ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Լիբանան երկիրը մարդոցմով կազմուած հաւաքականութիւն մըն է, ոչ թէ` հայրենասէրներու, ուր կ՛իշխէ համայնքայնութեան ախտը»:
Դոկտ. Ժամալ Ուաքիմ
(Հանրածանօթ ակադեմական,
դասախօս եւ քաղաքական վերլուծաբան)
Վերեւ յիշուած թուականը լոկ թուանշային արժէք ունի, որովհետեւ ալ պարպուած է իր բովանդակութենէն եւ իմաստէն: Անիկա դադրած է ներշնչման աղբիւր ըլլալէ, իրերայաջորդ սերունդներ հոգեզինելէ, բայց մանաւանդ` Լիբանանի հանդէպ յարգանք ու պատկառանք սնուցանելէ:
Փաստօրէն, աւելի քան եօթանասուն տարի ի վեր Լիբանան երկիրը իր պետութեամբ ու ժողովուրդով կը տօնակատարէ վերականգնումի խորհրդանիշ` իր քաղաքական անկախութիւնն ու ազատութիւնը, յաճախ վկայակոչելով տուեալ պահու մատուցուած անգին զոհողութիւններու եւ նուիրաբերումի ողջ պատմութիւնը:
Պատմութիւն մը, որ, թէեւ տակաւին կը սպասէ իր յստակեցման եւ պարզաբանումին, ակադեմական շրջանակի միանգամայն վճռումին եւ համաժողովրդական ընդգրկումին, այդուհանդերձ, իբրեւ Լիբանանի մէջ ապրող հայութիւն, յաճախ մեր անկեղծ ու դրական մօտեցումն ու կեցուածքն ենք արտայայտեր այս հիւրընկալ երկրին հանդէպ:
Ճիշդ է, երկիր մըն է, որ ունի պետականութիւն, քայլերգ ու դրօշակ, նաեւ յաւակնած է դասուելու Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան շարքին, սակայն իր անկախութեան հռչակումէն ասդին կը տառապի մահացու եւ անդարմանելի «հիւանդութենէ» մը` համայնքայնութենէ, այլ խօսքով` պազարի մտայնութենէ, պարզապէս յագուրդ տալու եսամոլ, ինքնագոհ, ստապատիր եւ պատեհապաշտ վարքագիծերու:
Հաւանաբար կարելի է ըսել, որ Լիբանան իրողապէս երկիր մոտէլ մըն է, որ կոչուած է ըլլալու համակեցութեան օրրան, համայնքային փոխհասկացողութիւններու եւ շահերու պահպանման միջավայր, ընկերային արդարութեան ամրագրման եւ հասարակական կեանքի բարգաւաճման պարարտ հող, այլապէս ալ ժողովրդավար համակարգի եւ ազատութիւններու կիզակէտ:
Մէկ խօսքով, կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, ուր գոյութիւն ունեցող հաւաքականութիւններու (համայնքներու) բոլորի շահերը հաստատագրուած, հաւասարակշռուած եւ ամրապնդուած են սահմանադրականօրէն:
Պիտի ըսուի նաեւ, թէ վերոյիշեալները տեսական-վարկածային բացատրութիւններ են, երազային աշխարհի մը համապատասխանող, որովհետեւ անոնց կենսագործման համար տարուած քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ հասարակական աշխատանքները ո՛չ մէկ արդիւնք տուած են տասնամեակներէ ի վեր:
Ընդհակառակն, գաղութարարութենէ ձերբազատ Լիբանանը թէեւ կը դառնար ազատ ու անկախ, սակայն կ՛ենթարկուէր աւելի վատ ու ինքնակործան համակարգի մը ենթակայութեան: Փաստօրէն, ստացուած անկախութեան եւ ազատութեան խորհուրդները այս անգամ կը թաղուէին համայնքայնութեան տիղմին մէջ, պատուհաս ըլլալով ամբողջ երկրի մը ճակատագիրի տնօրինումին, ժողովուրդի առաւել պառակտումին, բայց մանաւանդ` հայրենիք մը ունենալու երազանքի մը ընդմիշտ քանդումին:
Եւ հակառակ այն իրողութեան որ հայրենիքներ կ՛ապրին իրենց պատմութեամբ, մշակութային հարստութեամբ, գաղափարական լիցք ունեցող հայրենապաշտութեամբ, հողատարածքի թէ ժողովրդագրական յստակ տուեալներու առաւելութեամբ եւ պետականութեամբ, բայց եւ այնպէս Լիբանանի պարագային ոչ մէկ ատեն ականատես ենք եղած նշեալ արժէքային հայեցակարգերու ամրապնդումին նպաստող իրաւ, ամբողջական, միասնական եւ նպատակասլաց քաղաքական մտքի եւ պայծառ գործելակերպերու ճառագայթումին:
Այդուամենայնիւ, անաչառութիւնը կը պարտադրէ ընդգծել, թէ Լիբանանի երկնակամարին տակ միշտ ալ հասակ առած են բազում նուիրեալ անձնաւորութիւններ, որոնք յատկանշուած են իրենց մտքի ու հոգիի պայծառութեամբ, մտաւորականի ու արուեստագէտի շնորհալի կազմաւորումով, ակադեմականի լրջութեամբ եւ հայրենիք կերտելու նախանձախնդրութեամբ:
Այո՛, տասնամեակներու թաւալքին հետ լիբանանցին կը հաւատար, ու դեռ կը շարունակէ մնալ այդպիսին, որ օր մը պիտի ծնի այն Լիբանանը, որուն երազած են սերունդներ:
Երկիր մը, որուն հրաշալի բնութեան եւ հարստութիւններուն տէր կանգնի նախ ժողովուրդը, ապա պետական կառոյցը:
Երկիր մը, ուր տիրապետող ըլլայ ազգային մտածողութիւնն ու գերիշխան ապրելու հաստատակամութիւնը:
Երկիր մը, որ զերծ ըլլայ ախտավարակ փտածութենէ, աւազակային մօտեցումներէ, գինախնդիր ու կամայական վարքագիծերէ:
Երկիր մը, որով կը հպարտանան սերունդներ` իրենց ապրած միջավայրի մաքրութեամբ, քաղաքական մարդոց անկաշառութեամբ, պետական կառոյցներու աշխատունակութեամբ:
Երկիր մը, ուր կը յարգուին քաղաքացիական-հասարակական իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ:
Եւ վերջապէս, երկիր մը, որուն զաւակները իրենց հոգիներէն վանած են եղբայրասպան կռիւներու ուրուականը, եւ գիտակից իրենց կոչումին, առաքելութեան եւ պատմական թելադրականութեան, եւ ըստ էութեան կը ձգտին ըլլալ մերօրեայ քաղաքակիրթ ժողովուրդներու շարքին, իրենց ուրոյն տեղն ու դերը ապահովել արդի նուաճումներու եւ արհեստագիտական ստեղծագործութիւններու պատուանդանին վրայ:
Ի դէպ, ընդգծել է պէտք, որ կեանքի փորձառութիւններու ամբողջ լայնքին ու երկայնքին նման հայրենիքի մը մասին մտածելն անգամ անիմաստ է: Անիկա ժամավաճառութիւն է ըստ ամենայնի, երբ արդէն մեր առօրեան կը տուայտի աղբակոյտերու զզուելի ներկայութեան, երբ ժողովուրդ մը ամբողջ յանձնուած է ճակատագրական մեծ խաղի մը, երբ քաղաքական վերնախաւը առաւել խորացուցած է շահամոլական իր վարքագիծը եւ առանց խպնանքի կը յօշոտէ օրն ի բուն, բացայայտօրէն եւ անսանձ կը կողոպտէ իր երկիրն ու ժողովուրդը, պարզապէս որովհետեւ չկայ հաշուետուութեան կանչող ո՛չ մէկ դատաիրաւական եւ պետական բարոյական մեքանիզմ:
Աւելի դիպուկ է ըսել, որ, եթէ երբեք կայ հաշուետուութեան հարց, ապա ատիկա բացակայ է լիբանանցիներու մտքէն ու կամքէն, հակառակ ի յայտ եկող հատուկենտ հասարակական շարժումներու, որոնց ներկայութիւնն անգամ հարցադրումներու տեղիք կու տայ:
Եւ իրօք, ատենին, գաղութարարութենէն ժառանգուած ախտերու առընթեր, նոյնինքն լիբանանցին այս անգամ ընթացք կու տար քաղաքական մտքի տհասութեան եւ աճպարար գործելակերպերու որդեգրումին, այսպէս ըսած ներքին-համայնքային շահեր կուտակելու դիտաւորութեամբ:
Ամբողջ եօթը տասնամեակ ու աւելի, Լիբանան «տիրացած» է իր քաղաքական անկախութեան եւ ազատութեան, սակայն, տակաւին ոչ ոք կը յանդգնի ըսել, որ այս երկիրը իսկապէս անկախ է, կը վայելէ իր ժողովուրդին թեւն ու թիկունքը եւ արժանի է բոլորին ուշադրութեան եւ յարգանքին:
Բաւարար է ընդգծել, թէ Լիբանանի պետականութիւնը տակաւին ազատ ու անկախ չէ իր աղբերուն «ճակատագիր»-ն անգամ տնօրինելու, ա՛լ ի՛նչ խօսք անոր քաղաքական անկախութեան մասին:
Շեշտադրելին կը մնայ այն, գէթ այս հանգրուանին, թէ Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքական խաւի ներկայացուցիչներ, պահելով հանդերձ իրենց համայնքային նեղ շահերն ու աւատապետական վարքագիծը, որոնցմէ ցաւ ի սիրտ ձերբազատում չկայ, գոնէ կարենան ցոյց տալ նուազագոյն աչալրջութիւն եւ խոհեմութիւն` պահելու համար այս հողատարածքին ֆիզիքական գոյութիւնը եւ ժողովուրդի ապահովութիւնը:
Այլապէս, լիբանանցիի մտքէն փարսախներ հեռու են կանգնած քաղաքական մտքի հասունութիւնն ու ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը:
Արդ, թուականի մը յիշատակումն անգամ պիտանի դեր մը կրնայ ունենալ, երբ անպիտան ու տխեղծ վարքագիծեր անայլայլ կը տողանցեն մեր շուրջ: