Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17700

Վերաշինութիւնը Եւ Քաղաքաշինական Ծրագրաւորումը Զուգահեռաբար Կ՛ընթանան Պուրճ Համուտի Մէջ

$
0
0

ՊԵՇԻՐ ՕՏԷՅՄԻ ԵՒ ԶՈԷ ՀԱԼԼԻ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը եւ «Եու. Էն. Հապիթաթ» կը համադրեն իրենց ջանքերը` անվտանգ դարձնելու նախ եւ առաջ բնակարանները:

Պուրճ Համուտի եւ Նապաայի փողոցները նորէն հասանելի են, եւ կարգ մը խանութներ արդէն վերաբացած են իրենց դռները: Կեանքը կամաց-կամաց կը վերադառնայ Պէյրութի հարաւը գտնուող այս երկու ժողովրդային թաղամասերուն, որոնք վնասներ կրեցին 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով:

Ժըմմէյզիի, Մար Մըխայէլի, Սայֆիի եւ Էշրեֆիէի նման, Պուրճ Համուտը, որ միեւնոյն ատեն բնակելի, առեւտրական եւ ճարտարարուեստական թաղամաս է, ինչպէս նաեւ Նապաան, դանդաղօրէն, բուժեն իրենց վէրքերը, շնորհիւ յատկապէս բազմաթիւ լիբանանեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ջանքերուն եւ բնակիչներուն նեցուկին: Կեանքը կը վերականգնուի, սակայն տակաւին ամէն ինչ իր հունին մէջ չէ մտած: Բազմաթիւ քանդուած կամ վնասուած բնակարաններ տակաւին չեն վերանորոգուած, եւ ձմեռնային եղանակը սկսելով խնդիրը աւելի կը շեշտուի, մանաւանդ որ բնակչութեան միայն մէկ մասը այլ տեղ կարելի եղած է տեղաւորել:

Պատճա՞ռը. նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասուած են Պուրճ Համուտի եւ Նապաայի մէջ գտնուող բազմաթիւ շինութիւններ, որոնց շարքին` քաղաքապետարանի շէնքը: Այս աղէտը մատնանշեց շինութիւններու կառավարման եւ նորոգութեան անհրաժեշտութիւնը, մանաւանդ որ անիկա կը վերաբերի 3 քմ շառաւիղի վրայ տարածուող բազմամարդ շրջանի մը, ուր կը գտնուին 77.000 բնակարաններ, 10.000 շէնքերու մէջ, հազարաւոր մարդոցմով բնակեցուած:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը, 2017-էն ի վեր քաղաքաշինական ծրագիրի մը ծիրին մէջ երկու թաղամասերուն մէջ համագործակցելով «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի հետ շնորհիւ «Իթալիան Էյճընսի ֆոր տեվելոփմընթ քոոփըրէյշըն»-ի ֆինանսաւորումին, այսօր կրկնակի աշխատանք կը տանի փարատելու 4 օգոստոսի աղէտին սպիները: Քաղաքապետարանին խնդրանքով, «Եու. Էն. Հապիթաթ» արագօրէն ցանկագրեց նիւթական վնասները թաղամասին մէջ, յատկապէս ընկերային-տնտեսական առումով խոցելի շրջաններուն մէջ, որոնց բնակիչները արտակարգ օգնութեան կարիք ունին վերահաստատուելու համար: Այս նպատակով, շրջանին մէջ առաջին օրէն աշխատող կազմակերպութիւններու կամաւորներ, համալսարանականներ եւ քաղաքապետարանի աշխատակիցներ վարձուեցան լեցնելու «Վերանորոգումի արագ գնահատումի հարցարան» մը` շէնքերուն վիճակը քննելու, առաջնահերթութիւնները ճշդելու եւ նորոգութիւններու ծրագիրն ու ժամկէտները կազմելու համար: Իւրաքանչիւր շէնքի վիճակը քննելը քաղաքապետարանին պիտի տայ կարելիութիւն խարխուլ շէնքերը ամրապնդելու եւ առաւելագոյն թիւով ընտանիքներու իրենց տուները վերադառնալու` տրամաբանական ժամկէտէ մը ետք:

Հեռաձայնային Էփլիքէյշընի Ստեղծում.

