակեն դաստիարակուիլ յաղթողի հոգեբանութեամբ եւ շարունակեն պայքարիլ պատմական արդարութեան վերականգնման համար: Ցաւը մեծ է, բայց մենք պարտաւոր ենք վերագտնել մենք մեզ եւ տէր կանգնիլ մեր երկրին ու մեր արժէքներուն: Այս կը պատգամէ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութիւնը, որով աւելի արժեւորեցինք այս օրը», նշած է Վահագն Խաչատրեան:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները կը յուսան, որ մաքրման աշխատանքներէն ետք համապատասխան մարմինները պիտի զբաղին վերանորոգման աշխատանքներով:

Յայտնենք, որ օրուան աւարտին երիտասարդները այցելած են շարք մը դիրքեր եւ զինուորները շնորհաւորած են Հայրենեաց պաշտպանի օրուան առիթով:

Գանձասարի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցւոյ Մէջ Հոգեհանգստեան Կարգ Կատարուած Է Ի Յիշատակ Պատերազմի Նահատակներուն

Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ, Արցախի թեմի փոխառաջնորդ Սահակ վրդ. Շաքարեանի ձեռամբ, հոգեհանգստեան կարգ կատարուած է` ի յիշատակ 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն յիշատակին եւ անհետ կորածներուն ու գերիներուն տունդարձի աղօթքներով:

Նշենք, որ Արցախի ներքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ արարողութեան մասնակցած են` Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, ներքին գործերու նախարար Կարէն Սարգսեանը, անհետ կորած եւ նահատակուած զինծառայողներու խումբ մը հարազատներ:

Աբովեանի Մէջ Հայրենիքի Պաշտպանութեան Համար Զոհուած Հերոսներու Յիշատակին Մոմավառութիւն

Հայաստանի Կոտայքի մարզպետ Մեսրոպ Մեսրոպեան յունուար 28-ին Աբովեանի քաղաքապետ Վահագն Գէորգեանի հետ Աբովեանի մէջ մասնակցած է հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհած հայորդիներուն յիշատակի մոմավառութեան:

Կոտայքի մարզպետարանէն յայտնած են, որ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մաշտոց քհնյ. Բաբայեանի հանդիսապետութեամբ կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ` մեր նահատակ հերոսներուն հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Ճարտարապետ Ստեփան Նալպանտեան Ոչ Եւս Է

Վերջերս կեանքէ հեռացաւ վերականգնող ճարտարապետ Ստեփան Նալպանտեանը: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնամարզի նախարարութենէն:

Ստեփան Նալպանտեան ծնած է 4 նոյեմբեր 1958-ին: Աւարտած է Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի ճարտարապետութեան բաժանմունքը:

1988-ի երկրաշարժէն ետք «Երկիր եւ մշակոյթ» հայաստանեան մասնաճիւղին նախագահն էր եւ այդ կազմակերպութեան միջոցներով իրականացուցած է Հայաստանի տարածքին  գտնուող շարք մը յուշարձաններու ուսումնասիրման, պեղման, ամրակայման, նորոգման եւ վերականգնման աշխատանքներ:

Ստեփան Նալպանտեան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պատմութեան եւ մշակոյթի շարք մը անշարժ յուշարձաններու ամրակայման, նորոգման եւ վերականգնման գիտական նախագիծերու հեղինակ է, «Պատմական յուշարձաններու ճարտարապետներու հայկական միութեան» համանախագահ, Հայաստանի ճարտարապետներու միութեան անդամ: Հայաստանի եւ այլ պետութիւններու կողմէ արժանացած է շարք մը պատուոյ գիրերու եւ շնորհակալագիրներու:

Ստեփան Նալպանտեանը նաեւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան գիտական մեթոտական խորհուրդի անդամ էր: Անոր աւանդը մեծ էր հայ ճարտարապետութեան զարգացման եւ հանրահռչակման գործին մէջ:

Գրական Ցերեկոյթ` Նուիրուած Խնուշինակցի Հերոսներուն

Յունուար 24-ին Մարտունիի շրջանի Խնուշինակ գիւղի դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ գրական ցերեկոյթ` նուիրուած հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած գրող Հայասէր Յովսէփեանի եւ անոր համագիւղացիներուն` Գուրգէն Շաքարեանի, Էտկար Դոլուխանեանի, Գրիգոր Գրիգորեանի յիշատակին:

Ձեռնարկին ընթացքին նահատակ խնուշինակցիներու մասին խոնարհումի խօսքերով հանդէս եկան դպրոցի աշակերտները, իսկ ձեռնարկին ներկայ Հայասէրի գրչակից ընկերները կարդացին իրենց ստեղծագործութիւններէն որոշ հատուածներ:

Խնուշինակի դպրոցի տնօրէն Նարինէ Հայրապետեանը շնորհակալութիւն յայտնելով ձեռնարկի կազմակերպիչներուն` շեշտած է, որ մեր պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք բազում անմահ քաջեր, որոնց այսօր միացած են նորօրեայ քաջերը` յանուն մեր փոքրիկ հայրենիքին: Ըստ անոր, Հայասէրը համեստութեան տիպար էր եւ տակաւին կը շարունակէ մնալ: Պատանի Էտկարը միշտ բարձր պահած է դպրոցին անունը եւ պատիւը` թէ՛ շրջանին, թէ՛ հանրապետութեան մէջ, իսկ Գրիգորին եւ Գուրգէնը աշխատասէր, ընկերասէր երիտասարդներ էին, եւ անոնց բացակայութիւնը կը զգանք ամէն վայրկեան:

Ձեռնարկը նախաձեռնողը` Սոնա Համբարձումեանը տեղեկացուցած է, որ երիտասարդ գրողներով փափաքած են Ստեփանակերտի մէջ Հայասէր Յովսէփեանի յիշատակին միջոցառում կազմակերպել, հետագային որոշած են զայն իրականացնել անոր կրթօճախին մէջ, այնտեղ, ուր Հայասէրը ծնած, ուսանած եւ մեծցած էր:

«Մենք պէտք է օգնենք, որ Արցախի մէջ կեանքը շարունակուի յանուն այն մարտիկներուն, որոնք ելան պայքարի, չվերադարձան, հաշմանդամ վերադարձան, ֆիզիքապէս կայուն վերադարձան, բայց հոգեպէս` անկայուն», հաղորդած է Սոնա Համբարձումեանը:

Այնուհետեւ Սոնա Համբարձումեան Հայասէրին ծնողներուն յանձնած է «Գրանիշ» համայնքի յատուկ մրցանակը:

 

Հաղորդենք, որ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դասախօս Տաթեւ Սողոմոնեանը իր ելոյթին ընթացքին ըսած է, որ Հայասէրը բացառիկ անձնաւորութիւն էր, որովհետեւ միշտ չէ, որ մարդուն խօսքը եւ գործը այդքան ներդաշնակ կ՛ըլլան: «Այդպիսի մարդոց առջեւ մենք պէտք է խոնարհինք, յիշենք, մեծարենք: Այս ցերեկոյթը այդպիսի մեծարում է: Այս երկիրը մեզի համար ո՛չ թէ տաքուկ անկիւն մըն է կամ ապրելու յարմար վայր, այլ ան դարձած է հայրենիք, որ կը կարօտի` մեր խօսքին, մեր ոտնահետքին, մեր ներկայութեան, մեր լեզուին, մեր ծիծաղին», ըսած է ան:

Բանաստեղծ, իրաւաբան, բանասէր Նանար Պօղոսեանը չի կրնար յուզումը զսպել. սեղանին տեղադրուած լուսանկարը ինքը նկարած էր Գանձասարի մէջ: Խօսելով Հայասէրի մասին` նշած է, որ ան մեծատառով մարդ էր: «Մենք անընդհատ կը պատերազմինք, անընդհատ կը պայքարինք լոյսի համար, եւ վստահ եմ, որ այսօր եւս, յանուն այս տղաներուն, մենք պարտաւոր ենք ապրելու, արարելու եւ անոնց պատիւը բարձր պահելու», նշած է ան` կարդալով պատերազմի օրերուն իր հեղինակած բանաստեղծութիւններէն մէկը:

Բանաստեղծ, տնտեսագէտ Սերգէյ Սաֆարեանի խօսքով, այսուհետեւ որքան ալ ապրինք, պէտք է ապրինք մեղքի զգացողութեամբ, որ չկրցանք 30 տարուան խաղաղութեան արժանի ըլլալ: «Նեմրութ» գրական կեղծանունով յայտնի Սերգէյ Սաֆարեան մէջբերած է իր տողերէն մէկ հատուած` «Եւ ինչքան կ՛ուզէք աղաւնիներ բաց ձգեցէք, միեւնոյնն է` խաղաղութիւնը կը բերեն արծիւները»:

Յայտնենք, որ ներկաները այնուհետեւ այցելած են Խնուշինակի գերեզմանոց եւ յարգանքի տուրք մատուցած են զոհուած տղաներուն յիշատակին:

Արցախի Շոշ Գիւղին Դպրոցը Բացաւ Իր Դռները

Արցախի Շոշ գիւղին դպրոցը որոշ վերանորոգման աշխատանքներէ ետք բացաւ իր դռները 65 աշակերտներու դիմաց: Այս մասին յայտնեցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն:

2004-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղին աջակցութեամբ, Արցախի Շոշ գիւղին մէջ կառուցուեցաւ հանրակրթական դպրոց: Արցախի սրտին վրայ գտնուող Շոշ գիւղը, պատերազմին իբրեւ հետեւանք, այժմ յայտնուած է սահմանամերձ գօտիի մէջ:  Բնակիչներուն մեծ մասը զինադադարէն ետք գիւղ վերադարձած է, իսկ դպրոցը, դռներու, տանիքի, պատուհաններու եւ այլ վերանորոգման աշխատանքներէ ետք, մէկ շաբաթ առաջ բացաւ իր դռները 65 աշակերտներու առջեւ: Ուրախանալի լուրը այն է, որ դպրոց վերադարձան գրեթէ բոլոր աշակերտները:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 15815

Latest Images

Trending Articles