Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Խմբագրական. Համախումբ Քաղաքական Գործօն

$
0
0

100+1-1_42216

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով ընդունուած համահայկական հռչակագիրը ուղենշային իմաստ ունի ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով համայն հայութեան հետագայ գործունէութիւնը հունաւորելու առումով, այլ ընդհանրապէս կը պարունակէ շատ կարեւոր հիմնադրոյթներ համազգային ռազմավարական հարցերը հետապնդելու համար ճանապարհային քարտէսը ձեւաւորելու տեսակէտէն:

Հռչակագիրի վերջին կէտը 12-րդը, իբրեւ վերջաբան կ՛ամփոփէր բովանդակային առանցքը հաստատելով` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ  տարելիցին  նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը, համախորհուրդ սփիւռքի մէջ գործող տարածաշրջանային յանձնախումբերուն հետ`

«Կոչ է անում հայորդիների գալիք սերունդներին` հայրենասէր, գիտակից եւ ուսեալ կեցուածքով պաշտպան կանգնել հայրենի սրբազան ժառանգութեանը, աննահանջ պայքարով ծառայել յանուն առաւել հզօր հայրենիքի` ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան, անկախ Արցախի առաջընթացի ու զօրացման, աշխարհասփիւռ հայութեան գործուն համախմբման, համայն հայութեան դարաւոր նուիրական նպատակների իրականացման»:

Որքան ալ այստեղ օգտագործուած միտքերն ու բառապաշարը հռչակագրային են  եւ այդ առումով` ուղենշային, այնուամենայնիւ իրադարձութիւններու հրատապութիւնը նկատի ունենալով` խիստ այժմէական են նաեւ գործնական իմաստով եւս:

Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, հատուցման եւ իրաւունքի հետ կապուած խնդիրներու արդար լուծման եւ ընդհանրապէս մեր համազգային պահանջատիրութեան հեռահար նպատակին համար անհրաժեշտ են առաւել հզօր հայրենիք, առաւել եւս ազատ ու ժողովրդավար Հայաստան. Անհրաժեշտ են Արցախի Հանրապետութեան եւ ժողովուրդին  յառաջընթացն ու հզօրացումը եւ աշխարհասփիւռ հայութեան գործօն համախմբումը: Վերջին նախադասութիւնը մեր դարաւոր նուիրական նպատակներու իրականացումն է, որ կը ներառէ մեր պատմական բոլոր իրաւունքներու վերականգնումը:

Հռչակագիրի վերջաբանը Ցեղասպանութեան հետ կապուած խնդիրներու հետապնդումի իմաստին կը նոյնացնէ այսօրուան հայրենիքի հզօրացումը, արատներու սրբագրութեան հրամայականը, արտագաղթի կասեցման միտող միջոցառումներու որդեգրումը, ժողովրդավարացումը, սփիւռքը քաղաքական համախումբ գործօնի վերածելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը եւ ասոնց առընթեր` Արցախի անկախութեան իրաւական ճանաչումը:

Հռչակագիրը անշուշտ բոլորովին նոր կացութիւններու մասին չի խօսիր: Այս հասկացողութեամբ էր արդէն, որ աշխարհասփիւռ Հայ դատի յանձնախումբերը հայոց պետութեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները ներառած էին իրենց ռազմավարական խնդիրներու շարքին: Եւ պատահական չէր, որ Արցախի օժանդակութիւններու բազմապատկման, Ազրպէյճանի օժանդակութիւններու կրճատման հարցերը նոյնքան հրատապ էին, որքան` Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերը: Նոյնքան առաջնակարգ էին Հայաստանի Հանրապետութեան ապաշրջափակումի պահանջները, որքան` դարաւոր իրաւունքներունը կամ տարածքային պահանջատիրութիւնը: Տակաւին չենք խօսիր կայծակնային պատերազմի ստեղծած օրհասին Արցախին քաղաքական, դիւանագիտական, տեղեկատուական օժանդակութիւն հասցնելու սփիւռքեան կառոյցներուն եւ յատկապէս Հայ Դատի յանձնախումբերուն համընդհանուր աշխատանքներուն կիզակէտին վերածուելու տեղին առնուած որոշումներուն եւ քայլերուն մասին:

Հայաշխարհի հետ կապուած իրադարձութիւնները մեզի կը յուշեն, որ երկարաժամկէտ եւ կարճաժամկէտ ռազմավարական խնդիրներու նոր հայեցակարգի մշակման անհրաժեշտութիւնը կ՛ընդգծուի:

Առաջնային խնդիրը հայկական սահմաններու անվտանգութիւնն է, որուն համար անհրաժեշտ են հզօր հանրապետութիւններ եւ համախումբ, քաղաքական գործօնի դեր ունեցող սփիւռք:

Լիբանանահայ համայնքը իր կուսակցութիւններով, յարանուանութիւններով եւ միութիւններով բազմաթիւ փաստեր տուած է համախումբ քաղաքական գործօնի վերածուելու եւ այդ ճամբով սատարելու Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց հզօրացման: Հայաստան-Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններ կամրջելէն մինչեւ Ազրպէյճանի առաջադրած հակահայ բանաձեւերուն պաշտօնական Պէյրութի վերապահութիւն որդեգրելը, վերաբնակեցման աշխատանքներուն սատարելէն մինչեւ Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործի դէմքի բացայայտումը ու տակաւին, պատրաստակամութիւնը Անգարային տարբեր եղանակներով պահանջներ ներկայացնելու:

Այո՛, համախումբ քաղաքական գործօն, որպէսզի հզօրանայ հայրենիքը, անվտանգ մնան մեր սահմանները, ճանաչում ձեռք բերէ հերոսական Արցախը, եւ ապահովուին հայ ժողովուրդի դարաւոր, պատմական բոլո՛ր իրաւունքները:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>