ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Դարձեալ անկախութիւն է. դժբախտաբար այս պարագային ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել, որ անկախութեան մթնոլորտ գոյութիւն չունի երկրին մէջ: Առաջին հերթին այն պատճառով, որ երկրորդ տարին ըլլալով չկայ անոր խորհրդանիշը` հանրապետութեան նախագահը, չկայի համազօր է կառավարութիւնը, իսկ խորհրդարանը մէկ տարուան դադարէ ետք, սկսած է ինքզինք գտնել եւ հրատապ հարցերը լուծելու վերաբերող օրէնքներ որդեգրել` անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան նիստերու շարքին ընդմէջէն:
Անկախութիւն է, սակայն երկրին գերիշխանութիւնը խոցելի է` մերթ իսրայէլեան սահմանային խախտումներուն եւ հիմնականին մէջ երկրին սպառնացող ահաբեկչութեան վտանգին պատճառով:
Անկախութիւն է, բայց քաղաքացին անկախ չէ, որովհետեւ ան իր չարչարալից առօրեայով դարձած է իր աշխատանքին ստրուկը, տնտեսական տագնապալի կացութեան գերին, իսկ շատ մը լիբանանցիներ կը գտնուին անգործութեան լուծին տակ:
Անկախութիւն է, սակայն պետութիւնը կը տնքայ սուրիացի աւելի քան մէկուկէս միլիոն գաղթականի բեռին պարտադրած պատասխանատուութեան տակ, ինչպէս նաեւ կը տառապի լիբանանեան քաղաքական անբուժելի ախտէն` անհամաձայնութենէն եւ օտարին վստահելու իրականութենէն:
Անկախութիւն է, սակայն երկրին քաղաքացիական ընկերութիւնը վաղն իսկ պիտի դիմէ լայնածաւալ միջոցառումներու եւ արշաւներու` պահանջելու իսկական անկախութիւնը…
72-ամեայ անկախութիւն ունեցող Լիբանանը իր անկախութեան տարեդարձը կը դիմաւորէ չորս ամիսէ դիզուած ու տակաւին դիզուող աղբերով, հետեւաբար` ապականումի եւ քոլերայի վտանգներով:
Անկախութիւնը պահպանող միակ կառոյցը երկրին բանակն է, որ կը պաշտպանէ երկրին սահմանները, քաղաքացիական անվտանգութիւնը, պետական կառոյցները, ապահովական կայունութիւնը` պատերազմելով ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն դէմ եւ հետապնդումի լայն արշաւ մը սանձազերծելով հաւատադրժողական շարժումներու անդամներուն դէմ:
Սակայն այս բոլորով հանդերձ, անկախութեան պահպանումի յոյսի աղօտ լոյսեր կը շողան Այն Թինէէն, ուր երկրին Բ. իշխանութեան պետը` Նեպիհ Պըրրին, կը գլխաւորէ ազգային երկխօսութեան նիստը` համախմբելով լիբանանեան քաղաքական գրեթէ բոլոր կողմերը եւ այդպիսով ապահովելով ներքին քաղաքական համերաշխութիւնն ու համախոհութիւնը:
Նոյն վայրը կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ ան կը հիւրընկալէ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը, որ ինքնին շատ կարեւոր է եւ որպէս քաղաքական համախոհութեան մասնիկ մը կը ծառայէ` իբրեւ Լիբանանի անկախութիւնը պահպանող սիւն մը:
Քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութեան եւ փոխըմբռնումի նուաճումներէն անմասն չեն մնար նաեւ Ռապիէն ու Մեհրապը, որ կ՛արձանագրուին միջմարոնիական համաձայնութիւններ` միացեալ նպատակներու յայտարարութիւն խորագիրին տակ:
Լիբանանեան համերաշխութիւնն ու միջքաղաքական համախոհութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնենք, որովհետեւ համոզուած ենք, որ երկրին անկախութիւնը պահպանող կարեւոր եւ անհրաժեշտ պայմաններէն են անոնք:
Համայնքային բարդ դրութեամբ երկիր մը ըլլալուն համար, Լիբանանի պահպանման անհրաժեշտութիւնը երկրին համայնքներուն միջեւ համակեցութեան ամրապնդումն է, իսկ ազգային միասնականութիւնը կը մնայ անկախութիւնը պահպանելու գրաւականը:
Դրական այս որոշ տուեալները նկատի ունենալով, չենք կրնար պարզապէս յուսալքուիլ, այլեւ` պէտք է անոնց վրայ հիմնուիլ ու կառչիլ անոնց` բարելաւելու համար երկրին կացութիւնը:
Դրական այս տուեալներուն մէջ իրենց տեղը ունին նաեւ լիբանանցի ղեկավարներուն գիտակցութիւնը եւ համայնքային ու յարանուանական սադրանքներուն մէջ չներքաշուելու անոնց քաջ կեցուածքը` գիտակցելով, որ այդ կեցուածքի թուլացման պարագային երկիրը պիտի մխրճուի քաղաքացիական պատերազմի տիղմին մէջ:
Հաւանաբար այդ պատճառով է, որ Լիբանանի մէջ յանկարծ համաձայնութիւն մը կը գոյանայ կամ մետասաներորդ պահուն ճակատագրական որոշում մը կը տրուի:
Այդ ճշմարտութիւնը շօշափելի է Լիբանանի մէջ, որքան ալ երկրին պատասխանատուներուն նկատմամբ քաղաքացին իր վստահութիւնը կորսնցուցած ըլլայ:
Դրական այլ տուեալ մըն է երկրին միասնականութիւնը, որ դրսեւորուեցաւ խորհրդարանին մէջ:
Դրական տուեալ է ապահովական կառոյցներուն եւ բանակին կողմէ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարը, որ կը խանգարէ Միջին Արեւելքն ու աշխարհը ահ ու թողի մատնած ահաբեկչական խմբաւորումներուն լիբանանեան օրակարգը:
Հոս կ՛արժէ յիշեցնել, որ ՏԱՀԵՇ-ը Պըրժ Պարաժնէ-Այն Սըքքէ շրջանը հարուածեց այն պահուն, երբ խորհրդարանը վաւերացուց քաղաքացիութեան օրինագիծը:
Այդ արարքին ի տես, լիբանանեան քաղաքական կողմերն ու պատասխանատուները փութացին դատապարտել Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքները եւ զօրակցութիւն յայտնեցին բնակչութեան` ընդգծելով լիբանանեան համակեցութեան հանդէպ իրենց յանձնառութիւնը:
Աւելի՛ն. անոնք իրենց մեկնաբանութիւններուն կարկինը աւելի լայն բացին` մատնանշելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի կատարածը դաւ մըն է` լիբանանցիներուն եւ պաղեստինցի գաղթականներուն միջեւ բախումներ ստեղծելու նպատակ հետապնդող:
Անոնք բացայայտեցին այս ծուղակը եւ կանխարգիլեցին ստեղծուելիք հաւանական ընդհարումները:
Ուրեմն, գիտնալով հանդերձ, որ Լիբանանը պայթեցնելու կողքին ՏԱՀԵՇ-ի նպատակն է նաեւ լիբանանեան ներքին սադրանքներ գրգռել, պէտք է ապահով զգանք, որովհետեւ երկրին ղեկավարները որքան ալ անվստահելի ըլլան, կը գիտակցին այս ճշմարտութեան եւ լաւագոյն կերպով իրենց հակակշիռին տակ կը պահեն ապահովական կայունութիւնը:
Իսկ շօշափելի սպառնալիքներուն` յաւելեալ անձնասպանական գործողութիւններու եւ քաղաքական սպանութիւններու առումով, լիբանանցին, հակառակ իր մտահոգութիւններուն, պէտք է դարձեալ ապահով զգայ, որովհետեւ ահաբեկչութեան դէմ բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն մղած պատերազմը ցարդ յաղթական է, իսկ անոր փաստը կրնայ նկատուիլ նախորդ ամսուան եւ անցնող շաբաթներուն ընթացքին լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ ահաբեկչական որջերուն բացայայտումը, կասկածելիներու եւ ահաբեկիչներու ձերբակալումը, ինչպէս նաեւ պայթուցիկ նիւթերու, ականուած գօտիներու, զէնքերու եւ զինամթերքի գրաւումը:
Լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը օրական դրութեամբ կը դրսեւորուի եւ ամբողջ աշխարհը երկիւղի մատնած ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական ծրագիրները կը ջրէ: Իսկ երկրին արեւելեան լեռնաշղթայէն մինչեւ հիւսիսային Լիբանան երկարող սահմանին վրայ բանակին կազմ ու պատրաստ վիճակը չ՛արտօներ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն պաշտօնապէս Լիբանան ներթափանցումը:
Հոս աւելցնենեք, որ քաղաքական իշխանութիւնները պէտք չէ անգամ մը եւս կրկնեն բանակայիններուն ամսաթոշակները ուշ վճարելու կոպիտ սխալը, ընդհակառակն` զանոնք ճշգրիտ թուականին ապահովելու կողքին, պէտք է ջանան խորհրդարանին կողմէ վաւերացնել նաեւ անոնց աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող օրինագիծը:
