Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի աշակերտութիւնը արցախահայութեան եւ հայոց բանակին նուիրուած իր զօրակցական հաւաքով անմասն չմնաց ընդհանրապէս սփիւռքի եւ մասնաւորապէս Լիբանանի հայկական վարժարաններուն մէջ նոյն առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներէն:
Ապրիլ 6-ի «Բարի լոյսը» աշակերտներուն մաղթեց դպրոցի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան, որ անդրադարձաւ ԼՂՀ մէջ ազերիներուն կողմէ զինադադարի խախտումի պատճառով հիւսիսարեւելեան շրջաններու մէջ բռնկած պատերազմի մասին: Ան կոչ ուղղեց զօրակցիլ եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակել արցախահայութեան եւ հայոց բանակի անձնուէր զինուորներուն, ըլլալ զգաստ ու պատրաստ` դիմակայելու ամէն տեսակի դժուարութիւն, իսկ իր խօսքի աւարտին խնդրեց, որ առաւօտեան աղօթքը նուիրուի Արցախի մէջ զոհուած զինուորներու խնկելի յիշատակին, ինչպէս նաեւ` առաջին գիծի վրայ կռուող հայ մարտիկներուն:
Եւ հնչեց «Առաւօտ լուսոյ»-ն. հնչեց սովորականէն տխո՜ւր, բայց ոչ յուսահատական, տխո՛ւր, բայց ցասկոտ… 12-րդ դարէն երգուող «Արեգակն արդար»-ը ե՞րբ պիտի ըլլար վերջապէս արդար` հայոց աշխարհին համար: «Արեգակն արդար»-ը ե՞րբ պիտի ըլլար արդար եւ ընդմիշտ սրբէր երկրորդ տասնամեակը չբոլորած զաւակի կորուստը սգացող հայ մօր արցունքները, «Արեգակն արդար»-ը ըլլար արդար ու սպասող մանուկներուն ողջ վերադարձնէր իրենց զինուոր հայրերը սահմանապահ: «Արեգակն արդար»-ը ըլլար աւելի՛ արդար ու մէկ կողմ նետէր հայու թափառական ցուպը եւ համախմբէր ցիրուցան եղած հայութիւնը միացեալ Հայաստանի մէջ` վերջ տալով հայոց ազգի ցաւին ու տագնապին… Այս մտածումներով աշակերտները անցան իրենց աշխատանքներուն, եւ դպրոցական օրը ընթացաւ սովորականէն լուռ: Աւելի ուշ միջնակարգի աշակերտները խմբուեցան գրադարանի սրահը: Սահիկներու ցուցադրութեամբ Սիլվի Աբէլեան, ԼՂՀ պատմական կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն անդրադառնալէ ետք, աշակերտութիւնը իրազեկ դարձուց ազերիական նախայարձակումին, հայկական կողմի դիմադրութեան, դիրքերուն, զոհերու եւ այլ տուեալներու: Աշակերտները դիտեցին նաեւ հայոց բանակի մարտունակութեան, ուժի եւ սպառազինութեան մասին խօսող տեսերիզներ: Հաւաքի աւարտին աշակերտները, ըմբռնելով Արցախին սպառնացող վտանգը, բայց նոյն ատեն հաւատալով հայ բանակի հզօրութեան եւ անկոտրում կամքին, ոգեւորուած երգեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր: Հոգու խորերէն մեկնաբանուած երգերը վկայեցին, որ հայ պատանին տէրն ու ժառանգորդն է իր հողին, իր ազգային արժէքներուն, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կրնայ պայքարիլ եւ իր զօրակցութիւնը ամրագրել Արցախի պատանիներու թիկունքին: