ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Գիշերները խառնուած էին: Գորոնան, մեր բառբարին մէջ` գրանը (համաճարակ) երկրորդական կարգի անցած էր: Պէյրութի նաւահանգիստի մահասփիւռ որոտումը, որուն մասնակից եղանք զոհերով` նոյնպէս: Լիբանանի տնտեսական ահաւոր տագնապը` դարձեալ: Հրատապ կը մնար Արցախը:
Վերջին մի քանի գիշերները, մինչ պատերազմը օրէ օր կը ճնշէր, Աստուածաշունչ մատեանին մէջ կը դեգերէի: Հին Կտակարան… Խռոված էր հոգիս, իսկ միտքս` շուարած…
Բարի ստեղծագործութեան, խաղաղութեան, անաչառութեան ու արդարութեան կողքին, ի՜նչ պատերազմներ, սպանութիւններ, ջարդեր` Աստուծոյ անձրեւած սիրոյ ցօղին տակ: Քրիստոսէ 2000 տարի առաջ, բարով ստեղծուած մարդը, ինչ ահաւոր կերպարանքի տակ էր: Ատելութիւն, դաւադրութիւն, եղբայրասպանութիւն, անհնազանդութիւն, արիւն, սուգ, հրկիզմում, քանդում եւ աւերածութիւն բուրող էջեր: Աչքերս բնականաբար Աստուծոյ աներեւոյթ պատկերին էին սեւեռած եւ միտքս հեռուները կը թափառէր: Արցախ եւ սահմաններ:
Դժուար է ըմբռնել: Այն ատեն Աստուած կը միջամտէր եւ այդ ահաւոր պատկերները կը գոյանային: Հաւատա՞լ, հաւատալ որ բարին ստեղծող, լոյսը արարող Աստուած նման երեւոյթներ կրնար հովանաւորել: Ան, որ երկու առիթներով` ջրհեղեղով ու կրակով պատժեց իր ստեղծածները, կրնա՞ր հանդուրժել նման ջարդեր ու աւերածութիւններ: Ո՞վ գիտէ, Քրիստոսէ 2000 տարիներ առաջ էր…
Եւ Քրիստոս եկաւ: Եկաւ լոյս եւ համ տալու աշխարհին: Եկաւ արդարութիւն, մարդասիրութիւն, բարեսիրութիւն բաշխելու մարդոց: Պարզունակ մարդիկ ու փոքր ժողովուրդներ փարեցան իրեն, իսկ իշխանաւորներ ու տիրակալներ խաչեցին զայն: Խաչեցին, որ ազատօրէն շարունակեն իրենց ընչաքաղցութիւնը, ատելութիւնն ու մարդատեացութիւնը, որոնց հետեւեցան սպանութիւն, ջարդ, արիւնահեղութիւն ու աւերածութիւն: Իր անունով մկրտուածներ անգամ իրեն չնմանեցան եւ իր «երանի»ներուն չհետեւեցան: Ընդհակառակը, ուղղակի թէ անուղղակի մասնակից դարձան նոր սպանդներու, նոր քանդումներու: Ընչաքաղցութիւնը կուրցուց աչքերը եւ խուլցուց ականջները: Եւ աշխարհի լոյսը ամպոտեցաւ եւ աղը` անհամցաւ: Աստուածանման մարդը իր երիզէն դուրս ինկաւ: Ահաւոր էր Քրիստոսէ 2000 տարիներ առաջ եւ ահաւոր է Քրիստոսէ 2000 տարիներ ետք:
Մինչ աշխարհ կը դիտէ եւ կեղծ կոչեր կը կրկնէ, թուրքիա, իր դաշնակիցներով եւ իր պատրաստած մարդասպան ահաբեկիչներով Ատրպէյճան ներխուժած, Արցախի մէջ կրակ կը թափէ ափ մը ժողովուրդի վրայ: Ժողովուրդ մը, որ դարեր շարունակ ապրած է այդ հողերուն վրայ, Աստուծոյ շուքին տակ, իր վանքերով, եկեղեցիներով, սրբատեղիներով եւ իր շունչով գրուած մատեաններով…
Տրտում է հոգիս եւ միտքս թափառական: Աղօթք, աղերսանք, ընդվզում, ոչինչ:
Դիմացը քար լռութիւն երկրէն եւ երկինքէն: Դժգոհանք, զայրոյթ, ի զուր: Ձայն չկայ, շարժում չկայ: Նոյն մկրտութեամբ միացած ժողովուրդներ կը մնան անտարբեր: Աւելին` կը դիտեն եւ հաւանաբար կ՛ըսպասեն ափ մը ժողովորդի աճիւններուն վրայ դիզել նոր հարստութիւններ…
Խռոված է հոգիս: Իւրաքանչիւր նահատակի հետ կը նահատակուի եւ վիրաւորի հետ կը վիրաւորուի: Առաւօտները երերալով կ՛արթննամ եւ գիշերները զուր երազներով կ՛օրօրուիմ: Ամէն առաւօտ եւ ամէն երեկոյ լուռ աղօթք` անպատասխան: 15ի արհաւիրքը կը կրկնուի դարձեալ քրիստոսով միացած ժողովուրդներու աչքին տակ եւ յոյսը` մազի թելէ մը կախուած կը շարժի: Իսկ ես մինակ ու անզօր եմ…
Այդ քանի մը իրիկունները լուրերէն կտրուած էի: Լրատուս Թորոս աղբարն էր, որ կաթողիկոսարանի դարպասին առջեւ էր միշտ եւ ամէն անց ու դարձիս կը կրկնէր. «յաղթելու ենք»: Կը պատասխանէի. մինչեւ որ «յաղթեցինք» չըսես, իզուր…
Երեկոյեան ժամը չորս էր: Հազիւ մօտեցած Թորոսին, յուզումնախառն շեշտով մը կմկմաց. Գէորգն ալ հերոսներուն կարգին անցաւ:
–Հաճե՞անը:
–Այո՛:
–Նկարագիրը զինք տարաւ հոն: Վստահ եմ «Եաստուծ» (Աստուած) ըսաւ ու թռաւ բարձունք եւ… հոն մնաց:
Եւ միտքս քարացաւ երգի բառերուն վրայ.
Ամպեր գոռացին,
շանթեր արձակուեց,
դրախտի ճամբան
արեամբ ողողուեց:
Աստուած իմ, դրախտի ճամբան այս քանի՞երորդ անգամ արեամբ պիտի ողողուի ու դրախտը անհասանելի պիտի մնայ` անհաւատներու լուծին տակ:
Վարդանն ու իր զօրականները այդ ճամբուն վրայ ինկան: Գէորգ Չաւուշ, Հրայր դժոխք, Ագուլիցի պատանին այդ ճամբուն վրայ ինկան: Ու ահա նոր նահատակներ եւ դրախտավայրի երգիչը` Գէորգ անոնց հետ…
Այդ գիշեր լոյսը չանջատեցի, որ Գէորգին հետ, լոյս աչքով, վերջին անգամ թափառինք դրախտավայր Հայաստան: Ամէն թուփ, ամէն ծառ, ամէն փուշ, ամէն քար եւ հողի հատիկ սէր եւ արդարութիւն կը բուրէին: Հաւատք եւ անձնուրացութիւն կը յուշէին: Յոյս եւ անվախութիւն կը ներշնչէին: Չեմ գիտեր այդ իրիկունը որքան երկարեցաւ: Երբ ելայ լոյսը անջատելու, դուրսը արեւ էր արդէն: Իսկ ես, անկողնի վրայ մինակ էի…
Կը յիշեմ, երբ Գէորգին հետ կը թափառէինք, յաճախ կը կրկնէր. քարքարուտ բաժին մը մնացած է մեզի:
Այդ առաւօտ, անզօրութեանս հետ միայնակ, լուռ կը գոռայի.
Գէորգ, այժմ, երբ զօրավար սուրբ Գէորգին եւ միւս զօրականներուն հետ ես, Գէորգ Չաւուշին եւ միւս, հին եւ նոր, հերոսներուն հետ ես, մի՛ մոռնար դրախտավայրը: Հոս, վերջին երգդ անձայն երգելէ ետք, հոն ամէն առաւօտ օրինակելի ձայնովդ կանչէ. Զարթիր Տէր, Զարթիք սուրբեր… Անոնց մօտ ես հիմա եւ թերեւս լսեն քեզ: Ես լքուած եմ, դուն կանչէ, թերեւս օր մըն ալ երկինքը որոտայ, շանթեր արձակէ եւ Աստուած հովանին տարածէ զինք սիրող ափ մը ժողովուրդին վրայ, որ ազատ եւ ապահով, իր դրախտավայրին մէջ, ամէն առաւօտ եւ ամէն երեկոյ, գոհունակ սրտով կրկնէ. Փառք քեզ Տէր…