Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17695

Սիլվա Պեզիրճեան-Ճերմակեանի Յիշատակին

$
0
0

ՍԳԱԿԻՐ ԵՐԲԵՄՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒՀԻՆԵՐԷԴ ՄԻՆ

Սիլվա Պեզիրճեան-Ճերմակեան ծնած է 1947-ին, Կիպրոս: Ինքը եւ իր մէկ հատիկ քոյրը դուստրերն էին Ցեղասպանութենէն վերապրած թալասցի-կեսարացի  Սարգիս Պեզիրճեանին եւ ատանացի Շաքէ Որսկանեանին:

Ապրած է Նէյափոլիս, Կիպրոս, մինչեւ թուրքերուն 1964-ի վայրագ ներխուժումը, երբ հայերն ու յոյները տեղահանուեցան իրենց բնակավայրէն եւ անցան դէպի Նիկոսիա:

Յաճախած է Մելիքեան-Ուզունեան վարժարան, ապա` Ինկլիշ սքուլ, որմէ ետք` Սայփրըս քոլեճ: Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ հետեւած է պալէի դասի` պարուսոյց ունենալով մելգոնեանաւարտ, երաժիշտ-գեղարուեստական ղեկավար Սեպուհ Աբգարեանը: Տան մէջ սորված է դաշնակ նուագել, երաժշտասէր մօր ուղղութիւններուն կողքին, ուսուցչուհի ունենալով, նոյնպէս մելգոնեանաւարտ, դաշնակահարուհի Լուիզ Թումայեանը:

Ամուսնութեան բերմամբ 1968-ին, հաստատուած է Լիբանան: 1980-ին իր ամուսինը` Լեւոն Ճերմակեան եւ ինք, միասնաբար հիմնած են «Ոսկեդար-հայ գիրքերու տուն»-ը:

1980-ականներուն Ֆանարի մէջ անսակարկ նուիրումով Սիլվա Պեզիրճեան-Ճերմակեան եղած է անգլերէնի կամաւոր ուսուցչուհի Գարակէօզեան հաստատութեան «Լէյլաւանի իրիկուան դասընթացքներու դպրոց»-ին մէջ: Իր հեզահամբոյր բնաւորութեամբ ան վայելած է իր աշակերտներուն  համակրանքը:

Աշակերտած է Լիբանանի Էքոլ Օթելիերի վաստակաւոր խոհարար Յարութիւն Անտոնեանի: 1993-ին պատրաստած է 3 գրքոյկներ` «Արդի խոհանոց-անուշեղէններ» , «Արդի խոհանոց-ճաշեր 1» եւ «Արդի խոհանոց-ճաշեր 2»: Պարբերաբար եղած է հիւր-խոհարար` ընդառաջելով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան տարբեր յանձնախումբերու հրաւէրներուն, որոնցմէ մէկուն ընթացքին ես բախտը ունեցած եմ իրեն աշակերտելու:

Մինչեւ վերջերս ինծի արտասովոր թուացող ճաշ մը կամ բարդ անուշեղէն մը դիւրութեամբ յաջողցնելու համար երբեմն անձամբ, երբեմն հեռաձայնային կապով կը դիմէի Սիլվային: Ան իր անուշ ձայնով եւ քաղցրահամ ու համբերատար բացատրութիւններով օգտակար գիտելիքներ կը փոխանցէր ինծի:

Ցաւագին կսկիծով իմացայ անոր առողջութեան վատթարացման լուրը: Ցանկացի գուցէ մէկ անգամ եւս տեսնել զինք, խօսիլ հետը: Անոր ապաքինման համար Աստուծոյ աղերսանքս անպատասխան մնաց: Շուրջ քառասուն օրեր առաջ Սիլվա Պեզիրճեան-Ճերմակեան մահացաւ` անսփոփ թողնելով  բոլոր զինք ճանչցողները: Ան անմխիթար ձգեց նաեւ 4 զաւակներ եւ 7 թոռներ:

Այս անաղմուկ գործած, համեստ ու նուիրեալ հայուհիին թողած դրոշմը անջնջելի պիտի մնայ հայ կրթական-բարեսիրական կեանքին մէջ:

Յիշատակդ անթառամ, սիրելի՛ Սիլվա:

28 նոյեմբեր 2020              


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17695

Trending Articles