Ճիշդ է, որ այս բոլորը դրական տուեալներ են եւ կ՛երաշխաւորեն Լիբանանի անկախութիւնը, սակայն յաւելեալ ճիգով մը կարելի պիտի ըլլայ աւելի եւս ամրապնդել երկրին գերիշխանութիւնը:
Այդ ճիգը, փափաքի եւ լաւագոյն բեմագրութեան սահմաններուն մէջ, պիտի ըլլայ հետեւեալը. յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ գումարուելիք երկխօսութիւնը պսակուի բանակին եւ Հըզպալլայի մարտիկներուն Արսալ մուտք գործելու համաձայնութեամբ:
Նկատի ունենալով, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ներկայացուցած, ընդարձակ համաձայնութիւն մը գոյացնելու առաջարկէն եւ այդ առաջարկին նկատմամբ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի հաւանութենէն ետք առաջին երկխօսութեան նիստն է, որ պիտի գումարուի, կարելի է անակնկալներ սպասել:
Թերեւս ոմանց համար երազային թուի, սակայն կրնանք ակնկալել, որ անոնց միջեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի սկզբունքներուն շուրջ լայն համաձայնութիւն մը գոյանայ եւ անիկա գործադրուի Արսալը ահաբեկիչներէն մաքրագործելու աքթով:
Իսկ Արսալը հաւատադրժողական խմբաւորումներու գերեզմանատան վերածելու քայլը կը հզօրացնէ Լիբանանը` ամրապնդելով անոր անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Սիւննի եւ շիի երկու հսկայ բեւեռներու այս համաձայնութիւնը կրնայ խանդավառել նաեւ մարոնի համայնքը, հետեւաբար դիւրացնել նախագահական ընտրութիւնը:
Դրական տուեալներու ծովուն մէջ այս մէկը պիտի աւելնայ իբրեւ ջուրի կաթիլ մը` ապահովելու համար երկրին անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը խորհրդանշող անձնաւորութիւնը:
Նախագահական ընտրութեան պարագային կայ այլ նրբութիւն մը` զուտ լիբանանեան որոշումով նախագահական ընտրութիւն կատարելն է, առանց շրջանային եւ միջազգային կանաչ լոյսերու սպասելու:
Այլ խօսքով` կրկնելու 1970-ի փորձառութիւնը, երբ լիբանանեան խորհրդարանը Սլէյման Ֆրենժիէն նախագահ ընտրեց, եւ ոչ թէ իր թեր քուէն շնորհեց արդէն իսկ համախոհութիւն վայելող թեկնածուի մը, որ եղած է մնացեալ նախագահներուն պարագան:
Այսպիսով անկասկած ամրապնդած կ՛ըլլանք երկրին գերիշխանութիւնը: Նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ վերջին երկու շաբթուան զարգացումները, որոնք յստակօրէն կը մատնանշեն նախագահական զօրաւոր թեկնածուի մը գոյութիւնը, ակնկալելի է, որ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ 1970-ի պատմութիւնը ինքզինք կրկնէ` նոյն անունով եւ մականունով նախագահ մը ընտրելով:
Տակաւին կայ լիբանանեան բեմին վրայ ինքզինք պարտադրող այլ իրականութիւն մը` քաղաքացիական ընկերութիւնը, որուն շարժումները սկզբունքով պէտք է ըլլան շինիչ ու դրական:
Սակայն նկատի ունենալով անոր տարտղնուած նպատակները, այդ ընկերութեան քայլերը դարձան վնասակար:
Քաղաքացիական ընկերութեան շարժումներուն եւ կասկածելի կարգախօսներուն իմաստով մտահոգուելու պատճառներ կան, սակայն պէտք է յուսալ, որ անոր «առաջնորդները» կը գիտակցին երկրին անկախութեան տօնին եւ վաղուան` 22 նոյեմբերի ցոյցը չեն վերածեր ապահովութեան ուժերուն հետ արիւնալի բախումներու, այլ կ՛առաջանորդուին քայլերգէն ներշնչուած «Բոլորս հայրենիքին» կարգախօսով` միշտ բարձր պահելով երկրին անկախութեան ու գերիշխանութեան մէկ այլ խորհրդանիշը` լիբանանեան դրօշը, առանց երբեւէ անարգելու զայն:
Յուսալով, որ անկախութիւնը կ՛ամբողջանայ հանրապետութեան նախագահին ընտրութեամբ եւ առեւանգուած բանակայիններուն տունդարձով, կ՛եզրափակենք` վերահաստատելով, որ ազգային միասնականութիւնը, քաղաքական համախոհութիւնը եւ բանակը` Լիբանանի անկախութիւնը պահպանելու երեք ամուր սիւներն են: