ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Կարդացի «Ալիեւը գիտի, որ ընդամէնը մի քանի տարի ունի Ղարաբաղի հարցը լուծելու համար» («Ազդակ», 12 ապրիլ 2016) յօդուածը, ուր ֆրանսական «Փեթրօսթրաթեժի» վերլուծական ընկերութեան տնօրէն Պետրոս Թէրզեան կ՛ըսէ. (Արեւմտահայերէնի վերածուած):
1. «Պէտք է գիտնալ, որ տարիներու ընթացքին, երբ Ազրպէյճանի քարիւղի հզօրութիւնը պակսի, այդ քարիւղատարները իրենց կարեւորութիւնը պիտի սկսին կորսնցնել: Այսինքն հինգ-վեց տարի ետք այդ քարիւղատարը (Պաքու-Ճէյհան, Յ. Չ.) պիտի դառնայ երկրորդական նաւթատար, երկրորդական քարիւղային գործօն»:
2. «Երբ Ազրպէյճան ստորագրեց այդ պայմանագրերը, այսինքն` 2013-ի դեկտեմբերին, այդ օրէն Ազրպէյճան ստիպուած է ամէն ինչ ընել, որ կազը հասնի իր շուկան` Թուրքիա, Եւրոպա: Իսկ այդ կը նշանակէ մօտ 50 միլիառ տոլարի ծախս, որ կը նշանակէ, որ պէտք է սպասել, մինչեւ որ այդ գումարը գտնեն, ու միայն անկէ ետք` 2025-ին պիտի սկսին եկամուտ ստանալ կազէն»:
3. «Այսօր Իլհամ Ալիեւ շատ դժուար կացութեան առջեւ կը գտնուի: Ազրպէյճանի տնտեսութիւնը քարիւղի գինի նուազումին պատճառով սկսած է անկում արձանագրել, եւ իրեն համար դժուար է զայն կասեցնել, որովհետեւ չ՛ակնկալուիր, որ ապագային քարիւղի գիները կը բարձրանան, մանաւանդ որ Ազրպէյճանի քարիւղի պաշարները սկսած են հետզհետէ պակսիլ: Այսինքն անոնք իրենց ունեցած քարիւղին կէսը արդէն արտադրած են, միւս կէսը, որ շուրջ 3 միլիառ տակառ կը գնահատուի, յառաջիկայ տասը տարիներու ընթացքին կը վերջանայ, եթէ այսօրուան կշռոյթով սկսին քարիւղ արտադրել»:
Այս օրերուս կ՛արժէ գիտնալ, թէ ի՛նչ կը մտածէ ամերիկեան վերլուծաբանական կազմակերպութիւն մը Հարաւային Կովկասի մասին: Հետաքրքրական է ամերիկեան «պահպանողական» «Հերիթէյճ Ֆաունտէյշըն» հետազօտութեան կեդրոնին 2015 յունուարի ուսումնասիրութիւնը, որ ընդհանրապէս հայկական կողմին տեսակէտը նկատի չ՛առներ` «2015 թուականի Միացեալ Նահանգներու զինուորական հզօրութեան ցուցանիշը` Գնահատում Ամերիկայի կարողութեան ընդհանուր պաշտպանութիւնը ամրացնելու» 330 էջ, տես` (http://ims-2015.s3.amazonaws.com/2015_Index_of_US_Military_Strength_FINAL.pdf), որուն «Ռուսական ապակայունացում Հարաւային Կովկասի մէջ» գլխուն տակ` որոշ վերապահութիւններով (այս եւ յաջորդող ընդգծումները` իմս, Յ. Չ.) թարգմանաբար կը կարդանք:
Ա. «Հարաւային Կովկասը կը գտնուի աշխարհագրական եւ մշակութային առանցքային խաչմերուկի վրայ եւ դարեր շարունակ փաստուած է անոր ռազմավարական կարեւորութիւնը, թէ՛ ռազմական, թէ՛ տնտեսապէս: Հակառակ անոր որ տարածաշրջանի երկիրները (Հայաստան, Վրաստան եւ Ազրպէյճան) պաշտօնապէս ՕԹԱՆ-ի անդամ չեն եւ, հետեւաբար, Ամերիկայէն չեն ստանար անվտանգութեան երաշխիք, անոնք տարբեր աստիճաններով մասնակցած են ՕԹԱՆ-ին եւ Ամերիկայի ղեկավարած գործողութիւններուն, յատկապէս` Վրաստան, որ ձգտումներ ունի անդամակցելու ՕԹԱՆ-ին»:
![«Հերիթէյճ Ֆաունտէյշըն»-ի Հարաւային Կովկասի քարտէսը` քարիւղի կազի եւ շոգեկառքի ուղիներու, ուր Ջաւախքը «առանձնացուած» է](http://i2.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/04/The-Baku%E2%80%93Tbilisi%E2%80%93Ceyhan-pipeline_42216.jpg?resize=640%2C423)
«Հերիթէյճ Ֆաունտէյշըն»-ի Հարաւային Կովկասի քարտէսը` քարիւղի կազի եւ շոգեկառքի ուղիներու, ուր Ջաւախքը «առանձնացուած» է
Բ. «Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը կարեւոր դեր ունեցած է ՕԹԱՆ-ի Հիւսիսային բաշխման ցանցին (NDN), որուն մասին Ազրպէյճանի մէջ Ամերիկայի դեսպան Մեթիու Պրայզան 2011-ին յայտարարած է. «Աֆղանիստան տեղակայուած գրեթէ իւրաքանչիւր ամերիկացի զինուոր Ազրպէյճանի վրայով ճամբորդած է»: Իսկ բեռներուն 30 տոկոսը փոխադրուած է Վրաստանի Փոթի նաւահանգիստին միջոցով: Ամերիկային անհրաժեշտ է տարածաշրջան մուտք գործել Հարաւային Կովկասի օդի, հողի եւ ծովային տարածքներով»:
Գ. «Ռուսիան Հարաւային Կովկասը կը նկատէ իր բնական ազդեցութեան գօտին եւ պատրաստ է անհրաժեշտ պարագային ուժ գործածել իր ազդեցութիւնը պահպանելու համար: 2008 օգոստոսին Ռուսիա ներխուժեց Վրաստան (երբ Վրաստանի բանակը մտաւ Աբխազիոյ ինքնավար մարզ, Յ. Չ.)` 24 քմ մօտենալով մայրաքաղաք Թիֆլիսի: Վեց տարի ետք քանի մը հազար հաշուող ռուսական զօրքը գրաւեց վրացական երկու նահանգներ` Հարաւային Օսեթիան եւ Աբխազիան»:
Դ. «Այսօր Ռուսիա կը շարունակէ օգտուիլ շրջանի ազգամիջեան լարուածութենէն` Հարաւային Կովկասի մէջ ամրագրելու նպատակով ռուսամէտ քաղաքականութիւն, որ յաճախ կը հակադրուի տարածաշրջանի մէջ Ամերիկայի կամ ՕԹԱՆ-ի նպատակներուն: Սակայն Ռուսիոյ ազդեցութիւնը միայն մեղմ ազդեցութեամբ չի սահմանափակուիր: Հարաւային Կովկասի մէջ երկիրները կը պահպանուին ռազմական հզօրութեամբ: Կոպիտ դրացիներով շրջապատուած, ուր անկայունութիւնը եւ անապահովութիւնը դրսեւորուած են ահաբեկչութեամբ, կրօնական մոլեռանդութեամբ, կրօնական դարաւոր բաժանումներով եւ բնական պաշարներու մրցակցութեամբ»:
Ե. «Ռուսիա ռազմական զգալի ներկայութիւն կը պահէ Հայաստանի մէջ 49 տարուան ժամկէտով համաձայնութեան մը հիման վրայ` Ռուսիոյ արտօնելով շուրջ 5000 զինուորներու, քանի մը երկտասնեակ կործանիչ օդանաւերու եւ յարձակողական ուղղաթիռներու, 102-րդ ռազմակայանին մէջ (Գիւմրի, Յ. Չ.): Ռուսիա դժուարութիւն ունեցաւ մատակարարելու այդ ուժերը, յատկապէս երբ Վրաստան փակեց օդային տարածքը ռուսական ռազմական թռիչքներուն առջեւ, իսկ Թուրքիա կը մերժէ տարանցումը: Այս պատճառով Ռուսիա կ՛օգտագործէ Իրանի տարածքը, որ հասկնալի պատճառներով յարմարագոյնը չէ Ռուսիոյ համար»:
Զ. «Հետեւաբար մտավախութիւն կայ, որ Ռուսիա շահագործէ ազգամիջեան լարուածութիւնները, որպէսզի հայաբնակ վրացական Սամցխէ-Ջաւախք նահանգին մէջ ստեղծէ ազդեցութեան գօտի, Ռուսիան Հայաստանի միջոցով կապելով Հարաւային Օսեթիոյ եւ Սամցխէ-Ջաւախքի: Կ՛ըսուի, որ Ռուսիա անձնագիրներ կը շնորհէ այդտեղ ապրող հայերուն: Մտավախութիւն կայ, որ Խրիմի նման, Ռուսիա սատարէ լուրջ անջատողական շարժումի մը` փորձելով Սամցխէ-Ջաւախքը անջատել Վրաստանէն: Ռուսիոյ համար աւելի կարեւոր է հաստատել ցամաքային միջանցք Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ` Հարաւային Օսեթիոյ վրայով դէպի Վրաստանի Սամցխէ-Ջաւախք: Յստակ է, որ Ռուսիա փորձէ ցեղային գունաւորումով մասնատել Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը` երկիրը բաժնելով ցեղային սահմաններով»:
Է. «Սամցխէ-Ջաւախքը ռազմավարական կարեւորութիւն ունի շարք մը պատճառներով: Նշենք, որ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատարը եւ Հարաւային Կովկասի խողովակաշարը, քարիւղը եւ կազը, համապատասխանաբար, Կասպից ծովէն մինչեւ Միջերկրական ծով, կ՛անցնին այս տարածքէն: Հաւանական է նաեւ, որ Կեդրոնական Ասիոյ (Թուրքմենիստան, Ուզպեքիստան, Ղազախստան, Յ. Չ.) կազի մատակարարումը դէպի Եւրոպա (ցարդ` միայն դէպի Չինաստան եւ Ռուսիա, Յ. Չ.) ապագային օգտագործէ Հարաւային Կովկասի խողովակաշարը, որ կենսական նշանակութիւն կրնայ ունենալ Եւրոպայի համար: Յատկապէս, քանի որ այժմ եւրոպական շատ մը երկիրներ, իբրեւ ուժանիւթի աղբիւրի, Ռուսիայէն կախեալ են: Նաեւ Կարս-Թիֆլիս-Պաքու երկաթուղին, որուն նպատակն է, ի վերջոյ, տարեկան 3 միլիոն ճամբորդ եւ աւելի քան 15 միլիոն թոն ապրանք փոխադրել, որ կ՛ակնկալուի իրականացնել 2015-ին (ներկայ դրութեամբ 2017-ին, Յ. Չ.) նաեւ կ՛անցնի Սամցխէ-Ջաւախքէն»:
Ը. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը հանդիսանայ տարածաշրջանին մէջ անկայունութեան այլ տարածք: Հակամարտութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սկսած է 1988 թուականին (խորհրդային ժամանակաշրջանին, երբ Ազրպէյճանը ցեղային մաքրագործումի կ՛ենթարկէր հայ բնակչութիւնը,- Յ. Չ), երբ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը կը պահանջէր Ազրպէյճանէն: 1992-ին հայկական ուժերը եւ կամաւորական ջոկատները գրաւեցին (մասամբ` ազատագրեցին, Յ. Չ.) Ազրպէյճանի 20 տոկոսը, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանը եւ յարակից եօթը շրջաններ: 1994-ին զինադադարի համաձայնագիր ստորագրուեցաւ, որմէ ետք հակամարտութիւնը կը նկարագրուի իբրեւ «սառեցուած»:
Թ. «Կան մտահոգութիւններ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը իբրեւ պատրուակ ծառայէ` ռուսական ազդեցութիւնը ամրագրելու տարածաշրջանին մէջ: Ինչպէս որ Եւրասիական անվտանգութեան յարգուած փորձագէտ դոկտ. Ալեքսանտրոս Փեթերսըն նշած է. «Գաղտնիք չէ, որ տարածաշրջանին մէջ բոլորը, ինչպէս նաեւ` Եւրոպական Միութեան եւրասիականներուն համար, Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը Ռուսիոյ կողմէ փոխանորդաբար կատարուող հակամարտութիւն է, որ կը պահպանուի «թեթեւ կրակի» վրայ` երկու կողմերուն ռուսական զէնք վաճառելով, այնպէս մը, որ Մոսկուան կարենայ պահպանել իր ազդեցութեան լծակները Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ աշխարհագրական հարեւանութեամբ Վրաստանի վրայ»:
Ժ. «Ռուսիոյ բարձրաստիճան ղեկավարները յստակօրէն յայտնած են իրենց տեսակէտը, թէ պատերազմի մը պարագային ո՛ր կողմը կը պաշտպանէ Մոսկուան: 2013-ին տրուած հարցազրոյցին գնդապետ Անտրէյ Ռուզինսքի` Հայաստանի մէջ ռուսական զօրքերու հրամանատարը, հաստատեց Ռուսիոյ մտադրութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը` «միանալու զինուած հակամարտութեան» Ազրպէյճանի դէմ, եթէ ան որոշէ բռնի ուժով վերատիրանալ Լեռնային Ղարաբաղին»:
ԺԱ. «Խրիմի մէջ Ռուսիոյ գործողութիւններէն եւ Արեւմուտքի թոյլ հակազդեցութենէն ետք Մոսկուան կրնայ համարձակիլ աւելի մեծ, բայց չերաշխաւորուած շահեր ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի սառեցուած հակամարտութիւնը վերածելով տաք պատերազմի` անով իսկ տիրանալու աւելի մեծ լծակներու եւ շարունակել ընդլայնելու իր ազդեցութիւնը»:
«Հարաւային Կովկասը կրնայ շատ հեռու թուիլ ամերիկեան քաղաքականութիւն մշակողներէն շատերուն համար, բայց ընթացող հակամարտութեան ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ կրնայ ուղղակի ազդեցութիւն ունենալ ամերիկեան շահերուն ու անվտանգութեան վրայ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի գործընկերներուն` Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու, որոնք կախեալ են տարածաշրջանին մէջ քարիւղի եւ կազի տարանցումէն»:
«Կ՛արժէ նշել, որ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ լարուածութիւնը նուազած է, սակայն քաղաքական լուծումը հաւանական չէ»:
«Ամփոփում. Ռուսիան Հարաւային Կովկասը կը նկատէ իբրեւ կենսական թատերաբեմ եւ կ՛օգտագործէ բազմաթիւ գործիքներ, որոնք կ՛ընդգրկեն ռազմական յարձակում, տնտեսական ճնշում եւ ցեղային լարուածութեան հրահրում` իր ազդեցութիւնը ամրապնդելու եւ վերահսկելու, որոնց հետեւանքները կը հակադրուին Ամերիկայի շահերուն»:
Ազրպէյճան, վերեւ նշուած 1, 2 եւ 3 կէտերու հիմնաւորումով, առայժմ ուժանիւթի մարզին մէջ էական դերակատարութիւն չունի, սակայն կազի պարագային ապագային փոքր մրցակից մը կը նկատուի Իրանի եւ Ռուսիոյ կողմէ: Իսկ Ռուսիան երբե՛ք պիտի չարտօնէ Կեդրոնական Ասիոյ կազի մատակարարումը դէպի Եւրոպա Ազրպէյճանի տարածքով` փոխարինելով ռուսական կազը, ծրագիր մը, որուն մասին խօսուած է:
![Քրտական Հիւսիսային Իրաքէն եւ Սուրիայէն դէպի Միջերկրական ծով քարիւղի տարանցո՞ւմ](http://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/04/%D5%94%D6%80%D5%BF%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6-%D5%80%D5%AB%D6%82%D5%BD%D5%AB%D5%BD%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6-%D4%BB%D6%80%D5%A1%D6%84%D5%A7%D5%B6-%D5%A5%D6%82-%D5%8D%D5%B8%D6%82%D6%80%D5%AB%D5%A1%D5%B5%D5%A7%D5%B6-%D5%A4%D5%A7%D5%BA%D5%AB-%D5%84%D5%AB%D5%BB%D5%A5%D6%80%D5%AF%D6%80%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6-%D5%AE%D5%B8%D5%BE-%D6%84%D5%A1%D6%80%D5%AB%D6%82%D5%B2%D5%AB-%D5%BF%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%B6%D6%81%D5%B8%D5%9E%D6%82%D5%B4.jpg?resize=640%2C209)
Քրտական Հիւսիսային Իրաքէն եւ Սուրիայէն դէպի Միջերկրական ծով քարիւղի տարանցո՞ւմ
Հարաւային Կովկասէն ոչ հեռու կայ այլ պատկեր, ուր կը թուի թէ առայժմ ռուս-ամերիկեան շահերու համընկնում գոյութիւն ունի: Իրաք, որ աշխարհի քարիւղի հինգերորդ պահեստը ունի, ներկայ դրութեամբ եւ ամերիկեան ուղղակի եւ ռուսական անուղղակի օժանդակութեամբ գրեթէ քրտաբնակ եւ քրտական քաղաքային ուժերու տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ կը գտնուի, ինչպէս նաեւ` աւելի նուազ պաշար ունեցող սուրիական քարիւղը:
Մեծ է հաւանականութիւնը, որ քարիւղի ապագայի տարանցումը հիւսիսային Իրաքէն հիւսիսային Սուրիոյ տարածքով հասնի Միջերկրական ծով, մեծ մասամբ քրտական ազդեցութեան գօտիէն` շրջանցելով Թուրքիան: Ահա այս պարունակին մէջ պէտք է դիտել Ամերիկա-Թուրքիա եւ Ռուսիա-Թուրքիա անհամաձայնութիւնը Իրաքի եւ Սուրիոյ հարցով, եւ Թուրքիոյ պնդումը` իր հսկողութեան տակ առնելու մնացեալ շուրջ հարիւր քիլոմեթր հողամասը:
Բաւարար է տեսնել վերի քարտէսը եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ներկայիս տեղի ունեցող զարգացումները:
Մեզի կը մնայ մօտէն հետեւիլ շրջանային զարգացումներուն եւ ըստ այնմ կողմնորոշուիլ` հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու համար, դիմելով կարելի բոլոր միջոցներու, առանց որեւէ հողային զիջումի, միշտ ապաւինելով եւ հզօրացնելով սեփական ուժը:
19 ապրիլ 2016