ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Նախ` քանի մը արագ նշումներ:
Անցնող շաբթուան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, թէ պատերազմի ճակատին վրայ մենք կը կռուէինք 1980-ական թուականներու զէնքերով: Այս յայտարարութիւնը աղմուկ բարձրացուց կարգ մը հայ մեկնաբաններու մօտ, որոնք փութացին յայտարարելու, որ սա պետական գաղտնիք է, ինչպէ՞ս կարելի է նման բան ըսել, եւ եթէ այդպէս է, հապա ինչո՞ւ հայկական բանակը չէինք զինած արդիական զէնքերով եւ այլն:
Սկիզբէն իսկ յստակացնենք, թէ այս յօդուածագիրը երբեք պաշտպան փաստաբանը (կամ սիրահարը) չէ եղած Հայաստանի նախագահին վարած արտաքին կամ ներքին քաղաքականութեան: Սակայն նախագահը չըսաւ, թէ մենք արդիական զէնքեր չունինք: Ան պարզապէս ըսաւ, թէ մենք 80-ական թուականներու զէնքերով զսպեցինք 2016-ի զէնքերով մինչեւ ակռաները զինուած ազրպէյճանական բանակը:
Իրականութեան մէջ սա հարուած մըն էր Ազրպէյճանի ներքին բարոյական կորովին: Հիմա այլեւս Պաքուի ղեկավարութի՛ւնը թող բացատրէ իր ժողովուրդին, թէ ինչպէ՛ս իր արդիական ու հսկայական զինանոցով չկրցաւ կացութիւնը շրջել սահմանի ամբողջ երկայնքին ու այդ ալ` երբ հայերը կը կռուէին 80-ականներու զէնքերով:
Իսկ մեր գիտունիկ մեկնաբաններէն ոմանք, փոխանակ այս կէտը շեշտելու, փոխանակ այս քարոզչական զէնքը գործածելու թշնամիի՛ն դէմ, զայն կեղծ փաստարկներով ուղղեցին ներհայկական ճակատին: Նոյն այս բնագաւառէն ներս կան անշուշտ քննելի այլ հարցեր, սակայն հիմա յաւելեալ մեկնաբանութիւնները աւելորդ համարելով` անցնինք մեր այսօրուան նիւթին:
Մեր նախորդ յօդուածը եզրափակած էինք` շեշտելով, որ «Սփիւռքն ու Հայաստանի ղեկավարութիւնը պարտաւոր են արժանի ըլլալու մեր հայրենաբնակ ժողովուրդին ու վերածնած բո՛ւն Հայաստանին»:
Այս պատերազմը կարեւոր փորձաքար մը հանդիսացաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կառավարման համակարգին ու այդ համակարգը գլխաւորող քաղաքական ընտրանիին համար: Անշուշտ պատերազմի պէտքը չկար նոյն այս շրջանակներուն յոռի բարքերը տեսնելու համար: Սակայն կան քանի մը կարեւոր խնդիրներ:
Պատերազմի առաջին իսկ օրը նախագահը յայտարարեց մեր նահատակուած եւ վիրաւոր զինուորներուն մասին եւ նշեց մինչեւ այդ պահը անհետ կորսուած զինուորներու պարագան: Մեր դիտարկումով, անհետ կորսուածներու շարքին էր նաեւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը® Բանակը ոչ միայն 18 տարեկան շարքային զինուորներով, այլ նաեւ իր սպայակազմով կը կռուէր: Նահատակուած սպաներու թիւը ինքնին կը վկայէ անոնց մարտունակութեան ու անձնազոհութեան մասին: Անոնք ապահով ապաստանարաններէն հրահանգ տուողներ չէին. անոնք իրենց զինուորները կ՛առաջնորդէին խրամատներուն մէջ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան, օրինակելի արհեստավարժութեամբ, ժամ առ ժամ տեղեկութիւններ կը փոխանցէր ռազմադաշտի կացութեան մասին: Բայց ո՞ւր էր մեր «դիւանագիտական բանակի» հրամանատար նախարարը:
Գաղտնիք չէ, որ մեր երկրի ղեկավար ընտրանիին մօտ ընդհանրացած է սեփական շահեր հետապնդելու ձգտումը: Այս պատերազմին բերումով վճիտ ձեւով դիմափոխուած է մեր ժողովուրդն ու երկիրը. այլեւս կարելի չէ զանոնք կառավարել սեփական շահեր հետապնդելու ներքին տրամաբանութեամբ: Ժողովրդային այս վճիտ ալիքը, մարտունակութեան ու միասնութեան այս դրսեւորումը յստակ պատգամ փոխանցեց յստակ հասցէներու: Պետութեան միջոցներու չարաշահումով յղփացած պաշտօնատարները այսօր գլխիկոր պէտք է անդրադառնան, որ այն գրասենեակները, ուր իրենք ցարդ պաշտօնավարած են, այլեւս իրենց տեղը չէ: Իտէալը կ՛ըլլայ այն, որ նոյն այդ մարդիկը «մեղայի գան» ու սուսիկ-փուսիկ հեռանան` փոխանակ զինուորական տարազ հագուելով «սելֆիներ» նկարուելու: Որովհետեւ ժողովուրդը կը տեսնէր նոյն այս մարդոց կառուցած դղեակները, կը տեսնէր անոնց յղփացած ապրելակերպը, սակայն այս բոլորով հանդերձ, նոյնացաւ բանակին հետ, երբ հայրենիքին վտանգ սպառնաց:
Հիմա նոյն այդ դղեակատէր պաշտօնատարներուն կ՛իյնայ խաղաղօրէն քաւել հայրենիքին դէմ իրենց գործած մեղքերը:
Մեր կարծիքով, նախագահը կրնայ եւ պարտաւոր է հիմնական փոփոխութիւններ մտցնելու կարգ մը նախարարութիւններէ ներս, այն տրամաբանութեամբ, որ այդ փոփոխութիւնները յանգին համապատասխան համակարգի առողջացման: Սա քաղաքական մշակոյթի բարեփոխման գործնական քայլ կարելի է համարել: Եւ այս իմաստով, պէտք է թիկունք կանգնիլ նախագահին կողմէ առնուելիք քայլերուն:
Քաղաքական մշակոյթի ներկայ արատաւոր երեւոյթներէն մէկն ալ տնտեսական մենաշնորհներու խնդիրն է: Նախքան պատերազմը` տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան յայտարարած էր, թէ այս բնագաւառէն ներս լուրջ բարեփոխումներու թղթածրար մը կը պատրաստուի: Այս գործընթացը արագացնելու պահն է հիմա: Երբ սկսի այս գործընթացը, մեր կարծիքով, ինքնաբերաբար լուծման հունի մէջ կը մտնէ նաեւ երկրէն դրամագլուխի փախուստի հարցը (որ ի դէպ, ունի նաեւ համակարգային դրդապատճառներ):
Սկսած է հասուննալու այս բոլոր հարցերը քննարկելու ժամանակը` առանց ամբոխավարութեան ու փողոցային դրսեւորումներու: Տեսէ՛ք, քաղաքական կառավարման ներքին կարգուսարքը բարեփոխելու ուղղութեամբ, Հայաստանի մէջ կատարուած է օրինական լուրջ քայլ` սահմանադրական բարեփոխումներով: Այս օրինական բարեկարգումը այսօր կ՛անցնի իր «կրակի մկրտութիւնը» (ինչպէս կը հաստատէ իմ գաղափարակից երէց ընկեր Կարօ Արմենեան): Մեր հաւաքական ճիգը պիտի ըլլայ այն, որ վարչական փոփոխութիւնները ե՛ւս կատարուին նոյն այս ներքին տրամաբանութեան հիման վրայ:
Մեր ժողովուրդը ազդանշանը տուած է արդէն վերածնող Հայաստանի մը: Երկրի քաղաքական ղեկավարութեան կ՛իյնայ քայլ պահել ատոր հետ ու ստեղծուած այս հսկայական «դրամագլուխը» ծառայեցնել երկրի բարգաւաճումին եւ ուժեղացումին:
Որպէսզի շատ մօտիկ ապագային մեր պետական գրասենեակներուն մէջ, վերէն վար, տեսնենք պաշտօնատարներու այն սերունդը, որ ինքզինք պիտի նկատէ ժողովուրդին ծառան, ոչ թէ տզրուկը:
Հիմա խելամիտ քայլերու պատմական ժամանակն է:
Բայց մենք չաւարտեցինք:
Լոս Անճելըս
14 ապրիլ 2016