ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Հայաստանի վարչապետի եւ Ազրպէյճանի ու Ռուսիոյ նախագահներու համատեղ յայտարարութիւնը, որ հրապարակուեցաւ 9 նոյեմբեր 2020-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ներկայացուեցաւ իբրեւ զինադադարի փաստաթուղթ եւ ոչ թէ` Արցախի հարցի վերջնական լուծում:
Թէեւ այս համաձայնագիրը վերջ դրաւ շարունակուող պատերազմին, սակայն իրականութեան մէջ անիկա աւելին էր, քան զինադադարը: Անիկա կը ներառէր 1990-ական թուականներուն հայերու կողմէ ազատագրուած տարածքներու մեծ մասի վերադարձը Ազրպէյճանին: Անիկա Ազրպէյճանին նաեւ այլ զիջումներ ըրաւ, որոնք Արցախի հետ կապ չունին: Հետեւաբար այս փաստաթուղթը անձնատուութիւն է Հայաստանի համար:
Այս «Յայտարարութիւնը» անորոշ կերպով կազմուած փաստաթուղթ մըն է, որ լուրջ ճշգրտումի, եթէ չըսենք` վերստին բանակցելու եւ լուրջ պարզաբանման կարիքը ունի: Ես կը մեկնաբանեմ այս «Յայտարարութեան» բոլոր ինը կէտերը.
Այս «Յայտարարութեան» առաջին արտասովոր կէտը այն է, որ թէեւ երեք ղեկավարները պայմանաւորուեցան դադրեցնելու մարտերը «ներկայիս գտնուած իրենց դիրքերուն մէջ» (կէտ 1), հայկական կողմը պարտաւոր է վերադարձնելու այն հողերը, զորս Ազրպէյճան չէր նուաճած: Կրակի դադրեցման պայմանը ընդհանրապէս կը մատնանշէ կրակի դադրեցում շփման կէտին վրայ եւ կողմերու միջեւ եղած տարակարծութիւններու հետագայ կարգաւորումը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Ահա թէ ինչո՛ւ ես այս համաձայնագիրը կը կոչեմ անձնատուութիւն, այլ ոչ թէ` զինադադար:
Երկրորդ դիտարկումս այն է, որ «Յայտարարութիւն»-ը կոչ կ՛ընէ Աղտամի շրջանը վերադարձնելու Ազրպէյճանին` առանց այդ տարածքը վերադարձնող հայկական կողմին անունը նշելու (կէտ 2): Այսուամենայնիւ, «Յայտարարութեան» 6-րդ կէտին մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նշուի իբրեւ կողմ, որ Քելբաջարի եւ Լաչինի շրջանները պարտաւոր է վերադարձնելու Ազրպէյճանին: Ասիկա լուրջ սխալ է Հայաստանի կողմէ, քանի որ Արցախի եւ յարակից տարածքներու ազատագրումը մշտապէս ներկայացուած է Արցախի հայկական ուժերու կողմէ կատարուած, այլ ոչ թէ` Հայաստանի: «Յայտարարութեան» մէջ նշուած այս նախադասութեամբ Հայաստան կ՛ընդունի, որ ինք գրաւած է այդ տարածքները` այսպիսով ստանձնելով իրաւական պատասխանատուութիւն` միջազգային դատարանի կողմէ նշանակուած որեւէ փոխհատուցման համար Ազրպէյճանին: Յղումը` «Հայաստանի Հանրապետութեան», պէտք է փոխարինուի «հայկական ուժերով»:
«Յայտարարութեան» 3-րդ կէտ. Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու թիւը կը նշուի 1960: Սակայն կան տեղեկութիւններ, որ հոն հիմա աւելի շատ ռուսական զօրք կայ, եւ կրնայ ըլլալ, որ ապագային շատ աւելի ըլլայ: Ասիկա շեղում է «Յայտարարութենէն», ինչ որ կը նշանակէ, որ այս համաձայնագրին մէջ կարելի է նաեւ ուրիշ փոփոխութիւններ կատարել:
«Յայտարարութեան» 4-րդ կէտ. ռուս խաղաղապահներուն յանձնարարուած է հինգ տարի մնալ երկու կողմերու միջեւ, եթէ Հայաստան կամ Ազրպէյճան անոնցմէ չպահանջեն հեռանալ` հինգ տարիէն վեց ամիս առաջ: Թէեւ հասկնալի է, որ ոչ մէկ խաղաղապահ կրնայ յաւերժ մնալ, այս դրոյթը պէտք է անհանգստացնէ հայերը, որովհետեւ նախագահ Ալիեւ յայտարարած է, որ Ազրպէյճան կ՛ուզէ վերադարձնել ամբողջ Արցախը, ոչ թէ` միայն անոր մէկ մասը: Ուստի, ամենայն հաւանականութեամբ, Ազրպէյճան Ռուսիայէն կը պահանջէ իր զօրքերը դուրս բերել 4, 5 տարի անց` դուռ բանալով ազրպէյճանական կողմէ Արցախի ամբողջական գրաւման: Նոյնիսկ` աւելի վատ, ռուսական զօրքերը կրնան շատ աւելի շուտ դուրս գալ, եթէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմ սկսի:
«Յայտարարութեան» 5-րդ կէտին մէջ կը նշուի, որ «կրակի դադրեցման վերահսկողութեան համար պէտք է ստեղծուի «խաղաղապահ կեդրոն»` առանց նշելու, թէ ո՛վ պիտի ղեկավարէ նման կեդրոն մը: Այս «Յայտարարութեան» ստորագրումէն քանի մը օր անց յայտնի դարձաւ, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ զօրքերը միասին պիտի կառավարեն այս կեդրոնը, որ պէտք է տեղակայուի Ազրպէյճանի տարածքին մէջ` Արցախէն դուրս: Ասիկա, հաւանաբար, նախագահ Փութինի կողմէ զիջում էր Թուրքիոյ` թրքական զօրքերուն թոյլ չտալու համար, որ միանան ռուս խաղաղապահներուն:
«Յայտարարութեան» 6-րդ կէտը Հայաստանէն կը պահանջէ 15 նոյեմբեր 2020-ին Քելբաջարը վերադարձնել Ազրպէյճանի: Այս ամսաթիւը հետագային փոխուեցաւ 25 նոյեմբերի: Ասիկա մէկ անգամ եւս ցոյց կու տայ, որ կարելի է փոփոխութեան ենթարկել «Յայտարարութեան» պայմանները: 6-րդ կէտը նաեւ կոչ կ՛ընէ կառուցելու նոր երթուղի «յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին»` Արցախը Հայաստանի հետ կապելու համար, շրջանցելով Շուշին, որ ներկայիս գրաւուած է Ազրպէյճանի կողմէ:
«Յայտարարութեան» 7-րդ կէտը կը նախատեսէ, որ «ներքին տեղահանուած մարդիկ եւ գաղթականներ պէտք է վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից տարածքներ` ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի վերահսկողութեան տակ»: Կ՛ենթադրուի, որ ինչպէս ազրպէյճանցի, այդպէս ալ հայ գաղթականները իրաւունք կ՛ունենան վերադառնալու իրենց տուները Արցախի մէջ եւ յարակից տարածքներ: Կասկածելի է, որ հայերը կ՛ուզեն վերադառնալ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ: Յստակ չի նշուիր, թէ արդեօք ազրպէյճանցի գաղթականները իրաւունք ունի՞ն վերադառնալու Արցախի կողմէ վերահսկուող հայկական տարածք, ինչ որ կրնայ բախումներ յառաջացնել երկու համայնքներու միջեւ:
«Յայտարարութեան» 8-րդ կէտը կը պահանջէ «փոխանակել ռազմագերիները, պատանդները եւ կալանաւորուած այլ մարդիկ եւ դիակները»: Այսուամենայնիւ, վերջնական ժամկէտ չէ սահմանուած նման փոխանակման համար: Քանի որ շատ աւելի հայ, քան ազրպէյճանցի գերիներ կան, ասիկա լուրջ հարց պիտի ստեղծէ մեր գերեվարուածներու ընտանիքներուն համար, որոնց զաւակները Ազրպէյճանի կողմէ կ՛ենթարկուին բարբարոսական վերաբերումի:
«Յայտարարութեան» 9-րդ կէտը ամէնէն կարեւորն ու ամէնէն վտանգաւորն է Հայաստանի ապագային համար: Անիկա կոչ կ՛ընէ միջանցք ստեղծել Ազրպէյճանի հիմնական տարածքի եւ Նախիջեւանի միջեւ` Հայաստանի հարաւային հատուածով, Իրանի սահմանի մօտակայքը: Ասիկա կարմիր գիծ է, որ Հայաստանի ոչ մէկ ղեկավար իրաւունք ունէր հատելու: Ասիկա կը վտանգէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը: Նման միջանցք մը եղած է փանթուրանական վաղեմի երազանք` ցամաքային ճանապարհով Թուրքիան միացնելու Ազրպէյճանին եւ անկէ ետք` Կեդրոնական Ասիոյ մնացած թրքական հանրապետութիւններուն: Ասիկա կէտ մըն է, որ Փաշինեան պէտք էր կտրականապէս մերժէր ընդունիլ: Յոյսով եմ, որ շատ ուշ չէ փոխելու այս դաւաճանական դրոյթը: Կարելիութիւններէն մէկը այն է, որ եթէ Ազրպէյճան խախտէ «Յայտարարութեան» որեւէ կէտ, Հայաստան այնուհետեւ անվաւեր կը համարէ համաձայնագրի 9-րդ կէտը: Օրինակ, եթէ ազրպէյճանական ուժերը յարձակին Արցախի ներկայիս հայաբնակ հատուածին վրայ կամ փակեն Լաչինի նոր միջանցքը, ապա Հայաստան կրնայ փակել Հայաստանի հարաւը գտնուող ազրպէյճանական միջանցքը: Մէկ այլ հնարաւորութիւն կրնայ ըլլալ հինգ տարի անց, եթէ Ազրպէյճան պահանջէ ռուս խաղաղապահներէն լքել Արցախը: Ատկէ ետք Հայաստան կրնայ փակել իր տարածքը հատող ազրպէյճանական միջանցքը, քանի որ «Յայտարարութիւնը» կը պահանջէ, որ ռուսական զօրքերը երաշխաւորեն այս միջանցքի անվտանգութիւնը: Փաշինեանի բացատրութիւնը, որ այս դրոյթը թոյլ կու տայ Հայաստանի` օգտագործել Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի մէջով գոյութիւն ունեցող երկաթգիծը` բեռներ Ռուսիա տեղափոխելու համար երազանք է: Ոչ մէկ հայկական բեռի թոյլ կու տան, որ անցնի Նախիջեւանով կամ Ազրպէյճանով: Աւելի՛ն. այս միջանցքը կը մեկուսացնէ Հայաստանը Իրանէն, որ Հայաստանի համար կարեւոր սահման է: Հայաստանի եւ Իրանի համար իրավիճակը աւելի վատթարացնելու համար Ազրպէյճան կը նախատեսէ կազատար եւ երկաթուղային գիծեր կառուցել այս միջանցքով` այդպիսով շրջանցելով Իրանի տարածքը, ինչ որ Իրանը կը զրկէ շահութաբեր եկամուտներէ:
Ամէնէն զարմանալին այն է, որ «Յայտարարութիւնը» չի նշեր Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճան բերուած ժիհատական վարձկաններու մասին: Այս ահաբեկիչներու ներկայութիւնը միջազգային իրաւունքի խախտում է եւ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ Ռուսիոյ, Իրանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համար: Ասիկա ճիշդ այն է, ինչ որ մատնանշեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը վերջերս Հայաստան կատարած այցելութեան ատեն: Այս բացթողումը պէտք է շտկուի անմիջապէս` «Յայտարարութեան» մէջ նոր կէտ աւելցնելով` պահանջելով Ազրպէյճանէն հեռացնել սուրիացի վարձկանները իր տարածքէն:
Ի լրումն այս յատուկ կէտերուն, ստորագրուած «Յայտարարութիւնը» պէտք չէ համարուի իրաւական փաստաթուղթ, քանի որ ո՛չ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը, ո՛չ ալ Հայաստանի խորհրդարանը հաստատած են զայն: Փաշինեան իրաւունք չունի առանձինն փաստաթուղթ ստորագրելու Հայաստանի Հանրապետութեան անունով` առանց համապատասխան մարմիններու համաձայնութեան, ինչպէս կը պահանջէ սահմանադրութիւնը:
Հայաստան այժմ առաւելագոյնը հինգ տարի ժամանակ ունի ռազմական հզօրացման համար` ստեղծելով կամ ձեռք բերելով ժամանակակից զինական համակարգեր, որպէսզի կարենայ ետ մղել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նոր յարձակումը Արցախի կամ Հայաստանի վրայ: Ինչպէս նշուած է նախապէս, Հայաստան պէտք է անյապաղ ճանչնայ Արցախը կա՛մ որպէս անկախ պետութիւն, կա՛մ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան մաս, այդ ճանաչումը որպէս սակարկութեան քարտ օգտագործելով` Ազրպէյճանի հետ բարելաւելու համար համաձայնագիրը բանակցութիւններու մէջ:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