Զինադուլի վերադառնալու պայմանաւորուածութիւնը որոշ չափով մեղմացուցած է Արցախի սահմանային գօտիին վրայ վերջին օրերուն ստեղծուած պատերազմական լարուած վիճակը: Այդուհանդերձ, հայրենի հողի վրայ թէ հայրենիքէն հեռու ոտքի կանգ
նած եւ վճռականօրէն բողոքի դաշտ իջած հայութիւնը ամէն պատճառ ունի յաւելեալ թափ տալու Ազրպէյճանի հակահայ գրգռութեանց սանձ դնելու իր քաղաքական-դիւանագիտական պայքարին:
Փաստ է, որ իր թիկունքին ունենալով թրքական պետութեան հրձիգի «եղբայրական» եւ «հակահայ» զօրակցութիւնն ու խրախուսանքը` Ազրպէյճան հայու արիւն կը թափէ եւ կ՛ոտնակոխէ միջազգային իրաւունքն ու օրէնքը` Արցախի հայկական սուրբ հողին բռնի ուժով տիրանալու փանթուրքական ախորժակով եւ հայասպանական մոլուցքով:
Համաթրքական վտանգը, այսպէ՛ս, բաց մարտահրաւէրի ձեռնոց նետած է համայն հայութեան, որ Արցախէն մինչեւ Երեւան, Ջաւախք ու սփիւռքի բոլոր հայօճախները` կոչուած է իր հատու եւ սանձող պատասխանը տալու անուղղայ ոսոխին:
Վերջին շաբթուան ընթացքին Արցախի պաշտպանութեան բանակը արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ իր կոչումին եւ պատասխանատուութեան` թշնամական գրոհները ետ մղելու եւ անակնկալ կերպով սահմանէն դէպի հայկական կողմ թափանցած ազրպէյճանական զօրքը դուրս շպրտելու առումով:
Արցախի իշխանութեանց կողքին, հայկական իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ, քաղաքական-դիւանագիտական բուռն պայքար ծաւալեցին ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնն ու քաղաքական-քաղաքացիական բոլոր ուժերը, այլեւ համայն սփիւռքահայութիւնը` հոգեւորական եւ քաղաքական իր ղեկավարութեամբ, Հայ դատի յանձնախումբերով եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններով:
Համահայկական ընդվզումի, բողոքի եւ զօրակցութեան այդ համընդհանուր շարժումին առաջին արձագանգողներէն եղաւ յունահայ մեր գաղութը, որ Հայ դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ Երիտասարդական ու Պատանեկան միութեանց նախաձեռնութեամբ կիրակի, ապրիլ 3-ին բողոքի ցոյց կատարեց Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ, յաջորդաբար Ազրպէյճանի դեսպանատան եւ քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ:
Ազրպէյճանական սպառնալիքին եւ վտանգին դէմ հայութիւնը աշխարհին ներկայացաւ խաղաղութիւնը պահպանելու դրօշը պարզած: Ազրպէյճանական գրգռութեանց հայկական կողմը պատասխանեց բիրտ ուժը մերժելու, այլեւ միջազգային խաղաղապահ ուժերու եւ հաշտարար միջնորդութեանց` յատկապէս Մինսքի խմբակի ձեռնարկած խաղաղ բանակցութեանց ճամբով լուծման յանգելու ճիգերուն նկատմամբ իր յանձնառութիւնը վերահաստատելով:
Խաղաղարար մեր այդ դիրքորոշումը, սակայն, համակերպումի եւ ձեռնածալութեան հետեւանք չէր:
Ինչպէս հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին, Յունաստանի պարագային եւս, մենք ազգովին եւ ուժգնօրէն դատապարտեցինք միջազգային ընտանիքը առաջնորդող ուժերուն կողմէ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն միջեւ շինծու հաւասարեցում կատարելու անարդար եւ անիրաւ փորձերն ու կեցուածքները:
Օրինակ` մեր Հայ դատի յանձնախումբը իր լուրջ մտահոգութիւնը փոխանցեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան այն յայտարարութեան նկատմամբ, որով կոչ կ՛ուղղուէր հաւասարապէս ե՛ւ հայերուն, ե՛ւ ազերիներուն` հեռու մնալ զինեալ ճակատումներէ: Համայն հայութեան հետ յունահայութիւնը եւս յստակ դարձուց միջազգային հանրութեան, որ ընդունելի չէ նախայարձակ գրոհող յանցագործն ու ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղող զոհը միեւնոյն հաւասարութեան բերել…
Բիրտ ուժով Արցախին տիրանալու համար յարձակում գործող` հայու արիւն թափող եւ հայկական հող գրաւող Ազրպէյճանին կողքին չեն կրնար դրուիլ, պէտք չէ դրուին, հաւասարութեան մէկ ընդհանուր նշանով, Արցախն ու ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղելու հարկադրանքին տակ դրուած հայութիւնը:
Ահա թէ ինչո՛ւ զինադադարի վերադառնալու ներկայ պայմանաւորուածութիւնը չի նշանակեր, որ հայութեան համար աւարտած է քաղաքական-դիւանագիտական պայքարի փուլը: Մեր պայքարը նոյն թափով կը շարունակուի, որպէսզի ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակը կեանքի կոչէ զինադուլի խախտման ազրպէյճանական գրգռութեանց հսկող արդիական սարքերն ու մեքենականութիւնները:
Ամէնուր հայութիւնը լարած է իր ուժերն ու միջոցները, որպէսզի միջազգային ընտանիքը ի վերջոյ անդրադառնայ, թէ հայու արիւն հեղելու ազրպէյճանական սանձարձակութիւնը չի կրնար անպատիժ մնալ:
Ի տես վերջին օրերուն յանուն Արցախին համայն հայութեան դրսեւորած ազգային-քաղաքական միասնականութեան` մենք վստահ ենք, որ Ազրպէյճանը սանձելու քաղաքական-դիւանագիտական պայքարը յաւելեալ թափով պիտի շարունակուի:
Յաղթանակը մե՛րն է: