Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 15700 articles
Browse latest View live

«Գաղափարի Եւ Ազատութեան Ջահակիրը» (Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոս Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին Առիթով)

0
0

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ    

Խրիմեան Պոլիս կը մնայ հինգ տարի եւ, հակառակ իրեն պարտադրուած խիստ հսկողութեան, իբրեւ Ազգային կրօնական ժողովի ատենապետ, իշխանութիւններու քիթին տակ կը գործէ ամենայն համարձակութեամբ: Ազգային ժողովը, իր նախաձեռնութեամբ, հայկական գաւառներու վատթարացող կացութեան մասին երկու բողոքագիր կը ներկայացնէ պետութեան: Բարձրագոյն դուռը անգամ մը եւս կը վրդովի եւ այս անգամ կը դիմէ քաղաքավարի աքսորի` զայն  հրաւիրելով երկարատեւ «ուխտի երթալ» Երուսաղէմ, ուր, ինչպէս կենսագիրը կը վկայէ, «հայոց արծիւը կը փակուի ճնճղուկի վանդակի մէջ»:

Փրկութիւնը կու գայ մայիս 1892-ին, երբ Էջմիածնի Հոգեւոր խորհուրդը 72-ամեայ Խրիմեանը միաձայնութեամբ կ’ընտրէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, Խրիմեան Հայրիկ անուանակոչութեամբ: Ձեռնադրութիւնն ու օծումը, սակայն, կը կատարուի 16 ամիս ուշացումով, որովհետեւ սուլթանը չի փափաքիր ըմբոստ եկեղեցականը թրքական հպատակութենէ զերծ կացուցել եւ արտօնել, որ երթայ եւ կաթողիկոսական մականը ստանձնէ Էջմիածինի մէջ: Ապտիւլ Համիտ մինչեւ իսկ կը դիմէ ցարին` նոր ընտրութիւններ կատարելու պահանջով, սակայն Նիկոլայ Բ.ի այն մտավախութիւնը, թէ` Խրիմեանի ընտրութիւնը չվաւերացնելը արեւմտահայութեան մէջ կրնար շատ աւելի բարդութիւններու դուռ բանալ, կը ստիպէ սուլթանը, որ ի վերջոյ տեղի տայ եւ Խրիմեանը ազատէ թրքահպատակութենէ:

Ծանր ու փոթորկոտ կ’ըլլան Խրիմեանի կաթողիկոսութեան 15 տարիները: Վերյիշենք 1892-1907 երկարած դէպքերու շարանը. 1895-1896-ի համիտեան կոտորածներ, Վանի ինքնապաշտպանութիւն, Զէյթունի 1896-ի գոյամարտ, ազգային-ազատագրական պայքարի բազմաթիւ մարտնչումներ` Խանասորէն մինչեւ Պանք Օթոման, Սասնոյ զոյգ ապստամբութիւններէն մինչեւ Համիտի մահափորձ: Նոյն ժամանակամիջոցին արեւելեան կողմն աշխարհի կը տեսնենք ցարական աճող ճնշումներու պատճառով` Անդրկովկասի ծխական վարժարաններու փակում, հայ եկեղեցական կալուածներու գրաւման փորձ, հայ-թաթարական կռիւներ եւ, վերջապէս, Լա Հէյի միջազգային  վեհաժողովին Հայկական հարցի ներկայացում:

Խրիմեան ազգին վեհապետն է, Հայոց Հայրիկն է: Չի կրնար անտարբեր մնալ այս բոլոր իրադարձութիւններուն նկատմամբ: Ան մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէ համիտեան կոտորածներէն ճողոպրած գաղթականները Էջմիածինի մէջ տեղաւորելու համար: Հանգանակութիւններ կը կազմակերպէ, նիւթապէս կ’օժանդակէ շատ-շատերու, Ռուսահայաստանի մէջ բնակութեան պայմաններ ստեղծելու համար: Թրքահայութեան հարցին լուծման համար ան կը մեկնի մինչեւ Փեթերսպուրկ, կը տեսակցի Նիկոլայ Բ. ցարին հետ եւ իր քարոզներուն մէջ տեւաբար կը շեշտէ, որ` «Հայաստանը կենդանի է եւ կենդանի պիտի մնայ»: Խրիմեան երկար կը բախէ օտար դիւանագիտութեան դռները եւ ի վերջոյ կը յանգի այն համոզումին, որ` «Օտարներէն յոյս կտրենք. մեր ազգին ազատութիւնը մեր ձեռքով, մեր յեղափոխականներու միջոցով պիտի գայ: Ազատութիւնը զոհ եւ արիւն կը պահանջէ. ա՛լ բաւ է, օտարները մեզ շատ խաբեցին» (30):

Թրքահայութեան տագնապները կարծէք բաւարար չըլլային, Խրիմեան կաթողիկոսութեան շրջանին կը դիմագրաւէ նաեւ ռուսահայութեան սպառնացող վտանգները: Ան բուռն կերպով կ’ընդդիմանայ հայ եկեղեցական կալուածներու գրաւման ցարական որոշումին դէմ: Կը դառնայ ազգային կամքի, դիմադրական կորովի խորհրդանիշ: «84-ամեայ կաթողիկոսը… երիտասարդացած, հին հերոսական օրերը յիշելով, տիտանի պէս ծառացաւ ամեհի բռնապետութեան դէմ ու տուաւ իր խիզախ պատասխանը. «Չե՛մ կարող»…: Չքացաւ Ամենայն Հայոց խոնարհ, հնազանդ հայրապետը եւ բեմ նետուեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրիկը, հինաւուրց յեղափոխականը, Վասպուրականի արծուաթեւ մարտնչողը», պիտի ըսէր Միքայէլ Վարանդեան (31):

Ընդհանուր ընդդիմութեան պահուն Խրիմեանի թեւ ու թիկունք կը կանգնին ժողովուրդը, մտաւորականութիւնն ու կուսակցութիւնները` առաջնորդութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ Խրիմեանի համար կը ներկայացնէր «Հայկական նոր ասպետութիւնը»: Խրիմեանի շուրջ կը կատարուի ազգային ուժերու համախմբում: Արդարութիւնը ի վերջոյ կը յաղթանակէ: Իր ամուր կեցուածքով եւ անզիջող ընթացքով Խրիմեան կը հասնի փառքի գագաթնակէտին: Ներքին ու արտաքին պայմաններու բերումով ցարը 1905-ին յետս կը կոչէ եկեղեցական կալուածներու գրաւման իր հրովարտակը:

(Շար. 7)

  1. Գ. Գիւզալեան, «Խրիմեան Հայրիկ գաղափարների աշխարհ»-ը, Պէյրութ, 1954, էջ 69:
  2. Միքայէլ Վարանդեան, «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն», Ա. եւ Բ. հատորներու միացեալ հրատարակութիւն, Պէյրութ, 2013, էջ 324:

 

 


Հայրենի Կեանք

0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Սուրիահայ Պղնձագործներու Աշխատանքները Կը Ցուցադրուին Սարդարապատի Թանգարանին Մէջ

Սարդարապատի թանգարանին մէջ բացումը կատարուած է պղնձագործ վարպետներու Սուրիոյ դպրոցի ներկայացուցիչներու աշխատանքներու ցուցադրութեան:

Սարդարապատի թանգարանի տնօրէն Կարէն Արիստակէսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Հալէպի մէջ պղնձագործութեամբ զբաղող հայկական ամէնէն յայտնի տոհմը Գալամքարեաններու տոհմն է, որուն աշխատանքները ներկայացուած են թանգարանին մէջ:

«Գալամքարեաններու խանութը Հալէպի մէջ գործած է մինչեւ 1961 թուականը: Գալամքարեանները Արեւմտեան Հայաստանէն տեղափոխուած են Այնթապ, ուրկէ հաստատուած են Հալէպ եւ Դամասկոս: Անոնք, իբրեւ յայտնի պղնձագործներ ունէին իրենց դրոշմակնիքները, որոնք ներկայացուած են թանգարանին մէջ», ըսած է Կ. Արիստակէսեան:

Ան յայտնած է, որ հաւաքածոն Հայաստանին նուիրած է Յարութիւն Գալամքարեան, ըստ իր կտակին (ան մահացած է 2015-ին):

Հաւաքածոն Հայաստան տեղափոխուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանի աջակցութեամբ: Հաւաքածոն Հայաստան տեղափոխուած է այն պայմանով, որ ցուցադրուի որեւէ թանգարանի մէջ: Կարէն Արիստակէսեան նշած է, որ կը ծրագրեն ունենալ նաեւ արհեստագործական դպրոց, որովհետեւ պղնձագործական հմտութիւնները մեր մօտ վերացած են, եւ այդ արհեստը վերածնելու հարց կայ: «Բաւական հետաքրքրական ցուցադրութիւն մըն է, որուն բացումը արդէն իսկ կատարած ենք ու կը ներկայացնենք մեր հանրութեան», ընդգծած է Կ. Արիստակէսեան:

Յիշեցնենք, որ մայիս 28-ին ցուցահանդէսը դիտած է նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

«Օրորա» Մրցանակին Դափնեկիրը Դարձաւ Բժիշկ Թոմ Քաթինա

Սուտանի 750 հազար բնակիչ ունեցող Նուպա լեռներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն ունեցող միակ վիրաբուժը` Թոմ Քաթինա, մայիս 28-ին, հռչակուած է «Օրորա» մրցանակաբաշխութեան դափնեկիր: Յաղթողին անունը յայտարարած եւ մրցանակը յանձնած է աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր:

Յայտնենք, որ իբրեւ «Օրորա»-ի դափնեկիր` Թոմ Քաթինային շնորհուեցաւ 100 հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ` շարունակելու իր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ 1 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ, որ բացառիկ կարելիութիւն պիտի տայ շարունակելու նուիրատուութեան շղթան` աջակցելով զինք ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն:

Նշենք, որ Սուտանի Նուպայի լեռներուն մէջ գտնուող հիւանդանոցը բաւական հեռու է միւս բնակավայրերէն, եւ հիւանդները յաճախ ոտքով կը հասնին այնտեղ: Հիւանդանոցը այսօր ունի 450 մահճակալ, բայց յաճախ անոնք չեն բաւեր` բոլոր հիւանդներն ու վիրաւորները ընդունելու համար. լրացուցիչ մահճակալները ստիպուած կ՛ըլլան պատշգամ դնելու: Մեծահասակներու համար նախատեսուած մէկ մահճակալի վրայ, իբրեւ կանոն, միաժամանակ կը պառկի քանի մը փոքրիկ:

Հիւանդանոցին մէջ կայ նաեւ ժամանակակից սարքերու պակաս: Ցաւազրկման համար անոնք շատ հին սարքեր կ՛օգտագործեն, իսկ մինչեւ վերջերս անդամահատումը կ՛ընէին սովորական սղոցով: Անցեալ ամսուան վերջը, Քաթինայի համաձայն, երկարամեայ սպասումէ ետք, իրենց հիւանդանոցը վերջապէս ստացած է նկարող սարք:

Հիւրերը մեծարանքի արժանացուցած են նաեւ մրցանակի միւս երեք յաւակնորդները` Սոմալիէն Ֆարթուն Ատանին եւ անոր դուստրը` Իլուատ Էլմանը, Աֆղանիստանէն կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող Ճամիլա Աֆղանը, Սուրիոյ Մատայա քաղաքին մէջ դաշտային հիւանդանոցի բժիշկ Մոհամետ Տարուիշը եւ Տենիս Մուգվեկէն, որ բժշկական, հոգեբանական եւ իրաւական աջակցութիւն կը տրամադրէ Քոնկոյի մէջ սեռային բռնութիւններու ենթարկուած աւելի քան 50 հազար կիներու:

Արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցած են 100 LIVES եւ «Օրորա» նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ, հայ գործարարներ Ռուբէն Վարդանեան , Նուպար Աֆէեան եւ Քառնեկի ընկերակցութեան նախագահ Վարդան Գրիգորեան:

Արարողութեան ներկայ գտնուած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:

Նշենք, որ «Օրորա» մրցանակաբաշխութիւնը ստեղծուած է այն նպատակով, որ Ցեղասպանութիւնը վերապրած բոլոր հայերուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեն փրկիչներուն: Հարիւր տարի առաջ անոնց դրսեւորած քաջութեան յիշատակին` մրցանակով պիտի պարգեւատրուին ժամանակակից հերոսները, որոնք կը վտանգեն իրենց կեանքը յանուն ուրիշներու փրկութեան:

Տեղեկացնենք, որ 2016-ի «Օրորա» մրցանակի դափնեկիր Մարկրիթ Պարանկիցէ եւ 2017-ի նոյն մրցանակը շահող  բժիշկ Թոմ Քաթինա առաջին անգամ ըլլալով իրարու հանդիպեցան Գիւմրիի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ:

Գիւմրիի մէջ Պարանկիցէ եւ Քաթինա այցելեցին Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի (Նիր իսթ ռիլիֆ) պատմական մանկատուներէն մէկը` «Թռչունեան տուն» մանկատուն, ուր կ՛ապրին 3-18 տարեկան 80 փոքրիկներ:

«Անցումային Շրջանի Աւարտը. Հայաստանը 25 Տարի Անց. Հիմա Ի՞նչ» Գիտաժողովը Սկսած Է Երեւանի Մէջ

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը Երեւանի մէջ կազմակերպած է երկօրեայ գիտաժողով, որուն ընդգրկած նիւթերը կը վերաբերին Հայաստանի յետանկախութեան շրջանին:

«Անցումային շրջանի աւարտը. Հայաստանը 25 տարի անց. հիմա  ի՞նչ» խորագիրով գիտաժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 23 մայիսին, Երեւանի մէջ, «Գաֆեսճեան» արուեստի կեդրոնին մէջ:

Բանախօսութիւններով հանդէս եկան անուանի դիւանագէտներ, շրջանային  մասնագէտներ եւ գիտնականներ:

Բանախօսներու շարքին էին յայտնի տնտեսագէտ, «Ինչու կը ձախողին պետութիւնները» գիրքի հեղինակ Տարօն Աճեմօղլու, «Էքոնոմիսթ» թերթի թղթակից Թիմ Ճուտա: Դեսպաններ Էտուարտ Ճերեճեան եւ Ճեք Մեթլոք խօսեցան Խորհրդային Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան մշակութային եւ ընկերային հետեւանքներուն մասին:

ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեան, գործարար Ռուբէն Վարդանեան եւ բեմադրիչ Էրիք Նազարեան նոյնպէս ներկայ գտնուեցան քննարկումին:

«Անցումային հանգրուանի աւարտը» համաժողովի առաջին մասը տեղի ունեցած էր ապրիլին, Լոս Անճելըսի մէջ:

Յանձնուեցան Հայաստանի Նախագահի Մրցանակները

Վերջերս տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահի 2016-ի մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը, կը հաղորդեն Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Վկայագիրները եւ դրամական պարգեւը մրցանակակիրներուն յանձնած են Սերժ Սարգսեան ու «Ռոպերթ Պօղոսեան եւ որդիներ» հիմնադրամի ներկայացուցիչ, սփիւռքահայ բարերար Ժան Պօղոսեան:

«Ստեղծագործական աշխատանքը կը պահանջէ տարիներու սեւեռուն եւ հետեւողական նպատակադրում: Տեղեկատուութեան, գիտելիքի, հմտութեան եւ փորձի համադրումը երբեք չի կրնար անհետեւանք մնալ: Իւրաքանչիւր վայրկենական պայծառացման պատմութեան թիկունքին թաքնուած է երկար տարիներու տքնաջան աշխատանք», ըսած է Սերժ Սարգսեան:

Երկրին ղեկավարը վստահութիւն յայտնած է, որ այս պարգեւատրումը երիտասարդներուն համար պիտի ըլլայ յաջողութեան պատմութեան առաջին էջը:

Հայաստանի նախագահի հրամանագիրներով, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ նշանակալի աւանդ ներդրած անձերուն 2016-ի մրցանակ շնորհուած է Բագրատ Էսդուգեանին (Թուրքիա)` Հայոց ցեղասպանութեան հարցը «Ակօս» թերթին մէջ միշտ արծարծելու համար, Հանս-լուկաս Կիզերին (Զուիցերիա)` Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան մարզին մէջ ունեցած ծանրակշիռ վաստակին համար:

Մայիսեան յաղթանակներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան 99-ամեակին եւ Հանրապետութեան տօնին առիթով մայիս 28-ին, նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պետական բարձրագոյն պարգեւներու յանձնում. տարբեր ծառայութիւններու համար տարբեր աստիճանի պարգեւներու առընթեր, հայրենիք- սփիւռք կապերու խորացման եւ ընդլայնման գործին իրենց բերած նպաստին համար երախտագիտութեան շքանշան ստացած են Լիբանանէն Բիւզանդ Գէորգեան, Քուէյթէն Յարութ Պետիրեան, Սուրիայէն Արթին Վարդանեան. Մովսէս Խորենացի շքանշան` Իրանէն Դերենիկ Մելիքեան, իսկ «Հայաստան» հիմնադրամի 25-ամեակի մետալ` Լիբանանէն Նազարէթ Սապունճեան:

Ճարտարագիտութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին մէջ Հայաստանի նախագահի մրցանակներ շնորհուած են Գէորգ Պաղտասարեանին եւ Մարինէ Միկիլեանին` «Մագնիսաառաձգական փոխազդեցութիւններու ներգործութիւնը հաղորդիչ սալերու եւ թաղանթներու վրայ» (անգլերէն) մենագրութեան համար, գրականութեան մարզին մէջ` Ղուկաս Սիրունեանին` «Բաց ըրէք` ես եմ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին համար:

Արուեստի մարզին մէջ Հայաստանի նախագահի 2016-ի երիտասարդական մրցանակ շնորհուած է Ռիմա Նանեանին` «Անորոշ մարմնաւորումներ» նկարչական շարքին համար, Լեւոն Պօղոսեանին` «Հին Աստուածներ» քանդակներու շարքին համար: Գրականութեան մարզին մէջ` Արմէն Սարգսեանին` «Չկարդացած գիրքերու փոխարէն» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին համար, Արամ Մամիկոնեանին` «Ծանր ջուր» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին համար:

Դասական երաժշտութեան մարզին մէջ Հայաստանի նախագահի երիտասարդական մրցանակ շնորհուած է` «Երգեցողութիւն» անուանակարգին մէջ` Սարգիս Բաժբէուկ-Մելիքեանին եւ Մարիանա Մարտիրոսեանին, «Գործիքային կատարում» անուանակարգին մէջ` Ռոման Նամալեանին (դաշնակ) եւ Արսէն Զաքարեանին (քլարինեթ):

Երեւանի Մէջ Մօտ 2 Միլիոն Ծաղիկ Կը Ցանուի

Ըստ Երեւանի քաղաքապետութեան, մայրաքաղաքի ծաղկային տարածքներու համալրման գարնանային ծրագիրի ծիրին մէջ մայիս 5-էն սկսած են երեւանեան այգիներու, պուրակներու եւ փողոցներու կանաչ գօտիներու ծաղկապատման աշխատանքները:

Մօտաւորապէս 2 միլիոն հունտերէն 1,2 միլիոնը մայրաքաղաքի փողոցներ  տեղափոխուած են Երեւանի քաղաքային ջերմատունէն: Այս ուղղութեամբ գարնանային հանգրուանի աշխատանքները պիտի աւարտին յունիս 15-ին: Նշուած ժամանակաշրջանը ամէնէն արդիւնաւէտն է ծաղիկներ տնկելու եւ անոնց կպչողականութիւնը ապահովելու համար:

Նշենք, որ մայրաքաղաքի վարչական շրջաններուն մէջ 2015-ին իրականացուած ծաղկապատման աշխատանքներուն ընթացքին տնկուած ծաղիկներուն թիւը հասած էր 2,2 միլիոնի, որմէ 1 միլիոն 250 հազարը աճեցուած էր Երեւանի քաղաքային տնկարանին մէջ:

Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ Ապրիլին 45 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրուած Է

Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ «այս տարուան առաջին եռամսեակին, համեմատած նախորդ տարուան եռամսեակին հետ, արձանագրած ենք զբօսաշրջութեան 18 առ հարիւրի աճ»:

Այս տարուան առաջին չորս ամիսներուն նախորդ տարուան չորս ամիսներուն հետ համեմատած 25 առ հարիւրի աճ արձանագրուած է, իսկ միայն ապրիլին 45 առ հարիւրի աճ եղած է, զեկուցեց Զէյթունցեան:

Զարմինէ Զէյթունցեան նշեց նաեւ, որ նախորդ տարուան ապրիլին քառօրեայ պատերազմը իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցած է զբօսաշրջիկներու թիւին վրայ:

«Մեր հիմնական թիրախային շուկան Իրանն է, Ռուսիայէն, Չինաստանէն եւ Ֆիլիփինէն աճ կայ: Իսկ ներքին անձնագիրներով այս տարուան առաջին երկու ամիսներուն արդէն եօթը հազարէն աւելի զբօսաշրջիկ այցելած է Հայաստան: Մենք աշխուժօրէն կ՛աշխատինք ռուսական լրատուամիջոցներուն հետ: Այս ընթացքին Հայաստան եկած են նաեւ քանի մը պատկերասփիւռի կայաններ, որոնք ժապաւէն կը պատրաստեն մեր երկրին մասին: Աշխուժ խթանման աշխատանքներու շնորհիւ է նաեւ, որ Հայաստանի ճանաչելիութիւնը կը բարձրանայ», ըսած է Զէյթունցեան:

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-Ի Խումբ Մը Աշխատակիցներ Միացած Են Հեծանիւով Դէպի Աշխատավայր Ուղեւորուելու Միջազգային Նախաձեռնութեան

Երեւանի փողոցներուն մէջ օրէ-օր կ՛աւելնայ հեծելանւորդներու քանակը, որ ո՛չ միայն նոր միտում մըն է, այլեւ` առողջ հասարակութիւն ունենալու կարեւոր քայլ: Հայաստանի մէջ սկսած է աւելնալ այս փոխադրամիջոցէն օգտուողներուն թիւը, սակայն հեծանիւով աշխատանքի ուղեւորուողներուն թիւը տակաւին չբարձրացաւ: Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կ՛իրականանան «Հեծանիւով դէպի աշխատավայր» երթալու արշաւներ, եւ շատ մը մարդիկ արդէն կ՛օգտագործեն այդ ձեւը: Հեծելանւորդութիւնը ունի իր առաւելութիւնները թէ՛ անհատին, թէ՛ հասարակութեան, եւ թէ՛ միջավայրին: Իրականութեան մէջ, հեծելանւորդութիւնը կրնայ դառնալ նոր սկիզբ` հանրային առողջութեան մարզին եւ շրջակայ միջավայրին կարեւոր հարցերը մեր երկրին մէջ լուծելու համար:

Հեծելանւորդներու թիւի բարձրացումը իր ուղղակի դրական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան հարցին մէջ. ինքնաշարժներու թիւի կրճատման զուգահեռ, կը կրճատուի նաեւ մթնոլորտ արտանետուող վնասակար կազերուն ծաւալը: Ասիկա առաւելութիւն է նաեւ քաղաքային տարածքներու եւ քաղաքներու, մասնաւորապէս` Երեւանի բնակիչներու համար: Հեծանիւով երթեւեկելը ամէնօրեայ ճանապարհային երթեւեկի խցանումներէ խուսափելու ամէնէն յարմարաւէտ եղանակներէն է` յատկապէս ամրան տաքին: Այս փոխադրամիջոցին ընձեռած կարելիութիւնը արդիւնաւէտ է նաեւ գումար տնտեսելու եւ ժամանակ խնայելու առումով: Հեծանիւ վարելը առտուները մարզանքի յարմար տարբերակ է եւ կը նպաստէ գրասենեկային աշխատանք ունեցողներու առողջ ապրելակերպին:

Յայտնենք, թէ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի խումբ մը աշխատակիցներ միացած են հեծանիւով դէպի աշխատավայր ուղեւորուելու միջազգային օրուան` առաւօտեան սահմանուած ժամանակացոյցը սկսելով հեծանիւ վարելով: Արշաւի մասնակիցները աշխատավայր` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի կեդրոնական գրասենեակ հասած են հեծանիւներով: Շրջակայ միջավայրի պահպանութեան ուղղուած մօտեցումը կարեւոր արժեհամակարգ է ընկերութեան աշխատակիցներուն եւ անոնց շրջանակներուն:

«Իւրաքանչիւր լաւ նախաձեռնութիւն արժանի է իրականացման եւ հետեւաբար կը պահանջէ քաջալերանք եւ աջակցութիւն: Մենք բարձր կը գնահատենք շրջակայ միջավայրի եւ սեփական առողջութեան հանդէպ մեր ընկերութեան աշխատակիցներուն պատասխանատու մօտեցումը: Ընկերութեան տարածքին վրայ գործող` հեծանիւներուն համար նախատեսուած կայանատեղիի մը առկայութիւնը կարեւոր պայման է այս նոր վարքագիծը մեր աշխատակիցներուն եւ անոնց շրջանակներուն մէջ խրախուսելու, նոյնիսկ աւելի մեծ թիւով հասարակութեան օրինակ ծառայելու համար», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

Նշենք, թէ նոյն օրը «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի այն աշխատակիցները, որոնք փափաքը ունէին սորվելու հեծանիւ վարել, ուղղուած են դէպի «Յաղթանակ»-ի զբօսայգի, ուր ընկերութենէն կամաւորներու օգնութեամբ սորված են այդ կարեւոր եւ առողջարար հմտութիւնը:

Ամերիկեան Միջազգային Զարգացման Գործակալութիւնը Նոր Ծրագիր Կ՛իրականացնէ Արարատեան Դաշտին Մէջ

Հայաստանի համար առանցքային գիւղատնտեսական կեդրոն հանդիսացող Արարատեան դաշտը կը դիմագրաւէ ստորգետնեայ ջուրերու գերսպառման հարց: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը իր աջակցութիւնը կը բերէ այս հարցին կարգաւորման գծով:

Ջուրի գերսպառման եւ կորուստի հիմնական պատճառները, ըստ կատարուած ուսումնասիրութեանց, ձկնաբուծութեան էական աճն է, հինցած եւ անարդիւնաւէտ ձկնաբուծական սարքերու կիրարկումը, ապօրինի հորեր արտօնող կաշառակերութիւնը, ջուրի խնայողութեան քաղաքականութեան թոյլ կիրարկումը եւ Արարատեան դաշտի բնակիչներու բնապահպանական իրազեկութեան ցած մակարդակը: Այժմ, խմելու եւ ոռոգման ջուրի հասանելիութիւնը սահմանափակ դարձած է 30 գիւղերու եւ մարզերու 260 հազար բնակիչներու համար:

Ջուրի սակաւութեան այս ճգնաժամային հարցին անդրադառնալու նպատակով, Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը սկսած է «Ջրային աղբիւրներու մասնակցային եւ արդիւնաւէտ օգտագործում» (Փիուր Ուոթըր) ծրագիրը, որ պիտի խթանէ ջուրի պատասխանատու կառավարումը Արարատեան դաշտին մէջ` հանրային իրազեկման եւ քաղաքացիական մասնակցութեան յաւելման միջոցով:

Շուշիի Բնակչութիւնը Տարուէ Տարի Կ՛աւելնայ

«1992 թուականին մենք ժառանգեցինք աւերուած, ռմբակոծուած, յօշոտուած Շուշի, եւ պատերազմի ծանր փորձութիւններով անցած Արցախի առջեւ հարց դրուած էր վերականգնիլ եւ նոր շունչ տալ բերդաքաղաքին», ըսած է Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան` նշելով, որ անցած 25 տարիներուն ընթացքին այդ ուղղութեամբ մեծ աշխատանք կատարուած է:

Խօսելով քաղաքին մէջ հաստատուած բնակչութեան թիւին մասին` քաղաքապետը նշած է, որ այժմ Շուշիի մէջ կ՛ապրի աւելի քան 5 հազար մարդ. ուրախալին այն է, որ տարուէ-տարի բնակչութեան թիւը կ՛աճի:

«Շատերը կը ցանկան հաստատուիլ Շուշի, սակայն 2008-էն բնակարաններ չունինք: Կան դատարկ տուներ, որոնց տէրերը շատոնց է` քաղաքին մէջ չեն ապրիր եւ կարելիութեան պարագային, կարելի է այդ տուները ձեռք բերել եւ տրամադրել այն մարդոց, որոնք կ՛ապրին Շուշիի մէջ եւ բնակարանի կարիքը ունին», աւելցուցած է քաղաքապետը եւ ընդգծած, որ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն բնակչութեան թիւի պահպանման:

«Անցեալ 4 տարիներուն ընթացքին Շուշիի բարձրայարկ շէնքերու տանիքները հիմնականօրէն վերանորոգուած են: Կը նախատեսուի նաեւ բազմաբնակարան շէնքերու, մուտքերու, բակերու բարեկարգում եւ փոքրիկներու համար նոր խաղահրապարակներու կառուցում: Նիկոլ Դուման փողոցէն մինչեւ յայտնի «Ջդրդուզ» կոչուող հատուածը պետական ֆինանսաւորումով կ՛իրականացուին ասֆալթապատման աշխատանքներ», մանրամասնած է քաղաքապետը եւ աւելցուցած, որ Շուշիի մէջ նոր շէնքեր կառուցելու ժամանակ կ՛օգտագործուին միայն տեղական շինանիւթեր` պահպանելով Շուշիի ճարտարապետական հին տեսքն ու գոյնը:

Կատարուած եւ կատարուող աշխատանքները, ըստ քաղաքապետին, ամբողջովին պիտի փոխեն Շուշիի դիմագիծը` դարձնելով զայն ե՛ւ աւանդական, ե՛ւ ժամանակակից:

 

 

Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան 2017 Տարուան Զարգացման Մրցումը

0
0

Շաբաթ, 20 մայիս 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4.00-ին Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան կազմակերպած վեցերորդ միջդպրոցական զարգացման մրցումը, որուն մասնակցեցան լիբանանահայ 9 երկրորդական վարժարաններու աշակերտները` ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, ՀԿԲՄ-ի Սահակեան – Լ. Մկրտիչեան քոլեճի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտներէն բաղկացած 5 հոգինոց խմբակներ, որոնք մրցեցան իրարու դէմ` նախապէս սերտած ըլլալով միութեան պատրաստած «ԱՐՑԱԽ… ՔԱՋԱՐԻ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ԶՄՐՈՒԽՏԵԱՅ ԵՐԿԻՐԸ» խորագրեալ գրքոյկը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան ատենապետ Արամ Գարատաղլեան, որ ողջունեց  մասնակիցները եւ բացատրեց մրցումին օրէնքները: Գարատաղլեան նշեց, որ ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» կոչին, ՀԿՀՄ-ը իր տարեկան միջդպրոցական զարգացման մրցումին նիւթը ընտրած է Արցախը` պատրաստելով տեղեկութիւններով եւ գիտելիքներով  հարուստ գրքոյկ մը եւ անկէ աւելի քան 500 օրինակներ բաժնելով լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական բաժնի աշակերտներուն: Գարատաղլեան աւելցուց, որ ՀԿՀՄ-ի նպատակը միայն մրցում մը կազմակերպել չէ, այլ լիբանանահայ աշակերտին գիտելիքներու զարգացումը` ընտրուած թեմային շուրջ. այդ պատճառով է, որ միութիւնը ամէն տարի կը հրատարակէ իր կազմակերպած զարգացման մրցումին յատուկ գրքոյկը:

Ապա Լիւսի Տէօքմեճեան վարեց զարգացման մրցումը, որ բաղկացած էր 4 բաժիններէ, իւրաքանչիւր բաժին` 15 հարցումներէ:

Մրցումի աւարտին ՀԿՀՄ-ին եւ աշակերտութեան իր սրտի խօսքը ուղղեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ բարձր գնահատեց կազմակերպիչ միութեան այս օգտաշատ տարեկան նախաձեռնութիւնը եւ լուսարձակի տակ առաւ նման ծրագիրներու կարեւորութիւնը` սփիւռքահայ աշակերտութեան եւ երիտասարդ սերունդներուն համար: Դեսպան Մկրտչեան եզրափակելով իր խօսքը, շնորհաւորեց կազմակերպողներն ու մասնակցողները` մաղթելով, որ անոնք մնան միշտ մայր հայրենիքի ու Արցախի կողքին:

Հուսկ, տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան անդամ եւ միութեան կազմակերպած զարգացման մրցումներու գրքոյկներու պատասխանատու խմբագիր Լիւսի Տէօքմեճեանի պարգեւատրումը: Այս առթիւ իր արտասանած խօսքին մէջ միութեան ատենապետ Արամ Գարատաղլեան ըսաւ. «Միութենական կեանքին մէջ յաճախ շուքի տակ կը մնան անհատներու ներդրումները, եւ ամէն յաջողութիւն կ՛անցնի միութեան վերնագրին տակ, սակայն գիտակից ղեկավարութիւն մը պէտք է քաջ գիտնայ այդ անհատներուն տարած աշխատանքը եւ ըստ այնմ արժեւորէ զանոնք… Վարձքդ կատա՛ր, ընկերուհի՛ Լիւսի, այն ամէն ինչին համար, որ կատարեցիր, կը շարունակես եւ պիտի շարունակես կատարել ՀԿՀՄ-ին համար»:

Ապա մասնակից  խմբակները ստացան մասնակցութեան վկայագիրներ` ձեռամբ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ ներկայութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան կցորդ Վլատ Պօղոսեանի ու Հայ կաթողիկէ լրատուամիջոցներու կեդրոնի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Նաճարեանի, իսկ շահող խմբակը` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը ներկայացնող խմբակը ստացաւ նաեւ առաջնութեան մրցանակի յուշանուէրը, նաեւ` ՀԿՀՄ-ի տրամադրած 500 ամ. տոլարի նիւթական պարգեւը:

Արդարեւ, դատական եռանդամ կազմին որոշումով Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան 2017 թուականի զարգացման մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը (86/100), երկրորդ դիրքը` Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը (82/100), ), իսկ երրորդ դիրքը` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը (79,5/100):

Շնորհաւորելի են բոլոր մասնակից աշակերտները: Կը գնահատենք հայկական վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն  աշխատանքը, ինչպէս նաեւ` յաղթական վարժարանին աշակերտները:

ՀԿՀՄ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Հայկական Խրամատի Ուաշինկթընեան Հատուածը

0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Մեծ պատկերը այս է: Քանի մը օր առաջ, շաբաթասկիզբին եւ գրեթէ նոյն ժամերուն, երկու կարեւոր զարգացումներ տեղի ունեցան հայ-թրքական ճակատի խրամատներու տարբեր հատուածներուն վրայ: Մէկ կողմէ հայկական բանակը կանխարգելիչ հարուած կը հասցնէր ազրպէյճանական ուժերուն` սահմանի արցախեան հատուածին մէջ, միւս կողմէ` Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Էրտողանի թիկնապահները բառացիօրէն կը յարձակէին հայ, քիւրտ, ասորի եւ յոյն ցուցարարներու վրայ, Թուրքիոյ դեսպանին բնակարանին դիմաց, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ:

Արցախեան սահմանահատուածին վրայ տեղի ունեցածը բնականաբար զուտ զինուորական քայլ չէր` հակառակ այն իրողութեան, որ գործադրուած միջոցը զուտ զինուորական էր: Հայկական կողմը յստակ պատգամ ուղարկեց թշնամիին, որ իր ոտնձգութիւնները անպատժելի պիտի չմնան: Չափերն ու հանգամանքները յարգելով, գաղափարական իմաստով, ան կը յիշեցնէր 120 տարի առաջ Խանասոր կոչուած դաշտավայրին մէջ տրուած պատասխանը` «Անպատիժ պիտի չմնաք»:

Թուրք-ազրպէյճանական կողմը երբեմն կը մոռնայ այս հանգամանքը եւ կը փորձէ գործել անպատժելիութեան հոգեբանութեամբ:

Հայկական զինուորական պատասխանին մէջ պէտք է տեսնել այն քաղաքական լրջութիւնը, որ ուղեցոյցը պիտի հանդիսանայ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Շերիտըն բոլորակին վրայ տեղի ունեցած բռնութեան մեր տալիք պատասխանին:

Հայութեան պայքարի խրամատներէն մէկը Ուաշինկթընն է` իր Քոնկրեսով, արտաքին գործոց նախարարութեամբ ու Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակով: Այս յանձնախումբը ամերիկահայութեան քաղաքական կամքի գլխաւոր արտայայտիչն է: Ան կը գործէ Մ. Նահանգներու քաղաքացիին տրուած իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն տրամաբանութեամբ. տարբեր բան չի կրնար ըլլալ:

Իսկ ամերիկեան ահմանադրութեամբ ճշդուած խօսքի, արտայայտութեան ազատութիւնը բառացիօրէն թրքավարի կերպով ոտնակոխուեցաւ Թուրքիոյ նախագահին թիկնապահներուն կողմէ: Մեզի համար անըմբռնելի էր ոստիկանութեան անհասկնալի թուլութիւնը: Նիւ Եորքի փողոցներէն մէկուն վրայ սիկարեթի գլանիկներ վաճառող (անօրէն արարք) անհատին վրայ առնուազն 4 ոստիկաններ ցատկեցին ու զայն գետին տապալեցին, մինչեւ որ ենթական բառացիօրէն շնչասպառ եղաւ ու մահացաւ: Հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ ականատես եղանք այս դէպքին ու լաւ կը յիշենք ստեղծուած համընդհանուր ընդվզումը: Բայց ինչպէ՞ս կը պատահի, որ երկու հակընդդէմ ցուցարար խումբերու միջեւ դիրք բռնած ոստիկանութիւնը «չի կրնար» առաջքը առնել թուրք թիկնապահներու «արշաւանքին», մանաւանդ երբ հաշուի առնենք, որ ցուցարար խումբերը կը գտնուէին Բաղրամեանի (կամ Կլենոքսի, Կլենտէյլ) նման լայն պողոտայի մը երկու հակադիր մայթերուն վրայ: Այնպէս մը չէ, որ քիթ քիթի էին անոնք…

Հետեւաբար, մէկ կողմէ` կայ թրքական ապօրինութիւն, միւս կողմէ կայ ամերիկեան ոստիկանութեան անըմբռնելի «անճարակութիւնը»: Ու այս բոլորը տեղի ունեցան բազմաթիւ նկարահանող գործիքներու ներկայութեան, օր ցորեկով: Մեր պաստառներուն վրայ շատ յստակօրէն տեսանք թէ՛ «արշաւող» թուրքերը եւ թէ՛ անճարակ (անճարա՞կ, դժուա՛ր թէ…) ոստիկանները:

Ուրեմն, կը ծագի հայկական կողմին առնելիք քայլերուն հարցը, որ ունի երկու ուղղութիւն: Առաջինը թրքական ուղղութիւնն է, երկրորդը` ամերիկեան:

Այս մասին Սեդօ Պոյաճեան իր «Թուրքերը անցան Ուաշինկթընէն» խորագրեալ յօդուածին մէջ մանրամասնած է իր առաջարկները, թէ՛ ինչ քայլեր անհրաժեշտ են, որ առնուին (յօդուածը տեսնել Arfd.am կայքէջին վրայ):

Այս յօդուածագրին համոզումով, հայկական կողմին համար մեծ մարտահրաւէր է Ուաշինկթընի մէջ առնուելիք քայլերուն ներքին տրամաբանութեան յստակացումը: Տարբեր խօսքով,մէկ կողմէ թրքական այս դատապարտելի քայլը անպատիժ չձգել, իսկ միւս կողմէ` մղել ամերիկեան օրինապահ մարմինները, որպէսզի իրենց թուլութեամբ կամ անվճռականութեամբ անուղղակիօրէն մեղսակից չդառնան թրքական ոճին:

Հարցը, որուն կ’անդրադառնանք, զգայուն խնդիր է, բայց` ոչ զգացական. անկախ անկէ, որ կը պարունակէ զգացական եւ օրինական տարր եւս, երբ կ’ոտնակոխուին ամերիկահայ քաղաքացիին սահմանադրական իրաւունքներն ու մարդկային արժանապատուութիւնը: Սա առաջին հերթին զուտ քաղաքական նկարագիր ունի` օրինական բաղադրամասով:

Այնպէս որ, մեր պատասխանը կրնայ Մ. Նահանգներու թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ օրինական դաշտերուն մէջ բանաձեւուիլ:

Ի՛նչ ալ ըլլայ հայկական պատասխանը Շերիտըն բոլորակին վրայ տեղի ունեցած արիւնալի միջադէպին, Անգարայի ու Պաքուի մէջ պիտի կատարուի՛ ատոր հաշուարկումը: Այսինքն մեր պատասխանին ուժգնութենէն կախեալ է, թէ մեր թշնամիները որքանո՞վ հաշուի կը նստին մեզի հետ:

Իսկ մեր պատասխանը կրնայ ունենալ թէ՛ քարոզչական եւ թէ՛ քաղաքական երեսներ:

Ճիշդ է` այս աշխատանքները կրնան նախաձեռնուիլ եւ գլխաւորուիլ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ: Սակայն ամերիկահայութիւնը, իր բոլոր կազմակերպութիւններով ու համայնքներով, անհատաբար թէ հաւաքաբար, պատրաստ պիտի ըլլայ շարժելու մէկ մարդու նման, հաւաքաբար, որովհետեւ ամերիկահայութեան ձայնին միասնական նկարագիրը ինքնին պատգամ կը պարունակէ իր մէջ:

Գոհունակութեամբ պէտք է դիտել տանք, որ ամերիկեան լրատու աղբիւրները, հեռատեսիլի կայաններ ու թերթեր (աւելի քան 250 լրատու միջոցներ) լայնօրէն արձագանգեցին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչին նկարահանումներուն` զանոնք օգտագործելով իբրեւ հիմնական աղբիւրը իրենց լրատուութեան: Նաեւ, թրքական այս ոտնձգութեան կապակցութեամբ, նշմարելի է ընդվզումը քոնկրեսական շրջանակներէ ներս:

Արդարեւ, հինգշաբթի (18 մայիս), ծերակոյտի զինեալ ուժերու յանձնախումբի նախագահ Ճան ՄքՔէյն (հանրապետական, Արիզոնա) յայտարարութեամբ մը պահանջեց Թուրքիոյ դեսպանը տուն ղրկել` իբրեւ անբաղձալի տարր:

Այնպէս որ, երբ ամերիկեան հանրային կարծիքը եւ քոնկրեսական շրջանակները իրենք եւս չեն մարսեր թրքական այս անընդունելի քայլը, այս մէկը մեզի կու տայ մեծ առաւելութիւններ` մեր տանելիք աշխատանքներուն մէջ:

Բայց եւ այնպէս չոր իրականութիւնը այն է, որ հայ ֊ թրքական ճակատի «ուաշինկթընեան խրամատ»-էն ներս մեծ գործ կայ տարուելիք: Իսկ ամերիկահայութիւնը, իբրեւ կազմակերպութիւններ եւ ժողովուրդ, պատրաստ պիտի ըլլայ իր դերակատարութեան` իբրեւ մէկ մասը համահայկական ճակատին:

Մէկ բան յստակ պէտք է ըլլայ. թշնամիին ոտնձգութիւնը անպատիժ պիտի չմնայ, ըլլայ ատիկա Թալիշի, կամ Ուաշինկթընի «խրամատներուն» մէջ:

 

 

18 մայիս 2017

Լոս Անճելըս

Գաղութէ Գաղութ

0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Նոր Ջուղա

Ս. Ամենափրկիչ Վանքի Շրջափակին Մէջ Խաչքարի Բացում

14 մայիսին Ս. Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ խաչքարի բացում` պատմական Ջուղայի խաչքարերէն մէկուն բնօրինակին համաձայն, որ իրականացուեցաւ Յարութիւն, Շողեր, Արշալոյս եւ Ծաղկուշ Խուտավերդեաններու նիւթական աջակցութեամբ: Խաչքարը աշխատանքն է հայաստանաբնակ քանդակագործ Արտակ Համբարձումեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թովմա Գալստանեան, որ անդրադարձաւ պատմական Ջուղայի խաչքարերու առանձնայատկութիւններուն եւ ազրպէյճանցիներու կողմէ անոնց ոչնչացման իրողութեան:

Խաչքարի օրհնութենէն ետք Կրօնական խորհուրդի անունով ելոյթ ունեցաւ Վարուժ Մովսիսեան: Ան հաստատեց, որ մեր ժողովուրդի սրբագոյն եւ պատմական արժէքներէն` Հին Ջուղայի հազարաւոր հայկական խաչքարերը բնաջնջուեցան թշնամիին կողմէ, սակայն սոյն խաչքարը վկան դարձաւ հայու աննկուն կամքին եւ շինարար ոգիին:

Ապա գնահատական եւ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Արշալոյս Խուտավերդեան, որմէ ետք շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Թորոսեան խօսք առնելով` հաստատեց, որ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան հեղինակներուն անպատիժ մնալը առիթ տուաւ նոր մշակութային ցեղասպանութիւններու իրագործման:

Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան ծ. վրդ. Քեչեճեան անդրադառնալով խաչին եւ խաչքարերուն կարեւոր նշանակութեան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ որպէս զօրութեան, մխիթարութեան, իմաստութեան եւ մտքի լուսաւորութեան աղբիւրներ` աղօթեց, որ սոյն խաչքարին պատուանդանը խորհրդանշականօրէն հայ ժողովուրդի, ի մասնաւորի թեմի զաւակներուն համար հանդիսանայ հաւատքի եւ աննկուն կամքի պատուանդան, որուն վրայ հիմնուելով` մեր ազգը ոչ միայն բարգաւաճի ու յառաջդիմէ, այլեւ իր կորսնցուցած կոթողներուն փոխարէն` կերտէ աւելի գեղեցիկ ու տիպար նմուշներ:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 Թեհրան

«Դարաւոր Հայաստանի Նորանկախ Պետութիւնը» Խորագիրով Լուսանկարչական Ցուցահանդէսի Բացում

Վերջերս Թեհրանի «Արարատ» մշակութային միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան հռչակման 25-ամեակին նուիրուած «Դարաւոր Հայաստանի նորանկախ պետութիւնը» խորագիրը կրող լուսանկարչական ցուցահանդէսին բացումը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Հայաստանի մէջ 1990-2016 թուականներուն տեղի ունեցած մշակութային, գիտական, քաղաքական, հասարակական, տնտեսական եւ այլ կարեւոր իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնը` աւելի քան 160 լուսանկարներու ընդմէջէն, փաստագրական, արխիւային եւ գեղարուեստական ձեւով:

Ցուցահանդէսը 2016-ին առաջին անգամ ներկայացուեցաւ Երեւանի, ապա Լոս Անճելըսի ու Փարիզի մէջ:

Այս տարի ցուցահանդէսը պիտի կազմակերպուի նաեւ Մոսկուայի մէջ (Հայկական եկեղեցական համալիրի «Տապան» թանգարանին մէջ), իսկ Թեհրանի ցուցահանդէսէն ետք անիկա պիտի ներկայացուի Պէյրութի մէջ, յունիսի սկիզբը:

Պոլիս

Յովհաննէս Չեքիճեան Պարգեւատրուեցաւ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի Անուան Ոսկիէ Շքանշանով

Վերջերս Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, խմբավար, Հայաստանի ազգային ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեան իր ծննդեան 90-ամեակին առիթով հրաւիրուեցաւ իր ծննդավայր` Պոլիս, ուր պատրիարքարանի «Վարդանանց» դպրաց դասի նախագահ Թաթուլ ծ. վրդ Անուշաւանի կողմէ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պարգեւատրուեցաւ Մաղաքիա պատրիարք Օրմանեանի անուան ոսկէ շքանշանով:

Յովհաննէս Չեքիճեան 1961-էն ի վեր պետական ակադեմական երգչախումբի գլխաւոր խմբավարն է: Անոր ղեկավարութեամբ նուագախումբը մեծ վարպետութեամբ կը կատարէ դասական եւ ժամանակակից հայ երաժշտահաններու գործերը, հայկական ժողովրդական երգեր, օփերաներէ հատուածներ:

Ան հեղինակ է երաժշտական ստեղծագործութիւններու: 1973-1977 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ, 1975-էն Երեւանի երաժշտանոցին մէջ (1982 թուականէն փրոֆեսէօր է):

 Իտալիա

Սփիւռքի Նախարարութեան Երախտագիտութեան Մետալը` Վենետիկի Համալսարանի Փրոֆեսէօրին

5 մայիսին Հռոմի` Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ընթացքին Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վիքթորիա Բաղդասարեան սփիւռքի նախարարութեան «Երախտագիտութեան մետալ»-ը յանձնեց Վենետիկի համալսարանի փրոֆ. Սոնա Յարութիւնեանին:

Սոնա Յարութիւնեան հեղինակ է Հայոց ցեղասպանութեան, հայ տանթէագիտութեան, լեզուաբանութեան, թարգմանաբանութեան նուիրուած քառասունէ աւելի հրապարակումներու: Ան նաեւ «Հայոց ցեղասպանութեան թեման իտալական գրականութեան մէջ» մենագրութեան հեղինակն է: Անոր թարգմանութեամբ լոյս տեսած են Ա. Հերմետի եւ Փ. Ռաթթիի «Հայերու Վենետիկը» գիրքը, ինչպէս նաեւ` Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու ագարակը», «Զմիւռնիայի ճանապարհը» եւ «Մշոյ գիրքը» Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած վէպերը: Ան գիտական զեկոյցներով հանդէս եկած է` Հայաստանի, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Մալթայի, Հոլանտայի, Լեհաստանի, Զուիցերիոյ, Հունգարիոյ, Թայուանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու շարք մը համալսարաններու ու գիտական հաստատութիւններու մէջ: Որպէս այցելու դասախօս` դասաւանդած է Ֆրեզնոյի եւ Նիւ Եորքի համալսարաններուն մէջ:

Սոնա Յարութիւնեանի անխոնջ գործունէութեան շնորհիւ, յատկապէս կրթական ոլորտին մէջ, հայ-վենետիկեան փոխյարաբերութիւնները վերջին տարիներուն թեւակոխած են նոր փուլ մը:

Միացեալ Նահանգներ

Շուշիի Ազատագրութեան 25-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանին, գործակցութեամբ «Արարատ» ցուցասրահին, 8 մայիսին հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 25-րդ տարեդարձին նուիրուած «Վայրեր, դէմքեր եւ տարածքներ» խորագիրը կրող արուեստի գործերու ցուցահանդէս մը:

Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան կատարեց բացման աղօթքը:

Մոսկուա

«Հայաստանի Օր Մերձմոսկուայի Մէջ» Ձեռնարկը

19 մայիսին «Սատուռն» մշակոյթի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի օր մերձմոսկուայի մէջ» հասարակական մարզային ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր Մոսկուայի մարզի մեծ քաղաքներուն մէջ հայկական, մշակութային-առաքելական ընկերութիւններու եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ստեղծման համար «Տիալոկ»-ի ծրագիրներու շրջագիծին մէջ եւ նուիրուած է Հայաստանի Ա. անկախութեան:

Այս ձեռնարկը կը նպաստէ Մոսկուայի մէջ միջմշակութային երկխօսութեան զարգացման, քաղաքացիական համերաշխութեան եւ հասարակական համաձայնութեան ամրապնդման գործին:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Յայտնենք, որ «Տիալոկ» կազմակերպութիւնը կը միտի նաեւ նոյնանման ծրագիրներ իրականացնել մերձմոսկուայի այլ քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ նպաստել Հայաստանի եւ Մոսկուայի մարզի քաղաքներու միջեւ գործընկերային յարաբերութիւններու հաստատման:

Ճափոն

Հայկական Մշակոյթի Շաբաթ

9-14 մայիսին Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած ամէնամեայ «Հայկական մշակոյթի շաբաթ» ձեռնարկը, որ այս տարի նուիրուած էր Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին:

Մշակութային շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան հայ եւ ճափոնցի անուանի նկարիչներու ցուցահանդէսներ, հայկական երաժշտական երեկոյ, հայկական ու ճափոնական աւանդական երաժշտական գործիքներու կատարումներով համերգներ, դասախօսութիւններ, մշակութային ձեռնարկներ:

Ներկայացուեցաւ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի «Արարատը հայու աչքերով» խորագիրը կրող լուսանկարչական ցուցահանդէսը:

10 մայիսին տեղի ունեցաւ «Հայաստանի իւրօրինակ արտադրանքը» խորագրով դասախօսութիւնը, ինչպէս նաեւ` «Հայկական երաժշտութեան երեկոյ» երաժշտական ձեռնարկը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ճափոնի Կոմիտասի անուան երաժշտական ընկերութեան հոգաբարձութեան խորհուրդի նախագահ Թաքահիրօ Աքիպան, Հայաստանէն ժամանած քանոնահար Մերի Մուսինեան եւ սոփրանօ Արաքս Մանսուրեան:

12 մայիսին տեղի ունեցաւ «Հայկական ասեղնագործութիւն» խորագիրով սեմինար,  եւ «Քանոն+քոթօ» համերգ, որուն ընթացքին հայկական եւ ճափոնական երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան քանոնահար Մերի Մուսինեան եւ քոթոիսթ Ճունկօ Իշիվաթան:

13 մայիսին տեղի ունեցաւ «Հայկական գինիներ» ձեռնարկը, որուն ընթացքին մասնակիցները ճաշակեցին հայկական արտադրութեամբ գինիներ:

Քանատա

ՀՄԸՄ-Կամքի Կրտսերները Մոնրէալի Պասքեթպոլի Մրցաշարքի Ախոյեան

22 ապրիլին ՀՄԸՄ-Կամքի Մոնրէալի պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու (14-15 տարեկան) խումբը, որ 8 յաղթանակ եւ 0 պարտութիւն արձանագրած էր, այս տարեշրջանին ախոյեանական խաղը աւարտեց 53-46 յաղթանակով` EB-Training-ի դէմ:  Այս յաղթանակով ՀՄԸՄ-ը առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ Մոնրէալի «Եութ պասքեթպոլ լիկ»-ի առաջնութեան:

Ախոյեան խումբի անդամներն են` Ժան-Փիեռ Արճեան, Անդրանիկ  Թիւթիւնճեան, Գէորգ Սապպա, Յարութ Քանդակեան, Ճոնի Գարամանլեան, Հրակ Աճեմեան, Շիրազ Սուլթանեան, Տիգրան Խանոյեան, իսկ մարզիչներն են` Ճորճ Ճապրայեան եւ Կարօ Մանուկ:

Նշենք, որ Ժան-Փիեռ Արճեանը իր օրինակելի կեցուածքին առ ի գնահատանք` ստացաւ լաւագոյն մարզիկի «Էմ. Վի. Փի.» տիտղոսը. Ժան-Փիեռը այս տարեշրջանին ապահոված էր 17,4 միջին:

Աւստրալիա

Աստուածաշունչի Առաջին Հայերէն Տպագրութեան 350-Ամեակի Տօնակատարութիւն

Համագործակցութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդարանին եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ անոր գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին, ապրիլ-մայիս ամիսներուն Սիտնիի մէջ նշուեցաւ Աստուածաշունչի առաջին հայերէն տպագրութեան 350-ամեակը: Այս յատուկ առիթով, որպէս գլխաւոր բանախօս, հրաւիրուած էր Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն դոկտ. Տիգրան Զարգարեանը:

* 28 ապրիլին տեղի ունեցաւ առաջին ձեռնարկը Ռայտ արուարձանի Արուեստի վարժարանի սրահին մէջ: Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիգէն Գալլօղլեան: Սփիւռքի նախարարի խորհրդատու Հանրիէթ Անդրէասեան կարդաց նախարար Հրանուշ Յակոբեանի շնորհաւորանքի խօսքը: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Օրուան բանախօս` դոկտ. Տիգրան Զարգարեան ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ հայ տպագրութեան մասին եւ մասնաւորեց Աստուածաշունչի տպագրութիւնը` որպէս կարեւոր ազգային եւ միջազգային իրադարձութիւն:

Յայտնենք, որ ձեռնարկին զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէս:

* 3 մայիսին տեղի ունեցաւ երկրորդ ձեռնարկը` Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի սրահներէն մէկուն մէջ: Օրուան հանդիսավար Վիգէն Գալլօղլեան ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ հայկական տպագրական մշակոյթին մասին: Նահանգապետ Քլատիս Պերեճիքլեան հպարտանքով անդրադարձաւ 350-ամեայ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի կարեւորութեան, ապա ներկայացուց  բանախօս դոկտ. Տիգրան Զարգարեանը, որ անգլերէն լեզուով իր բանախօսութեան ընթացքին շեշտը դրաւ 5000 օրինակով Ոսկան Երեւանցիի` Ամսթերտամի մէջ տպած առաջին հայերէն Աստուածաշունչի կարեւորութեան վրայ, վեր առաւ Երեւանցիի զոհողութիւնը եւ Ամսթերտամի խաղացած կարեւոր դերը  անոր յաջողութեան մէջ:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեան, որմէ ետք ան նահանգապետ Քլատիս Պերեճիքլեանի յանձնեց  «Յակոբ Մեղապարտ» շքանշանը եւ խորհրդարանի գրադարանին նուիրեց Հրայր Բազէի «Խաչքար» պատկերազարդ ծաւալուն գիրքը:

Յայտնենք, որ կողքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս` հնատիպ գիրքերու:

Այս առիթով հրատարակուեցաւ գրքոյկ մը` հայերէնով եւ անգլերէնով, նուիրուած հայ տպագրութեան ընդհանրապէս եւ Աստուածաշունչի տպագրութեան մասնաւորապէս, որ բաժնուեցաւ երկու ձեռնարկներու մասնակից բոլոր ներկաներուն:

* 7 մայիսին Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդութիւնը կը հանդիպի դոկտ. Տիգրան Զարգարեանի հետ» ձեռնարկը: Դոկտ. Զարգարեան անգլերէն լեզուով ներկայացուց իր նիւթը, որուն մասին եղան բազմաթիւ հարցումներ: Քաջալերելի երեւոյթ էր հայ ուսանող երիտասարդութեան ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը հայկական տպագրութեան արուեստին եւ պատմութեան: Սրբազան հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց երիտասարդական այս համախմբման համար եւ դրուատեց ներկաներու մասնակցութիւնը այս կարեւոր ձեռնարկին:

Դոկտ. Զարգարեան իր Սիտնի կեցութեան ընթացքին այցելեց Աւստրալիոյ Ազգային գրադարան, Քանպերա, ինչպէս նաեւ` Նիւ Սաութ Ուէյլզի գրադարան, ուր ծանօթացաւ այնտեղ պահուած հայերէն թէ օտար լեզուներով հրատարակութեանց եւ հրապարակուած թերթերուն: Ան զոյգ գրադարաններուն մէջ ծանօթացաւ հնատիպ որոշ գիրքերու, որոնց օրինակները  Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ չկան: Երեք գրադարանապետները որոշեցին համագործակցիլ եւ զարգացնել գրադարաններու փոխյարաբերութիւնը:

Դոկտ. Զարգարեան նաեւ կրցաւ Սիտնիի Հայ համայնքի անդամներէն Ազգային գրադարանին համար ապահովել Աւստրալիա թէ այլուր հրատարակուած գիրքեր ու հրապարակուած մամուլ: Ան նաեւ այցելեց հայկական վարժարանները եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ աշակերտութեան հետ, որուն ընթացքին մանրամասն բացատրութիւն տուաւ Ազգային գրադարանի ծաւալած գործունէութեան մասին:

Վիգէնին Վերադարձը

0
0

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Եթէ լաւապէս հետեւինք Վիգէն Դարբինեանի բռնած ուղիին եւ այդ հասկացողութեամբ բացատրել անոր վերջին խտասալիկը` «Վերադարձ»-ը, հաւանաբար երկմտանքի մէջ իյնանք եւ առանց տատամսելու` հաստատենք, որ Վիգէնը մեր գիտցած, մեր տեսած, դիտած ու ըմբոշխնած միեւնոյն հարազատ Վիգէնն է, որ վերադարձած է երգերու փունջով մը:

Ան անշեղ մնացած է իր ոճին մէջ: Ո՛չ մէկ շեղում, ո՛չ մէկ սայթաքում:

Հակառակ ներկայ օտար թէ հայ երգի եւ ընդհանրապէս մշակոյթի մակարդակի անկման, Վիգէն մնացած է միեւնոյն Վիգէնը` հեռու անմակարդակ, անհիմն եւ անհեթեթ ռապիզական աշխարհէն, որոնք թէեւ նիւթաբեր են, սակայն ոչ մէկ կապ ունին արուեստին հետ:

Համաշխարհայնացման հետ երգն ու երաժշտութիւնն ալ հոսանքին հետ երթալով` կը կորսուին: Կը մոռցուին երբեմնի բարձր մակարդակի երգիչներ, որոնք արդէն իսկ շտապօրէն թաւալող տարիներուն հետ անդենական կը մեկնին:

Նոյնիսկ «քրունըր» երգիչի հասկացողութիւնը կորսնցուցած է իր իմաստը: Քիչ են բացառութիւնները` սկսելով երիցագոյնէն` Շարլ Ազնաւուրէն, որ հակառակ իր յառաջացած տարիքին` կը փորձէ շարունակել Ժաք Պրելի, Էտիթ Փիաֆի, Ժորժ Պրասենսի, Պարպարայի, Իվ Մոնթանի եւ իտալացի վաղամեռիկ երգիչ Ֆապրիցիօ տը Անտրէի որդեգրած ուղին:

Վիգէն Դարբինեանի պարագան քիչ մըն ալ աւելի իւրայատուկ է եւ կը յիշեցնէ բանաստեղծ երգիչ Լէօ Ֆեռէն կամ դեռ վերջերս մահացած Լենըրտ Քոհենը, որոնք խոր փիլիսոփայական ապրումներով, զգացումներով եւ վրդովումներով կը ներկայացնեն անմոռանալի պահեր ու ակնթարթներ:

Մէկ խօսքով, կամ, այսպէս, ժողովրդային ասացուածքով, «տաքցուր եւ փակցուր»-ի տիպար մը` թեթեւսոլիկութիւն չեն Վիգէն Դարբինեան տիպարն ու իր հրամցուցած գործը: Հաւանաբար ան որքա՜ն գրած, ջնջած, ապա վերստին գրած ու կրկին ջնջած ու սրբագրած է:

Բնականաբար այսպիսի բծախնդրութիւն ժամանակ կը խլէ` ժամեր, օրեր, ամիսներ… նոյնիսկ տարիներ:

Եւ ի վերջոյ շնորհքով, մէկ առ մէկ ուսումնասիրուած եւ մեծ գուրգուրանքով ծննդոց մը` «Վերադարձ»-ին ծննդոցը:

Երկու խտասալիկներ, որոնք ընդամէնը կ՛ընդգրկեն 21 երգեր: Լաւապէս ուսումնասիրուած եւ խնամուած երաժշտութիւն մը, որուն մէջ իր անսահման ներդրումը ունի դաշնակահար Փաթրիս Փեյրիերասը:

Այս բոլորին կողքին` փունջ մը բանաստեղծական ոճով երգեր եւ լուսանկարներ, որոնք ամենայն մասնագիտութեամբ տեղադրուած ու էջադրուած են:

Ամբողջական է «Վերադարձ»-ը: Լոյսերու քաղաքին մէջ բնակութիւն հաստատած է ան եւ հոնկէ ալ լուսաւորող սփիւռքահայ երգիչը վերադարձած է:

Խտասալիկի ետեւի կողքին վրայ Վիգէն Դարբինեան կը գրէ.

«Վերադարձած նոյն քաֆէն,
Դուրսը` սեղանին նստած, գրիչը ձեռքիս…
Կը սպասեմ, կը գրեմ, եկո՛ւր»:

Այսպէս, վերադարձած է Վիգէնը, պէտք է զինք հրաւիրել ամէնուրեք, որպէսզի ներկայացնէ իր իմաստուն երգերը (chansons à texte)` «Անկեղծ ընկերներ», «Սասունցի Խաչիկ», «Նամակ» եւ այլն:

Վիգէնին «Վերադարձ»-ն է:

Նոյնքան տպաւորիչ, խորիմաստ եւ համով երգերով վերադարձած է Վիգէն Դարբինեանը:

 

 

Վիգէն Դարբինեան Լիբանանահայ Արուեստասէրներուն Հետ Եւ Անոնց Համար` Նոր Ձայնասկաւառակով Եւ Հին Ու Նոր Երգերով

0
0

Ն. Բ.

Կրկին Լիբանան է, բարեբախտաբար:

Կրկին իր հարազատ եւ հզօր ձայնը, նուրբ եւ եռացող զգացումները պիտի փոխանցէ լիբանանահայ արուեստասէրին, կրկին պիտի հաստատէ, որ հայ երգը կ՛ապրի իր հայկականութեան մէջ` թէ՛ իբրեւ երաժշտութիւն, եւ թէ՛ իբրեւ բառ ու մեկնաբանութիւն:

Շաբաթ, 3 յունիսին «Վասպուրական» սրահին մէջ, կիրակի, 4 յունիսին Այնճարի մէջ, իսկ շաբաթ, 17 յունիսին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ սիրուած հանրածանօթ երգիչ Վիգէն Դարբինեան պիտի երգէ լիբանանահայ արուեստասէրներուն, պիտի ապրի անոնց հետ, ապրեցնէ զանոնք իր երգերով: Կարօտ կայ իր մէջ, նաեւ` զինք սիրողներուն, այդ կարօտը նաեւ պէտք է փոխանցուի նոր սերունդին, որ կ՛ունկնդրէ իր երգերը, սակայն թերեւս չի լսեր անունը, որովհետեւ որոշ ժամանակաշրջանէ մը ի վեր ան, դժբախտաբար, տեղ չէ գրաւած Լիբանան հրաւիրուած արուեստագէտներուն ու երգիչներուն կարգին…

Վիգէն Դարբինեան իր ծննդավայրը չէ եկած ձեռնունայն, այլ իրեն հետ բերած է իր «Վերադարձ»-ը` երկու ձայնասկաւառակներէ բաղկացած,  21 հեղինակային երգեր` թէ՛ բառերու, եւ թէ՛ երաժշտութեան:

 

Վիգէն Դարբինեան կը պատմէ իր նոր ձայնասկաւառակին մասին. «Վերադարձ», որովհետեւ երբ երկու-երեք տարի կը հեռանամ բեմէն եւ ժողովուրդին հետ հանդիպումի կարօտը շատ կը մեծնայ մէջս, անպայման այդ հեռաւորութենէն ետք վերադառնալ կ՛ուզեմ, եւ այս նոր ձայնասկաւառակով այդ վերադարձն է: Խոստովանիմ, որ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած պատերազմական վիճակը, սուրիահայութեան ապրած դաժան օրերը եւս իրենց ազդեցութիւնը ունեցան վրաս, այս առիթով ալ այս նոր երգերուս մէջ տեղ գտաւ «Աւաղ, աղէտ, աւար»-ը, որովհետեւ իսկապէս սուրիահայութեան եւ քեսապահայութեան ապրածը մեծ ողբերգութիւն է: «Վերադարձ»-ով ես ալ վերադարձայ, վերադարձան յիշատակներս` Լիբանանի, Սուրիոյ, ընկերներս, սէրեր, առանձնութիւն, մայր…»:

Վիգէն կը խոստովանի, որ իր երգերուն առանցքը կեանքն է, առօրեան, երբ կ՛ապրիս, կը դիտես, զգացումներ կը ծնին մէջդ, երեւոյթները ապրումներու դուռ կը բանան, այդ բոլորը ներշնչում կու տան, բառերը կը սահին իրարու ետեւէ, երաժշտութիւնը կ՛ուղեկցի բառերուն, իսկ երբեմն հակառակը, բոլորն ալ ապրումներու արդիւնք են, եւ այս բոլորը կը վերածուին երգի, «երբեմն նոյնիսկ ես կը զարմանամ, որ երգը ծնած է արդէն…»:

«Միշտ գրած եմ եւ կը գրեմ մնալով պարզ, զգացումով` առօրեայ կեանքս, ապրումներս, ազդուած դէպքերէն, անցուդարձերէն, առանց վերլուծումներու կամ փիլիսոփայութիւններու:

Ես մտաւորական ըլլալ չեմ ձեւանար, ո՛չ ալ կ՛ուզեմ հեռանալ կեանքի բեմէն: Երգը ունկնդրելի եւ հաճելի է իր պարզութեան մէջ, զուգակշիռ ընկերակցութիւնը միշտ եղած է ընտրութիւնս, ամբողջացնելու երգը: Յարդարելու, կեղծելու կամ ծածկելու կարիք չեմ զգացած: Երգս կարելի է մեկնաբանել առանց նուագի ընկերակցութեան` իմաստը հաղորդել երգելով», կը հաստատէ ան:

Վիգէն Դարբինեան միայն հայերէնով երգելու մասին խօսելով կ՛ըսէ, որ իր առաջադրանքն է հայկական մշակոյթին, երգարուեստին բան մը տալ, զայն հարստացնել բանով մը, որովհետեւ օտարը կարիք չունի մեզի, սակայն հայկականը պէտք ունի հայուն, որպէսզի գոյատեւէ, զարգանայ, թարմանայ, շարունակուի, փոխանցուի սերունդէ-սերունդ: «Հայ երգին հաւատարիմ մնալը, հարազատ ոճն ու ոգին պահելը ինծի համար ամէն ինչէ կարեւոր է, հայկական կշռոյթը` վեց-ութերորդը շատ գեղեցիկ է, պէտք է պահպանել զայն, թերեւս ոմանք կը դժուարանան, սակայն այդ է իսկականը: Ըսեմ, որ երբ վերջին ձայնասկաւառակը կ՛արձանագրէին, ինծի ընկերացող երաժիշտներուն մեծամասնութիւնը ֆրանսացիներ էին, անոնք կը զմայլէին լեզուին, առանց իսկ հասկնալու զայն, անոնք եղանակէն առաջ կը գնահատէին լեզուն, պէտք է ապրինք լեզուն»:

Վիգէն Դարբինեան այն արուեստագէտն է, որ հայկական ոճով սկսած է ու այդպէս ալ կը շարունակէ մինչեւ այսօր: Ըստ անոր, ասիկա դիտումնաւոր չէ եղած, այլ ինքնաբերաբար, որովհետեւ հայկական հարազատ ոճն է, որ կը խօսի իրեն, եւ զոր կ՛ուզէ փոխանցել հայ արուեստասէրին, նոր սերունդներուն:

Յառաջդիմած կոչուած աշխարհը կը մտահոգէ Վիգէնը, որովհետեւ համաշխարհայնացումը կուլ կու տայ շատ բան, հաւաքական աշխարհը արդէն կորսուելու վրայ է, մարդիկ դարձած են առանձին, բաժնեկցելու, ձեռք երկարելու, իրարու հետ ըլլալու, ապրելու, լալ ու ուրախանալու առիթները նուազած են, այդ մասին ալ ինք կ՛երգէ:

Վիգէն Դարբինեան կ՛երգէ շատերու մասին, նաեւ` կը խօսի շատերու սրտին ու անոնց սրտէն:

 

Զոյգ ձայնասկաւառակներուն ուղեկցող գեղեցիկ ձեւաւորումով եւ երգի բառերը պարունակող գիրքին նախաբանին մէջ կը կարդանք Վիգէնին գրիչէն.

Յիշատակներ, դէպքեր, ընկերներ,
Ընտանիքի անդամներ կ՛այցելեն,
Գրիչս մղելով գրելու օրագիրի նման…
Դո՛ւն ալ ունիս յուշեր…
Պատկերներ շրջանակուած:
Ջահել հասակի սիրոյ արարներ:
Երազներով լեցուն գրուած նամակներ:
Գեղեցիկ, երջանիկ դիպուածներ:
Առանձնութիւն ու անսլաք մինակ ժամեր:
Հնչերանգներ, սիրային մղումներ:
Բաժանումներ, հանդիպումներ, անջատումներ… ծնողքին կարօտ:
Օտարութեան մելամաղձոտ անորոշ դարձուածքներ:
Անընդունելի իրականութիւններ…
Աւա՛ղ, «յառաջդիմած» աշխարհին:
Անարդար եւ շարունակական աղէտներ մեր ժողովուրդին…
Հայուն, ի դրացի նոյն թշնամիէն, հալածուած դարերէ ի վեր:
Այսօր այդ նոյն թուրքը կը շարունակէ ջարդի յայտագիրը` ամբողջացնելու իր ծրագիրը… կը մեղանչեմ:
Դո՛ւն ալ, գիտեմ, կը տառապիս:
Դուն ալ ունիս այս օրագիրիս նման տրցակուած էջեր,
Նամակներ մտքիդ մէջ, քու հետդ, մէջդ, սրտիդ եւ մտքիդ ցոլացումները:
Ես կ՛երգեմ զանոնք.
Քեզի կ՛ուղարկեմ քանի մը էջ…
Վերադառնալու, քեզ գտնելու ջանքով:

 

 

 

«Գաղափարի Եւ Ազատութեան Ջահակիրը» (Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոս Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին Առիթով)

0
0

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ    

Որքան որ յեղափոխական, նոյնքան եւ գիտութեան ու արուեստի մարդ էր Խրիմեան: Իր գահակալութեան տարիներուն Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանը կը ծաղկի ու կը զարգանայ: Ճեմարանի մէջ պաշտօնավարելու կը հրաւիրուի հայ մտաւորականներու փաղանգ մը` Հրաչեայ Աճառեան, Կոմիտաս, Մանուկ Աբեղեան, Գարեգին Յովսէփեանց, Լէօ, Մակար Եկմալեան, Կարա-Մուրզա, Վարդգէս Սուրէնեանց, Փանոս Թերլեմեզեան, Մաղաքիա Օրմանեան եւ ուրիշներ: Ճեմարանի դասախօսներուն մակարդակը բարձրացնելու նպատակով, Խրիմեան, բարերարներու հովանաւորութեամբ, Եւրոպա, Փեթերսպուրկ եւ Մոսկուա կը գործուղէ` Կոմիտասը, Աբեղեանը, Յովսէփեանցը, ապագայ կաթողիկոս Գէորգ Չէօրէքճեանը եւ ուրիշներ:

Խրիմեան նաեւ շինարար մարդ էր: Ս. Էջմիածինի մէջ ան կը կառուցէ նոր թանգարան, նոր հիւրանոց, Սինոդի նոր շէնք, նոր մատենադարան եւ յարակից այլ բաժիններ: Ան կը կառուցէ եւ կը շեշտէ, որ կառոյցները քարերով չեն պահուիր: «Եթէ ներքին բարոյականութիւն չունենանք, հաւատարմութիւն, միաբանութիւն չունենանք, այն ժամանակ հաստատութիւն չի լինիր», կ’ըսէ ան(32):

Ներքին միաբանութեան եւ համերաշխութեան ջերմ պաշտպանն է ան: Խրիմեանի համար կարեւորը հայութիւնն է: Հայ ըլլալ ծագումով եւ լեզուով, մնացեալը երկրորդական է: Իր խօսքերն են. «Կրօնը խղճմտանքի գործն է, եւ Հայրիկի առաջ տարբերութիւն չունի լուսաւորչական, կաթոլիկ, բողոքական հայը: …Ցանկալի է, որ ամբողջ հայ ազգը Լուսաւորչի փարախին յառած լինէր, բայց եթէ իրարմէ տարբեր դաւանութիւններու կը պատկանին, այդտեղ եւս Աստուծոյ մատը կը տեսնեմ, վասնզի գուցէ Աստուած այդ միջոցն է գտել հայ ազգին մէջ լուսաւորութիւն տարածելու համար»(33):

Նշանաւոր է ներքին միաբանութեան կարեւորութիւնը շեշտող Խրիմեանի մէկ կեցուածքը: Կաթողիկոսութեան օրերուն, տարի մը, Պահք բռնելը կամ չբռնելը լուրջ հարցի կը վերածուի Գէորգեան Ճեմարանի աշակերտութեան համար: Կը յայտնուին թեր ու դէմ կարծիքներ: Էջմիածինի միաբաններէն Սուքիաս արքեպիսկոպոս, որուն համար Թորգոմ Գուշակեան եպիսկոպոսը կ’ըսէ` «Պահպանողական ոգիի ամէնէն արտաքնայարդար թիփը»(34), Պահքի առաջին կիրակիի իր քարոզին մէջ ներբող մը կը հիւսէ պահեցողութեան մասին` անուղղակի յարձակում մը գործելով ճեմարանին եւ վեհարանին դէմ:

Խրիմեան, որ ներկայ էր քարոզին, լուռ չի մնար: Տէր Սուքիաս հազիւ քարոզը աւարտած` ժողովուրդին դառնալով յանպատրաստից կը խօսի իր ամէնէն գեղեցիկ քարոզներէն մէկը, ուր օրուան քարոզիչին պատասխանելով` կ’ըսէ. «Ճշմարիտ պահեցողութիւնը ընկերասիրութիւնն է: Պահեցողը ա՛ն է, որ ընկերոջ միսը չ’ուտեր: Պահքը բարոյական կանոն մըն է եւ ոչ թէ՛ նիւթական: Աստուած որքան ուրախ կը լինէր, եթէ Մայր Աթոռոյ միաբաններ, անոնց աւագագոյն անդամները մանաւանդ, այս ոգիով ըմբռնէին եւ գործադրէին Պահքը»(35):

Խրիմեան խնայել չի գիտեր: Միտքէն անցածը լեզուին վրայ է: Հայրապետական իր այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին ան կը հանդիպի Սեւանի վանքը, ուր կը շարունակուէին ճգնաւորական կեանքի անապատական սովորութիւնները:

– Ի՞նչպէս կ՛անցընէք օրերնիդ,- կը հարցնէ միաբաններուն, որոնք եկած էին իր մօտ:

– Օրն ի բուն աղօթելով, վեհափա՛ռ տէր:

– Անմիտներ, միթէ կարելի՞ է օրն ի բուն աղօթել. կարդացէք նաեւ երբեմն, ու յաճախ գործեցէք. հողը մշակեցէք, ձեռքի փոքր արուեստներ սորվեցէք. հին ճգնաւորներն անգամ ամբողջ օրը չէին աղօթեր, Աստուած չի սիրեր շատախօսութիւնը` կ՛ըլլայ Խրիմեանին պատասխանը:

Այսպէս, Խրիմեան իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան եղաւ պարզ զգացումի եւ գաղափարի մարդ, պարզ կեանքի մարդ, մնայուն գործի եւ սկզբունքի մարդ, իր բոլոր ասպարէզներուն մէջ, Վարագի վանահայրութենէն մինչեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւն ու մինչեւ իր վերջին շունչը` 29 հոկտեմբեր 1907, երբ ան իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ Էջմիածինի մայր տաճարի մուտքին:

5 մայիս 1892-ին Խրիմեանի կաթողիկոսական ընտրութեան մասնակից 72 թեմերու շարքին կը նշուի նաեւ Պէյրութը` իբրեւ 48-րդ թեմ, որ օրին մաս կը կազմէր Երուսաղէմի պատրիարքութեան: Պէյրութը ներկայացուցիչ չէ ունեցած ընտրութեան, այլ ներկայացուած է Երուսաղէմի պատրիարքութեան ներկայացուցիչ Սահակ եպս. Խապայեանով: Խապայեան սրբազան «Այո՛» քուէարկած է Խրիմեանի օգտին(36):

125 տարի ետք, այսօր, յիշատակի այս հանդիսութեամբ, ոչ միայն Պէյրութի, այլեւ Լիբանանի հայութիւնը, այստեղ գտնուող իր ներկայացուցիչներով, կը վերահաստատէ այդ «Այո՛»-ն իր սիրելի Հայրիկին եւ ժողովրդային երգին բառերով կը կրկնէ.

«Ո՛ւր որ ալ լինես, ո՛ւր որ ալ երթաս,
Քու փայլուն ջահէդ, Հայրի՛կ ջան,
Մեզի լոյս կու տաս»:   

(Շար. 7 եւ վերջ)

————————————

  1. «Արարատ» պաշտօնական ամսագիր Հայրապետական Աթոռոյ Ս. Էջմիածնի, 1893, ԻԶ. տարի, թիւ Թ., Ժ., էջ 800:
  2. Թորգոմ արք. Գուշակեան, «Խրիմեան Հայրիկ», Անթիլիաս, 1990, էջ 136:
  3. Նոյնը, էջ 193:
  4. Նոյնը:
  5. «Արարատ» պաշտօնական ամսագիր Հայրապետական Աթոռոյ Ս. Էջմիածնի, 1892, ԻԵ. տարի, Ե. թիւ, էջ 456-457, 467:

 


Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման 99-ամեակի Տօնակատարութիւնը Հալէպի Մէջ

0
0

Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 99-ամեակի տօնակատարութիւնը մեծ շուքով տեղի ունեցաւ Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ` մասնակցութեամբ հայրենի երգիչներ Արսէն Գրիգորեանի եւ Մկրտիչ Մկրտիչեանի` խուռներամ բազմութեան ներկայութեամբ:

Գաղութէ Գաղութ

0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Քուէյթ

Ազգայիններու Պարգեւատրումներ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին Քուէյթ տուած այցելութեան ծիրին մէջ կատարուեցան հետեւեալ պարգեւատրումները: Անուշաւան Նազարեան ստացաւ «Իշխան»¬ի շքանշան, Ֆիլիփ Փաթաթանեան,  Գրիգոր Սուագճեան, տոքթ. Ժանօ Պէպէճեան, Յակոբ Պետիրեան,  Մունիր Դարբինեան եւ Կոստանդին Մոմճեան` «Կիլիկեան Ասպետ»-ի շքանշաններ, իսկ Եղիա Կարպուշեան` «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշան:

Կիպրոս

Հանդիպում Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահին Հետ

Երկուշաբթի, 29 մայիս 2017-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան եւ երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեան հանդիպում մը ունեցան Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի հետ:

Հանդիպումը ծանօթացման բնոյթ ունէր: Առաջին հերթին նախագահը իր ուրախութիւնը յայտնեց սրբազան հօր նոր առաքելութեան ստանձման եւ յունարէնով արտայայտման համար: Շուրջ 30 վայրկեան խօսակցութիւնները ընդհանրապէս կեդրոնացան Կիպրոսի, կիպրահայութեան եւ մասնաւորաբար Հայաստանի հետ պետական յարաբերութեանց մասին, նշելով նաեւ 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին անձամբ ներկայ գտնուիլը Հայաստան:

Սրբազանը, լսելէ ետք նախագահն ու ներկայացուցիչը` Կիպրոսն ու հայութիւնը յուզող տարբեր հարցերու մասին, իր կարգին նախ պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար` հակառակ նախագահին բազմազբաղ վիճակին եւ ունեցած հեւքոտ օրակարգին, երկիրը տագնապեցնող ու մտահոգող խնդիրներով, եւ ապա անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու ունեցած դարաւոր սիրալիր յարաբերութեանց եւ նոյն ճակատագրին մասին` թէ՛ որպէս ժողովուրդ եւ թէ՛ որպէս հայրենիք:

Հանդիպումի աւարտին յիշատակի պատկերներ առնուեցան եւ անգամ մը եւս նախագահը իր աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց սրբազան հօր եւ կիպրահայ գաղութին: Իրենց կարգին, սրբազանն ու պետական ներկայացուցիչը պաշտօնապէս կիպրահայութեան եւ հայութեան անունով իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին նախագահին` թէ՛ կիպրահայութեան եւ թէ՛ Հայաստանի նկատմամբ իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար:

Նկարչուհի Ազնիւ Փափազեանին Ցուցահանդէսը

26 ապրիլին Նիկոսիոյ «Կլորիա» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ կիպրահայ նկարչուհի Ազնիւ Փափազեանի արուեստի գործերու ցուցահանդէսին բացումը:

Կիպրացի յայտնի նկարիչ Անդրէաս Խարալամպուս իր խօսքին մէջ ներկայացուց Ազնիւ Փափազեան նկարչուհիին անցած ճանապարհը եւ բարձր արժեւորեց անոր արուեստը:

Ցուցահանդէսին ցուցադրուած են իր վերջին տասնմէկ տարիներու աշխատանքը` շուրջ 110 իւղաներկ, աքրիլիք, մատիտաներկ, ածխաներկ, չինական մելան, գրիչ, գունաւոր մատիտ, ջրաներկ, կուաշ, թուղթ, կտաւ գործեր, որոնք կ՛ընդգրկեն` դիմանկարներ, բնանկարներ, ծովանկարներ, կեանքի պատկերներ, նաթիւր մորթ, տարբեր եւ բազմատեսակ համադրութիւններ:

Թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքով շնորհաւորեց նկարչուհի Ազնիւ Փափազեանը եւ մաղթեց, որ ան շարունակէ ստեղծագործել:

Թեհրան

«Սրբազան Պաշտպանութեան» Թանգարանի Ներկայացուցիչներուն Այցը

10 մայիսին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, գլխաւորութեամբ Թեմական խորհուրդին, տեղի ունեցաւ հանդիպում` «Սրբազան պաշտպանութեան» թանգարանի պատուիրակութեան հետ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռոպերթ Բեգլարեան, ապա ելոյթ ունեցաւ թանգարանի ընդհանուր պատասխանատու Սարդար Խազրայի, որ կարեւոր նկատելով` 8-ամեայ պարտադրեալ պատերազմի ընթացքին զոհուածներու, ազատորդիներու եւ անձնուրացներու մեծարման հարցը` պատրաստակամութիւն յայտնեց այդ ուղղութեամբ լայնօրէն համագործակցիլ իրանահայ համայնքին հետ: Ան շեշտեց, որ թանգարանը պատրաստ է հնարաւորութիւններ ստեղծելու Սրբազան պաշտպանութեան ընթացքին իրանահայութեան դերակատարութիւնը լայնօրէն արտացոլացնելու եւ ներկայացնելու խնդիրին մէջ:

Ռոպերթ Բեգլարեան բացատրութիւններ տուաւ իրանահայ համայնքի կառոյցին, պատմութեան եւ ներկայ վիճակին մասին եւ յոյս յայտնեց, որ փոխհամագործակցութեամբ կ՛իրականացուին բոլոր այն ծրագիրները, որոնց մասին խօսուած է երկու կողմերուն միջեւ:

Աւարտին, Սարդար Խազրայի առաջարկով որոշուեցաւ եռամսեայ ժամկէտի մէջ քննարկել եւ գործնական քայլերու ձեռնարկել` իրականացնելու համար ծրագիրները:

 Նոր Ջուղա

«Վերջին Բնակիչը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Նախաձեռնութեամբ Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին առիթով, 10 մայիսին, Նոր Ջուղայի Հայոց ազգային կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» գեղարուեստական ժապաւէնը ներկայութեամբ Սպահանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան ծ. վրդ. Քէչէճեանի եւ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Վեհանուշ Խուդաբախշեան տեղեկութիւններ տուաւ ժապաւէնի բովանդակութեան եւ բեմադրիչի գործունէութեան շուրջ: Այնուհետեւ Ջիւան Աւետիսեան անդրադառնալով ժապաւէնի պատմութեան` ընդգծեց, որ փորձած է համամարդկային արժէքներու տեսարանի ներքեւ ներկայացնել արցախեան ազատամարտը:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը, որ արժանացաւ հանդիսատեսի բարձր գնահատանքին:

Յունաստան

Ֆեթհիէ Չեթին Աթէնքի Մէջ

Ընդառաջելով Հայ կապոյտ խաչի Շրջանային վարչութեան հրաւէրին, 12-15 մայիսին Աթէնք այցելեց «Մեծ մայրս» գիրքի հեղինակ, Թուրքիոյ իրաւաբաններու մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու կազմակերպութեանց բաժանմունքի անդամ, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբան, գրագէտ եւ քաղաքական գործիչ Ֆեթհիէ Չեթինը եւ ելոյթ ունեցաւ Մայրերու օրուան նուիրուած հրապարակային ձեռնարկին: Անոր կ’ընկերակցէր Հրանդ Տինք հաստատութեան գործավար-քարտուղար Հերմինէ Սայեանը, որ ստանձնած էր թարգմանիչի պարտականութիւնը:

12 մայիսին Ֆեթհիէ Չեթին եւ Հերմինէ Սայեան, ընկերակցութեամբ վարչութեան անդամներուն, այցելեցին Հ. Կ. Խաչի գրասենեակը, ուր ծանօթացման հանդիպում ունեցան վարչութեան հետ:

Նոյն օրը Չեթին ելոյթ ունեցաւ իր գիրքը յունարէնի թարգմանած Աթէնքի «Փաթաքիս» հրատարակչատան կեդրոնին մէջ: Ան ներկաներուն պատմեց իր մեծ մօր պատմութիւնը եւ` այն բոլոր ապրումները, որոնք զինք մղեցին գրելու եւ հրատարակելու «Մեծ մայրս» գիրքը` թրքերէնով: Այնուհետեւ, ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

14 մայիսին Ֆեթհիէ Չեթին այցելեց յունահայոց Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեանի, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութեան անդամներուն ու ներկայ հայրենակցիներուն հետ:

14 մայիսին ան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հ. Կ. Խաչի ձեռնարկին, որուն ընթացքին  ներկաներուն ուղղեց իր սրտի խօսքը:

 Վրաստան

Ուխտագնացութիւն Դէպի Հայաստանի Սրբավայրեր

Նախաձեռնութեամբ վիրահայոց թեմի երիտասարդական բաժինին եւ աջակցութեամբ թեմի առաջնորդարանին, 20 մայիսին տեղի ունեցաւ միօրեայ ուխտագնացութիւն դէպի Հայաստանի սրբավայրեր` Հաղարծին եւ Գոշավանք, մասնակցութեամբ շուրջ 90 ուխտաւորներու:

Ուխտաւորներուն առաջին կանգառը եղաւ 10-րդ դարուն կառուցուած Հաղարծին վանքային համալիրը, որ 13-րդ դարուն եղած է նաեւ ուսումնագիտական կեդրոն: Մանուկ քհնյ. Զէյնալեան մատուցեց Ս. պատարագ, որմէ ետք իր քարոզին մէջ խօսեցաւ ուխտի, աղօթքի եւ հաղորդութեան խորհուրդին մասին` անդրադառնալով հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ այս  համալիրին ունեցած դերակատարութեան եւ նշանակութեան մասին:

Ապա ուխտաւորները շարունակեցին իրենց ուղեւորութիւնը  դէպի Տաւուշի մարզի այլ սրբավայրեր: Անոնք այցելեցին Գոշավանք, որ հիմնուած է 12-13-րդ դարերուն եւ եղած է կրօնական, կրթական եւ մշակութային կեդրոններէն մէկը եւ կոչուած է նշանաւոր գիտնական, օրէնսդիր, դաւանաբան, առակագիր, մանկավարժ Մխիթար Գոշի անունով:

Այստեղ եւս ուխտաւորները աղօթեցին եւ նոյն օրը երեկոյեան վերադարձան Թիֆլիս:

Ռուսթաւի Քաղաքին Մէջ Առաջին Անգամ Հնչեց Հայոց Պատարագը

Վերջերս Ռուսթաւիի մէջ տեղի ունեցաւ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» հոգեւոր, կրթամշակութային եւ երիտասարդութեան կեդրոնին բացումը: Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան օծեց վէմ քարն ու սրբապատկերը, ուր ասկէ ետք, ամէն կիրակի պիտի մատուցուի Ս. պատարագ:

21 մայիսին Նարեկ քհնյ. Ղուշճեան մատուցեց անդրանիկ Ս. պատարագը եւ հաւատացեալներուն բացատրեց վէմ քարի եւ սրբապատկերի խորհուրդը, որ եկեղեցւոյ, վանքի եւ տաճարի բացակայութեան պարագային, հայոց Ս. պատարագի հիմնաքարն է: Իր քարոզին մէջ ան խօսեցաւ քրիստոնեայ հաւատքի հաւատարմութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման մասին` կարեւոր նկատելով եկեղեցւոյ եւ լեզուի դերը ազգի յարատեւութեան գործին մէջ: Քահանայ հայրը արժեւորեց հոգեւոր երգերու, ազգային մշակոյթի, ժողովրդական աւանդոյթներու պահպանումը աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներուն մէջ: Քահանայ հայրը ներկայացուց նաեւ կեդրոնի գործունէութիւնը` Սուրբ Եղիշէի անուան կիրակնօրեայ դպրոցը, «Նեմրութ» պարային համոյթը եւ «Բերկրի» երգչախումբը:

Ջիւանիի Տուն-Թանգարանի Յուշային Հատուածի Վերականգնման Աշխատանքները Սկսան

23 մայիսին աշխատանքային այցով Կարծախ մեկնեցան Հայաստանի վաստակաւոր  ճարտարապետ Յովհաննէս Մութաֆեան եւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրագիտութեան համալսարանի  եւ Հայոց ազգագրութեան թանգարանի գիտաշխատող Արգամ Երանոսեան` ուղեկցութեամբ «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի գործադիր վարչութեան ներկայացուցիչներու, հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Գագիկ Վարդերեսեանի:

Նախատեսուած է վերականգնել յուշային հատուածը` պահպանելով ազգագրական տեսանկիւնէն կարեւոր արժէք հանդիսացող 19-20 դարու Ջաւախքի հայկական ժողովրդական բնակարանի առանձնայատկութիւնները:

Յառաջիկայի աշխատանքը պիտի ընդգրկէ հողի շերտերու հեռացում,  փտած գերաններու փոխարինում` նոր գերաններով, պատերու եւ տանիքի ամրացում:

Յայտնենք, որ Ջիւանիի տուն-թանգարանի հիմնադրման ծրագիրը բաղկացած է երկու փուլերէ` ցուցասրահի հատուած, որը իրականացուած է 2016-ին, եւ բացումը տեղի  ունեցած է նոյն տարուան օգոստոսին, եւ` յուշային հատուածի վերականգնում, ուր աշուղը իր մանկութեան տարիները անցուցած է: Երկրորդ հատուածին բացումը նախատեսուած է օգոստոսին:

 Միացեալ Նահանգներ

Ճան Տոլմայեանի «Քոմիք» Գիրքերու Նուիրուած Խանութը` Լաս Վեկասի Մէջ

Վերջերս «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբի թմբկահար Ճան Տոլմայեան նախաձեռնած է գծապատկերի գիրքերու նուիրուած իր երկրորդ խանութի «Թորփիտօ քոմիքս»-ի բացումին, Լաս Վեկասի մէջ:

Տոլմայեան իր պատանութեան տարիներուն շատ սիրած է  այս գիրքերը, եւ ան այս գիրքերու առեւտուրով սկսած է զբաղիլ 1990-ականներու սկիզբը եւ «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբին հետ արձանագրած իր յաջողութիւններէն ետք, տասնամեակ մը առաջ վերադարձած է այս ասպարէզին, նախ համացանցի միջոցով առեւտուր կատարելով, ապա` առաջին խանութը բանալով Լաս Վեկասի մէջ:

Տոլմայեան այժմ դժուար գտնուող հատորներու կամ գծագրութիւններու վստահելի աղբիւր մը դարձած է ու կը ջանայ իր նոր խանութը վերածել այդ մարզին մէջ լաւագոյններէն մէկուն:

«Պարող Ծառերը»

0
0

«Մոսօ արթ» ցուցասրահի  տէր եւ տնօրէն Փանտորա Փենկ, Միացեալ Նահանգներու յայտնի արուեստի գործիչներէն (curator) է: Անցեալ տարի իր նախաձեռնութեամբ, Եուրոզի վերջին ստեղծագործութիւնները («Սիմպիոսիս» հաւաքածոն) ցուցադրուեցան Լոս Անճելըսի «Coral Springs Muzeum» ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ (իբրեւ նորութիւն, նոր որակ)` նոր վարկ եւ մեծ հռչակ ապահովելով Եուրոզի: Սոյն  առիթով Փանտորա Փենկ հարցազրոյց մը ունեցած է ինքզինք վերանորոգող ու գերազանցող այս արուեստագէտին հետ, զոր թարգմանաբար կու տանք ստորեւ:

Յիշեցնենք նաեւ, որ «Սիմպիոսիս» հաւաքածոյէն կարեւոր բաժին մը անցնող յունուարին «Նոազ արք»-ը ներկայացուց եւ ցուցադրեց  Սինկափուրի «Արթ սթէյճ 2017» ամէնամեայ միջազգային փառատօնին:

Արուեստագէտի մը կեանքին ենթահողը, որ փորձութեան կ՛ենթարկուի ստեղծագործական գործընթացէն անմիջապէս առաջ, խոր կերպով կ՛ազդէ անոր գործին վրայ: Առաջին ակնարկով կը թուի, թէ «Սիմպիոսիս» հաւաքածոն բոլորովին տարբեր է Եուրոզի նախկին ոճէն ու  թեմայէն, սակայն, ճիշդ է ենթադրել, որ այս ճամբորդութիւնը մեզ պիտի տանի մինչեւ 20 տարի ետ: Իսկութեան մէջ Եուրոզ կը վերակենդանացնէ  իր գլխաւոր թեման` մարդկային վիճակը, սակայն` նոր ժամանակներու մէջ եւ թարմ արտայայտչաձեւերով: Միշտ պահելով  իր խոր սէրն ու ակնածանքը մարդկութեան եւ կեանքի հանդէպ`  կը դրսեւորէ  իր ներաշխարհը, ստեղծագործական անմնացորդ մաքրութեամբ ու անկեղծութեամբ: Բնաւ չէինք կրնար ենթադրել, որ այս ճամբորդութիւնը մեզ պիտի առաջնորդէ մինչեւ քսան տարի ետ:

ՓԵՆԿ.-  Ի՞նչն էր, որ քեզ ներշնչեց եւ մղեց ստեղծելու վերացարկուած ծառերու այս գեղեցիկ հաւաքածոն:

ԵՈՒՐՈԶ.- Տարին 1994-ն էր: Իմ ծննդեան տարեդարձին օրը երկրորդ անգամ ըլլալով հայր եղայ եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ, որդիս ծնաւ: Աչքս չէի կրնար հեռացնել անոր հրեշտակային դէմքէն: Երբ զայն թեւերուս մէջ առի, միակ բառով, որով կրնամ բացատրել այդ զգացումը, «աստուածային» բառն է: Մինչ ան կը քնանար թեւերուս մէջ, զինք ամուր գրկեցի` ապահովութեան զգացում տալու համար իրեն: Անոր շնչառութեան կշռոյթը եւ նորածիններու յատուկ քաղցր բոյրը լրիւ գրաւեցին զգայարանքներս եւ մոռցայ նոյնիսկ, թէ հեռատեսիլը միացուած է: Յանկարծ Ամազոնի ապաանտառացման աղէտալի պատկերները ողողեցին պաստառը` բացայայտելով, թէ ի՛նչ պիտի պատահէր կենսոլորտին` անտառներու չքացման պատճառով: Սկսայ որդիս աւելի սեղմել կուրծքիս, բնազդաբար, փափաքելով զայն պաշտպանել աշխարհէ մը, ուր այդպիսի ցնցիչ պատկերները կրնային իրականութիւն դառնալ:

ՓԵՆԿ.-  Ատիկա քսա՛ն տարի առաջ էր: Այսօր այս հաւաքածոն ի՞նչ իմաստ ունի քեզի համար` որպէս երփնագրող բանաստեղծի եւ  որպէս հօր, որ կ՛ուզէ  պաշտպանել իր երեխային կեանքը:

ԵՈՒՐՈԶ.- Շա՛տ լաւ: Հայաստանի մէջ (ուր ապրեցայ 29 տարի, նախքան Միացեալ Նահանգներ հասնիլս) մենք գեղեցիկ կրօնական տօն մը ունինք գարնան օրերուն: Ծիրանի ծառերը ամէն կողմ կը ծաղկին: Հալչող ձիւնին բոյրով եւ օդին մէջ շոգիացող գոլորշիին խոնաւութեամբ, տիրող բոյրը  կենսունակ եւ աշխուժացնող է: Ես այդ կը կոչեմ Կեանքի Բոյրը: Իւրաքանչիւր տարուան այդ շրջանին է, որ ծառ մը եկեղեցի կը տանէինք օրհնութեան համար:

Մարդիկ ծառ կը տնկեն որպէս  կորսուած կեանքի երաշխիք եւ կամ վերակենդանացման տօն: Ոմանք տարեդարձի մը, ծնունդի մը եւ կամ կարեւոր դէպք մը նշելու համար ծառ կը տնկեն: Ծառ տնկելու օրհնութիւնը անձի մը կեանքէն անդին կ՛երթայ: Ան երկրին կեանք եւ գեղեցկութիւն կը բերէ: Վերջին 30 տարիներուն այս երկրին մէջ որպէս արուեստագէտ ապրելով` գործովս զանազան հաստատութիւններուն համար դրամ հաւաքելու բազմաթիւ առիթներ ունեցած եմ: Պարզուած է, որ առանձին չեմ, շատեր կան, որոնք  հաստատութիւններու միջոցով կը ջանան երկիր մոլորակին վերադարձնել անոր անտառները: Երբ անդրադարձայ այս իրողութեան, որոշեցի ստեղծել նկարներու շարք մը` մասնակցելու համար թանգարաններու եւ հանրութեան բաց վայրերու մէջ ցուցահանդէսներու: Արուեստը հաղորդակցութեան  ուժեղ միջոց մըն է եւ` դատի մը հանդէպ գիտակցութիւն արթնցնելու լաւագոյն բեմերէն մէկը: Մեր ջանքն է մարդոց հասնիլ եւ օգնել` տարբերութիւն մը յառաջացնելու համար: Օրինակի համար, կ՛ուզեմ խմբակցութիւն մը հիմնել եւ կամ խմբակցութիւններու հետ աշխատիլ ու  այս հաւաքածոյի եկամուտէն բաժին մը յատկացնել այն բոլորին, որոնք պիտի  ուզէին  ծառ տնկել:

ՓԵՆԿ.- Հաւաքածոյին անունը ինչպէ՞ս որոշեցիր:

ԵՈՒՐՈԶ.- Սիմպիոսիսը կ՛արտայայտէ այն համակեցութեան յարաբերութիւնը, որ առկայ է մարդ արարածին եւ բնութեան միջեւ, ուր մեր կեանքը կը սնանի բնութեամբ եւ բնութեան գոյատեւումը կախեալ է մարդկային ցեղի վերաբերումէն: Այս փոխյարաբերութիւնը երկու կողմերը իրարմէ կախեալ կը պահէ եւ իրողութիւն մը, որ երկուքին ալ նպաստաւոր է:

ՓԵՆԿ.- Պիտի ուզէի՞ր խօսիլ «Խաչաձեւում»  (intersect) շարքին մասին, ուր յղացքները ունին գրեթէ նոյն շարուածքը, որոնցմէ  իւրաքանչիւրը սակայն ունի իր ուրոյն երանգապնակը:

ԵՈՒՐՈԶ.- Իրականութեան մէջ հաւաքածոն ունի զգացական եւ հոգեկան եզրեր: Կը հաւատանք, որ մարդուն մէջ կան եօթը շաքրաներ, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր գոյնով մը ներկայացուած է: Սանսկրիտ լեզուին մէջ շաքրա կը նշանակէ անիւ: Եւ եթէ անիւի գաղափարը ընդլայնենք, մասնագէտներ կ՛անդրադառնան այն իրողութեան, թէ անիւները դառնալու ատեն դատարկութիւն մը կը ստեղծեն` կլոր շարժումով: Եւ իբրեւ դատարկութիւն` շաքրա մը ֆիզիքական եւ մտաւոր թրթռացող մարտահրաւէրներ պիտի դնէ մարմնին մէջ: Ընդհակառակը, ինչպէս որ լոյսը պրիսմակէն անցնելով` եօթը գոյներու կը բաժնուի, այդպէս ալ երբ բոլոր եօթը շաքրաները միանան, մենք հոգեւոր լուսաւորումի փորձառութիւնը կ՛ունենանք: Մարդ կրնայ որոշ շաքրաներ գործի լծել` շաքրայի տարբեր գոյներուն նայելով: Կրնաս այս թեմային շուրջ պրպտումներ կատարել, սակայն անգամ մը, որ սկսիս ուշադրութիւնդ կեդրոնացնել իմաստներու եւ եօթը շաքրաներու ազդեցութեան վրայ, հնարաւորութիւն կ՛ունենաս  հաւասարակշռութիւն ստեղծելու եւ շաքրաները ճիշդ շարքով շարելու, որոնք ներդաշնակուելով` ֆիզիքական, մտաւոր եւ զգացական խաղաղութիւն պիտի տան քեզի: Այս հաւաքածոյին երանգապնակն ու բաղադրութիւնը ընտրեցի` հիմնուելով այս հաւատքին վրայ:

ՓԵՆԿ.- Նշեցիր, որ գործերուդ մէջ կարեւորը միայն գեղարուեստական ուժը  չէ, այլ նաեւ այն, որ ակնդիրները կարողանան ներզգալ նկարածդ եւ բնութեան հետ նոյն փորձառութիւնը ունենալ: Ի՞նչ ըսել կ՛ուզես:

ԵՈՒՐՈԶ.- Նկարչութիւնս անոր միայն մէկ մասն է: Ակնդիրները պէտք է իրենք իրենց արտօնեն զգալ եւ վստահիլ, որպէսզի կապը ստեղծուի: Տե՛ս, ծառերուն, կոճղերուն եւ ճիւղերուն ձեւերը նետասլաքներու կը նմանին: Ակնդիրները  երբ հետեւին նետերուն, պիտի նշմարեն, որ անոնք կը վերջանան հոն, ուր ուրիշներ կը սկսին: Ոստերը եւս կը վերջանան հոն, ուր ուրիշներ կը սկսին նոյն տեղէն: Կը կանգնիս այս գեղանկարներուն առջեւ եւ անվերջ կը դիտես գտնելու համար կեդրոնական կէտը: Պահ մը ետք մեր գիտակից միտքը որոշ իմաստով կը դադրի իմաստ փնտռելէ: Ճիշդ այն ատեն է, որ ակնդիրը կը մտնէ զգացական լարումի եւ ընկալումի ոլորտին մէջ:

Ասիկա կը պատահի, երբ այս նկարներուն գոյները կը ներգրաւեն մեր զգացումները: Երբ կը դիտենք կարմիրին խաչաձեւումները, ջերմութիւն մը կը զգանք, իսկ երբ կը դիտենք կանաչին խաչաձեւումները, զգացումները հանդարտեցնող հաճելի զովութիւն մը կ՛իջնէ մեր վրայ:  Ասիկա իմ զգացական մարձումն է` տրուած ակնդիրի զգայական համակարգին, զոր կը ստեղծէ  զօրաւոր ենթահող մը` մեր հոգեմտաւոր առողջութեան համար:

ՓԵՆԿ.-  Երբ «Նիւ Եորքի արուեստի հաւաքածոյ»-ին պատասխանատուն էի եւ գեղանկար մը կը փնտռէի, յանկարծ հանդիպեցայ ստեղծագործութիւններէդ, 2006-ին իրագործուած, «Հունձքը» կտաւին: Անակնկալի եկայ, երբ նշմարեցի, որ անոր մէջ հետքեր կան քու ճարտարապետական եւ վերացարկուած  ծառերէն: Առաջին անգամ ե՞րբ էր, որ թանգարանային այս հաւաքածոյէն որեւէ հետքեր երեւացին գեղանկարներուդ մէջ:

ԵՈՒՐՈԶ.- Վա՛յ: Անկեղծօրէն գաղափար չունիմ: Հարցին այսպէս նայելով` հաւանաբար դուն ճիշդ ես:  Ատիկա հաւանաբար ենթագիտակցօրէն դրսեւորուած է: Հաւանաբար մէջս կային այդ բոլորը, թէեւ բաւականին մեծ թիւով գծագրութիւններ եւ սերտողութիւններ պէտք եղան, մինչեւ կարողացայ երփնագրել այդ «Պարող ծառերը»:

ՓԵՆԿ.- Ինծի համար մեծ պատիւ է քու ստեղծագործութիւններդ ներկայացնելը, մանաւա՛նդ որ այս առիթով առիթ ունեցայ նաեւ ըմբռնելու «Սիմպիոսիսի» ծննդոցը: Իսկ հետագայի ի՞նչ ծրագիրներ կան  այս հաւաքածոյի կապակցութեամբ:

ԵՈՒՐՈԶ.- Կը ծրագրենք թանգարանի ցուցադրութիւնը բաց պահել  եւ անոր աւելցնել եւս ուրիշ գործեր, նպատակ ունենալով, որ հաւաքածոն ճամբորդէ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ թէ՛ միջազգային առումով:  Իսկապէս կը հաւատամ, որ երբ ակնդիրներուն առիթը տանք շրջապատուելու այս տարողութեան գործերով, ատիկա մեծապէս կ՛ազդէ անոնց վրայ: Եւ եթէ շատ բան չփոխէ անոնց կեանքին մէջ, ապա առնուազն կ՛արթնցնէ մարդոց գիտակցութիւնը, եւ կը սկսի դիտարկումը, մտքի գործընթաց մը, կամ զրոյց մը` մեր եւ բնութեան միջեւ եղած համակեցութեան մասին, բան մը, որ չափազանց կարեւորութիւն ունի մարդու գոյատեւման համար:

 

Ցուցահանդէս` Յանուն Լիբանանեան-Հայկական Մշակութային Կապերու

0
0

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ գործակցութեամբ` AD & D Sarkissian partners եւ YM Development հիմնարկներուն, չորեքշաբթի, 17 մայիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Նոազ արք»-ի կազմակերպած հերթական մէկ խմբային ցուցահանդէսին բացումը` «Միր Օմար-450» կառոյցի սրահին մէջ (Քլեմանսոյի շրջան, Միր Օմար փողոց):

«Նոազ արք»-ի տէր եւ տնօրէն, դոկտ. Մովսէս Հերկելեան իր բացման խօսքին մէջ, ողջունելէ ետք ներկայ արուեստասէր հասարակութիւնը, այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի դեսպանութեան, յանձինս` Սամուէլ Մկրտչեանի, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան, Պէյրութի նահանգապետութեան եւ քաղաքապետութեան, յանձինս` Զիատ Շպիպի (ներկայացուցիչ` Արամ Մալեանի) եւ յարակից այլ կազմակերպութիւններու, ինչպէս` ՍՈԼԻՏԷՐԻ, որոնք ոչ միայն տարիներու ընթացքին նեցուկ եղած են «Նոազ արք»-ի ձեռնարկներուն, այլեւ մեծապէս սատարած`   լիբանանեան-հայկական մշակութային կապերու ամրապնդման ու զարգացման: Ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ AD & D Sarkissian Partners եւ YM development հաստատութիւններուն, որոնք սիրայօժար կերպով իրենց գեղեցիկ շէնքին այս յարմարաւէտ սրահը տրամադրած են ներկայ բարձրորակ ցուցահանդէսին համար: Այս բոլորէն ետք դոկտ. Հերկելեան ամպիոն հրաւիրեց Փոլ Սարգիսեանը, որ արաբերէն լեզուով իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց ներկաներուն: Անոր շահեկանութեան համար Փ. Սարգիսեանին խօսքը թարգմանաբար կու տանք քովի սիւնակներով:

Վերջաւորութեան խօսքը տրուեցաւ Լիբանանի մէջ լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ       Մկրտչեանին, որ իր հերթին դրուատական խօսքեր ուղղելէ ետք «Նոազ արք»-ի եւ անոր  նման այլ ցուցասրահներու տարած մշակութանուէր աշխատանքներուն, շեշտը դրաւ լիբանանեան-հայկական մշակութային կապերու աւելի ամրապնդման ու զարգացման վրայ:

Ողջոյնի Խօսք

0
0

ՓՈԼ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Հինէն ի վեր Լիբանանը եղած է, կայ ու կը մնայ մշակոյթներու խաչաւորման երկիր: Հոս իրարու հանդիպած են հին աշխարհի գրեթէ բոլոր մշակոյթները` սկսեալ փարաւոնական ու բաբելական մշակոյթներէն,  մինչեւ հելլենիզմը, Հռոմն ու Բիւզանդիոնը: Շնորհիւ Լիբանանի աշխարհագրական նպաստաւոր պայմաններուն եւ շնորհիւ լիբանանցիներու ստեղծագործ եւ շինարար ոգիին` այս երկրին մէջ կազմաւորուած ու զարգացած է արաբական իւրայատուկ մշակոյթ մը, որ իր հերթին սկսած է իր նպաստը բերել միջազգային արուեստի զարգացման ու տարածման մէջ: Մենք հպարտութեամբ կը յիշենք օտար անուններ, որոնք եկած են արեւմտեան երկիրներէ,  բնակած են Լիբանանի մէջ, ու այսօր անոնց ստեղծագործութիւնները մաս կը կազմեն Լիբանանի մշակոյթին, ինչպէս` Ժորժ Սիր, Միշլէ եւ կամ Լիմանսքի: Անկախ լիբանանահայերէն` եղած են շարք մը հայ արուեստագէտներ, որոնք պարբերաբար այցելած են Լիբանան, տուած են մէկէ աւելի ցուցահանդէսներ եւ իրենց հետքը ձգած` Լիբանանի մշակութային կեանքին վրայ, ինչպէս` Գառզու, Ժանսէմ, Մուրատով, Աշոտ Զօրեան, Սարուխան եւ այլն:

Այսօրուան մեր ցուցահանդէսը գրաւականն է մշակութային այս գեղեցիկ աւանդութեան շարունակութեան: Մեր ներկայացուցած հինգ կերպարուեստագէտներէն երեքը` Եուրոզ, Վահրամ եւ Վահան Ռումելեան պարբերաբար այցելած են  եւ կը շարունակեն այցելել Լիբանան, կ՛ուսումնասիրեն տեղւոյն անցեալի եւ ներկայի մշակութային շերտերը, երբեմն կը ստեղծագործեն նաեւ հոս ու կը ցուցադրեն իրենց գործերը: Յիշատակութեան արժանի է մանաւանդ Եուրոզը, որ 2009-ին եկաւ Լիբանան, ուսումնասիրեց պետեւիներու կեանքն ու կենցաղը եւ երփնագրեց արեւելեան բնոյթի շարք մը գործեր, որոնք անկասկած իրենց լուման կը բերեն արեւելեան մշակոյթին:

Մազմանեանը 1992-ին եկաւ Լիբանան, ապրեցաւ, դասաւանդեց եւ ստեղծագործեց հոս. եւ իր մշակութային հաւատարմութեան ու տաղանդին շնորհիւ` անոր վստահուեցաւ Լիբանանի ամենակարկառուն քաղաքական, մշակութային եւ հոգեւոր դէմքերու կիսանդրիներն ու յուշարձանները, որոնք այսօր զետեղուած են Լիբանանի տարբեր վայրերու եւ կարեւոր հրապարակներու վրայ, ինչպէս` Քամիլ Շամունի, Սաէպ Սալամի, Ռաֆիք Հարիրիի (2 հատ), Ռեմոն Էտտէի, Ժպրան Խալիլ Ժպրանի, Օմար Տաուքի, Գարեգին Բ. վեհափառի, կարտինալ Աղաճանեանի, Մար Շարպելի, Սֆէյր պատրիարքի, Ղասսան Թուէյնիի եւ ուրիշներու: Ան (ինչպէս նախորդ երեք գեղանկարիչները) միջազգայնօրէն գնահատուած արուեստագէտներէն է: Տակաւին  անցնող ապրիլին Մազմանեան մասնակցեցաւ Նիւ Եորք Pier 92-ի մէջ կայացած  Արթ Էքսփոյի միջազգային փառատօնին եւ իր «Սալոմէ» ստեղծագործութիւնը արժանացաւ քանդակի առաջին մրցանակին:

Իսկ Էդիկ Բերդեանը տարիքով երիցագոյնն է անոնց մէջ, ան եւս մասնակցած է տասէ աւելի միջազգային փառատօներու եւ երբեք յուսախաբ չէ ըրած արուեստասէր հասարակութիւնը: Այս յետտպաւորապաշտական բնոյթի գեղանկարիչը կը պատկերէ մարդը` իբրեւ բնութեան մէկ անբաժանելի մասնիկը, որ կը մերուի շրջապատին ու կը գեղեցկացնէ կեանքը:

Վերջացնելէ առաջ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլորիդ, ձեր ներկայութեան, եւ յատկապէս նորին վսեմութիւն Պէյրութի մէջ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան պր. Սամուէլ Մկրտչեանին, որ միշտ թիկունք կը կանգնի ու կը քաջալերէ լիբանանահայ որեւէ տեսակի փոխյարաբերութիւն, յատկապէս` մշակութային գետնի վրայ:

Ցուցահանդէսի վայրի ընտրութեան վերաբերող մեր որոշումը, որ կեդրոնացաւ  այս նորակառոյց շէնքին վրայ, որ մեր համոզումով յաւելում եւ շահ մըն է, ինչպէս որեւէ նոր կառոյց, թէ՛ քաղաքի եւ թէ՛ ընկերութեան հաշուոյն, զոր հարկաւոր է նշել: Այսպիսի առիթներ պէտք է ստեղծել` կարենալ մշակութապէս հաղորդակցելու համար իրարու:

Եւ որովհետեւ մէկ կողմէ արուեստը եւ մշակոյթը կեանքի կենսամակարդակը բարելաւելու եւ անոր գեղեցկութիւնն ու ուժը բացայայտելու լաւատեսական մօտեցումներ, իսկ միւս կողմէ` ճարտարապետութիւնն ու ճարտարագիտութիւնը իրենց հերթին կարեւոր դերակատարութիւն ունին կեանքի որակը բարելաւելու եւ շնչաւորելու տեսակէտէն, ուր ինքնաբերաբար իրաւ արուեստի կարիքը կը զգացուի իբրեւ կեանքի նեկտար: Ըլլայ ատիկա շէնքի բնակիչներուն, թաղի բնակչութեան, թէ շրջանին ընդհանրապէս, որուն մէկ մասնիկն է այս կառոյցը: Այս ցուցահանդէսին միջոցով մենք կը յուսանք խորացնել եւ ամրապնդել մշակութային այն փոխադարձ կապերը, որոնք էն գլխից գոյութիւն ունեցած են շինարարական արուեստի եւ կերպարուեստի միջեւ:

 

Ակնարկ. Չշեղիլ Սկսուած Գործընթացէն

0
0

Գործող խորհրդարանի պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտին նախօրեակին ենք եւ ընտրական օրինագիծի ոդիսականի ճակատագիրը կը մնայ անորոշ:

Մէկ կողմէ օրէնսդրական դատարկ ստեղծելու հաւանականութենէն ամէն կերպով խուսափելու, այդ վտանգը կանխարգիլելու միտող վճռակամութիւն ընդգծող յայտարարութիւններ, միւս կողմէ` նաեւ ընդհանուր համախոհութեան ի սպառ բացակայութիւն: Այս երկու հակոտնեայ երեւոյթներուն միջեւ սակայն, կայ նաեւ այլ գործընթաց, որ ունի հիմնական երկու մեկնաբանութիւն:

Առաջինը այն, որ իրօք գոյութիւն ունի տագնապի մօտեցում, անպայման հասկացողութեան գալու, հասարակ յայտարարներ փնտռելու, հատուածայնութիւնն ու համայնքայնութիւնը ստորադասելու եւ համալիբանանեան ընկալում ունեցող նոր օրինագիծով երկրի զարգացման ճամբայ հարթելու, հաւաքական կամքով նոր էջ բանալու ճիգ, հետեւողականութիւն, կեցուածք:

Միւս կողմէ, գոյառուած է տպաւորութիւն, եթէ ոչ համոզում, որ գործընթացի խաբուսիկութիւն ստեղծելու թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տեղեկատուական միտումներ կան: Այնպէս, որ քաղաքական որոշ կեդրոններէ  շրջանառութեան մէջ կը դրուին լուրեր, ըստ որոնց արդէն գոյացած է համակողմանի համաձայնութիւն ընտրական օրինագիծի շուրջ, որ շուտով կը հրապարակուի եւ կը հաստատուի: Նման պարագաներու, կողմերու կը վերագրուին նաեւ տրուած ենթադրեալ համաձայնութիւններ, որոնց հիման վրայ ալ կը կայանայ խաբուսիկ տեղեկատուութիւն, աւելի ճիշդը` ապատեղեկատուութիւն:

Հետաքրքրականը այն է, որ նման լուրերու շրջանառութեան ընթացքին, հրապարակուած տուեալները ո՛չ կը հերքուին, ո՛չ կը հաստատուին` անուղղակիօրէն մտածել տալով,  որ  խաբուսիկ այս գործընթացները անպայման զուտ տեղեկատուական հարթութեան վրայ չէ, որ կը ձեւաւորուին:

Մէկ քայլ առաջ, երկու քայլ ետ մարտավարութեամբ յատկանշուող այս գործընթացը խորքին մէջ հիմնական հարցը տեղապտոյտի մէջ պահելու կը միտի: Ուրկէ կը ծագի նաեւ այն մտավախութիւնը, որ այս պարանաձգութեան արդիւնքը ի վերջոյ իրողապէս 1960-ի օրէնքի Տոհայի տարբերակը պարտադիր որդեգրման կ՛առաջնորդէ:

Տոհայի օրէնքի խնդրայարոյց ըլլալուն մասին չէ խօսքը այստեղ, որքան քաղաքական խաղերով զայն պարտադիր վերաորդեգրել տալու մղումները: Գործող օրէնքի վերահաստատումը լուրջ հարուած կը հասցնէ երկրին մէջ սկսած պետական հաստատութիւններու վերականգնման` նախագահի ընտրութենէն վարչապետի նշանակում ու կառավարութեան կազմութիւն եւ այն բոլոր առաջադրուած նշանակումները, որոնք նպատակ ունին երկիրը դուրս բերել երկարատեւ փակուղիէ:

Համայն Լիբանանը կը գտնուի օրէնսդրական դատարկութիւն կամ հաւաքական կամք ցոյց տալու կարեւոր երկընտրանքին առջեւ: Համայնքային իրողական ներկայացուցչութեամբ համալիբանանեան օրէնսդիր մարմին ընտրելու քաղաքական առաջադրանքը ներկայ ձեւով վերածուած է զուտ կարգախօսի, որուն քողին տակ կայ միտում` չհամաձայնելով գործող օրէնքը վերաորդեգրելու:

Չէ բացառուած այս կարելիութիւնը անշուշտ: Սակայն Լիբանանի պետական մարմիններու վերականգնման եւ պետութիւն-հասարակութիւն վստահութեան հաստատման սկսուած գործընթացը լուրջ շեղում արձանագրած կ՛ըլլայ իր ուղիէն, եթէ օրէնսդրական դատարկութեամբ պարտադրուած գործող օրէնքի վերաորդեգրում տեղի ունենայ:

«Ա.»

Մայրերու Տօնին Նուիրուած Ճաշկերոյթ-Ձեռնարկ

0
0

Կազմակերպութեամբ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին, կիրակի, 21 մայիսին կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու տօնին նուիրուած ճաշկերոյթ-ձեռնարկ:

Ձեռնարկը սկսաւ «Տէրունական աղօթք»-ով եւ Կիրակնօրեայի քայլերգի երգեցողութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Կիրակնօրեայի փոխտեսուչ Մանուէլ Թոքմաքճեան, որ անդրադարձաւ ընտանիքին մէջ մօր ունեցած կարեւոր դերակատարութեան` զայն անուանելով հիմնական սիւնը առողջ դաստիրակութեան եւ շեշտելով անոր կայուն դերը հայեցի դաստիարակութեան մէջ:

Այնուհետեւ օրուան հանդիսավար Բալիկ Սրապոնեան հրաւիրեց Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, որոնք դասարան առ դասարան ներկայացուցին երգեր, արտասանութիւններ եւ պարեր: Գեղարուեստական յայտագիրով իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ երգիչ Ժաք Մոմճեան:

Յայտագրի աւարտին Կիրակնօրեայ  դպրոցներու նոր վարիչ-տնօրէն Արտաւազդ աբղ. Շառոյեան խօսք առնելով` հաստատեց մօր մը ներկայութեան կարեւորութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ, շեշտելով, որ մայրն է մանուկին առաջին դաստիարակը եւ անոր առաջին օրինակը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Մեղրիկ եպս. Բարիքեան իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Կիրակնօրեայի կարեւորութեան` հաստատելով, որ անիկա կը հանդիսանայ կրթութեան գերագոյն կայանը եւ ճիշդ այն վայրն է, ուր ծնողներ յաճախ կ՛ուզեն ղրկել իրենց զաւակները, որպէսզի անոնք առողջ շրջապատ ունենան եւ հեռու մնան չար ընկերներէ: Ան խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` քաջալերեց եւ խրախուսեց անոնց ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատեց ուսուցիչներուն ծառայողական եւ նուիրական ոգին:

 


Զմմառու Մայրավանքին Մէջ Մայիսեան Ջերմեռանդութիւն Եւ Քահանայական Ձեռնադրութիւն

0
0

Ընկալեալ սովորութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարուան մայիսի վերջին կիրակին վերածուած է Զմմառու Տիրամօր ուխտի օրուան:

Այս տարի եւս, 28 մայիս 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան հայրերը հիւրընկալեցին Զմմառու մայրավանք բարձրացող լիբանանահայ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը, որ եկած էր իր ուխտը կատարելու Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր առջեւ: Սոյն տօնակատարութիւնը զուգադիպեցաւ Հայաստանի անկախութեան 99-ամեակի տօնախմբութիւններուն: Տարին յատկանշական էր նաեւ, որ ջերմեռանդութեան միացաւ  Տիգրան սրկ. Փիլիպպոսեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը:

Ձեռամբ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքի, խարտաւիլակութեամբ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանի, առընթերակայութեամբ Զմմառեան միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի եւ Զմմառու միաբանութեան ընդհանուր քարտուղար Մովսէս վրդ. Տօնանեանի, ներկայութեամբ Զմմառու կղերի միաբանութեան եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կղերիկոսներուն, պետական երեսփոխաններու, կրթական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ մարզերու մէջ ծառայող այրերու եւ նորօծ քահանային ծնողներուն, որոնք եկած էին Հալէպէն:

Խորանին սպասաւորեցին Զմմառեան միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սաները: Իսկ «Արծիւեան» երգչախումբը կատարեց սուրբ եւ անմահ պատարագին երգեցողութիւնը` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:

Վանք եկած ուխտաւորները Տիրամօր արձանը վեր պահած թափօրով հասան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կառուցուած` երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոն: Ապա սուրբ եւ անմահ պատարագի թափօրը ուղղուեցաւ դէպի նոյն վայրը, ուր ընթացք առաւ հոգեպարար արարողութիւնը: Յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ ձեռնադրութեան արարողութեան` հաւատացեալներուն ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար նորօծ քահանային` Տիգրան Փիլիպպոսեանին, իր հայրական պատգամը ուղղեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը: Ան նախ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Տիրամօր խոնարհ, բարի, առաքինի եւ ամէնէն կարեւորը անոր Աստուածամայր եւ Աստուծոյ նուիրեալ ըլլալու հանգամանքը: Ապա հոգեւոր տէրը հոգիներու փրկութեան ի խնդիր կենսական նկատեց դերակատարութիւնը քահանաներուն, որոնք իրենց ճշմարիտ քարոզչութեամբ կրնան ճիշդ ուղիով հունաւորել մարդոց վարքագիծն ու կենցաղը: Ապա անդրադառնալով նորօծ քահանային կոչման հաւատարմութեան ուխտին` հոգեւոր տէրը նշեց, որ ինքնիր անձը անվերապահ պէտք է նուիրէ Տիրոջ ծառայելու ամենավեհ ու ամենանուիրական գործին եւ իր ամբողջ էութեամբ պէտք է սատարէ Անոր փառքի տարածման ու ամրապնդման` համայն մարդկութեան սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:

Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին` օրուան արարողապետ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան կարդաց սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապի առաքած Առաքելական օրհնութեան գիրը, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, մեծաւորը, նորօծ քահանան ու անոր ծնողները:

Շնորհաւորութիւններուն յաջորդեց եղբայրական ագապ միաբանութեան դպրեվանքի սեղանատան մէջ, որուն ընթացքին նորօծ քահանան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան իր կոչման մէջ եւ նպաստեցին հասնելու սուրբ խորանին: Այնուհետեւ հերթաբար կարդացուեցան բոլոր օտարերկրեայ միաբանակիցներուն կողմէ ուղարկուած շնորհաւորական գիրերը: Դրուատանքի եւ շնորհաւորանքի խօսքեր շռայլեց վանքի մեծաւոր հայրը: Հացկերոյթի աւարտին ձեռնադրութեան կարկանդակը հատեցին նորօծ Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեան, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, մեծաւոր հայրը, տեսուչ եւ փոխտեսուչ հայրերը, նորօծ քահանային ծնողքը եւ յիշատակի լուսանկարով անմահացուցին օրը:

Յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, կրկին երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոնին մէջ կատարուեցաւ մայիսեան ջերմեռանդութեան փակումը` Վարդարանի աղօթքով:

 

 

Յիշարժան Իրադարձութիւն Մը

0
0

Շաբաթ, 27 մայիս 2017-ին Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի շրջանաւարտ աշակերտները, գեղարուեստական ղեկավար, բեմադրիչ` Ռոպերթ Առաքելեանի, Գարիկ Յակոբեանի եւ Մարալ Պասմաճեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայան:

Մուտքին աշակերտները քաջալերական խօսքերով դիմաւորեց «Օ. Թի. Վի.»-ի օրուան հիւրը` Ժիպէյլի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ, ապա կայանի հայերէն լուրերու հաղորդավար Ծովակ Թիւթելեան ստանձնեց աշակերտներուն ծանօթացման աշխատանքները` կայանի աշխատանքային տարբեր բաժիններուն մէջ: Բաժին առ բաժին պտտելով, աշակերտները ծանօթացան կապոյտ պաստառի ետին ստեղծագործող մեծաթիւ անձնակազմին խօսնակներու, խմբագիրներու, բեմադրիչներու, համադրողներու, տեսասփռողներու եւ այլազան պաշտօնեաներու աշխատանքային նրբութիւններուն: Աշխատանքները լուսաբանելու եւ աշակերտներու հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին Ծովակ Թիւթելեանին կը միանար կայանի աշխատակցուհի Տիանա Սալիպա:

Տպաւորիչ էր աշակերտներուն հանդիպումը յայտնի դերասան Ուիսամ Սապպաղին հետ, որ կարճ զրոյցի մը ընթացքին լուսանկարուեցաւ փոքրիկ դերասաններուն հետ: Իրենց երկամեայ ուսումնական ծրագրին վերջին օրերուն «Արեգ»-ի աշակերտները ունեցան տպաւորիչ օր մը եւս, որ ինքնին գործնական դաս մըն էր, յիշարժան իրադարձութիւն մը…

ԹՂԹԱԿԻՑ

Արաբիոյ Թրամփը…

0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջերս նախաձեռնեց Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի կարգ մը երկիրներ շրջապտոյտի, որ սկսաւ Սէուտական Արաբիայէն: Թրամփ նոյնպէս այցելեց Իսրայէլ, ապա` Հռոմ եւ Պրիւքսել: Այս շրջագայութեան տարբեր մեկնաբանութիւններով անդրադարձան արաբական եւ արեւմտեան լրատու միջոցները: Կը ներկայացնենք հատուածներ: Յատկանշական է Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Արաբիոյ Թրամփը» անուանելը` յիշելով անցեալի «Արաբիոյ Լորանսը» (Lowrence օf Arabia):

Ն.

«Ալ Ժազիրա»

Տանըլտ Թրամփ Կ՛աւարտէ
Միջին Արեւելք Իր  Այցելութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահը  պաղեստինցիներուն եւ իսրայելացիներուն միջեւ խաղաղութեան կոչ կ՛ուղղէ, բայց չի յստակացներ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ատիկա նուաճել:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ աւարտեց երկօրեայ այցելութիւնը Իսրայել եւ բռնագրաւուած տարածքներ, ուր տեսակցեցաւ Իսրայելի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:

Բռնագրաւուած Երուսաղէմի մէջ խումբ մը պաղեստինցիներու հետ զրոյցի ընթացքին Թրամփ ըսաւ. «Անձնապէս յանձնառու եմ օգնելու պաղեստինցիներուն եւ իսրայելացիներուն` նուաճելու համար խաղաղութեան համաձայնութիւնը»:

Իսրայելի թանգարանին մէջ զրուցելով` Թրամփ  պաղեստինցիներուն եւ իսրայելացիներուն միջեւ համաձայնութեան բացակայութեան  պատասխանատու նկատեց պաղեստինցիները:

Թրամփ աւելցուց. «Նախապէս, տեսակցութեան ընթացքին Ապպաս ինծի հաւաստեց, որ պաղեստինցիները պատրաստ են հասնելու խաղաղութեան»:

Թրամփի այցելութեան ընթացքին Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ պաղեստինցիները բողոքի ցոյց կատարեցին եւ զօրակցութիւն յայտնեցին իսրայելեան բանտերուն մէջ գտնուող հազարաւոր պաղեստինցիներուն, որոնց հացադուլը թեւակոխած էր վեցերորդ շաբաթը: Ցուցարարները նոյնպէս մերժեցին Կազան կառավարող Համաս շարժումը «ահաբեկչական» նկատելու Թրամփի պատկերացումը: Միացեալ Նահանգներու նախագահը կրկին մերժած էր բանակցութիւններու մէջ Համասի հաւանական դերակատարութիւնը: Ան ըսաւ, որ գործընկերներու համաձայնական դաշինք մը պէտք է կազմուի` պայքարելու համար «ծայրայեղականութեան» դէմ, յիշատակելով Համասը, լիբանանեան շիի Հըզպալլան եւ Իրանը:

Բեթղեհեմի մէջ Ապպասի հետ միացեալ յայտարարութեամբ մը Թրամփ ըսաւ. «Ահաբեկիչները, ծայրայեղականները եւ անոնք, որոնք կ՛օգնեն անոնց, պէտք է ընդմիշտ վռնտուին մարդկային ընկերութենէն»:

Թրամփ չյստակացուց, որ այս առճակատումը ինչի՛ կը յանգեցնէ: Ան նոյնպէս չխօսեցաւ մանրամասնութիւններու մասին, թէ ինչպէ՛ս սկսիլ բանակցութիւններու` իսրայելացիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ:

«Այս այցելութիւնը բաւական բարձր էր` որպէս դերասանութիւն եւ խորհրդապաշտութիւն, բայց բաւական ճղճիմ` որպէս էութիւն», ըսաւ Թարեք Պաքոնի, «Շապաքա» պաղեստինեան քաղաքական կայքի խորհրդատուն: Ան աւելցուց. «Մենք չենք խօսիր առարկայական հարցերու մասին, որոնք մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի խաղաղութեան համաձայնագիր, չենք խօսիր պաղեստինեան գերիշխանութեան, պետականութեան, հրէական բնակավայրերու կառուցման դադրեցման, կամ Կազայի շրջափակման վերացման մասին»:

Յստակութեան Բացակայութիւն

Հրէական բնակեցման վայրերու առաջնորդ մը, Այսրյորդանանէն, ըսաւ, թէ ինք կը հաւատայ, որ  Թրամփի յայտարարութեան մէջ յստակութեան բացակայութիւնը կրնայ նշանակել, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը լքած է պաղեստինեան անկախ պետութեան մը հաստատման իր թիրախը:

Օտետ Ռեւիւի` Եշայի բնակեցուածներու խորհուրդի գլխաւոր օտար պատուիրակը, ըսաւ, որ Ապպասի հետ յայտարարութեան ատեն Թրամփ չէ նշած պաղեստինեան անկախութիւնը եւ միայն խօսած է «խաղաղութեան» մասին:

«Մենք կրնանք խաղաղութեան հոլովոյթի գուշակելու խաղը միշտ խաղալ: Ի վերջոյ խաղաղութեան առաջնորդելու ոչ իսկ մէկ զիջում կայ, որ պաղեստինցիները այժմ կրնան ընել: Իսրայել պատճառ չունի հրաժարելու պաղեստինեան տարածքներու իր հակակշիռէն: Ճիշդ հիմա, բռնագրաւումը ձրի, եւ նոյնիսկ շահաբեր է Իսրայելի համար: Մենք պէտք է հասկնանք իրավիճակը. կայ բռնագրաւող մը եւ բռնագրաւեալ մը: Բացի եթէ Միացեալ Նահանգներ կարենան ճնշում բանեցնել բռնագրաւողին վրայ, չկայ պատճառ մը, որ Իսրայել հրաժարի այդ վերահսկողութենէն», ըսաւ Թարեք Պաքոնի:

Պաղեստինցի գործիչներ նոյնպէս նշած են, որ Պաղեստինի եւ Իսրայելի առնչուող Թրամփի հռետորաբանութիւնը չի տարբերիր նախկին վարչակազմինէն:

 

«Պի. Պի. Սի.»

 «Թրամփ, Աստուծոյ Ծառայ». Սէուտցիները Ինչպէ՞ս
Կը Դիտեն Անոր Այցելութիւնը

Իբրեւ բացայայտ հակադրութիւն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ռիատ այցելութեան վերաբերեալ սէուտցի պաշտօնատարներու լաւատես յայտարարութիւններուն` «Թուիթըր»-ը օգտագործող բազմաթիւ արաբներ աւելի թերահաւատ տեսակէտներ արտայայտած են:

«Թրամփի դուստր» արաբերէն եզրը որոշ ժամանակ մը շատ տարածուած էր «Թուիթըր»-ի մէջ:

Շատեր, որոնք ձեռնարկած են երգիծանքի, հրապարակած են պատկերներ` յղում ընելով իսլամութեան եւ իսլամներու մասին Թրամփի ժխտական  մեկնաբանութիւններուն: Անոնց արձագանգը եկած է Ռիատի մէջ  արաբական- իսլամական-ամերիկեան վեհաժողովի ատեն:

«Մեզ Փրկեցէ՛ք Այս Սատանայէն»

«Թուիթըր» գործածողներ շրջանառութեան մէջ դրած են տեսանիւթ մը, որ սէուտցի հոգեւորական Սաատ պըն Ղոնէյմ նախապէս հրապարակած էր (այժմ` ջնջուած):

Տեսանիւթին մէջ կ՛ըսուէր. «Օ՜, Աստուա՛ծ, Թրամփ քու ծառաներէդ մէկն է, անոր ճակատագիրը քու ձեռքերուդ մէջն է: Հրամայէ իրեն, ինք ուզէ կամ ոչ, ծառայելու իսլամներու գերագոյն շահերուն եւ մեղմացնելու անոնց կեղեքումը, զրկանքը: Փրկէ՛ մեզ իր սատանայութենէն եւ առաջնորդէ զինք քու ուղիիդ»:

Պըն Ղոնէյմ սէուտական «Սապք» թերթի կայքին ըսաւ, որ ինք այդ գրութիւնը «Թուիթըր»-ի մէջ հրապարակած է յաջող այցելութեան յաջորդած Սէուտական Արաբիոյ մասին Թրամփի դրական յայտարարութենէն ետք: Ղոնէյմ աւելցուց, որ  իր գրութիւնը կը ներառէ իսլամներուն համար աղօթք մը` փրկուելու Թրամփ «սատանայէն»:

Ընկերային ցանցերուն մէջ շատ շրջանառուող նմանակում մըն է իւրայատկութիւններով մշակուած Թրամփի դէմքը` որպէս մօրուքաւոր սէուտցի հոգեւորական:

Նկարը տեղադրուած է հոգեւորական Ղոնէյմի եւ Թրամփի աւելի փոքր երկու լուսանկարներու կողքին, շրջապատուած` կիսամերկ կիներով: Նկարներուն վերեւ գրուած է. «Սէուտցի հոգեւորականը ֆաթուա (իսլամ կրօնաւորի հրահանգ) կ՛արձակէ. Թրամփ Աստուծոյ պատգամաբերն է, եւ անոր հնազանդիլը` Աստուծոյ հնազանդիլ է»:

«Դուք Առանց Մեզի Գոյութիւն Պիտի Չունենայիք»

«Թուիթըր»-ի մէջ աւելի քան 70 անգամ հրապարակուած երգիծանկար մը Թրամփը եւ սէուտցի ղեկավարները կը տեղադրէ Եմէնի հակամարտութեան կեդրոնը:

Երգիծանկարը ցոյց կու տայ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը եւ իր տղան` ընկերակցութեամբ Եմէնի նախագահ Ա. Մ. Հատիի, որոնք հլու-հնազանդ բարի գալուստ կը մաղթեն Թրամփի, երբ ան դուրս կու գայ օդանաւէն:

Կարմիր գորգին մէկ կողմին վրայ կան եմէնցիներու դիակներ: Միս կողմին վրայ սուրը ձեռքին մարդ մը կանգնած է` ծնրադիր, պուրքա հագած կնոջ մը վերեւ, զայն գլխատելու համար: Երգիծանկարը կը հեգնէ արաբ ղեկավարները եւ կ՛ըսէ. «Այն բանէն ետք, երբ Թրամփ արաբական 7 երկիրներէ իսլամ քաղաքացիներու Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլեց, Սէուտական Արաբիոյ Մահը («մահլաքա», բառախաղ` «մամլաքա» թագաւորութիւն բառին հետ) կը պատասխանէ`  զայն դիմաւորելու համար 17 իսլամ առաջնորդներ հաւաքելով»:

Այլ երգիծանկարի մը մէջ Տանըլտ Թրամփ կ՛արհամարհէ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը եւ գահաժառանգ իշխանը` անոնց վրայ պոռալով:

Նկարին վերեւ գրուած է. «Ձեր ամբողջ ունեցածը միայն դրամ է, եւ դուք առանց մեզի` չէք կրնար գոյութիւն ունենալ: Ինչո՞ւ մեզի չէք վճարեր»:

 

«Միտըլ Իսթ Պիսթ»-ի Հեգնանքը

Միջին Արեւելքի Արեւը Թրամփը
Կը Վերածէ Նարնջագոյնի 

Լրագրողներ հաստատած են, որ արեւոտ Սէուտական Արաբիա այցելութեան պատճառով, Տանըլտ Թրամփի մորթին գոյնը այժմ փոխուած է նարնջագոյնի, երեք նրբերանգ աւելի մութ, քան` Միացեալ Նահանգներէն դուրս եկած ատեն: Նախագահ Թրամփ, որուն մորթին գոյնը նախապէս նկարագրուած էր իբրեւ «ոսկեայ բոց»` դէպի «այրող նարնջագոյն» թեքումով, այժմ խորացած եւ կարմրած է` առնելով նարնջագոյն եւ մեծ դդումի երանգ:

Իսրայելացի եւ պաղեստինցի տեսողական արուեստագէտներ ժողովներ կը գումարեն` փորձելով ճշդել «բնական երեւոյթը» Թրամփի նարնջագոյն մորթին:

Պաղեստինցի արուեստագէտ մը ըսաւ. «Կ՛ակնկալեմ հետեւեալ տեսակէտը. տեսարան մը գրեթէ նման` Արգասաբեր Մահիկի հիւսիսային լոյսերուն»:

Երուսաղէմէն իսրայելացի արուեստագէտ լուսանկարիչ մը ըսաւ. «Եթէ ես յաջողիմ լուսանկարել ծիրանանարնջագոյն երեւոյթը Նեթանիահուի եւ Թրամփի միացեալ մազերուն, ատիկա պիտի ըլլայ Թրամփի այցելութեան ամէնէն խանդավառ արդիւնքը»:

Ս. Արաբիոյ Թագաւորը` Թրամփի. «Շնորհակալ Ենք,
Այժմ Կրնաք Մեկնիլ»

Կ՛ըսուի, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ռիատ այցելած օրերուն սկսած էր դժգոհիլ, որ ան տակաւին Սէուտական Արաբիա կը գտնուի: «Տեսէ՛ք, ես անոր տուի փայլուն մետալը, ստորագրեցի 100 միլիառ տոլար արժող զէնքի համաձայնագիրը եւ քաղաքավար կերպով ժպտեցայ, երբ ան սպիտակամորթ ծեր մարդու մը նման պարեց: Ան միայն պէտք է նկարուի բազէի մը հետ, որպէսզի ամբողջացնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի արաբական յատուկ ճամբորդութիւնը, ինչպէս որ մենք կ՛անուանենք: Ուրեմն, խե՛րն անիծածս, ինչո՞ւ ան տակաւին հոս է: Կը կարծէի, թէ ան շուտով Իսրայել պիտի երթար: Անկեղծօրէն ես կը փորձուիմ շարք մը լուրջ զիջումներ հրամցնել հրեաներուն, եթէ անոնք կ՛ուզեն Թրամփը օր մը առաջ ընդունիլ», ըսած է թագաւորը:

Ան շարունակած է. «Խնդիրը միայն ինքը չէ, այլեւ այն մարդը` Ճարետը, որ ինծի ներկայացուց որպէս իրենց մասնագէտը Միջին Արեւելքի հարցերուն: Ես անբան ուղտեր ունիմ, որոնց կարծիքը կրնամ առնել` նախքան այդ մարդուն դառնալս»:

Իվանքայի, Ճարետ Քուշնըրի Այցելութիւնը Հաստատեց
Սէուտական Կարծիքը Հրեաներու  Մասին

Ըսելով, որ իրենք զզուած են, բայց քիչ մը հանգստացած` անդրադառնալով, որ  իրենց կարծրատիպերը փաստօրէն տեղին են, Սէուտական Արաբիոյ պաշտօնատարները Իվանքա Թրամփի եւ Ճարետ Քուշների հետ հանդիպումներէն դուրս եկան, աւելի համոզուած եւ վստահ` հրեաներու մասին իրենց ունեցած ժխտական կարծիքներուն:

«Իմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին ինծի ըսուած է, որ հրեաները անբարոյական եւ նախապաշարուած են միայն դրամով եւ իշխանութեամբ, բայց ես չէի կրնար վստահօրէն գիտնալ, որովհետեւ անոնց բնաւ չէի հանդիպած: Բայց Ճարետի եւ Իվանքայի հետ տեսակցելէ ետք ես վստահօրէն կրնամ ըսել, որ հրեաները սոսկալի են ճիշդ այնքան, որքան մենք կը կարծէինք», ըսաւ սէուտցի իշխան մը:

Ո՞վ կրնայ մեղադրել սէուտցիները, երբ Ճարետ եւ Իվանքա յստակօրէն կը ներկայացնեն այն չափանիշները, որոնց բոլոր հրեաները կը ձգտին:

Քիմ Եոնկ-Ուն. «Զո՞վ Պէտք Է Սպաննեմ, Որպէսզի Դէպի
Հոս Քիչ Մը Ուշադրութիւն Կեդրոնացնեմ»

Կը հաղորդուէր, որ  Քիմ Եոնկ-Ուն խոր յուսախաբութիւն կ՛ապրէր  վերջերս, երբ անոր` հրթիռ արձակելու յաջող փորձերը չկրցան  իր ակնկալած միջազգային լուսարձակները իր վրայ կեդրոնացնել, որովհետեւ Թրամփ Միջին Արեւելք կ՛այցելէր եւ լուսարձակները հոն կեդրոնացած էին:

Հիւսիսային Քորէա հրապարակեց պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Քիմ Եոնկ-Ուն կ՛ըսէ. «Խե՛րն անիծացս, ես զո՞վ պէտք է սպաննեմ, որպէսզի քիչ մը ուշադրութիւն կեդրոնացնեմ մեր վրայ»:

Նոյնիսկ քանի մը ամիս առաջ հրթիռի յաջող փորձարկում մը մեծ, ցնցիչ լուր մը պատմութիւն մը  պիտի ըլլար, բայց քանի որ բոլոր աչքերը ուղղուած էին Թրամփի, Երուսաղէմի եւ Մեքքայի վրայ, Հիւսիսային Քորէայի միջադէպը ընթացիկ լուրի մը վերածուեցաւ: Կը հաղորդուի, որ Քիմ Եոնկ-Ուն պոռացած է իր զօրավարներուն վրայ. «Մենք կրակեցինք հրթիռներ, եւ ի՞նչ հաղորդուեցաւ լուրերէն: Նարնջագոյն անբանը կը պարէ սուրերով»:

Տեղեկութիւնները անցեալին արդէն կը նշեն Քիմ Եոնկ-Ունի  այդպիսի զայրոյթը` Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն պատճառով շուքի մէջ մնալուն համար: Ան անգամ մը զայրացած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի մահապատիժները միշտ աւելի ուշադրութիւն կը գրաւեն, քան հիւսիսքորէայինները: «Օ՜հ, տեսէ՛ք, ՏԱՀԵՇ գլխատեց մէկը, դուք գիտէք, թէ ես ինչպէ՛ս սպաննած եմ մէկը»:

Արաբական Երկիրները Խնդրած Են Փոխ Առնել
Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութիւնը,
Քանի  Ամերիկացիները Անիկա Չեն Օգտագործեր

Խոստանալով անիկա անյապաղ վերադարձնել, երբ Միացեալ Նահանգներուն պէտք ըլլայ, Միջին Արեւելքի շարք մը երկիրներ խնդրեցին նախագահ Թրամփէն` փոխ առնել Միացեալ Նահանգներու  սահմանադրութիւնը, որ «քանի որ դուք հիմա ատիկա յստակօրէն չէք օգտագործեր»:

«Ես կարդացի ամերիկեան սահմանադրութիւնը, որ խորքին մէջ գէշ չէ: Անիկա կը վերաբերի ժողովուրդի իրաւունքներուն, հաշիւներուն եւ գումարներուն: Եւ ոչինչ կայ անհաւատները գլխատելու մասին, կամ` կիներուն պարտադրելու,  որ տունը մնան», ըսաւ սէուտցի քաղաքացի մը:

Ան աւելցուց. «Ես վստահ չեմ, թէ ամերիկացիները ինչո՛ւ դադրեցան այդ սահմանադրութիւնը օգտագործելէ, բայց մենք պիտի ուզէինք ատիկա օգտագործել»: Անոր արձագանգեց Թուրքիոյ քաղաքացի մը, որ ըսաւ. «Ամերիկեան սահմանադրութիւնը կը ճշդէ կառավարման  համապարփակ համակարգ մը  եւ մարդկային բացառիկ իրաւունքներ, մինչ նոր ընդունուած թրքական սահմանադրութիւնը պարզապէս հազար անգամ գրուած հետեւեալ բառերն են` «Ես` Էրտողան»:

Լսելով այս խօսքերը` Թրամփ ըսաւ, թէ ինք զարմացած է. «Ամբողջ այս ընթացքին ես բնաւ գաղափար չունէի, որ մենք սահմանադրութիւն ունինք: Ես միշտ կը կարծէի, որ Խանը Քուրան բռնած է, գոնէ Սթիվը ինծի այդպէս բացատրած է», ըսաւ Թրամփ:

 

Իւրայատուկ Օրեր Եւ Ցայտուն Դէմքեր

0
0

Կան օրեր, որոնք պարզապէս օրեր չեն, ինչպէս որ կան մարդիկ եւ սերունդներ, որոնք պարզապէս մարդիկ  եւ սերունդներ չեն: Անոնք ուրիշ են, տարբեր են, իրապէս անզուգական են: Օրե՜ր եւ անձե՜ր: Մէկ օր` մայիս 28, եւ անկրկնելի սերունդ` անկախութեան սերունդ:

Մէկ տարիէն պիտի լրանայ անկախութեան 100-ամեակը: Արդեօք անկախութեան կերտիչ, յեղափոխական գործիչ, մտաւորական, համեստ եւ գաղափարական Մեծն Արամ Մանուկեանը,  յեղափոխական ականաւոր ղեկավար Ռուբէն Տէր Մինասեանը, մանկավարժ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Նիկոլ Աղբալեանը, վրիժառու, Հայաստանի առաջին ռազմական նախարար Դրաստամատ Կանայեանը ի՞նչ խորհուրդ կրնային տալ մեր սերունդին: Հաստատօրէն գիտեմ, որ անոնք մեզի ցոյց պիտի տային մէ՛կ ուղղութիւն եւ մէ՛կ հաւատամք: Անոնք  պիտի առաջնորդէին մեզ` ցոյց տալով գաղափարականութեան ուղին: Մեզ պիտի տոգորէին ժողովրդավար մտածողութեամբ եւ ընկերվարական սկզբունքներով: Մեզի պիտի ներշնչէին ծառայութեան ոգի, եւ հաստատէին, թէ ա՛յդ է միակ ճանապարհը ազգակերտման: Յուսալքման ամէն մտածում պիտի վանէին մեր մտքերէն եւ, փոխարէնը, պիտի ծաղկեցնէին մտասլաց եւ նպատակադրուած յստակ գործելակերպ: Այլ խօսքով, պիտի ուղղէին եւ առաջնորդէին մեզ դէպի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն:

Այս տարի մայիս 28-ը տօնակատարեցինք Բիւրականի բանակավայրին  մէջ, ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի կազմակերպած հաւաքով մը:  Խնճոյքի ժամանակ, երբ երգիչը կ՛երգէր «Արարատը մեր լեռն է»  ես գոհունակ, սակայն միաժամանակ վրդովումով աչքս յառած էի Արարատին, որ իր դիւթական անվեհութեամբ վկան է մեր պատմութեան օրհասական եւ փառահեղ բոլոր իրադարձութիւններուն: Ականատեսն է եղած մեր աննկարագրելի տառապանքներու, մեր ազգի հազարամեայ պատմութեան, մեր արի զաւակներու սխրագործութիւններուն:

Եւ հարցում մը կը պարտադրէր ինքզինք… արդեօք  այսօր ի՞նչ  կը մտածեն եւ ի՞նչ կ՛ընեն փշաթելերէն անդին, պատմական հայրենիքին մէջ ապրող մեր հայրենակիցները: Արդեօք անոնք գիտե՞ն, թէ այսօր մայիս 28 է, թէ` այսօր  մեր անկախութեան փառաւոր տօնն է, թէ` այսօր մեր յաղթանակի՛ տօնն է. կը գիտակցի՞ն, որ մայիս  28-ի օրինակով  մեր ազգի պայքարի ոգին եւ ուժը անպարտելի են, եւ թէ` այդ ոգին իրենց մէջ ալ անթեղուած է եւ անպայման օր մը պիտի արեգակէ:

Այո՛, մայիս 28 սովորական տօն մը չէ: Անիկա մեր նորագոյն պատմութեան մեկնակէտն է: Եւ պէտք է տօնուի արժանավայել կերպով, պետականօրէն` իր ամբողջական իմաստով, մանաւանդ` ՀՅ Դաշնակցութեան անուրանալի դերը արժեւորելով անոր կայացման մէջ: Մայիս 28-ը  ա՛յն տօնն է, որ  տակաւին երկար ժամանակ իր գաղափարական խորհուրդով եւ քաղաքական առաջադրանքներով  պիտի միախմբէ մեզ Հայաստանէն մինչեւ Միջին Արեւելք, Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ, մինչեւ Պոլիս ու Տիգրանակերտ, մինչեւ Համշէնի եւ Տէրսիմի սէգ լեռներ:

Մայիս 28-ը հայ նոր սերունդները պիտի առաջնորդէ դէպի նոր ազատագրումներ:

Երեւան 29/05/2017

 

Հայաստանի Անկախութեան 99-ամեակի Ձեռնարկին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանին Խօսքը

0
0

Սիրելինե՛ր,

Երբ առաջարկուեցաւ գաղութային այլ նախաձեռնութեան մը առիթով Լիբանան գտնուած միջոցիս սրտի խօսք մը ըսել մայիս 28-ի այս կեդրոնական նախաձեռնութեան առիթով, միակ մտասեւեռումս օրուան բանախօսին պատգամներուն կրկնութիւնը չընելն էր, մանաւանդ որ երկրորդ պատգամաբեր մըն ալ պիտի արտասանէր Լիբանանի ԿԿ-ի խօսքը: Ուստի Լոս Անճելըսէն սրտի երկու խօսք:

Արժանապատիւ հոգեւոր հայրեր, յարգելի հիւրեր եւ ներկաներ, սիրելի համակիրներ եւ հայրենակիցներ, ընկերներ եւ ազգային կեանքի գործակիցներ, սրտակից հայ ժողովուրդ,

Մեծ հրճուանքով եւ գոհունակութեամբ կը ձայնակցիմ ձեզի մեր այնքան սիրելի, սփիւռքի բաբախող սիրտ Լիբանանի մայիս 28-ի 99-րդ այս տօնակատարութեան:

Ա՛յն մայիս 28-ին, որ ստեղծեց նոր հարիւրամեայ տրամաբանութիւն մը, որ հայ մարդուն տուաւ անգամ մը եւս պատուով ապրելու, դարձեալ իր ինքնիշխան հողին վրայ մաքառելու, նորէն իր դրօշակը հպարտօրէն պարզելու, վերանորոգ երազելու եւ երազանքը իրականութեան վերածելու, հողը պատրաստեց միանգամընդմի՛շտ Արցախը օտարի լուծէն ազատագրելու, առիթը ստեղծեց յետցեղասպանութեան նորաստեղծ ո՛ղջ սփիւռքի մը ազգային ջիղը ամրացնելու, եւ վերջապէս, ընդլայնեց հայօրէն տոգորուելու տեսլականն ու կարողականութիւնը:

Ա՛յն մայիս 28-ին, որ այսօր նորանկախ Հայաստանը պետական յանձնաժողովի ծրագրումով պիտի նշէ ու վերապրի անոր իմաստն ու մեծութիւնը: Հայրենի պետականութեան նախաձեռնութիւն մը, որ իր տրամաբանական ընթացքով ակնկալելի է, որ անդրադառնայ մայիս 28-ի կերտման ու իրագործման մէջ ա՛յն առիւծի բաժինին ու դերին, որ ՀՅԴ-ն իր բնազդով օրին առաջնորդեց եւ հասցուց իր կիզակէտին ու հայրենիք կերտող նպատակին:

Դաշնակցութեան կերտած «Նեմեսիս»-ի, անոր սնուցանած Գարեգին Նժդեհի Զանգեզուրի, սարդարապատեան խոյանքներու արդիւնք մայիս 28-ի եւ մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ այլեւայլ էջերու այսպիսով ճիշդ հասցէագրումն ու շաղկապումը, եւ արդար բնութագրումը պիտի նպաստեն նորանոր նուաճումներու, աւելի հեշտ յառաջացման եւ արդիւնաւորման: Մենք փառաբանանք փնտռող կամ որոնող կազմակերպութիւն չէինք եւ չե՛նք: Բայց այնքանով, որ մեր հնոցի, Դաշնակցական դարբնոցի արտադրանքը կը պատկանի մեր ազգի դափնեպսակին, նոյնքանով ալ ան մեր կենսագրութիւնն է եւ կը բնութագրէ մեր նկարագիրն ու գոյութեան իմաստը, եւ մեզ ու հայ ժողովուրդը կը մղէ ու կ՛առաջնորդէ նորանոր սլացքներու եւ նուաճումներու:

Մեր ազգի ղեկավարման եւ զանգուածներու կազմակերպական ա՛յն կարողութիւնը, որ մենք ցուցաբերեցինք մայիս 28-ի նախօրէին ե՛ւ անոր վաղորդայնին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն, ամուր քայլերով առաջնորդեցին հայ ժողովուրդը դէպի իր յաւելեալ ամրակայում: Եւ նո՛յն այդ ղեկավարութիւնը, որ ապա տրամադրեցինք սփիւռքին` սփիւռքը կազմակերպելով ու Ցեղասպանութեան հարցը արծարծելով եւ քաղաքականօրէն հետապնդելով, տուին եւ տակաւին կու տան իրենց արդիւնքները:

Եւ այսօր, աւելի քան երբեք, մենք իբրեւ կազմակերպութիւն կը գիտակցինք, որ մեր այդ ղեկավարման կարողութիւնը կը զարնուի ամէնօրեայ փորձաքարի եւ կը դիմագրաւէ ծաւալող մարտահրաւէրներ` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի նորաստեղծ դժուարութիւններուն դէմ յանդիման:

Սակայն ո՞վ ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը դիւրին օրերու կուսակցութիւն էր եւ է: Լաւատեսութիւն թող չթուի ձեզի, եթէ ըսեմ, որ դաշնակցականի մեր կարգապահութիւնը, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռանկիւնի փոխադարձ յարգանքը, զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը, մեր սկզբունքներէն չշեղելու եւ չզիջելու մօտեցումը, ընդելուզուած` մեր ճկունութեան եւ քաղաքական փորձին, աւելի՛ն, մեր ծառայելու աննկուն կամքն ու տրամադրելիութիւնը, լաւագոյն գրաւականները պիտի ըլլան մեր կազմակերպական եւ ազգային միասնականութեան հզօրացման, եւ ա՛յն հաւատամքին կայացման, որ մեր ազգի լաւագոյն օրերը տակաւին կը պատկանին ապագային: Ազգո՛վին լուսաւոր այդ ապագային:

Չկա՛յ օր մը, որ այս կուսակցութիւնը, Պէյրութէն մինչեւ Լոս Անճելըս, Երեւանէն, Ստեփանակերտէն մինչեւ Սիտնի ու Թեհրան, չորոնէ, չփնտռէ մեր ազգի ամէնէն բարդ ու դժուար խնդիրները, եւ իր ազգային օրակարգը չծանրաբեռնէ եւ ինքզինք պատասխանատուութեան առջեւ չդնէ հայ ժողովուրդի մեծ ու նուազ մեծ խնդիրները լուծելու համար:

Սիրելինե՛ր, Լիբանանը` իբրեւ Միջին Արեւելքի առաջատար եւ հայահոծ գաղութ եւ Արեւմտեան Ամերիկան եւ յատկապէս Քալիֆորնիան` իբրեւ հայ սփիւռքի Արեւմուտքին գտնուող առաջատար եւ հայաշատ զանգուած` կոչուած են առանցքային դեր ստանձնել ու մեր յետցեղասպանութեան հարիւրամեակի եւ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25-ամեակէն ետք եկող հայ նոր իրականութեան մէջ:

Այս նոր իրականութեան մէջ բացայայտ է, որ ի հեճուկս մեր մաքառումներուն, ինչպիսին էր անցնող տարուան քառօրեայ պատերազմը, հայաստանեան եւ արցախեան մեր դրուածքը նոր դժուարութիւններ կը յաղթահարէ: Բացայայտ է նաեւ, որ ի դէմս սփիւռքի մեր հայապահպանման եւ Հայ դատի հետապնդման իրագործումներուն, սփիւռքեան մեր մարտահրաւէրները մէկ կողմէ կը բնութագրուին ձուլման եւ այլասերման լուրջ վտանգներով,  եւ միւս ճակատին վրայ կը դիմակալեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հակահայ թշնամական առճակատումները, Հալէպի հայկական թաղամասերէն մինչեւ Ուաշինկթըն Տի Սի:

Իբրեւ հայահոծ գաղութներ եւ իբրեւ սփիւռքեան այս գաղութներու ղեկավարութիւն տրամադրող շարքային դաշնակցականներ, մեր օրակարգն է սփիւռքը տոկուն պահել եւ անոր կարողականութիւնը ծառայեցնել Հայաստանի եւ Արցախի ամրակայման եւ հզօրացման: Մեր օրակարգն է հզօր սփիւռքով Հայ դատի լուծման մէջ առանցքային դերակատարութիւն վերցնել: Մեր օրակարգն է Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները էապէս զարգացնել, նոր հեռանկարներ որոնել ու գործադրել, եւ իսկապէս զայն հասցնել նախանձելի մակարդակի: Մեր օրակարգն է այս բոլորին մէջ սերնդափոխութիւն ապահովել եւ համապատասխան աւանդ փոխանցել նոր սերունդին ամէնուրեք: Եւ անշուշտ մեր օրակարգն է այս բոլորը իրագործելու համար շարունակել եւ ունենալ կուռ, միասնական, նպատակաուղղուած, վճռական, տարբեր երդիքներու տակ գործող, սակայն նոյն երդումով առաջնորդուող շարքեր:

Եւ պիտի չըլլայ օր մը, երբ այս կազմակերպութիւնը պիտի խուսափի այս օրակարգէն եւ այդ պատասխանատուութիւններէն, որովհետեւ Պէյրութէն Լոս Անճելըսի դառն իրականութիւնները մեզմէ այդ կը պահանջեն, եւ մայիս 28-ի այս տօնակատարութեան, ի՛նչ դպչող թելադրականութեամբ, որովհետեւ Սարդարապատն ու ազատագրուած Շուշին եւ բռնագրաւեալ Մուշը մեզի այդ կը յորդորեն:

Կեցցե՛ն ՀՅԴ-ի քաղաքական բանակի զինուորագրեալ ու միակամ շարքերը,

Կեցցե՛ն մայիս 28-ով սկսած ազատ ու անկախ Հայաստանն ու Արցախը,

Ապրի՛ս, դո՛ւն` հա՛յ ժողովուրդ:

 

sassouni@hotmail.com

Viewing all 15700 articles
Browse latest View live