Այս հարցարանը կամաւորներուն տրամադրութեան տակ դրուեցաւ հեռաձայնային էփլիքէյշընի մը ճամբով` «The Geopal mobile», աւելի դիւրացնելու, կեդրոնացնելու եւ վերլուծելու համար արդիւնքները (http://www.atcouncil.org/pdfs/ATC45Rapid.pdf):

Այս էփլիքէյշընը հասանելի է որեւէ բջիջային հեռախօսէ: Անիկա կարելիութիւն կու տայ իւրաքանչիւրին միջոց մը ունենալու արագօրէն եւ պարզեցուած ձեւով նշելու իր դիտողութիւններուն արդիւնքները: Էփլիքէյշընին վրայ ուղղակիօրէն կը լրացուին շինութեան տեսողական տուեալները, այսինքն` շինութեան արտաքին վիճակին քննութիւնը, գետինը եւ շէնքին շուրջի մայթը (օրինակ` ճաքերու առկայութիւն, հողային շարժեր), յետոյ, եթէ անհրաժեշտութիւնը նկատուի դիտորդին կողմէ, էփլիքէյշընը կարելիութիւն կու տայ գնահատելու շինութեան ներքին վիճակը: Կասկածելի վիճակի մէջ գտնուող բոլոր շինութիւնները եւ անոնք, որոնք վտանգաւոր են, բոլորը պէտք է էփլիքէյշընին ճամբով յայտնել անոնց մասին: Անոնք աւելի մանրամասն գնահատումի կ՛ենթարկուին` ճշդելու համար, թէ բնակելի՞ են, թէ՞ ոչ: Վտանգի կամ կասկածի պարագային, եթէ անոնք տակաւին բնակեցուած են, անոնց բնակիչները պէտք է տեղափոխուին: Մինչ այդ, բնակիչներուն կը զեկուցուի վտանգներուն աղբիւրներուն մասին: Քաղաքապետարանը տեղափոխման հրամանագիր մը կը հրապարակէ եւ կ՛ահազանգէ Փրկարար բարձրագոյն կոմիտէին:

Այս էփլիքէյշընը թոյլ տուաւ արդէն ճշդելու, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ, գնահատուած 4000 շինութիւններու 55 առ հարիւրը վնասներ կրած են Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով: Քաղաքապետական խորհուրդը յաջորդական գործընթացներու ձեռնարկած է` ահազանգելու համար այդ շէնքերուն մասին եւ զօրաշարժի ենթարկելու համար այն մարմինները, որոնք կը մասնակցին կամ պիտի մասնակցին վերաշինութեան:

Պէտք է նշել, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը տարիներէ ի վեր կ՛աշխատի «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի հետ քաղաքաշինական մտածուած ծրագիրի մը շուրջ, մանաւանդ որ այս գերբնակեցուած թաղամասը քանդումներու ենթարկուած է քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, նախքան ընդունիլը գաղթականներու եւ տեղահանուածներու հոսքեր: Կարճ ժամանակի մէջ, բնակարաններու քանակը անկանոն շատցաւ, արտակարգ վիճակներու առ ի պատասխան, առանց որեւէ յատուկ ծրագրաւորումի:

Բազմաթիւ միայարկանի շէնքեր շուտով աւելի վեր բարձրացան: Սուրիացի տեղահանուածներու մեծ հոսքով, լիբանանցի բնակչութիւնը թաղամասէն ժամանակի ընթացքին գաղթեց, իսկ աղքատացումը եւ շինութիւններու ուղղահայեաց զարգացումը շրջանի մաշումին նպաստեցին:

Այս պատճառով է յատկապէս, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի հետ 2017-ին ձեռնարկեց ուսումնասիրութեան մը, որ կեդրոնացած է Նապաա թաղամասին վրայ` որդեգրելու համար ծրագրաւորումի ռազմավարութիւն մը, որ կը ներառէր շինութիւնները: Այս շրջանին մէջ, նախաձեռնութիւններ առաջարկուեցան կառոյցներուն եւ շէնքերուն հասարակաց բաժիններուն եւ մուտքերուն պայմանները բարելաւելու համար: Շինարարական այս աշխատանքը այս ծրագիրին շարունակութիւնն է, բայց 4 օգոստոսի աղէտը եւ ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը, որոնք կը շեշտեն նորոգութիւններու անհրաժեշտութիւնը, մէջտեղ բերին ժամանակի դէմ պայքար մը` անվտանգ դարձնելու համար ցանկագրուած շինութիւնները եւ զանոնք նորէն բնակելի դարձնելու ամէնէն սեղմ ժամկէտներուն մէջ:

«Լ՛ՕՐԻԱՆ ԼԸ ԺՈՒՐ»
2 դեկտեմբեր 2020


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17700

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>