Նոյեմբեր 20-ը «Տիրամայր Հայաստան»-ի ճամբարը հիւրընկալուած արցախցի ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչներուն կեանքին մէջ սովորական օր մը չէր:
Ծաղկաձորի Կեչառիս վանական համալիրին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ մկրտութեան արարողութիւն, որուն ընթացքին կնքահայր Շահան Գանտահարեան իր 36 սանիկներուն համար խնդրեց «Հաւատք, յոյս եւ սէր»:
Եկեղեցական արարողութեան յաջորդեց անակնկալ տօնակատարութիւն` կնքահօր եւ կնքամօր` Շահան եւ Գոհար Գանտահարեաններու մասնակցութեամբ:
Յայտնենք, որ մկրտութիւնը եւ ընդհանրապէս «Մենք թմրանիւթերու դէմ» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնած ծրագիրը սեպտեմբերին Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին պատճառով սեփական տանիքը ձգած եւ Հայաստանի մէջ ծուարած արցախցի մեր հայրենակիցներուն համար իրագործուեցաւ շնորհիւ բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքօ եւ Անի Պեզիքեաններու: